ԴՐԱԽՏՆ ՈՒ ՆԱԽԱՄԱՐԴԸ ՆԿԱՐՆԵՐՈՒՆ ՄԷՋ

Արգիլուածին քաղցրութիւնը մղեց մարդը պատուիրանազանցութեան եւ դրախտէն արտաքսուեցաւ:

Գայթակղիչ է արգիլուածը, մանուկը նոյնիսկ կ՚ընդդիմանայ «ոչ»ին, «մի՛»ին. «Եթէ կ՚ուզես, որ մանուկը քու պատուէրդ կատարէ, ուզէ իրմէ հակառակը», ըսաւ ատենին մանկավարժ դասախօսս մանուկներու դաստիարակութեան առընչուող մէկ հարցիս ի պատասխան:

Մեղանչեց մարդը եւ արտաքսուեցաւ՝ վերջակէտ եւ նոր ու դժուար սկիզբ:

Մարդկային կեանքն է, որ լի է մեղքերով, գայթակղութիւններով, մեղանչումով ու զղջումով, հինով ու նորով, հանգիստով եւ անհանգիստով, լուսաւորով ու մթութեամբ... կեանքի ալիքներն են, որ երբեմն մարդը կը մղեն ամէն տեսակի փորձութիւններու:

Նախամարդուն արտաքսման այս պատկերը աճեցաւ եւրոպական Վերածնունդի նկարիչներուն կտաւներուն, որմանկարներուն ու քանդակներուն միջոցաւ: Աստուածաշնչեան հանգրուանները պատկերուեցան որմերու վրայ, զարդարեցին վանքերու առաստաղներն ու որմերը. առ այսօր գանձերու նման կը պահուին կտաւներն ու քանդակները աշխարհահռչակ թանգարաններու մէջ եւ կը պատմեն անոնք ու պիտի հաղորդեն դեռ երկար ժամանակ արարչական դրուագները երկնային:

Արտաքսման եւ արգիլուած պտուղի ճաշակման՝ դրախտային ներդաշնակութեան խաթարման նիւթերը, օրինակ, զանազան նկարիչներու մօտ զանազան պատկերներով կը մեկնաբանուին: Մարդկային ֆիզիքական եւ ներքին լարուածութիւնը յստակօրէն կ՚արտայայտուի Michelangelo-ի որմանկարին վրայ, ուր մկանները, յուզուած դէմքի խիտ կնճիռները, մատներու մանրամասնութիւնն ու մարմնանդամներու շարժունութեան յստակութիւնը ակներեւ են:

Gustave Dore-ի սեւ ու սպիտակ արարչագործութեան առընչուող եռեակը՝ «Աշխարհի արարումը», «Եւայի արարումը Ադամի կողէն», «Դրախտէն վտարումը», յստակօրէն կ՚արտայայտեն Աստուածաշնչեան պատգամը եւ մարդկային կեանքի մեղաւոր սկիզբին կ՚ակնարկեն:

Rubens-ի «Մարդուն անկումը» նկարը կ՚արտայայտէ սխալի գիտակցութեան ցաւը, զղջումը, ափսոսանքը:

Բոլոր նկարները սակայն կ՚արտայայտեն նկարիչներուն Ադամի եւ Եւայի դէմքերուն իւրովի պատկերացումը, շօշափելի է նաեւ միջավայրի ազդեցութիւնը, իւրաքանչիւրը կ՚երեւի իր տեսած եւ տեսածին ազդեցութեամբ պատկերացուցած էգին կը նմանցնէ Եւան կամ արուին՝ Ադամը: Նոյն շրջանի պատկերներուն մէջ յատկանշական է այս նիւթով այլ պատկեր մը՝ Rembrandt-ի գրչահարուածներով ստեղծուած Ադամի ու Եւայի պատկերը: Յստակ է, որ նկարիչը ուսումնասիրած է նախամարդուն էութիւնը եւ թերեւս բացայայտած նախամարդուն մօտաւոր պատկերը՝ վայրի, թեթեւ մազածածկ մարմիններ, դէմքերը յուզումնախառն արտայայտութեամբ:

Տարբեր են նկարներուն բոլոր մասնիկները: Օձը բոլորին մօտ, գրեթէ ոլորապտոյտ մարմնով ծառին կոճղին փաթթուած է, բայց երբեմն խոժոռադէմ հրէշ մըն է, երբեմն՝ օձամարմին հրեշտակ մը, երբեմն օձամարմին էգ մը, երբեմն ալ թեւաւոր օձ մը, որուն թեւերը, ըստ աւանդութեան, ինկան որպէս պատիժ գայթակղեցնելէն ետք:

«Օձը ցանկութիւնն է, կինը՝ զգայութիւնը, տղամարդը՝ միտքը» կը մեկնէ փիլիսոփայ Փիլոն Ալեքսանդրացին, իսկ Աստուածաշունչը կը յորդորէ՝ «... Օձերու պէս խորագէտ եւ աղաւնիներու պէս միամիտ» (Մատթ. 10-16) ըլլալ:

Նկարներուն մէջ երբեմն կ՚երեւին ձիթենեաց տերեւները, որոնք մեղքի զգացումով բացայայտուած մերկութեան ամօթը՝ աչքերուն բացուիլը, դրախտի լուսեղէն պատմուճանէն զրկանքը ցոյց կու տան, իսկ արգիլուած պտուղը երբեմն խնձորն է, որմէ դրախտի արգիլուած պտուղին Ադամախնձոր անուանումը, երբեմն նոյնինքն թուզը, զոր «թշուառութեան քօղ» կը կոչէ Հ. Ղ. Ալիշան թզենիի տերեւներով դրախտի լուսաւոր հանդերձները կորսնցնելէն ետք նախամարդուն ծածկուելուն ակնարկելով: Ըստ Գ. Տաթեւացիի, Ադամն ու Եւան թզենիի պտուղ կերած են եւ անոր տերեւներով ծածկուած, ահա թէ ինչո՛ւ Քրիստոս երբ եկաւ, անիծեց թզենին: Կարգ մը պատմաբաններ, ինչպէս օրինակ, 13-րդ դարուն Յ. Թլկուրանցին խաղողին կը վերագրէ արգիլուած պտուղ ըլլալուն հանգամանքը, քանի որ, ըստ Թլկուրանցիի, խաղողի գինիով հաստատուեցաւ Ս. Հաղորդութեան խորհուրդը եւ այդ դառնահամ պտուղով պատրաստուած գինին դարձաւ պատուիրանազանցութեան մեղքէն քաւելու միջոց...:

Միթէ կենաց-մահու ծառ գոյութիւն ունէ՞ր կամ այդ մէկը ընդամէնը ակնարկ մըն էր անհնազանդութեան, մեղանչումին եւ դրախտէն վտարման:

Ա­ՆԻ ԲՐԴՈ­ՅԵԱՆ-ՂԱԶ­ԱՐԵԱՆ

Երեւան

Ուրբաթ, Փետրուար 28, 2020