ՀԱՅ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՇԱՐԱԿԱՆՆԵՐՈՒ ԾԱԳՈՒՄՆ ՈՒ ԲՆՈՅԹԸ (Գ.)

Ե) ՇԱՐԱԿԱՆՆԵՐՈՒ ԲՈՎԱՆԴԱԿՈՒԹԻՒՆԸ

Եկեղեցական բանաստեղծութիւնը ամէն բանէ առաջ օրհներգութիւն է, փառաբանանք է ուղղուած Ս. Երրորդութեան՝ միասնաբար կամ առանձին-առանձին։ Գարեգին Ա. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս շարականներու մասին կ՚ըսէ. «Աղաչանք, աղօթք, ներբող, փառաբանութիւն, օրհներգութիւն, պատմութիւն, սրբոց վարք, յորդոր, քարոզ, վարդապետութիւն եւ վերջապէս, կրօնական կեանքի յատուկ ամէն ինչ իրենց տեղը ունին «Շարակնոց»ին մէջ» (Հայ Եկեղեցւոյ Աստուածաբանութիւնը Ըստ Հայ Շարականներու, անդ՝ էջ 45)։

Հոգեւոր երգը ստեղծուած է Եկեղեցւոյ պաշտամունքին համար, ուստի առաջին հերթին ծառայած է ժողովուրդին մէջ բարեպաշտութիւն զօրացնելու եւ քրիստոնէական ուսումը տարածելու։ Յօրինուած ըլլալով քրիստոնէական վարդապետութիւնը սորվեցնելու համար՝ այս երգերը կը բովանդակեն կարճ, ամփոփ պատմուածքներ Աւետարանէն կամ սուրբերու կեանքէն՝ յարմարցուած տէրունական կամ սուրբերու տօներուն։ Շարականներու մէջ կը յիշուին մարգարէները, առաքեալները, Յովհաննէս Մկրտիչը, Ս. Աստուածածինը, թէ ինչպէս անոնք վասն հաւատոյ նահատակուեցան։ Տակաւին շարականներուն մէջ կը տեսնենք «ո՛չ միայն երկնային արարածներ, այլ երկնային էակներ՝ հրեշտակներ իրենց դասակարգութեանց իննեակ բաժիններով…։ Ննջեցեալներն եւս տեղ ունին այդ կեանքին մէջ, որովհետեւ անոնք վիճակ փոխած են միայն, բայց չեն հեռացած ու անհետացած» (Հայ Եկեղեցւոյ Աստուածաբանութիւնը Ըստ Հայ Շարականներու, անդ՝ էջ 46)։ Պէտք է ընդունիլ, որ քրիստոնէական կեանքի պատմական բոլոր իրադարձութիւններն ու իրողութիւնները նիւթն են դարձած մեր հոգեզմայլ շարականներուն։ Շարականը մէկ կողմէ եղած է օրհներգութեան եւ ապաշխարութեան, փառաբանական եւ աղաչական երգ, միւս կողմէ սակայն ուսուցողական բանաստեղծութիւն։ Յաճախ շարականները աչքի կ՚իյնան իրենց վերին աստիճանի պարզութեամբ։ Շարականներ կան, որոնք բարձր բանաստեղծական թռիչքով ու բազմազան արտայայտութիւններով գրուած են, բայց շարականներ ալ կան, որոնք շատ պարզ ոճով ստեղծագործուած են, որպէսզի ժողովուրդի համեստ խաւը, գիւղացին կարողանայ հասկնալ եւ ապրեցնել իր հոգւոյն մէջ։

Բացի Աւետարանի պատմութեան ուսուցումէն, շարականը միաժամանակ ծառայած է ժողովուրդին դաւանաբանական ուսում տալու։ Դաւանաբանական շարականները ընդհանրապէս իրենց մէջ կը պարփակեն Քրիստոսի աստուածութեան ընդհանուր ստորոգելիները։ Թէպէտ շատ չեն այն երգերը, որոնք ամբողջապէս յատուկ դաւանաբանութեան համար յօրինուած ըլլան, բայց չափազանց շատ է թիւը այն երգերուն, որոնց այս կամ այն տողին մէջ դիտաւորեալ կերպով մտցուած է դաւանաբանական խօսքեր։ Օրինակ առնենք Ծննդեան «Խորհուրդ մեծ» շարականը, որ Մովսէս Քերթողին կը վերագրուի.

