Ա­րեւմ­տա­հա­յե­րէ­նի պաշտ­պա­նու­թիւ­նը ա­ռա­ջին հեր­թին ա­նոր գոր­ծա­ծու­թիւնն է

Յա­ճախ ը­սած եմ, որ մե­ծե­րու միտ­քե­րը իս­կա­կան դպրոց­ներ են, ե­թէ քա­ջու­թիւն եւ հա­մես­տու­թիւն ու­նե­նանք ա­նոնց դի­մե­լու եւ սոր­վե­լու, մենք մեզ եւ մեր ժա­մա­նա­կը հասկ­նա­լու, մեր կեան­քին եւ ա­րարք­նե­րուն ու­ղին ճշդե­լու:

Ու­ղի ճշդել, որ չի նշա­նա­կեր «քար­վան­սա­րայ շի­նել հոն ուր ա­մէն ան­գամ ուղ­տը ծուն­կը գե­տին կը դնէ», կ՚ը­սէր ան­տիտ­ղոս ե­րէց մը:

Ին­չե՜ր ը­սուած են լե­զուի մա­սին: Յի­շել Չա­րեն­ցը եւ իր «ա­րե­ւա­հա­մը» (ա­րե­ւա­համ բառն եմ սի­րում), յի­շել Թէ­քէեա­նը եւ իր «մրգաս­տան»ը (քե՛զ, հայ լե­զու, կը սի­րեմ մրգաս­տա­նի մը նման):

Օ­տար­ներ ալ խօ­սած են լե­զուին մա­սին: Գեր­մա­նա­ցի գիտ­նա­կան Ա­լեք­սանդր վոն Հում­պոլտ կ՚ը­սէ, որ «Ժո­ղո­վուր­դի մը ո­գին կ՚ապ­րի իր լե­զուին մէջ»: Իր ժա­մա­նա­կա­կից­նե­րէն ի­մաս­տա­սէր Եո­հան Ֆիխդ իր կար­գին ը­սած է, որ «Ժո­ղո­վուր­դի մը լե­զուն իր հո­գին է»:

ԺԹ. դա­րու ֆրան­սա­ցի մեծ պատ­մա­բան Ժիւլ Մի­շը­լէ, կ՚ը­սէ. «Ֆրան­սա­յի պատ­մու­թիւ­նը կը սկսի ֆրան­սա­կան լեզուով: Լե­զուն գլխա­ւոր ցու­ցա­նիշն է ազ­գու­թեան մը» («L’histoire de France com­mence avec la langue française. La lan­gue est le signe principal d’une natio-nalité. Jules Michelet»):

Չգոր­ծա­ծուող լե­զուն կեանք չ՚ու­նե­նար, բախ­տա­ւոր պա­րա­գա­յին կը դառ­նայ ու­սում­նա­սի­րող­նե­րու հե­տաքրքրու­թեան եւ հմտու­թեան ա­ռար­կայ: Այ­սինքն՝ մե­ռեալ լե­զու:

Իսկ ի՞նչ ճա­կա­տա­գիր կ՚ու­նե­նայ իր լե­զուն կորսն­ցու­ցած ժո­ղո­վուր­դը: Հար­ցում էր:

Ա­րեւմ­տա­հա­յե­րէ­նի պաշտ­պա­նու­թեան մա­սին յա­ճախ կը խօ­սուի եւ կը գրուի, լե­զուա­կան, ուղ­ղագ­րա­կան, շա­րա­հիւ­սա­կան նկա­տո­ղու­թիւն­ներ կ՚ըլ­լան, օգ­տա­կար եւ անհ­րա­ժեշտ ճշդում­ներ՝ մա­նա­ւանդ ա­րեւմ­տա­հա­յե­րէ­նի ու­սուց­ման՝ դպրոց­նե­րու մէջ կամ դա­սըն­թացք­նե­րու, բայց նաեւ հա­ղոր­դակ­ցա­կան մի­ջոց­նե­րու:

Ա­ռա­ջին հեր­թին խօ­սուող, գրուող եւ լսուող հա­յե­րէ­նի ո­րա­կը ու­շադ­րու­թեան ա­ռար­կայ պէտք է ըլ­լայ:

Ա­ռա­ւել, պէտք է օ­րա­կարգ ըլ­լայ հա­յե­րէ­նի գոր­ծա­ծու­թիւ­նը, ի հե­ճուկս ո­րուն, զար­գա­ցած է եւ կը զար­գա­նայ օ­տա­րա­խօ­սու­թիւ­նը եւ օ­տա­րագ­րու­թիւ­նը, վասն գործ­նա­պաշ­տու­թեան, պատ­շա­ճեց­ման, յա­ջո­ղու­թեան: Շատ քիչ կը մտա­հո­գուինք մեր ազ­գա­յին ինք­նու­թեան ազ­գա­յին լե­զուէն քիչ կամ շատ հե­ռա­նա­լով, մեր տո­կա­լու եւ տե­ւե­լու կա­րե­լիու­թեան հաս­նող վնա­սով:

