ԱՄԵՐԻԿԵԱՆ ԲԱՐՔԵՐ

14 ՏԱՐԵԿԱՆ ՄԱՆՉՈՒԿԸ՝ ԹԵԿՆԱԾՈ՞Ւ…

Միացեալ Նահանգներու նախագահ կրնայ ըլլալ այն անձը, որ ծնած է Միացեալ Նահանգներ եւ թեւակոխած 35 տարիքը։ Նահանգներն ալ իրենց կարգին ունին պայմաններ, զորս լրացնելէ ետք միայն կրնայ անձ մը դիմել այդ նահանգի կառավարիչի պաշտօնին։

Օրինակի համար, Գալիֆորնիոյ նահանգի կառավարիչի պաշտօնին տիրանալու համար անձ մը պէտք է գոնէ հինգ տարի բնակած ըլլայ այդ նահանգին մէջ եւ թեւակոխած 18 տարիքը: Իսկ Գալիֆորնիոյ մերձակայ Արիզոնա նահանգի կառավարիչ ըլլալու նուազագոյն տարիքն է 30-ը։

Գալով Վըրմանթ նահանգին՝ դժբախտաբար թէ բարեբախտաբար, այդ նահանգի կառավարիչ դառնալու նուազագոյն տարիքի պայմանը չկայ իր սահմանդրութեան մէջ։ Ուստի, ոեւէ տարիքի անձ մը կրնայ իր թեկնածութիւնը առաջադրել այդ նահանգի կառավարիչի պաշտօնին։

Եւ ահա վերջերս  ճիշդ այդպէս ալ եղաւ։ Արդարեւ, 14 ամեայ մի ոմն՝ Իթհըն Սանպորն (տես նկարը) իր թեկնածութիւնը դրած էր այդ նահանգի կառավարիչի պաշտօնին։ Նախնական ընտրութիւնները (primary elections) տեղի ունեցան օգոստոս 14-ին, եւ իրեն հետ կային նաեւ երեք այլ թեկնածուներ։

Թեկնածութեան իր յայտարարութեան մէջ Իթհըն կ՚ըսէ. «Ես թէեւ տարիքով փոքր եմ, սակայն պէտք է մարդիկ լուրջի առնեն զիս, որովհետեւ ունիմ գործնական եւ յառաջդիմական գաղափարներ նահանգի ղեկավարման համար»։ Ան իր ընտրապայքարին համար գոյացուցած էր 1.700 տոլար, որ չնչին գումար մըն է՝ նկատի ունենալով ծախս մը, որ կը հասնի հարիւրաւոր հազար տոլարի։

Անշուշտ Իթհըն չշահեցաւ ընտրութիւնը։ Սակայն գնահատելի է  անոր յանդուգն քայլը, մանաւանդ անոր հասունութիւնը քաղաքական ասպարէզի ըմբռնումին տեսակէտէն եւ հետեւողական աշխատանքը այդ պաշտօնին տիրանալու։ Վստահ եմ, Իթհըն պիտի չգոհանայ այսքանով եւ պիտի շարունակէ ձգտիլ իր երազին հասնելու համար։ Ես ի սրտէ յաջողութիւն կը մաղթեմ անոր եւ կը փափաքիմ, որ ուրիշներ ալ որդեգրեն նոյն ուղին։

ՀԱՍԱՐԱԿ ՅԱՅՏԱՐԱՐ…

Այս եզրաբանութիւնը ընդհանրապէս կը գործածուի թուաբանութեան մէջ, երբ կոտրակներով գումարում կամ հանում կը կատարենք։ Սակայն մեր այսօրուան պատմութեան մէջ զայն պիտի կիրարկենք մարդուն համար։ Հիմա թոյլ տուէք բացատրեմ։

Եօթը ընտանիքներ՝ երկուքը Թեքսասէն, երկուքը՝ Նիւ Եորքէն, մէկը՝ Գալիֆորնիայէն, մէկը՝ Գոլորատոյէն եւ մէկն ալ Նիւ Ճըրզիէն, տարին մէկ անգամ կը հաւաքուին եւ լաւ ժամանակ կ՚անցընեն։ Բայց ինչո՞ւ այս տարօրինակ հաւաքոյթը…

Այդ եօթը ընտանիքներուն տասը զաւակները (3-5 տարեկան) խորթ քոյրեր եւ եղբայրներ են։ Այսինքն՝ անոնք սերած են նոյն մարդուն սերմէն, եւ ահաւասիկ հասարակ յայտարարը անոնց միջեւ։ Ուրեմն տարեկան այդ հաւաքոյթին նպատակն է ծանօթացում մը ստեղծել եւ յարաբերութիւն մշակել այդ հարազատներուն միջեւ։

Հետաքրքրական է գիտնալ, որ այդ եօթը ընտանիքները (տես նկարը) համացանցի միջոցաւ (donor sibling registry) ծանօթացած են իրարու եւ վերահասու դարձած, որ իրենց զաւակները ազգականական կապ մը ունին իրարու հետ։

Իսկ տասը զաւակներու հօր ինքնութիւնը թաքուն կը պահուի Վըրճինիա նահանգի Ֆէրֆէքս գաւառի Sperm bank-ին կողմէ, մինչեւ որ այդ զաւակները 18 տարիքը թեւակոխեն եւ յաչս օրէնքի իրաւունք ունենան բացայայտելու անոր ինքնութիւնը, եթէ փափաքին։ Մինչ այդ, այդ մարդը կը ճանչցուի որպէս donor 401։

Հաւանաբար կ՚ուզէք գիտնալ, թէ այդ սերմը որքա՛ն կ՚արժէ, չէ՞։ Ուրեմն ըսեմ ձեզի, թէ անոր արժէքն է 425 տոլար։ Անշուշտ այդ գումարին մէկ մասն է, որ սերմը նուիրողին կը տրուի, իսկ մնացեալը՝ սերմը պահող դրամատան։

ԳԷՈՐԳ ՔԷՕՇԿԷՐԵԱՆ

«Զարթօնք», Լիբանան

Հինգշաբթի, Սեպտեմբեր 27, 2018