25 Տա­րուան Հա­ցը

1992-ի ա­մա­ռը ըն­տա­նեօք Ե­րե­ւան ան­ցու­ցինք: Այդ օ­րե­րու ման­կա­կան յի­շո­ղու­թիւն­նե­րուս մէջ անջն­ջե­լի տեղ կը գրա­ւէ Հա­յաս­տա­նի հա­ցը: Օ՜հ, ինչ կարծր ու ան­համ էր այդ օ­րե­րու Հա­յաս­տա­նի սո­վո­րա­կան հա­ցը, քա՛ր էր կար­ծէք: Վրան ալ մե­զի հա­մար ան­սո­վոր ու տհաճ հա­յաս­տա­նեան ճա­շա­տե­սակ­նե­րը եւ յատ­կա­պէս կա­նա­չիով պատ­րաս­տուած ա­պուր­նե­րը կ՚ա­ւել­նա­յին… Չէինք սի­րեր ո՛չ Հա­յաս­տա­նի չոր ու կարծր, հաստ ու չծա­մուող հա­ցե­րը, ո՛չ ալ կա­նա­չիով պատ­րաս­տուած կե­րակ­րա­տե­սակ­նե­րը: Ես ու եղ­բայրս մին­չեւ իսկ եր­բեմն խա­ղա­լի­քի տեղ հա­ցը ի­րա­րու կը նե­տէինք, ու մեր բա­րե­կամ­նե­րուն լու­սա­հո­գի մեծ մայ­րը՝ Տի­կին Գո­հա­րը՝ «Ե­րե­խէ՛ք ջան, չի կա­րե­լի հա­ցին հետ էդ­պէս վա­րուել», կ՚ը­սէր…

Մայրս յա­ճախ Հա­լէ­պի տաք, թարմ ու ա­նու­շա­բոյր հա­ցին ու հա­լէ­պեան կե­րակ­րա­տե­սակ­նե­րուն մա­սին կը խօ­սէր շուր­ջին­նե­րուն: Իսկ հայրս, երբ ա­ռիթ ու­նե­նար, Ե­րե­ւա­նէն դուրս կը ճամ­բոր­դէր, որ­պէս­զի լա­ւաշ հաց ա­պա­հո­վէր մե­զի: Լա­ւա­շը բա­ցա­ռիկ էր… բա­րա՜կ, փա­փու՜կ… Այն օ­րը, որ լա­ւաշ կ՚ու­նե­նա­յինք, մեր եր­ջան­կու­թիւ­նը սահ­ման չէր ու­նե­նար…

Տա­րի­ներ ետք անդ­րա­դար­ձայ, որ նո­րան­կա­խա­ցած ու միեւ­նոյն ժա­մա­նակ ար­ցա­խեան պա­տե­րազմ ապ­րող Հա­յաս­տա­նի մէջ էր, որ մենք մեր ա­մառ­նա­յին ար­ձա­կուր­դը վա­յե­լե­ցինք 1992-ի ամ­րան ու գրե­թէ մէկ ա­մի­սէ ա­ւե­լի, ա­մէն օր թա­ղի պզտիկ­նե­րուն հետ խա­ղա­ղու­թեան մէջ Վար­դա­վառ խաղա­ցինք… Հե­տա­գա­յին ի­մա­ցայ նաեւ, որ այդ օ­րե­րու «մու­թին», ե­լեկտ­րա­կա­նու­թեան հո­սան­քի պա­կա­սին ու բարձ­րո­րակ ա­լիւ­րի չգո­յու­թեան պատ­ճա­ռով կա­րե­լի չէր հա­մեղ ու բազ­մա­տե­սակ հա­ցամ­թերք ար­տադ­րել: Խղճի խայթ ապ­րե­ցայ, երբ անդ­րա­դար­ձայ, որ այդ օ­րե­րուն ի­րա­ւունք չու­նէի հա­ցին կարծ­րու­թե­նէն կամ վա­տո­րա­կու­թե­նէն գան­գա­տիլ:

2016-ի գար­նան դար­ձեալ Ե­րե­ւան եմ: Մօ­տա­ւո­րա­պէս 25 տա­րի ետք, ար­ցա­խեան քա­ռօ­րեայ պա­տե­րազ­մը նոր ա­ւար­տած է, ու ա­մէն ինչ բնա­կա­նոն է: Ինչ­պէս անց­նող գո­նէ 10 տա­րի­նե­րուն՝ Ե­րե­ւա­նի գեր­վա­ճա­ռա­տու­նե­րուն, նպա­րա­վա­ճառ­նե­րուն ու կրպակ­նե­րուն մէջ բազ­մա­տե­սա՛կ հա­ցե­րու կը հան­դի­պիմ: Հայ­կա­կան թարմ ու ա­նու­շա­բոյր հա­ցե­րը բազ­մա­թիւ վա­ճա­ռա­նիշ­նե­րու տակ, կո­կիկ ու հա­ւա­սա­րա­չափ կտրտուած կը հրամցուին հան­րու­թեան: Հայ­կա­կա­նին կող­քին, դիւ­րու­թեամբ կա­րե­լի է ձեռք բե­րել ֆրան­սա­կան, ա­րա­բա­կան, վրա­ցա­կան, նոյ­նիսկ դիւ­րա­մարս ու ո­րոշ հի­ւան­դու­թիւն­նե­րուն բուժ­ման նպաս­տող տա­րա­տե­սակ հա­ցեր: Կը շրջիմ գեր­վա­ճա­ռա­տան մը հա­ցե­րու բա­ժի­նը ու տաս­նեակ ընտ­րու­թիւն­նե­րու մէջ ի­րօ՛ք կը շուա­րիմ, թէ ո՛ր տե­սա­կը վերց­նեմ, այս ի՛նչ ճոխ ու հա­րուստ հա­ցա­տե­սա­կա­նի ու­նի մեր հայ­րե­նի­քը, ո՞ր մէ­կը ար­ժէ փոր­ձել, ու կը յի­շեմ 25 տա­րի ա­ռա­ջուան միա­տե­սակ կարծր հա­ցը… Փաս­տօ­րէն ան­հա­մե­մա­տե­լի են 25 տա­րի ա­ռա­ջուան ու այ­սօ­րուան պատ­կեր­նե­րը: 25 տա­րի­նե­րու ըն­թաց­քին հա­ցամ­թեր­քի ար­տադ­րու­թիւ­նը գեր­զար­գա­ցում ար­ձա­նագ­րած է:

