ՍԵՒՑԱՒ - ՀՆԴԿԱԽՏ (ԽՈԼԵՐԱ)

ԱՌԱՋԻՆ ՄԱՍ

7. ՈՐՈ՞ՆՔ ԱՒԵԼԻ ՅԱՃԱԽ ԽՈԼԵՐԱՅՈՎ ԿԸ ՀԻՒԱՆԴԱՆԱՆ

Խոլերան միշտ բազմաթիւ զոհեր կը տանի աղքատ մարդոց շրջանակէն, որովհետեւ աղքատ մարդիկ վատ կերպով կը կերակրուին, աշխատանքէն ուժասպառ կը դառնան եւ հաւաքուած են խոնաւ եւ կեղտոտ բնակարաններու մէջ:

Այս պատճառով խոլերայի ժամանակ բանուորները եւ աղքատ մարդիկ իրենց խոնաւ բնակարաններէն, նկուղներէն պէտք է հեռանան: Ամառ ժամանակ գիւղերուն մէջ աւելի լաւ է վրաններ կառուցել եւ անոնց մէջ ապրիլ, քան թէ մնալ մեր ողորմելի գիւղերուն ստորերկրեայ խրճիթներուն մէջ:

Թոյլ, հիւանդ, վատ կերակրուող մարդիկ հեշտութեամբ թոյնը կ՚ընդունին իրենց մէջ եւ դժուարութեամբ կ՚առողջանան, քան առողջ ու լաւ կերակրուող մարդիկ: Այս պատճառով իւրաքանչիւր ոք, վարակումին ուժեղ կերպով դիմադրելու համար պարտաւոր է, ինչպէս ալ ըլլայ, լաւացնել իր սնունդը եւ ամբողջ ապրուստը: Միաժամանակ, ան պէտք չէ շատ ծանր աշխատանք ունենայ, պէտք է ինքզինք հեռու պահէ հոգեկան յուզմունքներէն եւ առհասարակ ա՛յն բոլոր բաներէն, որոնք մարդը կը թուլցնեն եւ ուժասպառ կը դարձնեն:

Նաեւ կը հիւանդանան անոնք, որոնք իրենց ստամոքսը կը խանգարեն առատ ճաշերով եւ արբեցողութեամբ, որովհետեւ խանգարուած եւ հիւանդ ստամոքսին մէջ վարակումի թոյնը աւելի կը զարգանայ: Յայտնի է, օրինակ, որ տօներուն հետեւող օրերը (գլխաւորաբար երկուշաբթի եւ երեքշաբթի) խոլերայով հիւանդացողներուն թիւը կ՚աւելնայ: Ասոր պատճառը այն է, որ կիրակի օրերը բանուորները քէֆ կ՚ընեն, կը խմեն եւ իրենց ստամոքսը կը խանգարեն:

Ասկէ մեկնելով խրատ մը. Խոլերային համաճարակներու ընթացքին երբեք պէտք չէ քէֆեր կազմակերպել եւ արբեցողութիւն ընել:

Դիւրութեամբ կը հիւանդանան նաեւ վախկոտ մարդիկ: Այս ալ հասկնալի է: Այդպիսի մարդիկ մնայուն կերպով ահ եւ երկիւղի մէջ են, թէ կը հիւանդանան այդ սարսափելի հիւանդութեամբ, որմէ, անոնց կարծիքով, ազատելու ճար չկայ. այսպիսով, անոնք քունէն եւ հանգստութենէն կը զրկուին: Բացի ատկէ, ամէն տեղ եւ ամէն բանի մէջ վարակում տեսնելով, անոնք նոյնիսկ կը վախնան ուտելէ ու խմելէ, անօթի կը մնան եւ այսպիսով ուժէ կ՚իյնան: Այդ վախկոտները միայն թէ թեթեւ ցաւ մը զգան ստամոքսի մէջ, կը յուսահատին եւ իրենք զիրենք կորսուած կը համարեն: Այս բոլորը կը թուլցնեն անոնց մարմինը. իսկ թոյլ մարմինը, ինչպէս վերը ըսինք, դիւրութեամբ կը հիւանդանայ:

ԵՐԿՐՈՐԴ ՄԱՍ

ԽՈԼԵՐԱՅԷՆ ՊԱՇՏՊԱՆՈՒԵԼՈՒ ՄԻՋՈՑՆԵՐ

1. ԿԱՌԱՎԱՐՈՒԹԻՒՆԸ ԽՈԼԵՐԱՅԻՆ ԴԷՄ Ի՞ՆՉ ՄԻՋՈՑՆԵՐ ՁԵՌՔ Կ՚ԱՌՆԷ

Դրացի պետութիւններու մէջ խոլերա երեւալուն պէս, իւրաքանչիւր կառավարութիւն, իր երկիրը խոլերա մտցնելէ պահպանելու համար, հետեւեալ միջոցները ձեռք կ՚առնեն.

