ԱՍՏՈՒԱԾ ՑԱՅՍՕՐ ԿԸ ԳՈՐԾԷ… (ՀՐԱՇՔ՝ ՀԱԼԷՊԻ Ս. ՔԱՌԱՍՆԻՑ ՄԱՅՐ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ)

«Հաւատքը անտեսանելի է երբ ան մարդ արարածիս հոգւոյն մէջ պարփակուած է, նման լեռներու կողերուն մէջ խրած ու թաղուած ջրաւազաններուն, որոնց ուղխքը միայն կը տեսնես հոսուն ու կարկաջուն աղբիւրներուն մէջ» (Գարեգին Ա. Կաթողիկոս)։ Բայց այդ օր, հաւատքը տեսանելի՛ էր, կ՚արտացոլար հաւատացեալներու դէմքերուն վրայ ու շարժումներուն մէջ կը խլրտէր։ Աստուած Ինք որպէս Հայր, կը ցանէր Իր սրբութեան ցօղը հաւատացեալներու հոգիներուն մէջ, ուր աղօթքները կանաչ կը հագնէին եւ ծաղիկի պէս կը բացուէին, ինչպէս արեւածաղիկը՝ արեւին։

Շատեր իրենց հոգիի ընդերքէն Աստուծոյ կ՚աղերսէին, որ հաւատքի ներգործութեան այդ պայծառակերպուող պահուն, Ամենակալը օծէր իրենց նօթի ու պապակ հոգիները, որպէսզի հզօրանային՝ կարենալ տոկալու համար աղտեղող այս աշխարհի բոլոր յորձանուտներուն դիմաց, պահէին անաղարտ այն ինչ որ կու գայ իրենց արիւնէն եւ արիւնացեալ աւանդութենէն ու քալէին իրենց հայրերու անմահութեան շառաւիղներէն։

Երեքշաբթի, 31 Մարտ 2009-ին, Հալէպի դարաւոր Ս. Քառասնից Մայր եկեղեցւոյ ընդհանուր մաքրութեան աշխատանքին մասնակցող խումբ մը կիներ ականատես վկան եղան այնպիսի ներշնչական եւ երանական իմաստ ունեցող պահի մը, որ կը կռանէր ու կը գօտեպնդէր զիրենք իրենց քրիստոնէական վառ հաւատքին մէջ։ Հրաշք տեղի ունեցած էր։ Հոգեցունց ու սրտածաղկեալ պահ մըն էր։ Աստուածային ներգործութեամբ ծորող այդ աստուածաբոյր ձէթը դուրս կու գար Ս. Մինաս Զօրավարի սրբապատկերի, Ս. Սարգիս Զօրավարի նուիրուած խաչքարի, հնադարեան մատրան որմնաքանդակի եւ Ս. Աստուածածնի սրբապատկերի կամարներու ընդմէջէն։ Ուխտաւորներու հոծ համախմբում մը, հաւատաւորներու խուռներամ բազմութիւն մը կը փութար Ս. Քառասնից Մանկանց եկեղեցի՝ հաղորդակից դառնալու աստուածատուր շնորհքին։ Եկեղեցւոյ հոգեւոր անդաստանէն ընծայուած այս բերքահաւաքին պտուղները Եկեղեցւոյ անփոխարինելի տեղն ու դերը կը շեշտէին, անհամար թիւով բարեպաշտներ ու իսլամներ կու գային բարձրանալու «Թաբօր Լեռ»՝ պայծառակերպուելու հրաշքէն սփռուող աստուածային լոյսով եւ Պետրոսի հետ ըսելու. «Տէր, ինչ լաւ է հոս» (Մտ 17.4)։

Հրաշք՝ գերբնական երեւոյթ, հիասքանչ ճշմարտացում ու խորախորհուրդ նախախնամութեան մարմնացում։ Հրաշք՝ անստուեր լոյսի խորաթափանց ճառագայթում, անմատչելի բարձունքէն յայտնաբերող աւետում։ Հրաշագործութիւնը աստուածային բարերար կամքին արտացոլացումն է։ Քրիստոնէական ըմբռնումով՝ հրաշքը Տիրոջ նախաձեռնութեամբ եւ հովանաւոր ամենազօր աջով կատարուած մեծավայելուչ խորհուրդ է իր աննկարագրելի տարողութեամբ։ Կա՞յ աւելի հաղորդական ուժ հաւատքի զօրութեան փոխանցման համար, քան՝ ուժը այդ աստուածային ներգործութեան։ Դարերու շղթայով ամրացած, դարերու կաթիլներով շթաքարացած եւ տասնեակ հազարաւոր հայ հաւատացեալներու վառած մոմերու թանձրախաւ սա պերճախօս պատկերներուն ընդմէջէն թափանցող ձէթը նոյնինքն Աստուծոյ մշտահոս լոյսն էր։