«Խոր­հուրդ մեծ եւ սքան­չե­լի 
Որ յայսմ ա­ւուր յայտ­նե­ցաւ. 
Հո­վիւքն եր­գեն ընդ հրեշ­տակս.
Տան ա­ւե­տիս աշ­խար­հի։
Ծնաւ նոր ար­քայ
Ի Բեթ­ղե­հէմ քա­ղա­քի.
Որ­դիք մարդ­կան, օրհ­նե­ցէ՛ք, 
Զի վասն մեր մարմ­նա­ցաւ։
Ան­բա­ւե­լին երկ­նի եւ երկ­րի 
Ի խան­ձա­րուրս պա­տե­ցաւ.
Ոչ մեկ­նե­լով ի Հօ­րէ՝
Ի սուրբ այ­րին բազ­մե­ցաւ»։

Սոյն զգլխիչ շարականին մէջ, կը տեսնենք թէ ինչպէս ամէն բանի Ստեղծիչը՝ Բանը աշխարհ եկած եւ ամփոփուած էր խանձարուրի մը մէջ։

Աւելի չերկարելու համար դաւանաբանական այս խնդիրներու բացատրութիւնը, եզրակացնելով ըսենք, թէ «Ազգային մշակոյթի պահպանման եւ դաւանաբանական-գաղափարական պայքարի բնագաւառներուն մէջ, իր ժամանակին, շարականները եւս եղած են տեսակ մը առանձնայատուկ հոգեւոր զէնք՝ օտար աշխարահակալներու եւ անոնց գաղափարախօսութիւններու դէմ պայքարելու համար։ Հայկական շարականները կապուած են մեր ժողովուրդի ո՛չ միայն կրօնական, այլեւ հասարակական-քաղաքական կեանքին հետ» (Ներսէս Շնորհալի, անդ՝ էջ 101)։

Զ) ՇԱՐԱԿԱՆՆԵՐՈՒ ՀԵՂԻՆԱԿՆԵՐԸ

Ներկայ բաժնով պիտի փորձենք շարականագիրներու հրաշալի ստեղծագործութեանց բացատրութիւնը կատարել, որպէսզի մեր ընթերցողները ընկալեն անոնց ներզօր ուժականութիւնը եւ խորախորհուրդ իմաստը։

1) Ս. Սահակ Պարթեւին վերագրուած երգերը գըր-ւած են վերին աստիճանի պարզութեամբ։ Անոնք Աւետարանի պատմութեանց ամփոփումն են։ Ս. Սահակ Հայրապետը մէկ նպատակ ունեցած է՝ երգի միջոցաւ Աւետարանի պատմութիւնները սորվեցնել ժողովուրդին։ Այսպէս, օրինակ, Աւագ Հինգշաբթիի լուսնող Աւագ Ուրբաթի շարականներուն մէջ, զորս ամենահին սրտաճմլիկ շարականներէն մին է.