1. Քարանդին, շրջափակում կամ քորտոն: Երբ կառավարութիւնը կ՚իմանայ, որ դրացի պետութիւններուն մէջ (օրինակ, Պարսկաստանի կամ Թուրքիոյ մէջ) խոլերայի դէպքեր երեւցած են, ան խիստ միջոցներ ձեռք կ՚առնէ, որպէսզի այդ տեղերէն ո՛չ ոք սահմանը անցնի եւ իր հետ վարակիչ հիւանդութիւնը մեր մօտ բերէ: Այս նպատակով բոլոր ճանապարհորդները, որոնք վարակուած տեղերէ կու գան, կ՚արգիլուին սահմանի վրայ 10-15 օր փորձելու համար: Եթէ այդ ատեն արգիլուածներուն մէջ ո՛չ ոք կը հիւանդանայ, անոնց բոլորը կը ձգեն, հակառակ պարագային, անոնք ալ երկար կը պահեն, մինչեւ որ համոզուին, որ անոնց մէջ այլեւս խոլերայով վարակուած մարդ չկայ: Այս միջոցը ցամաքային քարանդին կ՚անուանի: Նոյն կերպով կը վարուի իշխանութիւնը նաեւ այն նաւերուն հետ, որոնք մեր նաւահանգիստները կու գան (Պաթում, Պաքու), ճանապարհորդներուն չեն արտօներ ափ իջնել եւ որոշ ժամանակով մը զանոնք նաւին մէջ կը փակեն՝ ափէն հեռու: Ասիկա ծովային քարանդին է:

Իսկ երբ երկրին մէջ (օրինակ, որեւէ նահանգի կամ գաւառի մէջ) խոլերայի դէպքեր երեւան կու գան, այն ատեն քորտոն կամ շրջափակում կը հաստատուի, այսինքն՝ զօրքերը այդ վայրը կը շրջապատեն եւ բնակիչներուն չեն արտօներ դուրս գալ, այս ու այն կողմ ցրուիլ եւ վարակումը դրացի գաւառներ կամ նահանգներ տարածել:

2. Կառավարութիւնը կը հոգայ նոյնպէս, որ հիւանդները տուներէն հանեն եւ հիւանդանոց տանին: Այս միջոցը շատ կարեւոր է նախ այն պատճառով, որ տունէն վարակիչ թոյնը կը հեռացնեն եւ ատով այդ տան միւս բնակիչները վարակումէն կ՚ազատեն, եւ երկրորդ՝ այն պատճառով, որ հիւանդը աւելի լաւ պայմաններու մէջ կը դնէ բժշկութեան համար, որովհետեւ հիւանդանոցներուն մէջ միշտ աւելի լաւ ու դիւրին կ՚ըլլայ խոլերան բժշկել, քան տունին մէջ:

3. Հիւանդը հիւանդանոց տանելէ ետք կամ երբ ան կը մեռնի, կը պահանջուի մաքրել ու ախտահանել այն բնակարանը, ուր ան պառկած էր, եւ այն բոլոր իրերը, որոնց ան դպած էր: Ախտահանութեան նպատակն է ոչնչացնել այն կենդանի թոյնը, որ խոլերայի պատճառ կը դառնայ: Սակայն, միայն մաքրելը, որքան ալ խնամքով կատարուած ըլլայ, չի կրնար սպաննել-ոչնչացնել այդ կենդանի թոյնը:

Մեծ քաղաքներուն մէջ, ինչպէս՝ Թիֆլիզի, Պաքուի, Պաթումի, առանձին հիմնարկութիւններ գոյութիւն ունին, որոնք ախտահանական քամերա կը կոչուին եւ որոնց մէջ հիւանդին պատկանող իրերուն ախտահանութիւնը կը կատարուի: Միւս քաղաքներուն մէջ այս բանը բժիշկներն ու ֆելդշէրները պիտի կատարեն:

4. Այս բոլորէն բացի, խոլերայի կամ ժանտախտի համաճարակներու ժամանակ պէտք է իշխանութեան յայտնել, թէ ո՛ւր եւ ո՛վ հիւանդացած է: Այս պարտաւորութիւնը ազգականներուն, տանտէրներուն եւ հիւանդը խնամող բժիշկին վրայ դրուած է: Այս միջոցին նպատակը այն է, որ իշխանութիւնը կարենայ օգնութեան գալ հիւանդին եւ ժամանակին միջոցներ ձեռք առնէ, որպէսզի հիւանդութիւնը չտարածուի:

Ահա՛, թէ կառավարութիւնը ինչեր կը պահանջէ մեզմէ մեր լաւութեան համար: Ժողովուրդը պէտք է գնահատէ այս ամէն ինչը, ինչ որ կը կատարուի անոր օգուտին համար եւ պէտք է օգնէ կառավարութեան, որպէսզի գործադրուին այդ միջոցները, եւ ոչ թէ հակառակի այդ միջոցներուն, ինչպէս վերջին խոլերային համաճարակի ժամանակ տգէտ մարդիկ ըրին մի քանի նահանգներու մէջ:

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

•շար. 4 

Վաղարշապատ

Հինգշաբթի, Հոկտեմբեր 27, 2022