Ուխտաւորներ ժողովրդական պարզութեամբ եւ բնական ինքնաբխումով, մեղմ շեշտերով ու հազիւ զգացուող ելեւէջներով կ՚երգէին «Տէր Ողորմեա»ն, որ այնքա՜ն վեհութիւն, վերասլաց թռիչք, խորասոյզ ինքնահայեցողութիւն կը պատճառէին բոլորին հոգիներուն։ Հաւատացեալներու հոգիներէն աղօթքի մրմունջներ կը վերթեւէին դէպի կամարներն այս տաճարին եւ կամարներէն վեր՝ կը հասնէին Ամենակալն Աստուծոյ։ Իւրաքանչիւր ոք ունէր իր աղօթքը, աղաչանքը, խնդրանքը։ Սակայն անոնք եկած չէին այնտեղ որպէս սոսկ անհատներ, այլ որպէս մէկ մարմին, առաքելահիմն ու լուսաւորչահաստատ Եկեղեցի, հայկազնեան տոհմի հաւաքականութիւն։

***

Հալէպի Սալիպէ թաղամասի Ս. Քառասնից Մանկանց Մայր եկեղեցին ԺԴ. դարէն մինչեւ այսօր Բերիոյ Հայոց Թեմի առաջնորդանիստ եկեղեցին է եւ պատմականօրէն առաջին անգամ յիշուած է 1476-ին: Անցեալին եղած է նաեւ կաթողիկոսանիստ եկեղեցի, ուր կատարուած են եպիսկոպոսական ու կաթողիկոսական ձեռնադրութիւններ եւ Սրբալոյս Միւռոնի օրհնութիւններ՝ 1849-ին Սիսի Միքայէլ Բ. Աջապահեան եւ 1923-ին՝ Սահակ Բ. Խապայեան կաթողիկոսներու կողմէ:

Մինչ նախնական մատուռը կաթողիկոսներու, առաջնորդներու, ականաւոր եկեղեցականներու եւ աշխարհականներու դամբարանը եղած է, ուր թաղուած են Ազարիա Ջուղայեցի (1601), Պետրոս Կարկառեցի (1608), Մկրտիչ Քէֆսիզեան (1894), Բաբգէն Ա. Աթոռակից Վեհափառ Հայրապետները (վերջինիս աճիւնները 1966-ին փոխադրուած են Անթիլիասի Զարեհեան դամբարանը): Աւանդութեան մը համաձայն, Ս. Քառասնից Մանկանց Մայր եկեղեցւոյ եւ նախկին Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ վայրը քրիստոնէական գերեզմանատուն մը եղած է՝ իր փոքրիկ մատուռով: Մինչեւ 1500 թուականներ, եկեղեցին ներկայացած է որպէս փոքր աղօթատեղի-մատուռ մը: 1499-1500 թուականներուն, հալէպահայ գաղութի երեւելիներէն «Ըռայիս Պարոն Եսայի»ի բարերարութեամբ, եկեղեցին ընդարձակուած է դէպի արեւելք-արեւմուտք ուղղութեամբ: 1616-ին հալէպահայ իշխան Պետիկ Չէլէպիի նուիրատուութեամբ եւ եղբօրը՝ Խոճա Սանոս Չէլէպիի վերակացութեամբ, եկեղեցւոյ հիւսիսակողմը կառուցուած է ընդարձակ եկեղեցի մը՝ երեք խորաններով, որոնք վերաշինուած են Ի. դարու երկրորդ կիսուն:

Ուշագրաւ հնութիւններէն են գետնափոր ներքնայարկը, խաչքարերը (1452-1604), առաջնորդական գահը (1733), սրբանկարներու ընտիր հաւաքածոն, որոնք շեշտակի կը բացայայտեն, թէ ԺԵ.-ԺԸ. դարերուն Հալէպի մէջ գոյութիւն ունեցած է հայկական արուեստի իսկական դպրոց մը։

