ԱՐԱՆ
-Մա՛մ, գալ շաբաթ չեմ ուզեր երթալ այս գործունէութեան: Օտար մարդիկ եկան այսօր, անոնք բարձրախօսով ու քամերայով սկսան նկարել ու պատերազմի մասին հարցումներ հարցնել. ես բան մը չըսի, չուզեցի յիշել այդ օրերը, բայց ընկերներս մէկիկ-մէկիկ սկսան պատմել իրենց ապրած պատերազմական դէպքերուն մասին,- դողալով կ՚ըսէ Արան մօր, որու ձեռքը այնքան ամուր կը սեղմէ, որ միայն սարսափահար մէկը այդպէս կ՚ընէ:
Մայրը գիրկը կ՚առնէ Արան, կը հանդարտեցնէ զինք ու ուշադրութիւնը շեղեցնելով.
-Հատէ՛, եկուր տե՛ս, քեզի ինչ համով բաներ պատրաստած եմ: Կե՛ր, որ իջնենք, պտտինք ես ու դուն. քեզի նոր գծագրութեան տետրեր պիտ առնեմ,- կ՚ըսէ մանուկին:
Կը հեկեկար ութամեայ մանկիկը, այնպէս ինչպէս կը պատահէր անցեալ տարի, երբ իւրաքանչիւր պայթիւն, հրացանաձգութիւն, բարձր ձայն մ՚իսկ լսէր. այս վիճակը անոր մօտ յառաջացած էր այն օրուընէ, երբ հրթիռը իրենց տունը մտած էր, չէր ճագած բարեբախտաբար, բայց աւերը տարածած էր ամբողջ տան մէջ: Արան այդ պահուն կը գծէր: Գծելը միակ սիրելի զբաղումն է անոր: Ինքնամփոփ մանկիկ մըն է ան, պատասխաններն ալ ամփոփ են ու կարճ: Ան կը գծէր գեղեցիկ տնակներ, պարտէզներ, լեռներ ու տնակին դէմի պարտէզին մէջ, աթոռի մը վրայ նստած, դէմը գծագրութեան իրերը լարած երիտասարդ մը, որ բնութեան գեղեցկութիւնը կ՚ընդօրինակէ վարպետ վրձնահարուածներով:
Ասիկա իր վերջին գծագրութիւնն էր ծննդավայրին մէջ, մայրն ու հայրը կարծես այս պատկերին մէջ տեսած էին իրենց զաւկին ապագան, եւ որպէս քաջալերանք այս գծագրութիւնը գեղեցիկ շրջանակի մը մէջ անցուցած ու իր մահճակալին հանդիպակաց պատին վրայ կախած էին: Արան գծագրութիւնը դիտելով կը քնանար:
Սակայն այդ դժոխային ակնթարթին սոսկումը կը վերապրէր Արան ամէն վայրկեան, սոսկում մը, որ մանուկի մը համար ահաւոր է. միայն մօրը գիրկը կը խաղաղեցնէր զինք, նոյնիսկ գծել չէր ուզեր. քնացած պահուն ալ կը դողար ու արցունք կը հոսէր անոր փակ կոպերուն եզերքէն:
Մայրն ու հայրը այդ օրն իսկ որոշած էին լքել ծննդավայրը իրենց մէկ հատիկին նոր կեանք պարգեւելու համար: Անոնք հոգ չէին ըներ ո՛չ գործը, ո՛չ ապրուստը. միայն զաւկին խաղաղ միջավայրի մը մէջ հասակ նետելն էր իրենց մտահոգութիւնը:
Ամիս մը ետք, անոնք ընտանեօք փոխադրուեցան Երեւան: Արան կամաց-կամաց ընտելացաւ նոր միջավայրին, սակայն սկիզբը լաւ չէր ան, դեռ կ՚ապրէր կարծես այդ վայրկեանները, մօր ձեռքն էր իր միակ փրկութիւնը, հովանին, սփոփանքը: Գիշեր-ցերեկ մօր քովէն չէր հեռանար, չէր խաղար ու չէր իսկ գծեր: Ճարահատ, մայրն ու հայրը բժիշկի մը դիմեցին՝ զաւակը աս վիճակէն դուրս բերելու համար: Բժիշկը վստահեցուց, որ մտահոգիչ բան չկայ, ժամանակի կը կարօտի, քանի որ Արան չափազանց զգայուն է, միայն պէտք է զգոյշ ըլլալ, մանուկին դէմ պատերազմական հարցերու մասին չխօսիլ, բազմակողմանի զարգացման գործունէութեանց մղել զինք ու հետզհետէ կ՚անցնին այս սարսափները:
Իրապէս ալ, ահա տարի մըն է անոնք Երեւանի մէջ են ու Արան շատ ուրախ է, հանգստացած, նոյնիսկ նոր երեւանցի ընկերներ ունի, որոնց հետ կը խաղայ տան մօտակայ այգին: Սակայն իր ամենասիրելին՝ գծագրութիւնը կը մնայ: Սկսած է ան նոր գծագրութիւններ գծել, այս անգամ կը պատկերէ Երեւանի գեղեցկութիւնը ու պատկերները մէկիկ-մէկիկ կը շարուին տան երեւելի անկիւնները գեղեցկացնելով:
Մայրը շաբթուան բոլոր օրերը զինք այս գործունէութենէն միւսը կը փոխադրէ, գծագրութեան դասերու ալ կ՚երթայ Արան ու միշտ «ապրես»ներով յագեցած կը վերադառնայ հոնկէ: Շաբաթ օրերն ալ կը յաճախէ սուրիահայ մանուկներու գործունէութիւններուն կեդրոնները, ուրկէ սակայն վշտացած կը վերադառնայ այս շաբաթ: Մայրն ալ կը վրդովի անշուշտ, երբ կը տեղեկանայ լրատուամիջոցներուն այնտեղ այցելութեան մասին. հասկնալի է անոնց տեղեկութիւններու որոնումը ներկայիս արար աշխարհի լրատուամիջոցներուն ամենացանկալի ու հետաքրքրական նորութիւններուն մասին, որոնք կը վերաբերին սուրիական իրավիճակին առհասարակ եւ սուրիահայ համայնքին մասնաւորապէս, սակայն չափահասներուն տուած տեղեկութիւնները բաւարար չե՞ն արդեօք, որոնք իւրաքանչիւր դրուագին հետ կը վերապրին ցաւ ու վիշտ. կամ չե՞ն յագեցներ անոնց մարմաջը, պէ՞տք է մանուկներուն ալ ցաւ պատճառել, յիշեցնել ու նեղացնել, անոնց հոգիներուն սպիացած վէրքերը բորբոքել:
Հարցման նշանները կը շարուին այսպէս մօր մտքին մէջ, բայց ան կը փորձէ մեղմել իր ու զաւկին վիշտը ու ահա անոնք հանրախանութի մը մէջ են, կը շրջին մանկական խաղալիքներու, գրենական պիտոյքներու, գծագրութեան իրերու բաժնին մէջ: Երբ մայրը Արային ցոյց կու տար գծագրութեան տետրերու տեսականին, ուշադրութիւնը կը գրաւէ այլ մայր մը, որ զաւկին հետ խաղալիքները կը զննէ ու անոր ցուցմունքներ կու տայ, թէ ո՞ր խաղատեսակը աւելի օգտակար է: Արային տարեկից փոքրիկ մանչուկ մըն է անոր ձագուկը, բայց աւելի տաքարիւն, վառվռուն ու համարձակ կ՚երեւի.
-Մամ, տե՛ս աս զէնքը ի՞նչ աղուոր է,- ու զինուորի պէս խրոխտ կեցուածք մը կ՚առնէ,- պո՛ւմ, պո՛ւմ, ինչ հաճելի է ասանկ մէկ հարուածով զարնել դէմինին,- յօնքերն ալ պռստած կ՚արտայայտուի ան:
-Չէ՛, ձագուկս,- կ՚ըսէ մայրը ու հազիւ թէ պիտի շարունակէ մանչուկը կը միջամտէ.
-Գիտեմ, մա՛մ, ինչ պիտի ըսես. Լաւ, չեմ ուզեր,- կ՚ըսէ ձագուկը համաձայն շեշտով:
Հապա, կարելի չէ մանուկները նման վայրագ խաղալիքներով դաստիարակել, բայց արդեօք պատերազմի մասին հարցաքննել կարելի՞ է, կը մտածէ Արային մայրը:
ԱՆԻ ԲՐԴՈՅԵԱՆ-ՂԱԶԱՐԵԱՆ