ԱՐՑԱԽԻ ՀԱՐՑՈՎ՝ «ԺՈՂՈՎՈՒՐԴՆԵՐԸ ՊԷՏՔ Է ՊԱՏՐԱՍՏԵԼ ԽԱՂԱՂՈՒԹԵԱՆ»

Արցախեան հիմնախնդրի շուրջ բանակցութիւնները կը շարունակուին, բանաձեւերը կը փոխուին, սակայն իրականութեան մէջ կացութիւնը կը մնայ նոյնը:

«Ժողովուրդները խաղաղութեան պատրաստելու» դիւանագիտական բանաձեւումը փաստօրէն ժողովուրդները զիջումի առաջնորդելու քօղարկուած ձեւ մըն է:

Արցախեան հիմնախնդիրը վաղուց արդէն դուրս ելած է կողմերու սկզբունքին այդ սահմաններէն՝ դառնալու համար մեծ պետութեանց շրջանային շահերու ապահովում:

Հայկական կողմին համար անզիջելի սկզբունքը Արցախի ժողովուրդին ինքնորոշման իրաւունքն է, իսկ Ատրպէյճանի համար հողային ամբողջականութեան հարց. սկզբունքներ՝ որոնք ամրագրուած են Հելսինքիի վերջնական յայտարարութեանց մէջ, տագնապը վերածելով քառակուսիի անիւի մը: Հայկական կողմը միակն է, որ կը պաշտպանէ սկզբունքը, թէ Արցախի հիմնախնդիրին մէջ գոյութիւն չունի հողային ամբողջականութեան հարց, որովհետեւ այդ աշխարհամասը երբեք մաս չէ կազմած Ատրպէյճանի հողային ամբողջականութեան: Սակայն, բոլոր շահագրգիռ կողմերը կը յարին Ատրպէյճանի թեզին, իւրաքանչիւրը իր շահերէն մեկնելով եւ ոչ անպայման միջազգային օրէնքի սկզբունքներէն:

ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահներուն մասնակցութեամբ 16 յունուարին Փարիզի մէջ կայացած հանդիպումէն ետք, ուր ընդգրկուած էին Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներ Մնացականեանն ու Մահմետեարովը, հրապարակ հանուած է յիշեալ յայտարարութիւնը, որ արտաքնապէս յուսադրիչ թուելով հանդերձ, տողատակի կը բովանդակէ բաւական լուրջ զարգացումներ:

Մինսքեան խմբակի յայտարարութեան հետ լրացուցիչ մեկնաբանութիւն մը աւելցուցած է նաեւ Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարար Պրն. Սերկէյ Լաւրով՝ ըսելով. «Կը կարծեմ, որ ղարաբաղեան խնդրի հանգուցալուծման վերաբերեալ Պաքուի կողմէ հնչած յայտարարութիւնները, արժանի են լիակատար աջակցութեան»:

Դժուար է կռահել, թէ ո՞ր մէկ յայտարարութեան մասին է ակնարկութիւնը: Ալիեւի եւ իր իշխող շրջանակներուն կողմէ կատարուած յայտարարութիւնները պարզապէս կը միտէին միամտացնել Հայաստանի նոր իշխանութիւնները, այն իմաստով, որ Արցախի հիմնախնդրի հանգուցալուծման չիրականացուիլը նախորդ իշխանութեանց դիրքաւորումն էր եւ Պաքու հպարտ է, որ սատարեց այդ փտած իշխանութեանց տապալման:

Բաց աստի տարբեր շրջանակներէ հնչող առաջարկները - յայտնապէս Ամերիկայի նախորդ դեսպան Միլզէն - լուծումը կը պայմանաւորէին հինգ շրջաններու հողերու զիջումով:

Ո՛չ Պրն. Լաւրովի եւ ո՛չ ալ Մինսքեան խմբակի համանախագահներու յայտարարութեանց մէջ նորութիւն կայ:

Նոյնիսկ ակնարկութիւն չկայ, թէ հանդիպման ընթացքին քննարկուա՞ծ են Վիեննայի եւ Սեն Փեթերսպուրկի մէջ իրականացուած պայմանները, միջանկեալ շրջանին զինեալ բախումները նուազեցնելով սահմանային կէտերու վրայ:

Բաւական անորոշ է Մինսքեան խմբակին անունով Ֆրանսայի ներկայացուցիչին՝ Ժան Պաթիստ Լըմուանի յայտարարութիւնը, որ կ՚ըսէ. «Մասնակիցները իրենց երախտագիտութիւնը կը յայտնեն երկու նախարարներուն իրենց բուռն բանակցութեանց, ինչպէս նաեւ արդիւնքները արձանագրելու միտուած մթնոլորտը պահպանելու իրենց ճիգերուն համար»: Երկու նախարարները եւս համանման յայտարարութիւններ կատարած են, միակ նորութիւնը, որ կայ - եթէ նորութիւն է - երկու երկիրներու պետերը մօտ ատենէն պիտի հանդիպին իրարու:

Հակառակորդ ճակատի վրայ, ինչպէս միջազգային հրապարակի՝ կացութիւնը բաւական բարդ է, իսկ ազէրիները իրենց կարգին որեւէ առիթ չեն փախցներ, աւելի բարդացնելու կացութիւնը: Խնդիրին միւս երեսը դարձնելով պէտք է հարց տալ, թէ հայկական կողմը համապատասխան լրջութեամբ կը մօտենա՞յ միջազգայնօրէն խճճուած այս խնդրին:

Նիկոլ Փաշինեան երբ իշխանութեան գլուխ եկաւ՝ յայտարարեց, թէ Արցախը կողմ է այս հիմնախնդրին եւ պէտք է մասնակից ըլլայ բանակցութեան սեղանին:

Իր յայտարարութեան վրայ կատարուած պայմանը հանգամանքն ունի երկսայրի սուրի, թէ Հայաստան լիազօրուած չէ բանակցելու Արցախի հաշւոյն: Այս հաստատումը կը նշանակէ երկու բան. կամ պարտադրել բանակցող միւս կողմերուն, որպէսզի ընդունին Արցախի ներկայացուցիչին մասնակցութիւնը, կամ ալ կը նշանակէ նաեւ որ Արցախը մինակն է եւ պէտք է իր գլխուն ճարը նայի: Երբ այսօր հարց կը տրուի արտաքին գործոց նախարարին կամ կազմուած նոր իշխանութեան, թէ բանակցութեան սեղանին բերուա՞ծ է Արցախի մասնակցութեան պահանջը՝ գոհացուցիչ պատասխան մը չի տրուիր: Աւելի մտահոգիչը եւ կացութեան լրջութեան անհաշտ կեցուածք էր յեղափոխութեան ալիքը երկարել մինչեւ Արցախ: Երբ թշնամին զինուած կը սպասէր սահմանին վրայ, այդ միջոցին կատարել զինուորական վերին խաւի փոփոխութիւններ, չըսելու համար՝ մաքրագործումներ եւ անլրջութիւնը տանիլ մինչեւ հոն, ուր տակաւին նաեւ պահանջել փոփոխութիւններ Արցախի պետական կառոյցին մէջ: Արցախը միջազգային իրաւունքի գետնին վրայ վիրաւոր միաւոր մըն է, որ իր քաղաքական իրաւունքը կ՚արդարացնէ ժողովրդավարական ընտրութիւններով. բարեբախտաբար այդտեղ խելամտութիւնը տիրապետեց եւ չափազանցութիւնները զուսպ եղան, երբ նախագահ Բակօ Սահակեան յայտարարեց, թէ թեկնածու չէ յաջորդ նախագահական ընտրութեան ընթացքին:

2016-ի քառօրեայ պատերազմէն ի վեր սեղանի վրայ դրուած է նաեւ իրաւական ուրիշ առաջարկ մը՝ փոխօգնութեան դաշինք կնքել Հայաստանի եւ Արցախի միջեւ, բախումի մը պարագային օրինաւորապէս արդարացնելու Հայաստանի զինեալ ուժերու միջամտութիւնը պատերազմի դաշտ: Նախորդ իշխանութիւնները չգործադրեցին այդ պահանջը, որ փոխանցուեցաւ այս նոր իշխանութեան, որ ցարդ արդէն տուած է բազմաթիւ օրինակներ այդպիսի բարդ հարցեր լուծել չկարենալու:

Նախկին փոխ-նախարար եւ նոր Ազգային ժողովի Պաշտպանութեան եւ ապահովութեան մշտական յանձնաժողովի նախարար Անդրանիկ Քոչարեան - որ հմուտ է ռազմական հարցերու եւ իշխանութեան ներկայ կազմի ամենէն հասուն դէմքերէն մէկը -, դէմ արտայայտուած է փոխօգնութեան այդ դաշնագրին, առարկելով որ նման անգիր դաշնագիր մը գոյութիւն ունի արդէն կողմերու միջեւ. այս զգուշութեան ենթահողը այն է որ նման յարաբերութիւն մը պաշտօնականացնելով Երեւան իրաւապէս ճանչցած կ՚ըլլայ Արցախի իշխանութիւնը: Իրողութիւն մը որ կրնայ խոչընդոտել բանակցութեանց - այլապէս ալ զգայուն - ընթացքը: Հայկական կողմին վրայ բացթողումներու պակաս չկայ. ուրիշ խնդիր մը իր հերթին ստացաւ «Չեխովի Չինովինկի մահը» պատմուածքի երգիծական համեմատութիւնը: Արդարեւ, Ազգային ժողովի պատգամաւորներէն «Իմ քայլը» խմբաւորման մէկ 
անդամը՝ Հայկ Կոնջորեան իր
 խորհրդարանական ելոյթին մէջ
 անզգոյշ արտայայտութիւն մը ունեցաւ, չըսելով, որ Հայաստան շրջապատուած է բռնատիրական վարչակարգերով կառավարուող երկիրներով - Ատրպէյճան, Իրան եւ այլն: Թէեւ ան
 ճշդում մը կատարեց եւ զղջում
 յայտնեց ակամայ վրիպումին 
համար, սակայն յատկապէս մա
մուլը զայն վերածեց միջպետական տագնապի, պարզ այն պատճառով որ այդ ելոյթը զուգադիպած է Իրանի ռազմական ուժերու հրամանատար Մուհամմէտ 
Պաղէրիի Պաքու այցելութեան,
 ուր Ատրպէյճանի Պաշտպանութեան նախարար Զաքիր Հասանովի հետ ունեցած հանդիպման 
ընթացքին ըսած ըլլայ որ Արցախը ատրպէյճանական տարածք 
է եւ Իրան կը ճանչնայ Ատրպէյճանի հողային ամբողջականութիւնը: Այս երկու պատահարներու զուգորդութիւնը քաղաքական ոտնագնդակի մը նման անցաւ ազէրիական լրատուամիջոցներէն իրանեան լրատուամիջոցները եւ քննադատութիւնները կարկուտի նման տեղացին հայկական լրատուամիջոցներուն վերեւ: Բացատրութիւնը այն էր, թէ հայկական կողմի ցախաւեր մէկ քայլին Իրան պատասխանած էր անմիջապէս: Վերջապէս Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարարութեան ներկայացուցիչը՝ Լեւոն Այվազեան դիմեց Իրանի դեսպանատան զինուորական կցորդին, որ անդորրացուցիչ կերպով պատասխանեց, թէ ատիկա Իրանի ընթացիկ կեցուածքին մէկ արտայայտութիւնն է, որ յաճախ կը դրսեւորուի, ինչպէս նշուած էր վերեւը՝ ամէն երկիր միջազգային իրաւունքի հարցերը կը դիտէ իր ազգային շահերու հայեցակէտէն: Իրան, իր հերթին ունի իր հողային ամբողջականութեան խնդիրը, արդարեւ, Ատրպէյճան կը պահանջէ որ հիւսիսային Իրանը (պատմական Ատրպատականը) միացուի Ատրպէյճանի հետ: Թէեւ այդ հարցով այսօր լռութիւն կը տիրէ երկու երկիրներու միջեւ, սակայն Ատրպէյճանի նախկին նախագահ Էլֆազ Էլչիպէյ, սպառնացած էր նոյնիսկ տոնքիշոթեան պատերազմ մղելու այդ պահանջը իրականացնելու:

Թէեւ երկու երկիրները չեն արտայայտուիր այդ մասին, սակայն Ամերիկայի եւ Իսրայէլի քաղաքականութեան զէնքերէն մէկը կը մնայ այդ միջոցը, եթէ օր մը որոշեն «ազատագրել» Իրանը, Իրաքի, Լիպիոյ եւ Սուրիոյ օրինակով:

Փաստօրէն, ռազմաքաղաքականօրէն Իրանի համար աւելի ձեռնտու է Արցախի կցումը Հայաստանին, որ կ՚երկարէ հայ-իրանեան հասարակաց սահմանը եւ կը կարճեցնէ Իրան-Ատրպէյճան սահմանը: Եւ Իրանի ռազմագէտները լռելեայն կ՚ընդունին այդ իրողութիւնը:

Խաղաղութիւնը հանդարտութիւն կ՚ենթադրէ: Ժողովուրդները խաղաղութեան պատրաստելու առաջարկը նոյնպէս շրջանային հանդարտութիւն կ՚ենթադրէ:

Սակայն, ներկայացուած առաջարկը աւելի կը նմանի փոթորիկէն առաջ տիրող խաղաղութեան: Պատերազմով չկրցան ընկճել Արցախի ժողովուրդը: Արդեօք խոստացուած խաղաղութեամբ պիտի կարենա՞ն:

Խմբագրական «Պայքար»ի

Երկուշաբթի, Յունուար 28, 2019