2012-ին, Հալէպի մէջ սկիզբ առած պայթումներու պատճառով, յատկապէս տեղի ունեցած հրթիռակոծումներու եւ դիպուկահարներու թիրախ դարձած Սրբոց Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ կարգ մը բաժինները վնասուեցան ու աւերուեցան: Թէեւ եկեղեցին անմիջական մեծ վնաս չստացաւ, սակայն տարածքը շատ ծանր վնաս կրեց մասնաւորաբար 2015-ի Ապրիլին:

***

Այդ օրերուն էր, երբ Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ Տ. Շահան Արք. Սարգիսեան, որպէս հայր իր սրտախօսիկ քարոզներով ու պատգամներով շարունակ կը խթանէր հաւատացեալները եւ կը հրաւիրէր զիրենք հաղորդուելու սուրբերուն հետ ու ընթանալու անոնց հարթած ուղիէն։ Իսկ քահանայ հայրեր իրենց կարգին աղաչական մեղմութեամբ եւ  աղեխարշ պոռթկումով, մերթ յանկուցիչ գրաւչութեամբ, մերթ ցնցիչ ուժգնութեամբ, մեղմաթրթիռ ձայներով շարականները  կ՚ապրեցնէին ուխտաւորներու հոգւոյն մէջ։

Անլուռ չէին մնար այս հրաշագործութիւնները։ Հայ Եկեղեցւոյ զաւակներու, այլ քրիստոնէական յարանուանութեանց ու այլազգիներու քայլերը կ՚ուղղուէին դէպի Ս. Քառասնից Մանկանց եկեղեցի։ Դարե՜ր շարունակ, հայ անհատը աղօթած էր այս սրբազնասուրբ եկեղեցւոյ մէջ, իր հաւատքի ապրումներով աւելի եւս նուիրագործած էր զայն, միշտ լեցուելով անկէ բխող լոյսի ճառագայթներով։ Դարերով աղօթարար հայ մարդը իր աղօթքին մրմունջները, իր արցունքի շիթերը, իր մոմին անմար ցոլքերը, իր շրթունքներու համբոյրը միախառնած էր, ընդելուզած էր այս Ս. Եկեղեցւոյ քարերուն հետ, որոնց մէջ տեսած էր, որոնցմէ քաղած էր լոյսի եւ կեանքի ճշմարտութիւնը։

Իսկ 2 Ապրիլ 2009-ին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսը որպէս ուխտաւոր ժամանեց Հալէպ, իր ժողովուրդի զաւակներուն հաւատքի արտայայտութեան վկան եւ հոգեւոր խանդավառութեան մասնակից դառնալու։ Հոգեպարար արարողութեան ներկայ էին կրօնական, ազգային եւ քաղաքական ժողովներու անդամներ, քրիստոնեայ համայնքներու համայնաքապետներ, միութեանց եւ կազմակերպութեանց ներկայացուցիչներ, ինչպէս նաեւ ուխտաւոր հաւատացեալներ։

Կը ցնծային լոյսի առաքեալները՝ սուրբերը, ի տես Աստուածորդիին անունով եւ Անոր հաւատքով իրարու միացած հայ հաւատացեալներու բազմութեան, որոնց էութեան մէջ կենդանի էր սէրը եկեղեցւոյ։ Կը հրճուէին քրիստոնէական սուրբերը, նահատակներն ու հայրապետները, ի տես իրենց թողած աւանդին, աշխատանքին, տքնութեան արդիւնքին, պտղաւորման, զօրացման ու գեղեցկացման։    

Կը հնչէր Ս. Քառասնից Մայր եկեղեցւոյ զանգը։ Առաջնորդարանի կողքին գտնուող թաղամասին մէջ կազմուած էր փառաշուք թափօր մը, ուր բարձրացած էր հսկայ թափօրի խաչ մը, որուն կը հետեւէին դպիրներ, սարկաւագներ եւ քահանայ հայրեր։ Արամ Ա. Կաթողիկոսի աղուհացի օրհնութենէն ետք, թափօրը սկսած էր ուղղուիլ դէպի Մայր եկեղեցի։ Ուխտաւորներ յուզախառն ուրախութեամբ, կարօտախանձ ու տենչավառ սրտով կ՚ողջունէին իրենց հայրապետի գալուստը։ Իսկ Նորին Սրբութիւնը իր հայրապետական ու օրհնաբաշխ աջով կ՚օրհնէր իր հարազատ զաւակները։

