ԱՏՈՆԻՍ
Աշխարհահռչակ բանաստեղծ, փիլիսոփայ, գրականագէտ, թարգմանիչ եւ քննադատ Ատոնիս (բուն անունով՝ Ալի Ահմատ Սաիտ Էսպէր) ծնած է Սուրիոյ ծովափնեայ Ճէպլէ քաղաքի Քասսապին գիւղը՝ 1 յունուար 1930-ին, աղքատ եւ այգեգործ ընտանիքի մը մէջ: Տասներեք տարեկանէն առաջ դպրոց չէ յաճախած, սակայն «Քուրան»ը, կարդալն ու գրելու հմտութիւնները սորված է իր հօրմէն եւ դարձեալ հօր օգնութեամբ ծանօթացած բազմաթիւ հին բանաստեղծներու քերթուածներուն:
Բանաստեղծը Ատոնիս անունը որդեգրած է փիւնիկեցիներու աստուածներէն՝ Ատոնիսի շուրջ հիւսուած առասպելէն ազդուելով:
1944-ի գարնան Ատոնիս հայրենասիրական ինքնագիր ոտանաւոր մը կ՚ասմունքէ երկրի նախագահ՝ Շուքրի Քուաթլիի ներկայութեամբ տեղի ունեցող պետական ձեռնարկի մը ընթացքին: Ոտանաւորը հաւանութեան կ՚արժանանայ եւ պետութիւնը կը հովանաւորէ պատանիին Թարթուսի ֆրանսական ուսումնական հաստատութեան հետեւելուն ծախսերը, ուր ոստումներով կը յառաջանայ, ապա Դամասկոսի Պետական համալսարանը կ՚աւարտէ փիլիսոփայութեան վկայականով՝ 1954-ին:
Կը մեկնի Լիբանան 1956-ին, ուր կը հանդիպի բանաստեղծ Եուսէֆ Ալ Խալին, եւ միասնաբար կը հրատարակեն «Բանաստեղծութիւն» թերթը՝ 1957-ի սկզբնական շրջանին: Այնուհետեւ Ատոնիս կը հրատարակէ «Կեցուածքներ» թերթը 1969-1994 թուականներուն: Կը դասաւանդէ Պէյրութի համալսարանը, ապա կը տիրանայ Լիբանանի գրականութեան տոքթորականին 1973 թուականին:
1981-էն սկսեալ բազմաթիւ հրաւէրներով կը մեկնի Ֆրանսա, Զուիցերիա, Միացեալ Նահանգներ, Գերմանիա եւ այլուր: Բազմաթիւ տիտղոսներու կ՚արժանանայ, մրցանակներ կը ստանայ Լիբանանէն եւ աշխարհի այլեւայլ երկիրներէն, որոնցմէ՝ 1986-ին Պրիւքսելի մեծագոյն գրական մրցանակը, «Բանաստեղծութեան ոսկեայ թագ» մրցանակը 1987-ին՝ Մակեդոնիոյ մէջ եւ 2011-ին, Ֆրանքֆուրտի մէջ, «Կէօթէ»ի մրցանակը՝ առաջին արաբ անունը արձանագրելով համաշխարհային հռչակ վայելող այս մրցանակի ցուցակին մէջ:
Ստեղծագործութիւնները թարգմանուած են տասներեք լեզուներու:
Ունի քանի մը տասնեակ քերթողագիրքեր եւ այլ հրատարակութիւններ:
Ատոնիս կը պատկանի արաբ ամենահռչակաւոր բանաստեղծներու փաղանգին: Ատոնիս իր ոճով կարողացաւ բիւրեղացնել արաբական բանաստեղծութեան նոր մօտեցումը, ուր արաբերէն լեզուին տուաւ ստեղծագործութեան եւ փորձառութիւններու վրայ հիմնուած նոր օգտագործում, որ կը գերազանցէ դասական օգտագործումին:
Ատոնիս կարողացաւ արաբական բանաստեղծութիւնը վերածել համաշխարհայինի: Երկար տարիներէ ի վեր գրականագէտները կը ջանան Ատոնիսը հասցնել Նոպէլեան մրցանակակիրներու թեկնածութեան:
ՏԽՐՈՒԹԵԱՆ ԾԱՌԸ
Տերեւ մը հոգեբեկ ծաղիկը գրկած
Կը մօտենայ կը հանգչի գրութեան փոսին մէջ
Խօսքը արձագանգ ըլլալէն առաջ
Կը սփռուի մթութեան թաղանթին մէջ
Թափառական տերեւ մը
Կ՚անցնի տարօրէն արտերէն
Անտառ առ անտառ
... Հոգեբեկ ծաղիկը գրկած
ԽՈՍՏՈՎԱՆՈՒԹԻՒՆ
Ուրիշ չեն գիշերուան դին եւ ձեռքիս բեկորները
Տուընչեան կտորներուն մէջ
Անոնք կոպերուն տակ քար մըն են միայն
Ո՜հ, որքան աղօթեցի անեղծ Աստուծոյ
Բոյսերուն
Ո՜հ, որքան կերակրեցի աչքերս ծառին սովով
Եւ կտրտուած թարթիչներուս վրայ եկայ ձեզի
Հանդիպումի - գիրկընդխառնումի եւ խոնարհումի
Ես, Տէրը եւ տուընչեան աւերակները
ՅՈՐԴՈՂ ԱՐԻՒՆԸ
-Կ՚երազեմ
Այս ձայնը իմս չի կրնար ըլլալ
Դուն արձակուած դին ես
Ես՝ մորթուած քաղաքակրթութեան մը յորդող արիւնը
Որ մահուան հուրը կը հրդեհէ
Եւ կը հանգցնէ հուրը մահուան
ԱՆԻ ԲՐԴՈՅԵԱՆ-ՂԱԶԱՐԵԱՆ