«Այ­սօր կանգ­նե­ցաւ ա­ւա­զան մկրտու­թեան ի թո­ղու­թիւն մե­ղաց մե­րոց.
Այ­սօր Տէրն մեր լուա­նայր զոտս ա­շա­կեր­տացն եւ պա­տուի­րէր զայս ա­սե­լով.
Մի ոմն ի ձէնջ եղ­բարք մատ­նե­լոց է զիս ի մահ եւ ո­րո­շի յա­շա­կեր­տացդ.
Զայն լուեալ Պետ­րո­սի ակ­նար­կէր առ Յով­հան­նէս հար­ցա­նել թէ ով ի­ցէ։
Բանն զոր ա­սաց Յի­սուս տրտմե­ցոյց զիւր զա­շա­կերտսն եւ խռո­վե­ցան ա­մե­նե­քեան»։

Ս. Սահակ կը պատմէ, թէ ինչպէս Տէրը երկինքէն խոնարհելով յանձն կ՚առնէ իր աշակերտներուն ոտքերը լուալ, ապա ընթրիքի ժամանակ կը յայտնէ անոնց, թէ իրենցմէ մէկը պիտի մատնէ զԻնք մահուան։ Այդ ժամանակ աշակերտները տրտում ու տարտամ վիճակի մէջ կ՚յինան եւ կ՚ուզեն իմանալ, թէ ո՞վ է մատնիչը։ Այդ անձը Յուդան էր, որ երեսուն արծաթի սիրոյն Ձիթենեաց լերան վրայ իր Տէրը մատնեց։ Այս պարզ պատմուածքին մէջ բանաստեղծը մեծ սիրով լեցուած է Տիրոջ հանդէպ, որ մարդկային ազգի մեղքի թողութեան համար աշխարհ եկած էր։ Երգիչը Քրիստոսի եւ Անոր աշակերտներուն հետ մէկ կողմէ յուզուելով կը խռովի, բայց միւս կողմէ խիստ կը զայրանայ ապերախտ աշակերտին վրայ, որ արծաթասիրութեամբ կը մատնէ իր Տէրը, այն ալ՝ համբոյրի միջոցաւ։

«Երբ հրեաներն «Ի խաչ հան» կը բացագանչեն, հեղինակը այլեւս չի կրնար իր պատմութիւնը հանդարտ շարունակել, այլ յանկարծ իր աչքին առաջ կը տեսնէ խաչելութիւնը՝ Տէրը խաչի վրայ, «Սքանչելի եւ ահաւոր» պատկերով», (Հայոց Հին Գրականութեան Պատմութիւն, անդ՝ էջ 524)։

«Ո՜վ սքան­չե­լի եւ տե­սիլ ա­հա­ւոր,
Զա­րա­րիչն երկ­նի եւ երկ­րի այ­սօր տե­սաք ի խա­չին.
Տե­սեալ զՏէրն ի խա­չին խա­ւա­րե­ցաւ ա­րե­գակն, 
Եւ վա­րա­գոյր Տա­ճա­րին ցե­լոյր վե­րուստ մինչ ի վայր։
Ա­նար­գա­բար խա­չե­ցաւ Տէրն ի մէջ ի յա­նօ­րի­նաց. 
Զի լըց­ցի գիրն որ ա­սէ,
Թէ ընդ ա­նօ­րէնսն հա­մա­րե­ցաւ»։­

Ահաւասիկ երանաշնորհ Հայրապետը հոգեզմայլ եւ քաղցրահունչ բառերով, սակայն խռովայոյզ եւ սրտաճմլիկ պատկերներով կը ներկայացնէ Քրիստոսի Վերջին Ընթրիքը եւ Անոր չարչարանքներու ահաւոր պատկերները։

