ԱՄԵՐԻԿԵԱՆ ԲԱՐՔԵՐ
ՄԱՐԴԱՍՊԱՆ ԹՌՉՈՒՆԸ…
Այս տարօրինակ պատմութիւնը մեզի կու գայ Ֆլորիտա նահանգի Ալաչուա գաւառէն (county), որ ունի մօտաւորապէս քառորդ միլիոն բնակչութիւն եւ ուր կը գտնուի Ֆլորիտայի համալսարանը։
Այդ գաւառի բնակիչներէն 75 ամեայ Մարվըն Յաչոզ ունէր ագարակ մը, ուր կը պահէր հարիւրէ աւելի տարաշխարհիկ թռչուններ եւ այլ չնաշխարհիկ կենդանիներ։
Մարվըն՝ 12 ապրիլ 2019-ին մահացաւ, յարձակումի ենթարկուելով իր թռչնազգիներէն cassowary-ի մը կողմէ։ Թռիչք չունեցող (flightless) այդ թռչունը աւստրալիական կենդանի մըն է (տես նկարը), որ կը կշռէ մօտաւորապէս 60 քիլօկրամ եւ ունի 2 մեթր հասակ։
Մենք լսած էինք, որ կենդանիներու մարզիչներ եւ կամ տէրեր՝ իրենց մահկանացուն կնքած են, յարձակումի ենթարկուելով վագրի մը եւ կամ առիւծի մը կողմէ։ Բայց ինծի համար գոնէ աներեւակայելի էր, որ թռչուն մը՝ որքան որ ալ հսկայ ըլլայ ան, կրնայ մահ պատճառել իր մարզիչին եւ կամ տիրոջ…
Աւելի զարմանալի երեւոյթ մըն ալ կայ վերոյիշեալ պատմութեան՝ որ բոլորովին ապշեցուց զիս։ Հիմա թոյլ տուէք բացատրեմ եւ վստահ եմ դուք ալ անակնկալի պիտի գաք։
Ուրեմն՝ ըստ Մարվընի կտակին, իր բոլոր կենդանիները՝ ներառեալ զինք սպաննող թռչնազգին, պէտք էր որ հրապարակային աճուրդով մը ծախուէին՝ 27 ապրիլ 2019-ին, Ֆլորիտայի Մետիսըն քաղաքին մէջ։ Ու այդպէս ալ եղաւ եւ գոյացաւ 247.336 տոլար։ Սակայն գոյացած այդ գումարը ինչի՞ պիտի ծառայէ՝ չբացայատուեցաւ!
Ինծի համար տարօրինակը այն է թէ՝ ո՞վ կ՚ուզէ ծախու առնել հսկայ թռչուն մը, որ սպաննած է իր տէրը… Սա աներեւակայելի երեւոյթ մըն է, սակայն իրաւ է եւ ապացուցուած։
Աշխարհի վրայ կան տեսակ-տեսակ մարդիկ, որոնք արտասովոր յատկութիւններ ունին եւ իրենց վարմունքը որոշ երեւոյթներու հանդէպ կը մնայ անբացատրելի՝ գէթ ինծի համար եւ վերջ։
ԿՕՇԻԿՆԵՐՈՒ ՏԱՐՕՐԻՆԱԿ ԳՈՂԸ…
Մեթհիու Ուաթսըն 29 տարեկան մարդ մըն է, որ կը բնակի Գալիֆորնիոյ նահանգի Ռետինկ քաղաքը։ Ան՝ բանտէն ազատ արձակուած (parolee) յանցագործ մըն է (տես նկարը), որ այս անգամ ամբաստանուած է գողութեամբ։ Իսկ ի՞նչ գողցած ըլլալը արդէն պէտք է կռահած ըլլաք վերնագիրէն։ Հիմա թոյլ տուէք ընդարձակ կերպով բացատրեմ՝ տարօրինակ այդ դէպքը։
Ուրեմն Մեթհիու, երեքշաբթի օր մը վաղ առաւօտեան ժամը 4.30-ին՝ կը մտնէ Redding Sole անունով կօշիկի վաճառատուն մը եւ կը գողնայ վեց զոյգ կօշիկներու աջ ոտքերու ոտնամանները միայն։ Իր գողութիւնը գնահատուած է 2.400 տոլարով։ Բայց ինչո՞ւ այդքան սուղ, որովհետեւ անոնք կը պատկանին Nike եւ Jordan ապրանքանիշերուն (trademark), որոնք հռչակի տիրացած են շուկայի վրայ։
Չբաւարարուած իր գողօնէն, մեր երիտասարդ արկածախնդիր գողը անգամ մը եւս կը վերադառնայ նոյն խանութը՝ երկու օր վերջ, շարունակելու իր կէս մնացած գործը։ Բայց բարեբախտաբար թէ դժբախտաբար, այս անգամ կը ձերբակալուի եւ կ՚առաջնորդուի ոստիկանատուն։
Ըստ ընկալեալ սովորութեան, ոստիկանները կ՚երթան ամբաստանեալին տունը՝ խուզարկութեան համար։ Հիմա պիտի զարմանաք երբ բացայայտեմ, թէ ինչ գտած են անոնք, Մեթհիու Ուաթսընի բնակարանին մէջ։ Անոնք հոն պահուած տեսած են՝ 12 զոյգ կօշիկներու աջ ոտքերու ոտնամանները…
Արդեօք ձախ ոտքի կօշիկներուն դէմ՝ ատելութիւն ունի՞ այս մարդը, որ կը գոհանայ միայն աջ ոտքի կօշիկներ գողնալով։ Հետաքրքրական է գիտնալ, թէ ի՞նչ է պատճառը, տարօրինակ այս գողութեան։ Հաւանաբար ոստիկանութեան սովորական հարցաքննութիւններէն ի յայտ պիտի գայ պատճառը, սակայն մեզի համար մութ պիտի մնան այդ հարցաքննութեանց արդիւնքները, առ այժմ։
Վերատեսութեան ենթարկելով մեր այսօրուան նիւթին երկու հերոսներուն վարուելակերպերը, պիտի տեսնենք, թէ տարբեր-տարբեր մարդիկ կան աշխարհի վրայ, որոնց մտքին մէջ թափանցելը դժուար է՝ հասկնալու համար, թէ ի՜նչ դրդապատճառներ կրնան ունենալ անոնք, իրենց տարօրինակ վարմունքին նկատմամբ!
ԳԷՈՐԳ ՔԷՕՇԿԷՐԵԱՆ