Արամ Ա. Կաթողիկոսը իր խօսքին մէջ շեշտեց, թէ ան եկած էր Ս. Քառասնից Մայր եկեղեցի ո՛չ որպէս հովուապետ, այլ որպէս ուխտաւոր՝ մասնակից դառնալու հայ ժողովուրդի զաւակներուն հաւաքական հաւատքի արտայայտութեան։ Ան իր խօսքը կեդրոնացուց սուրբերու առանձնայատուկ դերին ու տեղին վրայ՝ ըսելով. «Սուրբերը անոնք են, որոնք լոյս Քրիստոսէն առած իրենց լոյսը աստղերու նման կը պլպլան մեր ժողովուրդի կեանքի երկնակամարին վրայ։ Սուրբերը անոնք են, որոնք Աւետարանի լոյսէն ըմպած իրենց լոյսը, լոյս դարձած լոյս կը տարածեն մեր ժողովուրդի կեանքէն ներս։ Սուրբերը լոյսի առաքեալներ են։ Սուրբերը իրենց կեանքով, իրենց գործով, իրենց ծառայութեամբ զՔրիստոս որպէս լոյս կը տարածեն մեր անհատական թէ հաւաքական կեանքէն ներս»։ Ապա, Արամ Ա. Կաթողիկոս իր խօսքը շարունակելով՝ հաստատեց. «Ահաւասիկ Սուրիոյ մեր հայութիւնը իր հաւատքը անգամ մը եւս կ՚արտայայտէ։ Եւ ես վկան եմ։ Անթիլիասէն մինչեւ այստեղ եկայ եւ քիչ յետոյ պիտի վերադառնամ։ Եկայ, տեսայ եւ վկայեցի ու պիտի վկայեմ, որ Սուրիոյ մեր ժողովուրդը որպէս թարգմանը Հայաստանի ու աշխարհի բոլոր կողմերը ապրող մեր ժողովուրդի զաւակներուն, այսօր ունի իր քրիստոնէական հաւատքը տոկուն կերպով»։

Ի՜նչ քաղցր, ի՜նչ հոգեթով պահեր էին։ Վստահ եմ, որ այդ պահերը իւրաքանչիւր ուխտաւորի հոգիին մէջ այնպէս պիտի արձանագրուին, ինչպէս քանդակագործի մը ստորագրութիւնը իր քանդակին վրայ, որովհետեւ անոնք ծարաւ հոգիին համար ջուր էին, խարխափող միտքին համար՝ լոյս, շուարած կամքին համար՝ հաւատք, մթագնած հոգիին համար՝ յոյս, որոնք Աստուծոյ ներթափանցումն էին հայ կեանքին ու պատմութեան մէջ։

***

Արդարեւ, Աստուծոյ անպատմելի փառքը յաճախ հրաշքով կը պարզուի, հետեւաբար, անծայրածիր հորիզոնէն ծագած սքանչելի լոյսին շողարձակումն է հրաշագործութիւնը։ Ան է, որ վայրը սրբավայրի կը վերածէ, իսկ եկեղեցւոյ պատերը՝ անձեռագործ բնակարանին նախապատկերացուած յուշաքար կը դառնայ, եւ երկնային տաճարին փառքին նախաճաշակը կ՚ունենայ։ Պատահական չէր պատահածը, ազատարար Աջին եւ փրկարար Հովանիին պսակազարդող փառքն էր, որ կը հիւսուէր ոգեղէն տաճարին մէջ։

Հոգեհարազատ ապրումներու բիւրեղեայ պատկեր մը կ՚ուրուագծուէր եկեղեցւոյ մէջ, սակայն եղան խաւարամիտներ, որոնք մերժեցին ընդունիլ վաւերական հրաշքը։ Գտնուեցան թերահաւատութեան ծփանքներէն տարուբերող կասկածամիտներ, որոնք անտարբեր եւ քմահաճ կեցուածք ունեցան։ Եղան ես-ի կուռքին երկրպագուներ, որոնք անհաղորդ դարձան աստուածային խորհուրդին։ Եղան կարծրասիրտ մարդիկ, որոնք անձնակեդրոն վերլուծումներ եւ արտայայտութիւններ ունեցան։