2) Մեսրոպ Մաշտոցին կը վերագրուին «Ապաշխարութեան կարգի» շարականները, ինչպէս կը վկայագրէ Գրիգոր Տաթեւացին. «Նախ Մեծն Մեսրոպ զկարգն Ապաշխարութեան եւ Սուրբն Սահակ զԱւագ շաբաթեանն…» (Տաթեւացի Գ., Գիրք Հարցմանց, Երուսաղէմ, 1933, էջ 637)։ Այս կարգի շարականները սրտայոյզ ողբեր են եւ՝ գեղեցկագոյնները։ Բանաստեղծը մեղքի տակ ճնշուած՝ կը զգայ, թէ ինք մոլորած է եւ թշնամիէն վիրաւորուած։ Կորսնցուցած է սրտի հանգիստը, ներքին հոգեկան խաղաղութիւնը, հիւանդ է հոգիով եւ մօտ է ընկղմելու չարիքի անդունդին մէջ։ Զարհուրելով իր այս վիճակէն՝ շարունակ կը հառաչէ ու կ՚արտասուէ, կը զղջայ իր գործած մեղքերը եւ իր սիրտը Աստուծոյ առջեւ բանալով կ՚աղերսէ, սրտայոյզ ողբերով կ՚աղաչէ, որ Իր ամենակարող գթութեամբ քաւէ իր յանցանքները, ողորմէ եւ փրկէ զինք՝ յաւիտենական կրակէն։ Ահաւասիկ ա՛յս է այս շարականներուն բովանդակութիւնը։

«Ո­ղոր­մեա ինձ Աս­տուած, 
Զի քեզ միայ­նոյ մե­ղաց։   
Ա­ռա­ւել լուա զիս ի տղմոյ յան­ցա­նաց, 
Աղ­բիւր բժշկու­թեան, եւ ո­ղոր­մեա՛։
Յա­րե­նէ փրկեա՛ զիս, որ հոգ­ւոց եւ մարմ­նոց 
Ու­նիս իշ­խա­նու­թիւն, եւ ո­ղոր­մեա՛։
Ո­ղոր­մեա ինձ Աս­տուած։
Ի լսել զձայն փո­ղոյն յա­հա­գին ա­ւուրն,
Յոր­ժամ հար­կա­նէ հրեշ­տա­կա­պետն 
Եւ կո­չէ ի դա­տաս­տան, ո­ղոր­մեա՛ ինձ, Աս­տուած։
Ի նստիլ քո յա­տե­նի, դա­տա­ւոր ա­հեղ, 
Յոր­ժամ առ­նես հրա­փոր­ձու­թեամբ
Զքննու­թիւն որդ­ւոց մարդ­կան, ո­ղոր­մեա՛ ինձ, Աս­տուած։
Ան­կա­նիմ ա­ռա­ջի քո
Եւ խնդրեմ զթո­ղու­թիւն 
Յան­ցա­նաց ի­մոց, 
Մի՛ ան­տես առ­ներ, Հա՛յր զա­ղա­չանս իմ։
Ա­ղա­ղա­կեմ, որ­պէս մաք­սա­ւորն, 
Եւ հե­ղում զար­տա­սուս իմ
Ա­ռա­ջի քո, որ­պէս պոռ­նիկն.
Մի՛ ան­տես առ­ներ, Հա՛յր զա­ղա­չանս իմ։
Յա­նե­րե­ւոյթ թշնամ­ւոյն պար­տե­ցայ 
Եւ ի գաղտ­նի նե­տից 
Բան­սար­կուին վի­րա­ւո­րե­ցայ.
Մի՛ ան­տես առ­ներ, Հա՛յր զա­ղա­չանս իմ»։­

Ապաշխարութեան շարականներուն մէջ կան նաեւ Աւետարանի մէջ եղած ապաշխարող տիպարները, օրինակ մաքսաւորը, անառակ որդին։ Երգիչը այստեղ վեր առած է սոյն տիպարները եւ զանոնք ժողովուրդին կացութեան հետ կապելով՝ Աստուծմէ ողորմութիւն եւ քաւութիւն խնդրած է։

 

