«ԿԱՏԱԿԻ ԲԱԺԻՆ Է»
Միացեալ նահանգներու մէջ Ծնունդ-Կաղանդ տօնակատարութեանց պատրաստութիւնները՝ արդէն երկու-երեք ամիս առաջուընէ կը սկսին խանութներու ցուցափեղկերու վրայ...։ Սակայն մի՛ փնտռէք կրօնական-հոգեւոր տեսանկիւն. այդ իրենց հոգը չէ. իրենց հարցը պիզնըսի հետ է. դրամի շրջանառութիւնը, կերուխումը եւ այդպէս խնջոյք ընելը... ու հոսանքը այդ կը պահանջէ, լաւ սերտուած է ի հարկէ։ Հոսանքը բանականութեան հետ հաշտ չէ, իսկ այդ վերջինն ալ՝ քիչերու յատուկ: Կայ շարժում, կայ կիրք, եռուզեռ։ Բանականութիւն փնտռելը պիտի նմանի տնտեսապէս հարուստին գրպանին մէջ գութ փնտռելու: Ինչ որ պիզնըս է, ուէլքամ: Ուրեմն՝ օն, յառաջ:
Ընտանիքի մը հինգերորդ աղջիկ զաւակի ծնունդին հետ միատեղ կը մահանայ մայրը. ի հարկէ հօր կը մնայ դուստրը խնամելու պարտականութիւնը, որ լիովին կը կատարէ ու տարիներ կ՚անցնին...։ Նորածինը կը դառնայ պարմանուհի ու կը ծագի միտք մը, թէ ինչու «հայրերու օր» չսահմանուի, երբ ինք մօրմէ զրկուած էր, հայրն էր... «մայրը», եւ «մայրերու օր»ուան հետ աճման առընչութիւն չունէր: Պարմանուհին կը դիմէ քարոզիչին, սաալ՝ քաղաքապետութեան, որ կ՚ընդունի միտքը, ու Միացեալ Նահանգներ աշխարհի վրայ «օր» մը կ՚աւելցընէ՝ «Հայրերու օր»: Ու քանի որ Միացեալ Նահանգներէն է ճառագայթումը, կը տարածուի աշխարհի վրայ ու մենք ալ՝ ներառեալ հայերս, կը հետեւինք:
Երբ առաջին անգամ լսեցի... ըսի «այս տօնը ներածուած է» եւ այդպէս էր ուրեմն:
Մեզի համար միաձոյլ է ընտանիքը եւ հայր ու մայր ձեւով մը հոմանիշ են իրարու եւ զիրար կ՚ամբողջացնեն: Կ՚ըսենք Մայր Հայաստան... Հայրենիք եւ այլն:
Իսկ խնդիրը այս «օր»երուն (ընդհանուրը նկատի ունիմ) կը յատկանշուի... նուիրատուութեամբ... դարձեալ պիզնըսի հետ առընչութիւն: Եւ քանի որ պէտք է նաեւ բարոյական-դրական կողմ մըն ալ տեսնենք, որոնենք ու գտնենք... եթէ չկայ՝ յօրինենք: Ըսի միայն պիզնըս չէ, այս բանը լաւ է անոնց՝ որոնք այս կամ այն պատճառաւ իրարմէ (հայ զաւակ) քիչ մը պաղած են, առիթ մըն է մօտենան, քիչ մը անուշ օրերն ալ յիշելով զիրար տեսնեն կամ կապակցին, հեռաձայն եւ այլն... իրարու ներեն ու դարձեալ արիւնը հոսի հեզասահ, ինչպէս որ հարկն է, վերջապէս ընտանիք են՝ ծառն ու պտուղը: Ուրիշ ի՞նչ դրական բան. դրական որ ի հարկէ, դժբախտաբար կու գայ նախկին ժխտական իրողութենէ կամ եղելութենէ: Շնորհաւորանք այդպիսիները:
Շնորհաւոր «Հայրերու օր»...։
Պիզնըսի յաջողութիւն եւ «պաղած»ներու ջերմութիւն:
Շատ հոգ ընելու կարիք չկայ: Ամէն տարի կու գայ:
Յ.Գ. Յայտնի է, թէ մարդ իր ամէն մէկ վայրկեանին մէջ կը պարունակէ անցեալ մը ամբողջ, որմէ սերած է նախաստեղծագործութենէն։ Ստեղծագործութիւն ու պատմութեան հազարաւոր դարերու ճանապարհ, իսկ իբր հայ, եւ մեր Եղեռնի ապրումները, վերապրում, եւ դեռ այսօրուան պայքարներն ու երազները...։ Հուսկ ե՛ւ Ծնունդ, ե՛ւ խաչելութիւն, ե՛ւ յարութիւն... ե՛ւ բարձրութիւն, ե՛ւ գահավիժում, ե՛ւ դեռ ինչ որ կը պատահի, որոնց կենդանի վկայ ենք արդէն մեր կեանքով: Հու՛սկ՝ ամէն օր «հայրերու օր» է նաեւ: Գէթ ես այդպէս կը զգամ։ Ի միջի այլոց, դուստրերս զիս շնորհաւորելէ ետք... կ՚աւելցնեն. «Պապա, կատակի բաժին է»:
ՍԱՐԳԻՍ ՓՈՇՕՂԼԵԱՆ
«Զարթօնք»
Հարթակ
- 11/22/2024