Ա­րեւմ­տա­հա­յե­րէ­նի պաշտ­պա­նու­թեան հար­ցը, ճշդու­թեան կող­քին, ա­նոր գոր­ծա­ծու­թիւնն է, նա­խա­պայ­ման՝ որ ան մնայ կեն­դա­նի լե­զու:

Այ­սօր, բախ­տա­ւոր պա­րա­գա­յին, ա­րեւմ­տա­հա­յե­րէ­նը դա­սա­գիր­քի եւ դա­սա­րա­նի լե­զու է, լե­զուն է՝ հետզ­հե­տէ նուազ ըն­թեր­ցող եւ լսող ու­նե­ցող ա­րեւմ­տա­հա­յե­րէ­նով ար­տա­յայ­տուող լրա­տուա­մի­ջոց­նե­րու: Շատ կա­րե­ւոր է լե­զուի մը հա­րա­զա­տու­թեան, ճշդու­թեան եւ ա­նաղ­ճատ պահ­պա­նու­մը, բայց այդ դրա­կան մաք­րակ­րօ­նու­թիւ­նը ազ­գի գոյա­տեւ­ման հիմ­նա­կան նպաստ չ՚ըլ­լար, երբ այդ ազ­գը կը դադ­րի իր լե­զուն խօ­սե­լէ եւ գրե­լէ:

Սփիւռք­նե­րու մէջ հա­յե­րէ­նը կեան­քի լե­զու չէ, հետզ­հե­տէ ան կը կորսնց­նէ նաեւ տան լե­զու ըլ­լա­լու իր բնոյ­թը, ար­դէն շատ մը վայ­րե­րու մէջ ան տան լե­զու չէ: Այս նա­հան­ջին հետ քայլ կը պա­հեն, յա­ճախ կ՚ա­ռաջ­նոր­դեն, ի­րենք զի­րենք ազ­գա­յին դե­րա­կա­տա­րու­թեան կո­չած միու­թիւն­ներ, ա­նոնց ղե­կա­վար­նե­րը, նաեւ դա­րե­րով լե­զուա­տի­րու­թիւն ը­րած հայ ե­կե­ղե­ցիի ծա­ռա­նե­րը, գիւ­տա­րա­րի գործ­նա­պաշ­տու­թեամբ:

Ե­թէ սփիւռք­նե­րու մէջ հա­շուեկ­շիռ մը ը­նենք, պի­տի տես­նենք, որ հետզ­հե­տէ ա­ւե­լի եւ ա­ւե­լի կը կծկուի հա­յա­խօս­նե­րու եւ հա­յե­րէն լսող­նե­րու շրջա­նա­կը, ա­ռա­ւել եւս՝ ա­րեւմ­տա­հա­յե­րէն խօ­սող­նե­րու եւ գրող­նե­րու: Իսկ լսող­նե­րու հրամ­ցուած զոյգ աշ­խար­հա­բար­նե­րով հա­յե­րէ­նը յա­ճախ անխ­նամ է, աղ­ճատ: Եր­բեմն հա­կազ­դող­ներ կան, բայց լսող­ներ չկան:

Ան­ցեա­լին, սփիւռ­քի հայ մա­մու­լը զան­գուած­նե­րուն հա­մար ոչ միայն տե­ղե­կու­թիւն­ներ հասց­նող էր, այլ նաեւ դպրոց, մար­դիկ լե­զու կը սոր­վէին թերթ կար­դա­լով, ա­նոնց մէջ կը զար­գա­նար գրա­կա­նու­թեան սէ­րը, որ­պէս թեր­թօն հրա­տա­րա­կուած գիր­քե­րը կը հա­ւա­քէին, հա­տոր կը կազ­մէին եւ ա­նոնք տան գրա­դա­րա­նին մէջ կը պա­հուէին: Հա­յե­րէ­նի հան­դէպ գուր­գու­րանք կար:

Կը փոր­ձուի՞ք այ­սօ­րուան բաղ­դա­տել:

Օ­տա­րա­լե­զու դար­ձող լրա­տուա­մի­ջոց­նե­րը տե­ղե­կու­թիւն եւ ծա­նօ­թու­թիւն կը փո­խան­ցեն: Օգ­տա­կար են, բայց մշա­կոյթ չեն փո­խան­ցեր, «հո­գե­ւոր հայ­րե­նիք»ի դռնե­րը չեն բա­նար: Հե­տաքրք­րա­սի­րու­թեան եւ քա­ղա­քա­կան քա­րոզ­չու­թեան կը ծա­ռա­յեն: Բախ­տա­ւոր պա­րա­գա­յին կար­գա­խօ­սեր կը փո­խան­ցեն, ո­րոնց­մէ ա­մե­նէն յատ­կան­շա­կա­նը «ցե­ղաս­պա­նու­թիւն»ն է, իր «ճե­նո­սայտ» ձե­ւով, ո­րուն տգի­տու­թեամբ կը մոռ­նանք կցել «հայ­րե­նա­հա­նում»ը:

Քա­ղա­քա­կան կար­գա­խօ­սե­րը տեղ չեն ձգեր յի­շե­լու եւ յի­շեց­նե­լու, որ ցե­ղաս­պա­նու­թիւն գոր­ծուած էր հո­ղի հա­մար, որ հայ­րե­նա­հա­նու­մը ցե­ղաս­պա­նու­թեան շա­րու­նա­կու­թիւնն է, շա­րու­նա­կուող՝ նաեւ այ­սօր: Ա­րեւմ­տա­հա­յե­րէ­նի նա­հան­ջը պատմական Հա­յաս­տա­նի կո­րուս­տի շա­րու­նա­կու­թիւնն է, շա­րու­նա­կու­թիւ­նը ցե­ղաս­պա­նու­թեան, ո­րուն մա­սին չենք խօ­սիր «ճա­նա­չում»նե­րու յանձ­նա­ռու­թիւն չպա­հան­ջող ար­շա­ւի կրկնուող ըն­թա­ցի­կին մէջ, որ մխի­թա­րու­թեան հա­մար հո­լո­վուող աղ­մուկ է: Իսկ ա­րեւմ­տա­հա­յե­րէ­նի նա­հանջ մեր մեղ­սակ­ցու­թեամբ տե­ղի կ՚ու­նե­նայ, ծա­փա­հա­րող պա­տե­հա­պաշտ­ներ ալ կը գտնուին:

Հայ կեան­քի գործ­նա­պաշ­տա­կան «ըն­թա­ցիկ»ը, ինչ­պէս «ցե­ղաս­պա­նու­թեան ճա­նաչ­ման» տե­ւա­բար վերսկ­սող ար­շա­ւը, այն­քան հզօր է, որ կը մոռց­նէ (…) հայ­րե­նա­հա­նուած­նե­րու ա­ռա­ջին սե­րունդ­նե­րու յանձ­նա­ռու վե­րա­դար­ձի ե­րա­զան­քը, ո­րուն բնա­կան շա­րու­նա­կու­թիւ­նը պէտք է ըլ­լար հայ­րե­նա­դար­ձու­թիւ­նը, որ սփիւռք­նե­րու ազ­գա­յին-քա­ղա­քա­կան միտ­քի ա­ռանց­քը պէտք է ըլ­լար եւ չէ, փո­խան եր­գա­հան­դէս­նե­րու, պա­րա­խում­բե­րու, օ­տա­րա­գիր գրա­կա­նու­թեան եւ օ­տա­րա­բար­բառ լրա­տուա­մի­ջոց­նե­րու: Այս վեր­ջին­նե­րը մեր յա­ջոր­դա­կան եւ հե­ղե­ղի վե­րա­ծուած նա­հանջ­նե­րուն պատ­կե­րա­զարդ պատ­մու­թիւնն են: Եւ չխրտչեց­նե­լու համ­բա­կի քա­ղա­քա­կա­նու­թեան հե­տե­ւե­լով, այս նա­հանջ­նե­րու եւ հրա­ժա­րում­նե­րու մա­սին չի խօ­սուիր:

Օ­տա­րա­խօս­նե­րը ստո­րագ­նա­հա­տե­լու կամ հա­յա­խօս­նե­րը գե­րագ­նա­հա­տե­լու մի­տում չու­նիմ: Սփիւռք­նե­րը դեռ ժա­մա­նակ մըն ալ «ազ­գա­յին միու­թիւն» պի­տի փոր­ձեն ապ­րիլ, ա­նո­րոշ սահ­ման­նե­րով այ­լա­լե­զու հա­ւա­քա­կա­նու­թիւն­նե­րը ազ­գա­յին հա­մախմ­բում հա­մա­րե­լու փա­փա­քով: Փա­փաք՝ քա­նի որ «միու­թիւն»ը թա­ւա­լող ժա­մա­նա­կին հետ նուազ մէ­կու­թիւն պի­տի ըլ­լայ: Այ­լա­լե­զու ըլ­լա­լու հո­գե­ւոր հե­ռա­ւո­րու­թիւ­նը կը գու­մա­րուի աշ­խար­հագ­րա­կան եւ բար­քե­րու հե­ռա­ւո­րու­թիւն­նե­րուն վրայ, անց­նող ժա­մա­նակն ալ յի­շո­ղու­թիւն­նե­րուն կու տայ նոր լիցք, հետզ­հե­տէ ա­ւե­լի ա­ղօտ դարձ­նե­լով հի­նը, դեռ ժա­մա­նակ մըն ալ «զգա­ցու­մով հայ» ըլ­լա­լու դա­տար­կա­բա­նու­թեամբ տե­ւող ինք­նա­խա­բէու­թիւն, անց­նե­լով լա­տի­նա­տառ հա­յե­րէ­նի կորս­տա­կան ճա­նա­պար­հով:

