ՀԵՏԱԶՕՏՈՂԻ ԴԻՐՔԻ ՄԱՍԻՆ (Բ.)

Նախորդ յօդուածով տուած էի մեկնարկը հետազօտական փորձառութեանս անդրադարձող այս շարքին։ Ի մասնաւորի՝ որպէս հայ, եւ յատկապէս որպէս պէյրութահայ, Թուրքիոյ մէջ հայերու շուրջ ուսումնասիրութիւն կատարելը ի՞նչ կ՚ենթադրէ. հարցուցած էի, եւ սկսած պատասխանել։ Նշած էի, որ այդպիսի դիրք զբաղեցնելը ունի թէ՛ անպատեհութիւններ, թէ՛ առաւելութիւններ։

Սկսած էի խօսիլ անպատեհութիւններու մասին եւ անդրադարձած՝ կողմնակալութեան խնդրին, նշելով սակայն, որ իմ նիւթս իր տեսակով զիս գրեթէ փրկած էր այդ վտանգէն։ Այստեղ կ՚անդրադառնամ շարք մը այլ դժուարութիւններու, որոնցմէ փախուստ տալը աւելի դժուար կամ անկարելի եղած է։ Որո՞նք են այն մարտահրաւէրները, որոնք յատուկ են Թուրքիոյ մէջ պէյրութահայ ուսումնասիրողին, որոնցմէ շատ հաւանաբար անմասն պիտի մնար, ըսենք թէ, գերմանացի կամ հնդիկ հետազօտող մը։ Կրնամ առանձնացնել առնուազն երկու կէտ։

Ենթակայական մակարդակի վրայ, որպէս հայ Թուրքիոյ մէջ հայկական նիւթով հետազօտութիւն ընելը իր հետ բերաւ, առ նուազն իմ պարագայիս, այս կամ այն չափի զգուշաւորութիւն, անհամարձակութիւն, եւ ուրեմն սահմանափակումներ։ Մեծ եղեռնէն վերապրած ընտանիքներէ սերած ըլլալով ու այդպիսի ընտանիքներու հաւաքականութիւն մը հանդիսացող գաղթօճախի մը հասարակութեան մէջ բովուած ըլլալով, բնականաբար կրողն էի (եւ տակաւին եմ, թէեւ երեւի արդէն նուազ չափի) չգրուած, դժուար նկարագրելի, տեղին թէ անտեղի զգուշաւորութեան մը Թուրքիա երկրի եւ թուրք ժողովուրդի նկատմամբ։ Յատկապէս երկրի մը նկատմամբ, որ, օրինակ, իր անցեալին հետ առերեսուած եւ մեղքերն ընդունած Գերմանիոյ չի նմանիր, այլ՝ ընդհակառակը, յաճախ պատրաստ է այդ բոլորին մասին խօսողներուն ճնշելու, դատելու, կամ աւելին...։ Բախտաւոր էի անշուշտ, որ իմ հետազօտութիւնս այս նիւթերու ուղղութեամբ ժամանակաւոր եւ համեմատական ժողովրդավարացման ժամանակաշրջանի վերջին մէկ-երկու տարուան զուգադիպեցաւ։ Այդ չէր ազատեր զիս սակայն նախորդ տարիներու եւ տասնամեակներու քաղաքականութեան ազդեցութենէն։ Գրեթէ մի՛շտ ալ, այո, պատրաստ էի որեւէ անախորժ պատահարի, ըլլա՛յ պետական-պաշտօնական, թէ՛ անհատական կամ փողոցային մակարդակի, որ կրնար խանգարել կամ նոյնիսկ վերջ դնել հետազօտութեանս։

Պատահեցա՞ւ այդպիսի բան, պիտի հարցնէք։ Ո՛չ պիտի ըսեմ, չպատահեցաւ։ Բայց պայման չէ պատահեր, որ հայ ըլլալս դառնար անպատեհութիւն։ Նոյնինքն պատահելու հաւանականութիւնները նուազեցնելու անընդհատ ճիգն ու զգուշութիւնը ինքնի՛ն կաշկանդում էր եւ հետազօտութեան սահմանափակում, առանց որուն շատ աւելի տարածքներ եւ խաւեր պիտի կարենայի յայտնաբերել։ Յատկապէս երկրի արեւելքին մէջ զինեալ բախումներու վերաբռնկումը, որ զուգադիպեցաւ հետազօտութեանս մեկնարկին, իսկ աւելի ուշ զինուորական յեղաշրջման փորձն ու յաջորդող խիստ լարուած մթնոլորտը, ինծի համար կը ստեղծէին բարդութիւններ, որոնց առնուազն մէկ մասը յաւելեալ ծանրութիւն կը ստանար հայ ըլլալու պատճառով։ Նոյնիսկ զինադադարէ ետք, կամ նոյնիսկ այնպիսի արեւելեան շրջաններու մէջ, ուր փաստացի կռիւ չկար կամ արտակարգ իրավիճակ եւ կրակմար չէր յայտարարուած, իմ կողմէս երկար այցելութիւններն ու յատկապէս մարդոց հետ մօտիկ շփումները խելամիտ քայլեր չէին թուեր ինծի։ Այդ լարուած եւ տակնուվրայ իրավիճակներուն մէջ ինչպէ՞ս պիտի դիտուէր սփիւռքահայ երիտասարդը, որ մարդոց տուներ կը մտնէր եւ փաստացի տեղեկութիւն կը հաւաքէր (թէեւ ակադեմական)… դժուար է գուշակել։

Ամէն պարագայի, թէ՛ իմ շրջահայեացութիւնս, թէ՛ յատկապէս Պոլսոյ մէջ հայ բարեկամներս զիս անընդհատ կը զգուշացնէին, որ այդ վիճակին մէջ որպէս սփիւռքահայ հետազօտող անմեղ-անմեղ Տերսիմի, Մուշի, կամ Սասնոյ մէջ շրջշրջիլս այնքան ալ խոհեմ բան կրնար չըլլալ։

Ահա մէկ սահմանափակում, զոր պատկանելիութիւնս դրաւ հետազօտողիս առջեւ, եւ պարտադրեց մասնակիօրէն փոխել նախնական ծրագիրն աշխատանքիս։

Յաջորդիւ կ՚անդրադառնամ այլ անպատեհութիւններու եւս։

ՀՐԱԿ ՓԱՓԱԶԵԱՆ

Չորեքշաբթի, Նոյեմբեր 27, 2019