ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԾԷՍԵՐ. ՆՇԱՆԱԴՐՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ԱՄՈՒՍՆՈՒԹԻՒՆ

ԱՄՈՒՍՆԱԿԱՆ ՍՈՎՈՐՈՅԹՆԵՐԸ 19-20-ՐԴ ԴԱՐՈՒՆ

Հին ժամանակներուն հայերուս ամուսնական ընտրութեան կարգը ունեցած է նահապետական բնոյթ: Այսօր շատերուն զարմանալի կը թուի նոյնիսկ ա՛յն, որ կողմերու սեփական ընտրութիւնը եղած է խիստ սահմանափակ: Նոյնիսկ գոյութիւն ունեցած է աղջիկը մանուկ հասակին նշանելու սովորութիւնը, որ միտուած եղած է աղջիկը տղու տան օրէնքներով եւ սովորութիւններով դաստիարակելու: Ժողովուրդին մէջ անիկա աւելի յայտնի է օրօրոցախազ անուանումով:

Հին ժամանակներուն եղած է առաջարկի քանի մը ձեւ, օրինակ՝ սիրոյ խորհրդանիշ խնձորի յանձնումը. ընդունողը կամ վերցնողը կու տար իր համաձայնութիւնը:

ՆՇԱՆԱԴՐՈՒԹԻՒՆ

Անիկա տեղի ունեցած է պատգամախօսի միջոցով: Կին պատգամախօսը գաղտնի կերպով կը գիտնար աղջկան ծնողներուն մտադրութեան մասին, ապա կը յայտնէր տղու ծնողներուն: Պատգամախօսը կ՚ուղարկէին քանի մը անգամ՝ մինչեւ կը տրուէր համաձայնութիւնը, որմէ ետք տեղի կ՚ունենար նշանադրութեան արարողութիւնը: Աղջիկը տղու տան կիներէն՝ կեսուրէն, տալէն, կը ստանար արծաթէ կամ ոսկիէ զարդ, որով մէկընդմիշտ կը կապուէր ապագայ ամուսինի ընտանիքին: Այնուհետեւ, հարսին հասարակութեան մէջ հանելու իրաւունքը կը պատկանէր կեսուրին: Ներկայիս պահպանուած է առեւանգման ձեւը, որ տեղի կ՚ունենայ երիտասարդի եւ իր ընկերներուն միջոցով: Եղած են առեւանգման քանի մը պատճառներ՝ միակողմանի սիրոյ պատճառով, աղջկայ համաձայնութեամբ, ծնողներու համաձայնութեամբ՝ գումար չունենալու պատճառով:

ՀԱՐՍԱՆԻՔ

Հարսանիքները սովորաբար տեղի ունեցած են աշնան եւ ձմրան ամիսներուն՝ կապուած դաշտային աշխատանքի հետ: Անիկա կը սկսէր հինգշաբթի եւ կը տեւէր 3-7 օր: 7 թիւը կը խորհրդանշէր հեթանոս 7 աստուածները եւ իւրաքանչիւր օր ունեցած է իր խորհուրդը եւ յատուկ ծէսը:

Հարսանիքի կը հրաւիրէին զուռնանաղարայի ձայնով, իսկ հրաւիրատոմսերը առաջացած են 20-րդ դարուն:

Փեսայի կողմէն ներկայացուած էին մակարը՝ քաւորը, մոնկտիք, թաքուորցիք, փեսայ մանուկը:

Հարսնցուի կողմէն՝ քուրիկները, ծաղկուորները։

ՏԱՇՏԱԴՐՕՆՔԻ ԱՐԱՐՈՂՈՒԹԻՒՆ

Կատարուած է տղու տան մէջ, ուրբաթ օրը։ Կիները կը մաղէին պտղաբերութեան խորհրդանիշ հանդիսացող ալիւրը: Տաշտի վրայ մոմ կը վառէի, որպէսզի հարսը լոյսի պէս պայծառ ըլլայ, երեսին կարմիր քօղ կը դնէին, որպէսզի հարսը համաւոր ըլլայ եւ կը մաղէին լուռ, որպէսզի հարսը չխօսող ըլլայ:

ՀԻՆԱԴՐԷՔԻ ԱՐԱՐՈՂՈՒԹԻՒՆ

Այս ընթացքին աղջկայ տուն հաւաք-ւածները հինայ կը դնէին իրենց ձեռքերուն: Աղջկան այցելողները իրենց հետ կը տանէին նուէրներ, որոնք կը գումարուէին օժիտին:

Հարսանիքի ժամանակ թաքուորցիք եւ քուրիկները ունէին իրենց պարտականութիւնները: Թաքուորցիք կը պարտաւորուէին հսկելու փեսայի գօտին, գլխարկը, հետեւելու սեղանի թարմութեան եւ մառանին: Եթէ փեսայի գըլ-խարկը իյնար, կամ գօտին եւ թուրը աղջկան հարազատներէն մէկուն մօտ յայտնուէր, հայրը իրաւունք ունէր դադրեցնելու հարսանիքը եւ տուն տանելու աղջիկը, քանի որ անոնք կը խորհրդանշէին տղու ուժն ու պատիւը:

Աղջկայ կողմը ներկայացնող քուրիկները եւ ծաղկուորները կը պարտաւոր-ւէին երգ ու պարով զբաղեցնել հարսը եւ թաքցնել հարսի զգեստը թաքուորցիքէն:

Աղջկայ տան արարողութիւնը կը տեւէր 2-5 ժամ, որմէ ետք հարսնառը, այսինքն հարսանիքի տէրը՝ խնամին, նը-ւագով եւ քալելով կու գար տղու տուն, ուր հարսանիքը կրնար տեւել 7 օր: Իւրաքանչիւր օր ունէր իր յատուկ ուտեստը, օրինակ՝ երկրորդ օրը անպայման կը մատուցուէր խաշ:

ԵՌԱԳՈՅՆ-ին համար պատրաստեց՝

ՀԱՅԿՈՒՀԻ ՄՈՒՐԱՏԵԱՆ

 

Հինգշաբթի, Յունիս 28, 2018