Պօղոս առաքեալ օրհնաբանական փառաբանութիւն կը մատուցէ երկնաւոր Հօր՝ ըսելով. «Օ՜, ի՜նչ խորունկ են Աստուծոյ առատ ողորմութիւնը, իմաստութիւնն ու գիտութիւնը։ Որքա՜ն անքննելի են Անոր վճիռները, եւ անջնջելի են Անոր ճամբաները» (Հռ 11.33)։ Ահաւասիկ անխախտ դաւանանքի հրեղէն բոցավառութիւն մը, որ կ՚այրէ երկմտանքի փուշերը, կը լափէ կասկածանքի խոտերը, կը մոխրացնէ կարծրասրտութեան փայտերը եւ քաղցրաձայն հրաւէր կը փոխանցէ՝ հաղորդակից դառնալու աստուածային շնորհքին, հաւատքի պտղաբերման եւ առաքելաշաւիղ սկզբունքներու որդեգրման ի խնդիր։ Վերեւ նշուած առաքելահունչ խօսքերը սերտ առընչութիւն ունին Ս. Քառասնից Մանկանց Մայր եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցած հրաշքին հետ, որ թարգմանը հանդիսացաւ առաքեալին հաւատքի վկայութեան։

Հրաշքին ներգործող ուժգնութիւնը եւ հոգեշունչ տարողութիւնը ներթափանցող արձագանգ ներմուծած է նոյնիսկ հայ մտաւորականներուն ներաշխարհը, որոնք հոգեսլաց թռիչքով հաւատքի ապրումներ ունեցած են իրենց գրական արտադրութիւններուն մէջ։ Սոյն գաղափարին պերճախօս վկայակոչն է մեր պանծալի գրագէտ, վաստակաշատ գրող, գիրի մշտարթուն նուիրեալ եւ հայ գրականութեան ընտրանի դէմքերէն Յակոբ Օշականը։

Անմահանուն հայ լեզուի ռահվիրային «Աղաչեմ Զանփոփոխելի» վերանագրեալ գրութիւնը որքա՜ն կը պատշաճի հալէպահայ գաղութին մէջ պատահած հրաշքին։ Պայծառամիտ գրողը պատահած հրաշքի մը ականատեսի իր վկայութիւնը կու տայ եւ ուրոյն ոճով ու հաղորդական առոգանութեամբ հրաշքի անխախտ ճշմարտութիւնը կը հաստատէ՝ ըսելով.

«Համրը մեզի համար հիւանդ մըն է, ջղագար մը, շատ-շատ պապենական մեղքի մը (կայ միքրոպը, որ հօրմէն կ՚անցնի թոռանը, զաւակը մոռնալով, վեներական հիւանդութեան մէջ) կսկծալի փաստը, զոր կը ջանանք դարմանել, մեր գիտութեան բոլոր զէնքերը օգտագործելով մեղքի այդ հիւլէին ընդդէմ, եւ կամ աւելի կարճ, արագ ուսումնասիրութեամբ մը կը մաքրագործենք, ինչպէս չեն վարանիր ընել այսօր ամենէն աւելի քաղաքակիրթ համարուող ազգերէն ոմանք, ախտաժէտները, ցեղին բարիքին համար, ժամ առաջ հող ղրկելով։ Նարեկացին թշուառ այդ խլեակին մէջ աստուածային անհաս կարգադրութեանց մէկ յայտնաբերումը կը մղուի տեսնել (յիշեցէք ի ծնէ կոյրին պատմումը)։ Խօսեցուցէք համրը։ Ինծի տրուած է ականատես ըլլալ հրաշքին, հեռու վանքի մը տօնական գիշերը։ Եկեղեցին քարացած մարդերու վրայ դադրեր էր իր կամարէն։ Հազարներ, ուս ուսի։ Չորս ձեռքեր ներս բերին, ամբոխին գլխին վրայէն, լաթերու կծիկ մը։ Աստուածածնայ պատկերին առջեւ այդ կծիկը դրուեցաւ հողին։ Ոտք ելլողը պարման աղջիկ մըն էր, նոր մտած իր երիտասարդութեան, իր «արշալոյսին» պիտի ըսէր բանաստեղծ մը։ Մունջ իր դէմքը, մոմերուն դողահար լոյսին մէջ կ՚ըլլար բզիկ-բզիկ։ Ծանր, ոսկի արցունքները իր թարթիչները կը փոխէին հեքիաթային մանեակի մը։ Կուշտին՝ հիւծած մայրը, որ կը պոռար.