«Մաք­սա­ւորն հա­ռա­չա­նօք 
Ի տա­ճա­րի էառ զքա­ւու­թիւն.
Նո­վին ձայ­նիւն եւս ես գո­չեմ.
Ո­ղոր­մեա ինձ Աս­տը­ւած։
Ա­ւա­զակն ա­ղա­ղա­կէր ի խա­չին, 
Յի­շեա զիս Տէր.
Նո­վին ձայ­նիւն եւս ես գո­չեմ.
Ո­ղոր­մեա ինձ Աս­տը­ւած։
Ա­նա­ռակ որ­դին ա­ղեր­սա­նօք ա­ղա­չէր զքեզ,
Հայր մե­ղայ յեր­կինս եւ ա­ռա­ջի քո.
Նո­վին ձայ­նիւն եւս ես գո­չեմ.
Ո­ղոր­մեա ինձ Աս­տը­ւած»։

3) Ժողովուրդին մէջ շատ տարածուած եւ անոր սրտին մօտիկ ու հաճելի է «Անձինք Նուիրեալք» Ս. Հռիփսիմեանց շարականը, որ իր տեսակին մէջ եզակի է՝ թէ՛ որպէս բանաստեղծութիւն եւ թէ որպէս եղանակ։ Այս շարականը, առանց մէկ վարանումի ամենայն վստահութեամբ կ՚ընծայուի Կոմիտաս Կաթողիկոս Աղցեցիին (628), քանի որ արձանագրութեանց մէջ կը կարդանք, որ իր հայրապետութեան Բ. տարին (677 թ.) կը ձեռնարկէ Հռիսիմեանց վկայարանին նորոգութեան։ Եւ այս առիթով ան կ՚երգէ այս գողտրիկ երգը, որ գրուած է այբուբենական կարգով։ Այստեղ կը ներկայացուի Ս. Հռիսիմէի ընկերուհիները։ Կը պատմուի անոր գեղեցկութեան եւ հայոց Տրդատ թագաւորին վրայ յաղթանակ տանելուն մասին, եւ վերջապէս՝ անոր եւ իր ընկերուհիներուն քաջութեան ու արի նահատակութեան մասին։ Ասոր համար հեղինակը կը թելադրէ «Ցնծութեամբ տօնեսցուք զյիշատակս նոցունց», որովհետեւ անոնք իրենց վարդագոյն արիւնը թափեցին երկնաւոր Փեսային արժանանալու համար։

4) Ըստ աւանդութեան «Մեծացուսցէ» շարականները մեծաւ մասամբ կը վերագրուին Մովսէս Խորենացիին։ Ե. դարուն այնքան վէճեր ու պայքարներ եղած են Ս. Աստուածածնի մասին, որ այդ ժամանակ-ւայ հեղինակները ստիպուած են նաեւ Ս. Աստուածածնի նուիրուած շարականներ յօրինել։ «Այդ շրջանին ոմանք չէին կրնար հաշտուիլ այն մտքին հետ, որ կին մը Աստուած ծնած ըլլայ եւ կը մերժէին Մարիամը Աստուածածին անուանել։ Ուրիշներ չէին կրնար ընդունիլ, որ Մարիամ Յիսուսը ծնելէն վերջն անգամ կոյս մնացած ըլլայ…» (Պատմութիւն Հայոց Գրականութեան, անդ՝ էջ 425)։

Վերոյիշեալ խօսքերը հիմնաւորելու համար, կ՚ուզենք «Լոյս ի լուսոյ» «մեծացուսցէ» շարականը օրինակ բերել.

«Մայր Լու­սոյն Մա­րիամ ան­հարս­նա­ցեալ,
Օրհ­նեալդ ի կա­նայս։
ԶԼոյսն անս­տուեր յար­գան­դի կրե­ցեր,
Օրհ­նեալդ ի կա­նայս։
Մի դա­դա­րիր վասն մեր բա­րե­խօ­սել,
Օրհ­նեալդ ի կա­նայս»։

Սոյն շարականին մէջ Յիսուս ներկայացուած է որպէս ՀՈՒՐ եւ ԼՈՅՍ, իսկ Մարիամը՝ որպէս ԼՈՒՍՈՅ ՄԱՅՐ։

Տակաւին կան Մարիամ Աստուածածնի նուիրուած գովերգական եւ օրհներգական շարականներ, որուն ընդմէջէն հեղինակը կը խնդրէ Ս. Կոյսի բարեխօսութիւնը։ Ահաւասիկ նմոյշ մը այդ «մեծացուսցէ» շարականներէն.