Ա­րեւմ­տա­հա­յե­րէ­նի պաշտ­պա­նու­թիւ­նը կ՚անց­նի այդ լե­զուն խօ­սե­լու, կար­դա­լու եւ գրե­լու անշր­ջան­ցե­լի ճա­նա­պար­հով: Ե­թէ նա­խա­ձեռ­նու­թիւն­նե­րը չմեկ­նին այս պարզ հաս­տա­տու­մէն, ինչ որ կ՚ը­նենք, կամ կը կար­ծենք ը­նել, «ընտ­րա­նի»ի մը փակ շրջա­նա­կին մէջ ե­ղած աղ­մուկ-ի­րա­րան­ցում է: Կայ «ընտ­րա­նի» մըն ալ, որ իր ինք­նա­հաս­տա­տու­մը կը գտնէ օ­տա­րա­խօ­սու­թեան եւ օ­տա­րագ­րու­թեան մէջ, որ իր պար­զա­գոյն ձե­ւին մէջ մեր շրջա­պա­տը տպա­ւո­րե­լու կը ծա­ռա­յէ:

Այ­սօ՛ր հիմ­նա­կան օ­րա­կարգ պէտք է ըլ­լայ հա­յա­խօ­սու­թիւ­նը եւ հա­յագ­րու­թիւ­նը, որ­պէս­զի «ծա­գու­մով հայ»ե­րու ա­նինք­նու­թիւն ամ­բոխ, կամ բախ­տա­ւոր պա­րա­գա­յին, սոսկ այ­լա­զան լե­զու­նե­րով ծէս ու­նե­ցող «կրօ­նա­կան հա­մայնք» չդառ­նանք: Մեր պատ­շա­ճե­լու անհ­րա­ժեշ­տու­թիւ­նը մե­զի մոռց­նել պէտք չէ տայ դեռ շատ քիչ ժա­մա­նակ հո­լո­վուած գո­յա­պայ­քա­րը:

Հա­յա­խօ­սու­թիւ­նը եւ հա­յագ­րու­թիւ­նը կը կազ­մա­կեր­պուի, ծրագ­րու­մով, նիւ­թա­կան եւ մարդ­կա­յին նպա­տա­կա­յին ներդ­րու­մով, որ կ՚ա­ռաջ­նոր­դուի ազ­գա­յին ի­րաւ գա­ղա­փա­րա­խօ­սու­թեամբ, որ չըլ­լայ ամ­բո­խա­վա­րու­թիւն եւ գի­տո­սի­կու­թիւն (սո­փես­տու­թիւն): Ե­թէ կա­րե­լի է քա­նի մը լե­զու­ներ սոր­վիլ, կա­րե­լի է նաեւ հա­յե­րէն սոր­վիլ: Այս գա­ղա­փա­րա­կան գի­տակ­ցու­թիւ­նը հարկ է ներշն­չել իւ­րա­քան­չիւր ըն­տա­նի­քի, հա­յած­նուն­դի, ղե­կա­վա­րու­մի խնդիր է, որ ան­մի­ջա­կա­նի, մար­դոր­սու­թեան եւ դիր­քա­պաշ­տու­թեան տուրք չի տար:

Այս հիմ­նա­հար­ցին այ­սօ՛ր լու­ծում պէտք է գտնել: Վա­ղը մենք մեզ պի­տի գտնենք ա­րեւմ­տա­հա­յե­րէ­նի կո­րուս­տին առ­ջեւ, նաեւ՝ ազ­գի ա­ւե­լի քան կէ­սի այ­լա­սեր­ման, քա­նի որ «ծա­գու­մով հա­յեր»ը օր մըն ալ պի­տի մոռ­նան այդ կրծքան­շա­նի նմա­նող «ծա­գու­մը»:

Կի­սա­մի­ջոց­նե­րը եւ զգա­ցա­կա­նու­թիւն­նե­րը հո­վա­հա­րող ծէ­սե­րը ազ­գի ա­պա­գայ չեն կեր­տեր:

ՅԱ­ԿՈԲ ՊԱ­ԼԵԱՆ

Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 27, 2016