-Մեղայ Աստուծոյ, մեղայ Աստուծոյ, մեղայ Աստուծոյ։

Ու իբր թէ արձագանգը այդ սրտապատառ հառաչանքին, հազար բերանէ նոյն բառերը. բոլորին հոգիին ընդերքէն կորզուած, տա՛ք, կպչո՛ւն, յուզի՛չ, նուաճո՜ղ պաղատանքը։ Թօթուեցան աղջկան մկանները։ Դեղձան իր մազերը կը թուէին թրթռալ եւ ուռիլ։

-Եօթը տարի է, Տիրամայր,

Կ՚ըսէր մայրը, եւ իր մազերը փետելով գլխէն՝ խուրձ-խուրձ կը նետէր Չարխափանին։ Անոր հետեւեցաւ աղջիկը ու մէկ կողմէն մազերուն պոկումով առթած ցաւին, ամբոխին յուզեալ հոգիին, ու միւս կողմէն՝ աղջիկը դղրդող տագնապին միախառնումովը՝ բացուեցան կապերը անոր լեզուին։

-Մեղայ Աստուծոյ, մեղայ Աստուծոյ։

Հրաշքը ա՛ն էր, որ եկեղեցիին պատերը եւ կամարը դիմացան այն միւս փոթորիկին, որ փրթեր էր հազար բերաններէ, կատարուածէն խելայեղ, որոնք կը պոռային սրբազան բանաձեւը։ Համրերը կը խօսի՜ն։ Ճիշդ է, որ Գրիգոր վանականը բառերու հանդէպ տկար է քիչ մը, զանոնք առատ սպառող մը։ Բայց իր գիրքին մէջ որքան շատ են տողերը, որոնց ամէն մէկ գիրին տակը ծանրածանր ապրումներ կը մնան ծրարուած» (Քաղուած՝ «Երբ հիները կը կարդանք» գրքոյկէն)։

Ահաւասիկ աստուածասէր ցեղի հաւատաբոյր խնկարկումէն պատկեր մը լուսեղէն խորանին ընծայուած, աղօթասէր ուխտաւորին ընդունելի խնդրանքին հաւանութեան կնիքը գալիք սերունդին ձօնուած, որպէս աստուածայայտ սքանչելիքի յաւերժախօս յուշակոթող։ Հրաշքը չէ դադրած պատահելէ, «ականջ ունեցողը թող լսէ…»։

Սիրելի՛ ընթերցող, այդ հրաշագործութիւնները մեր սուրբերէն կոչ մըն են ուղղուած իւրաքանչիւր հայորդիի։ Անոնք անդադրում կերպով կարծէք բերան առած ցայսօր կ՚աղաղակեն չտարուելու նոր օրերու աշխարհայնացած կեանքէն, աջէն ու ձախէն փչող հովերէն, որոնք հազար ու մէկ ակունքներէ պղտոր ջուր կը լեցնեն հայ կեանքի աւազանին մէջ։ Չտարուելու օրուան հետ ծնող եւ օրուան հետ մեռնող հակակրօնական ու ապազգայնացուցիչ, հաճոյապաշտ եւ հոգեքանդ մտայնութիւններէն։ Այլ կոչ կ՚ուղղեն կառչած մնալու ու փարելու մեր սրբութիւն սրբոց եկեղեցւոյ, որմէ հայը կրնայ միայն հարստանալ հոգեկանօրէն եւ ազգայնօրէն։

Կ՚ուզե՞նք վերածնիլ իբրեւ ազգ, կ՚ուզե՞նք անաղարտ պահպանել մեր ինքնութիւնն ու ազգութիւնը՝ հեռու մնալով աշխարհայնապաշտութեան գետնաքարշ ու հաճոյաձիգ հրապոյրներէն։ Պատասխանը մէկ է։ Դա՛րձ դէպի մեր արմատները, մեր քրիստոսատիպ ինքնութեան եւ հայադրոշմ նկարագիրը՝ մեր նախահայրերէն մեզի կտակուած սրբութիւնները, շարականները, արժէքները պահպանելով ու կեանքի կոչելով…։

ԱԼԵՔՍ ՍՐԿ.ԳԱԼԱՅՃԵԱՆ

Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 27, 2017