«Ի քեզ եմք ա­պա­ւի­նեալ,
Քրիս­տո­սի մայր Աս­տու­ծոյ մե­րոյ։
Որ­քան զեր­կինս բարձ­րա­գոյն Մա­րիամ,
Պար­ծանք ե­կե­ղեց­ւոյ,
Քրիս­տո­սի մայր Աս­տու­ծոյ մե­րոյ։
Որ­քան զա­րե­գա­կըն պայ­ծա­ռա­գոյն Մա­րիամ,
Մի դա­դա­րիր բա­րե­խօ­սել վասն մեր.
Քրիս­տո­սի մայր Աս­տու­ծոյ մե­րոյ»։

Բազմաթիւ շարականներոու մէջ Տիրամայրը նաեւ կոչուած է «Կենդանի Տապանակ»։ Աստուածածինը դարձաւ նորահաստատ Եկեղեցւոյ «Կենդանի Տապանակը», որովհետեւ բոլոր այն խորհրդանիշները, որոնք անցեալին տրուած էին, իրականութիւն դարձան Քրիստոսով։ Քրիստոսի փրկագործական ամբողջ կեանքը դարձաւ պատկերացումը եւ կատարումը աստուածային խոստումներուն, եւ Մարիամի ընդմէջէն Աստուած աշխարհին պարգեւեց նախ՝ նո՛ր Օրէնքը, որ պիտի գար փոխարինելու մովսիսական հին Օրէնքին, տալով այդ Օրէնքին նոր ըմբռնում ու ճանաչում։ Երկրորդ՝ Աստուած Մարիամի միջոցաւ պարգեւեց իսկակա՛ն Մանանան. այն երկնաէջ Մանանան, որմէ ճաշակողը այլեւս մահ պիտի չճանչնար եւ պիտի ըմբոշխնէր յաւիտենական կեանքի քաղցրութիւնը։ Քրիստոս Ինք իբրեւ Աստուծմէ իջած կենդանի Հաց՝ աշխարհին պարգեւուեցաւ Մարիամի կողմէ, Մարիամի ծննդաբերութեամբ։ Եւ ի վերջոյ, անո՛վ էր, որ Աստուած աշխարհին պարգեւեց նոր քահանայութիւնը։ Ո՛չ այն հին քահանայութիւնը, որ տրուած էր սերունդի մը իբրեւ ժառանգութիւն, բայց որ մնայուն եւ յաւիտենական քահանայութեան հետ կապ չունէր, միայն անոր աղօտ պատկերն էր, ստուերը, շուքը այն գալիք իրականութեան, որ Աստուած պիտի պարգեւէր աշխարհին՝ դարձեալ Մարիամ Աստուածածնին ընդմէջէն։

«Կենդանի տապանակ կտակարանաց նորոյ ուխտիս, որով ելք երկիր աւետեաց հորդեալ, հոգւով ի քեզ տպաւորեալ բանին, վասն որոյ ամենեքեան զքեզ միշտ մեծացուցանեմք

Փափկութեան դրախտին բացող բանալի, Քրիստոսի բարձող՝ նմանող երկնից, սափոր ոսկեղէն լի մանանայիս, գաւազան ծաղկեալ յարմատոյն Յեսսեայ տաճար լուր մայր, վասն որոյ ամենեքեան զքեզ միշտ մեծացուցանեմք»։

ՈՒՍՈՒՄՆԱՍԻՐԵՑ՝ Ա­ԼԵՔՍ ՍՐԿ. ԳԱ­ԼԱՅ­ՃԵԱՆ

Չորեքշաբթի, Փետրուար 28, 2018