ՎԵՐԱՆՈՐՈԳՈՒԹԵԱՆ ՀՐԱՄԱՅԱԿԱՆԸ

Վերնագիրին մէջ նշած եմ «Վարդանանց ճակատամարտի տօնին առիթով»: Շատերու համար կրնայ զարմանալի թուիլ, թէ ինչպէ՞ս կրնայ ըլլալ, որ ճակատամարտն ու տօնը մէկտեղուին: Ճակատամարտ երբ կ՚ըսենք, բնականաբար մեր մտապատկերին մէջ կ՚ուրուագծուի նահատակներու կամ զոհերու գաղափարը: Մինչ տօն երբ կ՚ըսենք, կը հասկնանք ուրախութիւն, զուարթութիւն: Իսկ զոհ-նահատակ, այլ խօսքով՝ մահ եւ ուրախութիւն համատեղելի չեն: Այստեղ սակայն թող ներուի ինծի ըսել, որ Վարդանանց ճակատամարտի պարագայի մահն ու ուրախութիւնը միախառնուած են իրարու: Միախառնուած են, որովհետեւ մեր նախնիներու մահը այն գրաւականը դարձաւ, որ այսօր մենք տակաւին որպէս ազգ ու ժողովուրդ կը շարունակենք գոյատեւել, կը շարունակենք մեր ներկայութիւնը արձանագրել համամարդկային պատմութեան էջերուն մէջ: Վարդանանց մեր նահատակներուն անձնուիրութիւնն ու անձնազոհութիւնը պատճառ հանդիսացան, որ հայ ժողովուրդը նոր շունչով, նոր թափով շարունակէ իր պայքարը՝ ապրելու, գոյատեւելու եւ արարելու:

Բնականաբար մեր նախնիները գիտակից եւ կատարեալ ըմբռնումով էր, որ դիմեցին այդ քայլին՝ զոհուելու, որպէսզի իրենց ժառանգները արժանապատիւ կերպով ապրին, կառչած ըլլալով ու մնալով իրենց հաւատքին, իրենց Ս. Եկեղեցիին եւ իրենց Հայրենիքին: Մահուան եւ կեանքի միախառնումի այդ գաղափարը իրենք սորված էին Ս. Եկեղեցւոյ Գլուխէն՝ Քրիստոսէն, որ խաչին վրայ Իր հոգին աւանդելէ ետք, մարդոց տուաւ այն ճշմարիտ գրաւականը, որ Իր մահով կեանք պարգեւեց, այն ալ անմա՛հ կեանք, բոլոր անոնց՝ որոնք հաւատացին Իրեն, հաւատացին Իր յարութեան, հաւատացին Իր խոստացած յաւիտենականութեան: Ահա՛, այս գիտակցութեամբ էր, որ Վարդանանց մեր հերոսները կատարեալ վստահութիւն եւ հաւատարմութիւն ունենալով Քրիստոսի հանդէպ, անվախօրէն դիմագրաւեցին մահը, հաստատ գիտնալով, որ իրենց մահով յաւիտենական կեանքը պիտի ժառանգեն, իսկ իրենց ժառանգները պիտի շարունակեն ապրիլ որպէս Քրիստոսին հաւատարիմ մարդիկ, ապրին ու պայքարին, որպէսզի իրենք եւս հասնին ու արժանի ըլլան յաւիտենականութեան: Մահը դիմագրաւեցին, որովհետեւ հաստատ գիտէին, որ իրենց մահը անմահութիւն է, որու շնորհիւ ալ դարերով մեր ժողովուրդը կ՚օգտագործէ «մահ ո՛չ իմացեալ մահ է, մահ իմացեալ անմահութիւն է»:

Մեր ժողովուրդը ամէն տարի կը նշէ Վարդանանց հերոսներուն յիշատակը, խորհրդածելով, մտածելով այդ ճակատամարտին ձգած դրական եւ ժխտական արդիւնքներուն մասին: Բնականաբար տարբեր-տարբեր կարծիքներ կը հնչեն, բնականաբար տարբեր եւ երբեմն նոյնիսկ ծայրայեղ գնահատականներ կը տրուին վերոնշեալ ճակատամարտին մասին: Տարբեր կարծիք ունենալը լաւ երեւոյթ է, կը նշանակէ, թէ նոյն երեւոյթը նո՛յն ժողովուրդին պատկանող անհատներ, նո՛յն պատմութիւնը եւ պատկանելիութիւնը ունեցող մարդիկ, տարբեր դիտանկիւններէ կը նային եւ ըստ այնմ կու տան իրենց գնահատականը: Այս բոլոր կարծիքներուն մէջ սակայն, մէ՛կ բան պէտք է յստակ եւ անառարկելի ըլլայ, որ Վարդանանց ճակատամարտը մեր ժողովուրդի պատմութեան մէջ նոր էջ մը բացաւ. էջ մը, որ լեցուն էր դժուարութիւններով եւ տանջանքներով, սակայն, միաժամանակ եղած է էջ մը, որ մեր ժողովուրդին անունը ոսկէ տառերով արձանագրած է համամարդկային պատմութեան էջերուն վրայ:

Արդարեւ, այսօրուան մեր հասկացողութեամբ ու մտածելակերպով եթէ փորձենք արժեւորում մը տալ այդ ճակատամարտին, շատեր պիտի ըսեն, որ մեր նախնիները խենթեր եղած են, որովհետեւ ինչպէ՞ս կրնանք պատկերացնել, որ հարիւր կամ հազար հոգի հաշուող խումբ մը, համարձակութիւն ունենայ դէմ դնելու չորս-հինգհարիւր հազար հաշուող այլ խումբի մը... Բնականաբար արդիւնքը՝ նախքան բախումն իսկ շատ յստակ է: Բայց Վարդանանց ճակատամարտի պարագային այդպէս չեղաւ, հակառակ այն իրողութեան, որ այդ օրերուն ոմանց համար արդիւնքը յայտնի էր եւ թուլութեան մէկ վայրկեանին անգամ դաւաճանութեան դիմեցին, սակայն սկզբունք եւ արժէքներու գիտակցում ունեցող Սուրբ Ղեւոնդ Երէցը, Սուրբ Վարդանն ու անոնց ընկերակիցները կատարեալ հաւատք ունէին, որ իրենց Ճշմարիտ Առաջնորդը Ի՛նք պիտի առաջնորդէ իրենց ճանապարհը: Արդիւնքը այդ վստահութեան դարերէ ի վեր յայտնի է եւ դարեր շարունակ այդ արդիւնքին շնորհիւ մեր ժողովուրդը կը գոյատեւէ իր ընթացքը մարդկային պատմութեան ճանապարհորդութեան մէջ:

Յազկերտը իր արբանեակներով եւ իր ունեցած ուժով պարտութեան մատնուեցաւ, պարտութիւն ո՛չ թէ ֆիզիքապէս, այլ՝ մտապէս ու հոգեպէս, ան չյաջողեցաւ հասնիլ իր նպատակին, չյաջողեցաւ իրագործել իր դիւային գաղափարները, որով խումբ մը քաջարի մարտիկներու կողմէ ջախջախուեցաւ: Ճի՛շդ է, որ այս մարտիկները իրենց կեանքը կորսնցուցին, սակայն իրենց մահով կեանք տուին իրենցմէ ետք եկող միլիոնաւոր մարդոց, որոնք դարերու ընթացքին յաջողեցան կերտել իշխանութիւն ու թագաւորութիւն, պետականութիւն, յաջողեցան կերտել մշակոյթ եւ քաղաքակրթութիւն, որ այսօր համայն աշխարհը յարգանքով եւ մեծարանքով կը նայի հայ ժողովուրդի անցած պատմութեան եւ կերտած քաղաքակրթութեան:

Գալով մեր օրերուն... Ըսուած է, որ «պատմութիւնը երբեմն-երբեմն ինքզինք կը կրկնէ»: Մեր ժողովուրդը թերեւս ամենէն վստահելի վկան է այս ճշմարտութեան: Արդարեւ, անցնող մի քանի տասնամեակներուն, յատկապէս Խորհրդային Միութեան փլուզումէն ետք, երբ մեր ժողովուրդը մեծ ակնկալիքներով կը յուսար, որ մեր պատմութեան համար նոր արշալոյս մը պիտի բացուի, լուսապայծառ արշալոյս մը, սակայն պատահեցաւ ճիշդ հակառակը: Արեւը տակաւին չծագած՝ մթագնեցաւ ու խաւարեցաւ: Այս անգամ, սակայն, մթագնումը ո՛չ թէ բնական պայմաններու տակ եղաւ եւ կամ արտաքին դրդապատճառներով, այլեւ՝ այս անգամ մթագնումն ու խաւարումը պատահեցան մերօրեայ յազկերտներուն կողմէ, որոնք ո՛չ թէ օտար ու թշնամի էին, այլեւ՝ տեղացի եւ հայրենակից... Բնականաբար, տեղացի յազկերտներուն պատճառած ցաւն ու արհաւիրքը շատ աւելին էին, նոյնիսկ անհամեմատելի էին Վարդանանց ճակատամարտի օրերու Յազկերտին ու անոր արբանեակներուն, որովհետեւ անոնց պարագային դիւրին էր կռահելը, թէ անոնք ամէն ինչի ընդունակ էին, իսկ տեղացի յազկերտներունը անսպասելի էր եւ անհասկնալի, որովհետեւ բնական եւ առողջ մարդուն համար անհասկնալի է, թէ ինչպէս տանտէրն ու գլուխը, իր իսկ ձեռքով իր սեփական տան անդամները յօշոտէ եւ տանջամահ ընէ, այն ալ՝ դանդաղ մահով, սպիտակ ջարդով մահացնէ:

Մեր ժողովուրդը սակայն, որ դարերու կրակոտ բովէն անցած է եւ իր գլուխէն հազարումէկ փորձանքներ անցած է, յաջողեցաւ ելքը գտնելու այդ դանդաղ մահուան ընթացքէն եւս: Ուշացաւ՝ սակայն ի վերջոյ իրականացաւ: Ուշացաւ, որովհետեւ ինչպէս վերը յիշեցի, այս անգամ հարուածը ո՛չ թէ դուրսէն էր, այլ՝ ներսէն, ո՛չ թէ թշնամիէն էր, այլ՝ տանտէրէն: Ուշացաւ, բայց ի վերջոյ իրականութիւն դարձաւ, ի վերջոյ մեր ժողովուրդին զաւակները, ինչպէս իրենց նախնիները՝ համարձակութիւնը ունեցան դէմ դնելու դիւային միջոցներ ու ձեւեր օգտագործող մերօրեայ Յազկերտին ու անոր արբանեակներուն, որոնք ամէն ինչ ի գործ կը դնէին, պահելու իրենց իշխանութիւնը, պահելու իրենց աթոռները: Եւ, դարձեալ, մեր ժողովուրդը՝ ինչպէս անցեալին Վարդանանց քաջամարտիկները գրեթէ ոչինչ ունենալով դէմ դրին իրենցմէ անչափօրէն աւելի զօրաւոր եղող յազկերտեան բանակներուն, մեր օրերուն, Նիկոլ Փաշինեան անունով հայորդիի մը առաջնորդութեամբ, մեր ժողովուրդը առանց որեւէ մէկ զէնքի կամ ստոր ու անարգ միջոցներու, սիրոյ, համերաշխութեան եւ հանդուրժողութեան մթնոլորտի մէջ, յաջողեցաւ մէկ կողմ մղել մերօրեայ յազկերտներն ու անոր արբանեակները, նոր էջ մը բանալով մեր փառապանծ ժողովուրդի պատմութեան էջերուն մէջ:

«Նիկոլ Փաշինեան անունով հայորդի մը» գրեցի վերը, որովհետեւ մեր ժողովուրդին համար անձերը կարեւոր չեն, այլ՝ անոնց կատարած գործերը եւ իրենցմէ ետք ձգած բարի աւանդը: Նիկոլ Փաշինեանը ինք, որպէս անհատ, չէ՛ր կրնար ոչինչ իրականացնել, եթէ չունենար հայ ժողովուրդին զօրակցութիւնը եւ ջերմեռանդ սէրը իր տարած աշխատանքին նկատմամբ. աշխատանք, որու հիմնական նպատակը ո՛չ թէ անձնական շահն էր ու փառասիրութիւնը, այլ կեղեքուած ու թալանուած ժողովուրդի մը ազատագրումը, ազատ եւ անկախ ապրելու իրաւունքին վերստին ձեռքբերումը:

Շուտով կատարուած յեղափոխութեան առաջին տարին պիտի լրանայ: Հետաքրքրական է սակայն, լսել ու կարդալ, թէ Հայաստանի եւ թէ ալ սփիւռքի մեր հայրենակիցներուն ժխտական արձագանգները կատարուած իրադարձութիւններուն մասին, եւ աւելի քննադատութիւնները, թէ մինչեւ այսօր տակաւին շօշափելի ո՛չ մէկ բան կատարուած է: Շատերու համար կրնայ բնական թուիլ այս մօտեցումը, սակայն ինչպէ՞ս կարելի է հսկայ եւ ցնցող փոփոխութիւններ սպասել նոր իշխանութիւններէն, երբ գիտենք, թէ նախորդ իշխանութիւնները ի՛նչ կերպով աշխատած են եւ ի՜նչ աւերներ գործած են մեր պետական համակարգին մէջ: Ինչպէ՞ս կարելի է մտածել, թէ քսանհինգ-երեսուն տարիներու ընթացքին քանդուած հսկայ շինութիւնը, կարելի է ընդամէնը քանի մը ամիսներուն ընթացքին վերակառուցել: Աւելի՛ն, նման կերպ մտածողները եւ անընդհատ նոր իշխանութիւնները քննադատողները չե՛ն տեսներ եւ կամ չեն ուզեր տեսնել կատարուած փոփոխութիւնները, որոնց հիման վրայ յառաջիկայ ամիսներուն եւ տարիներուն ականատեսը պիտի դառնանք մեր երազած ու սպասած փոփոխութիւններուն, որով մեր երկիրը պիտի վերածուի բարօր երկրի մը, ուր մեր զաւակները պիտի կարողանան խաղաղ կերպով կերտել իրենց եւ մեր երկրի փայլուն ապագան: Սակայն, այս բոլորը կարիքն ունին համբերութեան եւ սպասումի: Այս պրիսմակէն ներս յարմար կը նկատեմ մէջբերել Հայաստանի Հանրապետութեան Վսեմաշուք Նախագահ՝ Տիար Արմէն Սարգսեանի նոր տարուան պատգամէն հատուած մը։ Վսեմաշուք Նախագահը կ՚ըսէ. «Ես բոլորիս կը մաղթեմ սթափութիւն, կազմակերպուածութիւն, առողջ դատողութիւն, պատասխանատուութիւն, եւ անշուշտ՝ հանդուրժողականութիւն: Ասոնք են յաջողութեան հասնելու բանալիները»:

Բնականաբար նոր իշխանութեան մէջ եւս կան յազկերտիկներ, որոնք տարբեր-տարբեր ձեւերով կը փորձեն հարուած հասցնել մեր Հայրենիքի գերագոյն շահերուն, որոնք կը փորձեն կազմալուծել մեր սրբազան աւանդութիւններն ու արժէքները, որոնց գլուխին կանգած է Հայ Առաքելական Սուրբ Եկեղեցին: Եկեղեցի, որ իր մեծ ներդրումը ունեցած է պահպանելու մեր Հայրենիքն ու պետականութիւնը: Եւ այսօր, երբ վայրահաջող բերաններ կը քննադատեն ու կ՚անտեսեն Հայ Եկեղեցւոյ տարած ու տակաւին շարունակող աշխատանքը եւ ներդրումը յանուն մեր Հայրենիքի գերագոյն շահերուն, չարաչար կը սխալին, որովհետեւ իրենք փոքրութիւններ ըլլալով, չե՛ն կրնար վեր ու վսեմ տեսնել Հայ Եկեղեցին, որ միշտ իր ժողովուրդի կողքին եղած է, է եւ պիտի մնայ ընդմիշտ: Սա եւս կ՚ուզեմ մատնանշել, որպէսզի ընթերցողները սխալ չհասկնան ու չկարծեն, թէ ինքնախաբէութեամբ է, որ կը զբաղիմ. ինչպէս Պրն. Փաշինեանին համար նշեցի, թէ մեր ժողովուրդը անձերուն կարեւորութիւն չի՛ տար, այլ՝ անոնց տարած աշխատանքներուն, նոյնն է պարագան նաեւ մեր Սուրբ Եկեղեցիին, որովհետեւ մեր ժողովուրդը անձերը չէ, որ կը մեծարէ, անձերը կարեւոր չեն, այլ՝ Եկեղեցին է կարեւորը, իսկ անձերը պարզապէս սպասաւորներն են այդ Սուրբ Եկեղեցիին: Եւ այսօր, ինչպէս անցեալին, դժբախտաբար մեր Եկեղեցիէն ներս ալ սողոսկած են յազկերտներ ու յազկերտիկներ, որոնք վաղ թէ ուշ իրենց արժանի «վարձատրութիւն»ը պիտի ստանան:

Ի վերջոյ, մենք ազգովին կարիքն ունինք վերանորոգութեան: Հինին կառչելով, չե՛նք կրնար նորը կերտել, հինը պահելով, չե՛նք կրնար նորը ունենալ: Մենք կարիքն ունինք միտքի վերանորոգութեան, մտածելակերպի վերանորոգութեան: Եթէ չվերանորոգենք մեր միտքերը, մեր մտածելակերպը պիտի չյաջողինք ունենալու մեր ժողովրդավար եւ ազատ ու անկախ Հայաստանը. այն Հայաստանը, որու համար մեր ժողովուրդին զաւակները դարեր շարունակ միլիոնաւոր զոհեր տուած է. զոհեր տուած է, սակայն պահած է իր ինքնութիւնը որպէս հայ եւ որպէս քրիստոնեայ, հաւատարիմ Քրիստոսի բերած լոյսին եւ տուած յաւիտենական խոստումին:

Կ՚ուզեմ մտորումներս ամփոփել, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին Վարդանանց ճակատամարտի առիթով տուած մէկ պատգամէն մէջբերում կատարելով. «Վարդանանց քաջամարտիկներուն պատգամը այսօր ուղղուած մեզմէ իւրաքանչիւրին՝ հաւատարմութիւն է։ Վարդանանց հաւատարմութեան ոգիով էր, որ դէմ դրին Յազկերտի հազարներ հաշուող բանակներուն դէմ, որովհետեւ ունէին գիտակցութիւնը հաւատարմութեան իրենց քրիստոնէական հաւատքին ու հայ ազգի պատկանելիութեան։ Եւ առ այդ, այսօր Վարդանանց մեզի կը պատգամեն, հաւատարի՛մ ըլլալ քրիստոնէական մեր հաւատքին ու արժէքներուն նկատմամբ։ Հաւատարի՛մ ըլլալ մեր ազգին ու Հայրենիքին նկատմամբ։ Հաւատարի՛մ ըլլալ մեր սկզբունքներուն ու աւանդութիւններուն»:

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

16 փետրուար 2019, Վաղարշապատ

Հինգշաբթի, Փետրուար 28, 2019