Հա­ցամ­թեր­քի ար­տադ­րու­թեան նման՝ քա­նի՞ ո­լորտ ու մարզ գեր­զար­գա­ցում ար­ձա­նագ­րեց Հա­յաս­տա­նի մէջ անց­նող 25 տա­րի­նե­րուն: Ար­դար ըլ­լա­լու հա­մար, հա­ցին մօ­տիկ, կե­րակ­րա­տե­սակ­նե­րու, ճա­շա­րան­նե­րու եւ հա­մաշ­խար­հա­յին խո­հա­նոց­նե­րու ներ­կա­յու­թիւ­նը այ­սօր բա­ւա­կա­նին գնա­հա­տե­լի, եր­բեմն նոյ­նիսկ չա­փա­զան­ցուած է: Զբօ­սաշր­ջու­թիւ­նը, դրա­մա­տու­նե­րու գոր­ծու­նէու­թիւ­նը, ար­հես­տա­գի­տա­կան եւ հա­մա­կարգ­չա­յին ծրագ­րա­ւոր­ման ո­լորտ­նե­րը եւս զգա­լի զար­գա­ցում ար­ձա­նագ­րած են:

Սա­կայն պե­տա­կա­նա­շի­նու­թեան մէջ, հա­ցի նման կեն­սա­կան նկա­տուող ժո­ղովր­դա­վա­րա­կան հա­մա­կար­գի ձե­ւա­ւո­րու­մը, ար­դար ու ա­զատ ընտ­րու­թիւն­նե­րու առ­կա­յու­թիւ­նը, ըն­կե­րա­յին ար­դա­րու­թեան եւ տնտե­սա­կան հա­մա­հա­ւա­սար ա­ռիթ­նե­րու ներ­կա­յու­թիւ­նը, հաս­տա­տու­թե­նա­կա­նու­թեան ամ­րագ­րումն ու օ­րէն­քի գե­րա­կա­յու­թիւ­նը, ցաւ ի սիրտ, տա­կա­ւին 25 տա­րի ա­ռա­ջուան կարծր ու վա­տո­րակ հա­ցին կը նմա­նին…

Միւս կող­մէ՝ Ե­րե­ւա­նի վա­ճա­ռա­տու­նե­րուն մէջ ներ­կա­յա­ցուած ու գլուխ դարձ­նող զա­նա­զան հա­ցա­տե­սակ­նե­րուն չափ, Հա­յաս­տա­նին ու հա­յու­թեան դի­մաց քա­ղա­քա­կան, ռազ­մա­վա­րա­կան ու ըն­կե­րատն­տե­սա­կան ճոխ ու հա­րուստ այ­լընտ­րանք­ներ չկան: Հե­տե­ւա­բար սահ­մա­նա­փա­կուած ու շրջա­փակուած ի­րա­կա­նու­թեան ու տա­րա­ծքաշր­ջա­նա­յին վտան­գա­ւոր զար­գա­ցում­նե­րուն մէջ մեր բեր­դը ներ­սէ՛ն ա­մուր պա­հե­լու հրա­մա­յա­կա­նին առ­ջեւ կը կանգ­նինք բո­լորս: Բեր­դը ներ­սէն ա­մուր պա­հե­լու հիմ­նա­կան պայ­ման­նե­րը, սա­կայն, ժո­ղո­վուր­դը իր ար­դա՛ր ու հո­գե­ւոր հա­ցէն չզրկելն է, ժո­ղո­վուր­դը իր հա­ւա­քա­կան հա­ցի պատ­րաս­տու­թեան, այս պա­րա­գա­յին՝ պե­տա­կա­նա­շի­նու­թեան լիի­րաւ մաս­նա­կից դարձ­նելն է, հա­ցին փշրան­քը չէ՛, այլ ամ­բո՛ղջ հա­ցը տրա­մադ­րելն է, փռա­պան-յա­ճա­խորդ յա­րա­բե­րու­թեան նման՝ իշ­խա­նու­թիւն-ժո­ղո­վուրդ բնա­կա­նոն վստա­հու­թեան վրայ հիմ­նուած յա­րա­բե­րու­թեան վե­րա­կանգ­նումն է ու, վեր­ջա­պէս, մեր ազ­գա­յին օ­ճա­խին լոյսն ու ջեր­մու­թիւ­նը, որ թափ կ՚առ­նէ մեր բազ­մա­դա­րեան պատ­մու­թե­նէն ե­կող ազ­գա­յին հա­ւա­քա­կան ար­ժէք­նե­րուն կայ­ծով, վառ ու ան­մար պա­հելն է:

ԳԷՈՐԳ ՅԱ­ԿՈԲ­ՃԵԱՆ

Վիեն­նա

Երեքշաբթի, Սեպտեմբեր 27, 2016