ԱՂՕԹՔ

(ՏԷՐՈՒՆԱԿԱՆ ԱՂՕԹՔ)

«Թող կատարուի Քու կամքդ, ինչպէս որ երկինքի մէջ՝ այնպէս ալ երկրի վրայ»:

Նախորդ երկու գրութիւններով փորձեցինք բացատրել մեր Տիրոջ մեզի սորվեցուցած խնդրանքին իմաստը՝ Աստուածաշունչի լոյսին տակ, այժմ տեսնենք Ընդհանրական եւ Հայ Եկեղեցւոյ սրբազան հայրերը ինչպէս մեկնած են այս խնդրանքը:

Այսպէս.

Սուրբ Կիպրիանոսը կ՚ըսէ. «[Թշնամին] ամէն բանի մէջ կը խանգարէ մեզ ենթարկուելու Աստուծոյ կամքին մեր միտքերով ու գործերով, այդ պատճառով կ՚աղօթենք եւ կը խնդրենք, որպէսզի Աստուծոյ կամքը մեր մէջ եւս կատարուի, որպէսզի այդ մէկը իրականանայ, մենք կարիքը ունինք Իր արդար կամքին, օգնութեանն ու պահպանութեանը, որովհետեւ ոչ ոք ինքնիրմէ այդ կարողութիւնը ունի»:

Սուրբ Օգոստինոսը կ՚ըսէ. «Հրեշտակները Աստուծոյ կամքը կը կատարեն: Արդեօք մենք ալ կը կատարե՞նք զայն...:

Ինչպէս որ հրեշտակները չեն հակառակիր Քեզի, երանի՜ որ մենք ալ չհակառակինք Քեզի...

Ինչպէս որ հրեշտակները կը ծառայեն Քեզի երկինքին մէջ, թող որ մենք ալ ծառայենք Քեզի երկրի վրայ: Արդարեւ, Անոր սուրբ հրեշտակները կ՚ենթարկուին Անոր, չեն մեղանչեր Անոր դէմ, այլ՝ կը գործադրեն Անոր պատուիրանները Անոր սիրոյն որ իրենց մէջ կայ: Աղօթե՛նք, որպէսզի մենք եւս Աստուծոյ պատուիրանները սիրով գործադրենք». եւ «Հոգեւոր մարդը Եկեղեցւոյ մէջ՝ երկինքն է, իսկ մարմնաւորը՝ երկիրը: Այսպէս, թող Քու կամքդ կատարուի ինչպէս երկինքին մէջ այնպէս ալ երկրի վրայ, եւ ինչպէս որ հոգեւորը կը ծառայէ Քեզի, նոյն կերպով թող մարմնաւորը ծառայէ Քեզի իր դարձով...: Բոլոր Սուրբ Հայրերը, մարգարէները, առաքեալներն ու հոգեւորները երկինքի նման են..., իսկ մենք անոնց համար երկիրն ենք, արդարեւ, Քու կամքդ թող կատարուի ինչպէս երկինքին մէջ այնպէս ալ երկրի վրայ»:

Սուրբ Եղիշէ Վարդապետը կը գրէ. ««Թող կատարուի, կ՚ըսէ, Քու կամքդ»: Աստուծոյ կամքը սրբութիւնն է: Որովհետեւ Իր արքայութեան բաժնեկից դարձուց, ո՛չ թէ որովհետեւ չենք կրնար այդ բաժինի հասնիլ, այլ՝ որպէսզի դիւրութեամբ համբերութիւնը ստանանք մեր յոյսին համար, ինչպէս անոնք, որոնց աղօթքը սորվեցուց: Եթէ անոնք աղօթքով կատարեալ դարձան, հետեւաբար մենք եւս կրնանք: Միայն հաւատա՛, յուսա՛, սիրէ՛ եւ նոյն պահուն ուրախութեամբ կատարեալ կը դառնաս: Իսկ եթէ տրտմութեամբ Քրիստոսին չարչարակից դառնաս, Ի՛նք՝ Աստուած, կը զօրացնէ քեզ՝ համբերելու. եթէ այդ մէկը հնարաւոր չըլլար, Աստուած մեզի այդպիսի աղօթք չէր սորվեցներ». եւ ««Թող կատարուի Քու կամքդ, ինչպէս որ երկինքի մէջ՝ այնպէս ալ երկրի վրայ»: Որովհետեւ Աստուած բոլոր մարդիկը կրնայ երկնաւոր դարձնել, աղօթքը մեր կամքին կը ձգէ, որովհետեւ մենք՝ երկրաւորներս, ինքներս կրնանք երկնաւոր ըլլալ: Վերին զօրքերը սիրով կը սպասաւորեն Անոր կամքին, միաբան կը փառաւորեն զԱստուած եւ Անոր ահաւոր փառքէն կը ծածկեն իրենց ոտքերն ու երեսները, որպէսզի իրենց մէջ զԱստուած սիրեն, աչքով տեսնելու փոխարէն բաւարար կը համարեն իրենց մէջ սիրելը, եւ անոնց սիրոյն համար Աստուած Իր կամքը սիրով կը կատարէ անոնց մէջ: Մի՛ շտապէք զԱստուած մարմնաւոր աչքերով տեսնելու, որպէսզի անժամանակ չսպառիք: Մեր սէրը թող Անոր մօտ պատգամաւոր ըլլայ եւ Անոր սիրոյն համար մեր մէջ թող կատարուի Անոր կամքը: Շտապենք ընթանալ այն ամէնով, ինչ որ մարգարէները սորվեցուցին մեզի, որովհետեւ անոնք խօսքերով ըսին եւ գործերով կատարեցին, եւ անոնց Վարդապետը ուրիշ մը չէր, քան Ան, Ով որ այս աղօթքը սորվեցուց քեզի: Դուն նոյնպէս, աղօթքը խօսքով սորվէ՛ եւ շտապէ՛ զայն գործով կատարել: Հրեշտակներէն հեռու չես, անոնց հետ կը խօսիս, անոնց հետ զԱստուած կը փառաւորես: Եւ ինչպէս որ դուն անոնց կը միաբանիս, այնպէս ալ անոնք աղօթքիդ եւ օրհներգութեանդ ժամանակ քեզի երգակից կ՚ըլլան: Համարձակօրէն կը բանաս բերանդ, ու կ՚ըսես. «Թող կատարուի Քու կամքդ, ինչպէս որ երկինքի մէջ՝ այնպէս ալ երկրի վրայ»: Այս իշխանութիւնը աւելի մեծ է, քան առաջին օրհնութիւնները. այն ժամանակ միայն երկրի վրայ [պէտք է] տիրէիր իշխանութեամբ, այժմ, կ՚ըսէ՝ երկինքին եւ երկրի վրայ»:

Սուրբ Գրիգոր Նարեկացին կը գրէ. «... Արդ, երբ «Քու կամքդ թող կատարուի» կ՚ըսենք, կատարեալ առողջութիւնը կ՚ըսենք, որ Աստուծոյ կամքն է: Որովհետեւ բոլոր հրեաներուն չըսաւ, թէ Իմ կամքս ձեր մէջ չէ, եւ ձեր ձեռքով այլեւ պատարագներ պիտի չկատարեմ: Բոլորը եւ մենք եւս, ժամանակ եղաւ Տէր Աստուծմէ ձգուեցանք, որովհետեւ մեր կամքին համաձայն կ՚ընթանայինք եւ բարկութեան որդիներ դարձանք՝ մարմինի եւ միտքի կամքը կատարելով: Այդ պատճառով Քրիստոս եկաւ՝ մեր բնութիւնը առնելով, առողջացուց եւ սորվեցուց զգուշանալ՝ աղօթքներուն մէջ Աստուծոյ կամքը խնդրելու, թէ՝ ինչպէս որ երկինքին մէջ Քու կամքդ հրեշտակներուն համար հաճելի է, այդպէս ալ Քու կամքդ երկրաւորներուն համար թող ըլլայ: Եւ, ինչպէս օրինակ, երկինքի լուսեղէններուն դասերը ո՛չ թէ Աստուծոյ կամքին մէկ մասը կը կատարեն եւ միւսներով կը խոտորին, այլ՝ ամբողջը [կը կատարեն], որ Աստուծոյ կամքին համաձայն է, լրիւ եւ կատարեալ կերպով կը կատարեն, անխափան, եւ միշտ Աստուծոյ կամքէն անխոտոր կը մնան եւ աջ կամ ձախ չեն խոտորիր: Այսպիսով, կ՚ըսենք, երկրի մէջ ալ անխափան եւ անհակառակ թող կատարուի Քու կամքդ, մեղաւորները թող երկրէն պակսին եւ անոր մէջ այլեւս ամբարիշտներ չգտնուին, եւ այս Աւետարանը թող ամբողջ տիեզերքին մէջ քարոզուի, եւ բոլորը թող քրիստոնեաներ ըլլան, արդարներ, հեզեր եւ խոնարհներ, ու մեր Աստուծոյ խօսքէն թող դողան, որպէսզի Քու կամքի հաճութեամբդ բոլորին մէջ հանգչիս»:

Սուրբ Գրիգոր Տաթեւացին կը գրէ. ««Թող կատարուի Քու կամքդ, ինչպէս որ երկինքի մէջ՝ այնպէս ալ երկրի վրայ». Երկինքին մէջ հրեշտակները եւ երկնային բոլոր զօրութիւնները Աստուծոյ կամքը կը կատարեն, իսկ մարդը յաճախ իր ինքնիշխան կամքով Աստուծմէ կը հեռանայ եւ մեղքերու մէջ կ՚իյնայ: Այս խօսքով կը խնդրենք, որ մարդիկն ալ Աստուծոյ կամքը կատարեն: Աստուծոյ կամքը՝ մեղաւորներուն դարձն ու հոգիներու փրկութիւնն է՝ մեղքի ու չարիքի բռնութենէն»:

Որոգինէսը կը գրէ. «Յանձնարարելով աղօթել, որպէսզի Հօր կամքը երկրի վրայ կատարուի, ինչպէս որ երկինքի մէջ կը կատարուի, մեր Փրկիչը բոլորովին չի պատուիրեր աղօթել՝ երկրի վրայ բնակողներուն համար, որպէսզի երկինքին մէջ քաղաք ունեցողներուն նմանին: Ատով ան պարզապէս կը ցանկայ, որ երկրի վրայ գտնուող բոլոր էակները, այսինքն՝ վատերը, երկրայինները՝ անոնց նմանին, որոնք երկինքին մէջ քաղաք ունին եւ երկինք դարձած են:

Մեղաւոր մարդը, ով ալ ըլլայ ան, երկիր է. եթէ չի՛ զղջար, ապա՝ երկիր կը դառնայ: Սակայն, ով որ Աստուծոյ կամքը կը կատարէ եւ անհնազանդ չ՚ըլլար փրկութեան եւ հոգիի օրէնքներուն, երկինք է: Հետեւաբար, եթէ մենք դեռ եւս մեր մեղքին պատճառով երկիր ենք, ապա՝ խնդրենք մեզի համար, որպէսզի Աստուծոյ կամքը բարեփոխէ մեզ, ինչպէս մեր մէջէն բարեփոխած է անոնք, որոնք երկինք դարձած են կամ արդէն իսկ երկինք են: Եւ եթէ այլեւս մենք Աստուծոյ աչքին երկիր չենք, ապա խնդրենք գոնէ, որ երկրի վրայ, ինչպէս որ երկինքի մէջ է, այսինքն՝ վատերուն մօտ, Աստուծոյ կամքը կատարուի, որպէսզի անոնք երկինք դառնան, երբ օր մը այլեւս երկիր պիտի չըլլայ, այլ՝ ամէն ինչ երկինք պիտի դառնայ:

Այս մեկնաբանութեան համաձայն, եթէ Աստուծոյ կամքը երկրի վրայ կը կատարուի, ինչպէս որ երկինքին մէջ, հետեւաբար երկիրը այլեւս երկիր չի՛ մնար: Այլ օրինակի մը համաձայն, եթէ Աստուծոյ կամքը ժուժկալ մարդոց մօտ կը կատարուի, ապա՝ անժուժկալ մարդիկ ժուժկալ կը դառնան. եթէ այն անարդարներուն մօտ կատարուի՝ ինչպէս արդարներուն, ապա՝ անարդարները արդար կը դառնան: Եւ, հետեւաբար, եթէ Անոր կամքը երկրի վրայ կը կատարուի, ինչպէս երկինքի մէջ կատարուած է, ապա՝ մենք բոլորս երկինք կ՚ըլլանք: Մարմինը, որ ոչինչի կը ծառայէ, եւ արիւնը, որ ատոր ազգակից է, չեն կրնար Աստուծոյ թագաւորութիւնը ժառանգել: Սակայն, անոնք ա՛յն պարագային կը ժառանգեն, եթէ երկրէն, փոշիէն եւ արիւնէն երկնային գոյացութեան կերպարանափոխուին»:

Ներսէս Լամբրոնացին կը գրէ. ««Թող կատարուի Քու կամքդ, ինչպէս որ երկինքի մէջ՝ այնպէս ալ երկրի վրայ»: Արդ, Աստուծմէ այս խնդրելով, արդարեւ, ստուգապէս չենք գիտեր այս խնդրանքին զօրութիւնը, սակայն աղօթքի այս մեծ խօսքով երկնայինները կը զարհուրեցնենք, որովհետեւ տեղեկանալով անոնց պատիւին, որու մասին չենք գիտեր՝ Քրիստոսով կը խնդրենք, որ մենք ալ այն որպէս մեր սեփականը ունենանք: Որովհետեւ «կամք» ըսելով, այս մէկ խօսքով Տէրը ցոյց տուաւ Աստուծոյ բոլոր շնորհներուն մեր վրայ իջնելը՝ երկնայիններուն հաւասար կերպով: Որովհետեւ [մեր եւ անոնց հանդէպ Աստուծոյ] կամքին տարբերութիւնը, կ՚արգիլէ մեզի անոնց փառքը ունենալ. անոնց հանդէպ Անոր կամքը քաղցր եւ առատաբաշխ է, որովհետեւ Իր կամարարներն են, մինչդեռ մենք որպէս յանցաւորներ ենք՝ ըստ այնմ. «Տղա՛ս, դուն միշտ ինծի հետ ես եւ ամբողջ ունեցածս քուկդ է» (Ղկ 15.31): Ուստի, երբ Անոր կամքը երկրի վրայ եւս այսպէս կը կատարուի, Անոր ամէն ինչը նաեւ մարդոց կը դառնայ, ինչպէս հրեշտակներունը»:

Զարեհ Արքեպիսկոպոս Ազնաւորեանը կը գրէ. «Իսկ ինչպէ՞ս հասկնալ այն ակնարկութիւնը, թէ Աստուծոյ կամքը երկինքի մէջ կը կատարուի արդէն:

Ինչպէ՞ս է որ կը կատարուի անիկա երկինքի մէջ: Որո՞նք են, որ այդ կամքը կը կատարեն այնտեղ:

Հրեշտակները:

Կարդալ եբրայեցիներու նամակին 1.4-14-ը:

Այս հատուածին մէջ թէեւ Յիսուսի հետ համեմատութեամբ կը ներկայացուին հրեշտակները, բայց մէկէ աւելի հաստատումներով կը պարզուի, թէ հրեշտակները Աստուծոյ կամքին հնազանդութեան մէջ են: Աստուծոյ կամքը անոնց կողմէ բացարձակապէս գործադրելի է: Անոնք թէպէտ «քիչ մը» բարձր են մարդոցմէ, սակայն անո՛նց կը ծառայեն՝ որպէսզի Աստուծոյ կամքը կատարուի: Աստուծոյ կամքը հրեշտակներուն համար ամէն ինչ է:

Հետեւաբար, ինչպէս երկինքի մէջ կամ հրեշտակներուն կողմէ Աստուծոյ կամքը կը կատարուի, նոյնպէս ալ թող երկրի վրայ կատարուի անիկա: Ինչպէս որ հրեշտակները Աստուծոյ կամքին բացարձակապէս հնազանդ են, երկրի վրայ ալ մարդիկ պէտք է բացարձակապէս հնազանդ ըլլան Աստուծոյ կամքին, որպէսզի Աստուծոյ արքայութիւնը գայ:

Իսկ ի՞նչ է Աստուծոյ կամքը:

Առաջին.

Ըստ Աստուածաշունչին, Աստուծոյ կամքը մարդ էակին արդարացումն է: Աստուած կ՚ուզէ, որ մարդը արդարանայ եւ փրկութեան սահմանուի: Անոր կամքն է, որ մարդիկ հաւատան Իր ղրկածին՝ Որդիին: Ան որ Քրիստոսի կը հաւատայ՝ «յաւիտենական կեանք պիտի ունենայ», գրուած է Յովհաննէսի Աւետարանին մէջ (Յհ 6.40):

Երկրորդ.

Աստուծոյ կամքն է, որ մենք Քրիստոսի հաւատալով նորոգուինք եւ դառնանք նոր արարած կամ նոր մարդ մը: Քանի նոր մարդն է, որ Աստուծոյ կամքը կրնայ կատարել: Պօղոս առաքեալի բացատրութեամբ, «նորոգուած միտքերով նոր մարդ»ն է, որ կրնայ ընտրել լաւը, «այսինքն՝ ինչ որ բարի է, ընդունելի է» Աստուծոյ (Հռ 12.2):

Երրորդ.

Աստուծոյ կամքն է, որ մենք սրբութեամբ ապրինք:

Պօղոս առաքեալ քանի մը անգամներ ըսած է, թէ Աստուծոյ կամքն է, որ մարդիկ սուրբ կեանք ունենան. օրինակ, Ա. Թեսաղոնիկեցիներու նամակին մէջ գրած է. «Աստուծոյ կամքն է՝ որ դուք սրբուիք» (Ա.Թս 4.3): Ոչ թէ միայն անհատ մարդիկ սրբութեան կեանք պէտք է ունենան, այլ նաեւ Աստուծոյ նոր ժողովուրդը՝ իբր ամբողջութիւն սրբութեամբ պէտք է ապրի»:

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

•շար. 11

Վաղարշապատ, 10 սեպտեմբեր 2018

Հինգշաբթի, Սեպտեմբեր 27, 2018