ՄԱՐԴԿՈՒԹԻՒՆ ՉՈՒՆԵՑՈՂ ՄԱՐԴԻԿ

Կ՚ապրինք ժամանակաշրջանի մը մէջ, ուր արժէքներն ու բարքերը ահաւոր կերպով սկսած են անկում ապրիլ, եւ այդ անկումին որպէս հետեւանք դէմ յանդիման կը գտնուինք այնպիսի քաոսի մը, որ յայտնի չէ, թէ դէպի ո՛ւր կ՚երթայ այս ամէն ինչը:

Բարոյականութիւն, սկզբունք, արժէք, հաւատք, նուրիուածութիւն, հաւատարմութիւն, անկեղծութիւն, այս բոլորը կարծէք անցեալին վերաբերող երեւոյթներու վերածուած ըլլան, եթէ չըլլան մատներու վրայ հաշուող մարդիկ, որոնք խենթերու նման տակաւին կը շարունակեն կրել այս յատկութիւնները եւ հակառակ կեանքին պարտադրած պայմաններուն, ամուր կառչած կը մնան այս յատկութիւններուն, հաւատարիմ մնալով իրենց մարդ կոչումին:

Կարծեմ թէ ընթերցողներէն շատերը պիտի համաձայնին այն գաղափարին, որ այսօրուան աշխարհը վերածուած է շահի դաշտի մը, այսինքն՝ ամէն ինչ սկսած է իրեն հիմք ունենալ շահը, մարդիկ եթէ շահ ունին ամէն ինչ կ՚ընեն, որպէսզի իրենց ուզածին հասնին, եթէ շահ ունին՝ հազար երեսանի կը դառնան, եթէ շահ ունին՝ յանկարծ «առաքինի» կը դառնան, եթէ շահ ունին՝ ի զարմանս շատերուն, «բարոյական» բացառիկ տիպարի կը վերածուին, եւ տակաւին շարքը կարելի է երկարել ու երկարել:

Այսօրուան մարդը ամէն բանէ առաջ կարիքն ունի ՄԱՐԴ ըլլալու, ճշմարիտ մարդ ըլլալու: Այն մարդը, որ Քրիստոս Իր ծնունդով, խաչելութեամբ եւ յարութեամբ պատուիրեց մարդուն ըլլալ: Արդարեւ՝ «իր մէջ ճշմարիտ մարդը կորսնցուցած մարդը Քրիստոսով վերամարդացաւ՝ իր բնութեամբ, իր կեանքով ու իր կոչումով: Այս առաքելութեան իրագործման համար Աստուծոյ Որդին մարդկային բնութիւնը առաւ, բացի մեղքէն, որպէսզի մարդը մաքրէ իր ֆիզիքական, հոգեւոր թէ բարոյական ախտերէն եւ Իր կեանքի օրինակով ցոյց տայ մարդ ըլլալու վաւերական կերպը ու «աստուածային պատկեր»ի երկնատուր կոչումին հաւատարիմ մնալու ճի՜շդ ուղին» (Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս, Սուրբ Յարութեան պատգամ, 2010): Ասկէ շուրջ 2000 տարի առաջ մեր Փրկիչը՝ Քրիստոս, այդ պարգեւը՝ ՄԱՐԴ ըլլալու ձրի կերպով տուաւ մեզի, բայց, որովհետեւ մարդը նիւթականը շատ յաճախ աւելի կը գերադասէ քան հոգեւորը, քան արժէքաււորը, ինքն իր ձեռքով այդ պարգեւը վատնեց, որով ինք եւս կորսնցուց իր մարդկային ամենէն թանկ յատկութիւնը՝ ՄԱՐԴԿԱՅՆՈՒԹԻՒՆԸ:

Էմերսոնը այսպէս կը գրէ. «Ով որ կ՚ուզէ աշխարհը տեղաշարժել՝ թող ինքզի՛նք տեղաշարժէ: Ամենէն դժուար մասնագիտութիւնը մարդ ըլլալն է»: Այսպէս ըսած, այսօրուան «զարգացած» աշխարհին մէջ, ուր մասնագիտութիւնները օրէ օր կը բազմանան, մարդկային պատմութեան ամենէն կարեւոր եւ գերագոյն մասնագիտութիւնը՝ ՄԱՐԴ ԸԼԼԱԼՈՒ ԳԻՏՈՒԹԻՒՆը, գրեթէ ոչնչացման եզրին է: Այսօր, աւելի քան երբեք մարդը պարպուած ըլլալով իր մարդկութենէն, վերածուած է անբան գազաններէն աւելի վատ գազանի: Այսօր, մարդիկ երբ կ՚ուսումնասիրեն բնութիւնը, երբեմն այնպիսի զարմանալի երեւոյթներու կը հանդիպին, ուր բնութեան մէջ ապրող վայրենի կենդանիները, երբեմն-երբեմն այնպիսի գուրգուրալից եւ հոգատար վերաբերմունք կը ցուցապերեն իրենց տեսակէն չեղող այլ կենդանիներու նկատմամբ, որ ուղղակի կ՚ապշեցնէ այդ տեսարանը տեսնողը: Անդին, սակայն, մարդիկ այնպիսի վայրենի եւ վայրագ կերպով կը վարուին իրարու հետ, որ կողքէն նայողը ինքն իրեն կը հարցնէ, թէ՝ «ասոնք իրապէս մա՞րդ են»: Այս եւ նմանատիպ բազմաթիւ երեւոյթներ կու գան վկայելու այն մասին, թէ այսօրուան մարդը սկսած է պարպուիլ իր մարդկութենէն եւ վերածուած է մարդկութիւն չունեցող մարդու:

Մարդկութիւն չունեցող մարդոց տեսակները բազմաթիւ են: Այս գրութեամբ քանի մը տեսակին պիտի անդրադառնամ.-

ա) Մարդկութիւն չունեցող ծնողներ. այսօր, դժբախտաբար, այնքան աճած է թիւը այն ծնողներուն, որոնք իրենց մարդկութիւնը կորսնցուցած են եւ վերածուած՝ անբան անասուններու: Կրնայ ըլլալ արտայայտութեանս ձեւը խիստ թուի շատերուն, բայց փաստացի իրողութիւններն են, որ կը մղեն նման կերպ արտայատուլու: Օրինակի համար, այսօր կան ծնողներ, որոնք իրենց զաւակներուն հետ ամենէն անարգ եւ նուաստացուցիչ ձեւերով կը վարուին: Կը ծեծեն, ինչ-ինչ բաներէ կը զրկեն՝ ընդ որում երբեմն ուտել-խմելէ, կ՚արգիլեն կարծիք ունենալէ, այնքան կը ճնշեն, որ զաւակները կայանալու լուրջ դժուարութիւններու դիմաց կը կանգնին, եւ յանկարծ երբ 25-30 տարեկան հասակին հասնին, կը նկատուի, որ լուրջ խնդիրներ կը դիմագրաւեն այդպիսի ընտանիքներէ եկող զաւակները:

Այլ կարգի ծնողներ, ամէն կերպով կը ջանան իրենց կարծիքն ու կամքը պարտադրելու իրենց զաւակներուն, ըլլայ ուսումի, ըլլայ կեանքի երկրոդ կէսը ընտրելու պարագային, ըլլայ աշխատանք, եւ այլն: Նմանատիպ պարագաներու ծնողները իրենց կարելի կ՚ընեն իրենց ըսածը առաջ տանելու, շատ յաճախ պատրուակելով, թէ իրենք կեանքի փորձ ունին եւ իրենք աւելի լաւ գիտեն ու կը հասկնան իրենց զաւակներուն ապագան եւ բարութիւնը: Բայց այդպիսի ծնողները կը մոռնան, որ իրենց այդ վարուելակերպով իրենց զաւակները կը վերածեն անկամ արարածներու եւ անհատականութիւն չունեցող անհատներու:

Այլ տեսակ մըն ալ կայ ծնողներու, որոնք իրենց զաւակները կը մոլորեցնեն եւ կը ստիպեն, որպէսզի մեղքի մէջ իյնան: Այսպէս, կան ծնողներ, որոնք իրենք իրենց ձեռքով իրենց զաւակները պոռնկութեան կու տան, գումարի, առողջութեան, բարօր կեանքի պատրուակին տակ: Ուրիշներ, իրենց զաւակները կը մղեն գողութեան, ստախօսութեան եւ ի՜նչ-ի՜նչ սխալներու, եւ անշուշտ իրենց բոլոր քայլերը կ՚արդարացնեն, ինչ-ինչ պատճառաբանութիւններ յառաջ քշելով:

Ծնողներու այլ տեսակ մըն ալ կայ, որ իր սեփական զաւակներուն հանդէպ խտրականութեամբ կը վարուի: Այս երեւոյթը հաւանաբար ամենէն վտանգաւորն է, որովհետեւ վերեւ նշուած երեւոյթները այսպէս կամ այնպէս ձեւով մը կարելի է սպիացնել, սակայն խտրականութեան պատճառած վիրաւորանքը ահաւոր է եւ շատ յաճախ անբուժելի:

Ծնողներ՝ յիշեցէք, որ ձեր զաւակները Աստուծոյ կողմէ ձեզի տրուած պարգեւներ են եւ դուք անոնց խնամատար կարգուած էք: Անոնք եւս ձեզի նման մարդ են, եւ իրաւունք չունիք անմարդկային կերպով վերաբերուիլ անոնց հետ: Եւ միշտ յիշեցէք, որ ձեր քայլերուն եւ արարքներուն համար հաշիւ պիտի տաք Անոր՝ որ այդ զաւակները պարգեւած է ձեզի:

բ) Մարդկութիւն չունեցող զաւակներ. այսօրուան բարոյազրկուած ընկերութեան երեսակներէն մէկն ալ անկիրթ եւ անփառունակ զաւակներն են: Ինչքա՜ն շատ է թիւը այսօր ծերանոցներուն: Ինչքա՜ն մեծ է թիւը այն ծնողներուն, որոնք իրենց ողջութեան ժամանակ մահացումի կ՚ենթարկուին իրենց զաւակներուն կողմէ:

Այսօրուան զաւակներուն զգալի մէկ մասը վերածուած են ծնողները չյարգող, չսիրող ու չխնամող անձերու: Ծնողներէն ձերբազատուելու լաւագոյն միջոցն ալ գտած են զանոնք ծերանոց տանելով՝ ինչ-ինչ պատճառաբանութիւններ հնարելով: Ծերանոցները, այսօր, դժբախտաբար վերածուած են բազմաթիւ ծնողներու կենդանութեան գերեզմանը:

Զաւակներու այլ խումբ մը, հակառակ այն իրողութեան, որ իրենց ծնողները ծերանոց չեն տանիր, սակայն այնպիսի խստութեամբ կը վարուին իրենց ծնողներուն հետ, որ աւելի լաւ պիտի ըլլար զանոնք ծերանոց տանիլ, քան նման վերաբերմունք ցուցաբերել այն մարդոց նկատմամբ՝ որոնք իրենց ամբողջ կեանքը վատնած են իրենց զաւակներու բարօրութեան համար: Այս խումբին մէջ եղող զաւակները կը ծեծեն, կը հայհոյեն, կ՚անարգեն, երեխաներու նման կը վարուին իրենց ծնողներուն հետ, շատ յաճախ ալ որպէս ծառայ կը նային անոնց եւ որպէս այդպիսին ալ կը պահեն իրենց մօտ:

Այսպիսի զաւակները վստահաբար մոռցած են՝ անշուշտ եթէ կարդացած են եւ կամ երբեք չեն կարդացած կամ լսած տասնաբանեայ պատուիրաններուն հինգերորդ պատուիրանը, որ կ՚ըսէ՝ «յարգէ՛ հայրդ ու մայրդ»: Մեր ծնողները Աստուծոյ կողմէ մեզի նախախնամուած այն բարի էակներն են, որոնք իրենց ամբողջ կեանքը կու տան, որպէսզի մենք լաւ ապրինք, հանգիստ ու խաղաղ ապրինք, այս բոլորին դիմաց մեզի՝ զաւակներուս կը մնայ միայ սիրել, յարգել ու խնամել զիրենք, որպէսզի Աստուածաշնչական բացատրութեամբ՝ «երկար կեանք ունենաք այս երկրին մէջ»:

գ) Մարդկութիւն չունեցող ղեկավարներ. ղեկավարներ ըսելով նկատի չունիմ երկիրներու եւ պետութիւններու ղեկավարները, այլ՝ նկատի ունիմ աշխատանքային ոլորտի մէջ մեր ունեցած ղեկավարները:

Դժբխտաբար մեր օրերուն այնքան շատցած է թիւը այն անգութ ղեկավարներուն, որոնք իրենց նստած աթոռները կորսնցնելու վախէն մղուած անմարդկային կերպով կը վերաբերուին իրենց ենթակայ եղող աշխատակիցներուն հետ: Նման ղեկավարներու համար իրենց աշխատակիցին առաքինի եւ լաւ մարդ ըլլալու, իր ստանձնած աշխատանքը լաւագոյնս կատարող ըլլալու հանգամանքը այդքան ալ իմաստ չունին, ինչքան՝ շողոքորթ ու քծնող ըլլալու պարագան: Այս տիպի ղեկավարները միշտ կ՚ուզեն, որ իրենց ենթակաները հպատակին իերնց ըսածներուն առանց առարկելու կամ ընդդիմանալու, նոյնիսկ եթէ անոնք ըսեն, թէ մածունին գոյնը սեւ է, իրենց աշխատակիցները պարտաւոր պէտք է ըլլան ըսելու, թէ՝ «ա՛յո, այդպէս է, մածունին գոյնը սեւ է». եւ բաւական է մէկ անգամ հակադարձել, եւ ահաւասիկ սկիզբ կ՚առնէ անմարդկայնութեան հանգրուան մը, որ կ՚աւարտի անպատմելի վայրագութիւններով, վնաս պատճառելով ո՛չ միայն տուեալ աշխատակիցին, այլեւ՝ ընդհանուր հաստատութեան, ընդ որում նաեւ տուեալ ղեկավարին:

Աշխատանաքային ղեկավարներ, միշտ մտաբերեցէք, թէ ինչքան մարդկային է ձեր վերաբերմունքը ձեր ենթականերուն նկատմամբ, այդքան ձեր ղեկավարած հաստատութեան վերելքը հաստատ է, իսկ հակառակը՝ ինչքան մարդկայնութենէ զուրկ է ձեր վերաբերմունքը, այդքան շուտ է եւ անխուսափելի ձեր կործանումը:

Եւ վա՜յ անոր, որ այդ կերպով պիտի կործանի...

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Վաղարշապատ

25 հոկտեմբեր, 2018

Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 27, 2018