ՇՈՒԿԱՆ

Ամէն վիճակ իրեն յատուկ լուծումը կամ լուծումները ունի, ինչպէս ամէն վիճակ արդիւնք է նախավիճակի մը, որմէ ունինք այն ինչ ունինք: «Գանք մեր գառնուկին», պիտի ըսէր իմ երկրաչափներէս մին։ Այդ իր խօսելաոճն էր. Մեր «Գառնուկը» այս պարագային հին յիշողութիւն մըն է որ… բացաւ դուռը այդ փոքր սենեակին, որու պատերը, որքան որ կը յիշեմ, գիրքերով էր պատած։ Ինք՝ նշանաւոր անձ, ինչ որ լսած եմ իր մասին, բեմերու մարդ՝ աճպարարութիւններով, կրկնեմ լսած եմ չեմ տեսած, բայց իբրեւ գիրքերու առուտուրի մարդ, վստահ էի (գրող, մտաւորական Արմէն Դարեան զինք «գիրքերու ծառայ» կը կոչէր), այլապէս իրեն չէի դիմեր փնտռած գիրքս գտնելու յոյսով: Այդպէս ալ եղաւ, սակայն ոչ-այդքան սահուն, Եւ արագ կերպով:

Կեանքը կը ստիպէ. այդպէս ըսենք. «Անիրաւ տնտեսի» բաժին մը կայ Աստուածաշունչին մէջ.- «Տէրը անիրաւ տըն-տեսը գովեց, որ խելացիութիւնով ըրաւ»: Կեանքը քառակուսի ընթացք չէ: Առեղծուած է. երբեմն հաստատուն, երբեմն հեղուկ եւ երբեմն ալ կազային: Կարեւորը կայ ընթացք մը, որ կը շարունակուի ինչպէս որ է, ձեւափոխումներով, այսպէս կոչուած արդիականացումով: Ոճիրը ոճիր է, քարով ըլլայ թէ նետով կամ զէնքով, հրթիռով թէ՝ դեղերով (այս վերջինը զարմանալի կրնայ թուալ): Մտնենք սենեակին դռնէն պրն. Արտաշէսին։ Փնտռած գիրքս Բ. հատորն էր «ՀԱՅ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻ ՄՏԱՒՈՐ ՄՇԱԿՈՅԹԻ ԶԱՐԳԱՑՄԱՆ ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆ» գիրքին, որուն Ա. հատորը ունէի արդէն: Ժպիտը դէմքին էր, ունէր իմ փնտռածս, որուն գինը երեսուն լիբանանեան սահմանեց, ինչ որ բազմապատիկն էր իր բնական գինին։ Ինչ եւ է։ Համաձայնիլը հեշտ էր ինծի համար (լուման հօրմէս էր) ու իր որոշած գումարը արդէն ձեռքս էր։ «Չէ, չէ,», ըսաւ «ես քեզ կը սիրեմ, կը կարօտնամ, ուրիշ օր եկուր, որպէսզի դարձեալ տեսնուինք», ըսաւ ու գիրքը քովը պահեց։ Արդէն ապահոված էր իր որոշած գումարը: Ձեռնունայն դուրս ելայ, սիրտս հոն թողած ինչպէս նաեւ՝ զիս «սիրող»ը: Կեանք է. ցաւալի պարագաներ շատ կը պատահին, այս մէկն ալ անոնցմէ: Ուստի, մի քանի շաբաթ ետք կրկին հանդիպեցայ, ի հարկէ նոյն խնդրով, սակայն այս անգամ գիրքին գինը յաւելում էր կրած հինգ լիբանանեանով (սիրոյ տուրք): Յամենայնդէպս, գոհացած էի գիրքով, սակայն մտածեցի, սա առեւտուր է։ Կարծեմ ըսելու էի առեւտրականը ա՛յսպէս կ՚ըլլայ: Զիս կը կարօտնայ եղեր… ի՜նչ հայրական համակրանք, որով հինգնոց մը աւելցուց իր ծակ գրպանին: Յիշեցի դպրոցական օրերուս երբ հաշուապահական դասեր կ՚առնէինք, կ՚ըսէի՝ «Շուկան խոշոր երախ է»:

ՇՈՒԿԱՆ այսինքն՝ ընկերութիւնը, խաբէութեան կաթսայ մըն է, ամէն ոք իր մարզին մէջ եւ իր չափով, մանաւանդ՝ քաղաքական եւ տնտեսական մարզի մէջ: Կեանք է. ո՞վ կրցած է սահմանել:

Յ.Գ. «Ալլահ քերիմ», ըսաւ բախտագուշակ մը ընկերոջս. «քերիմին հորը խոր է», ըսաւ ընկերս, որուն պատասխանը եղաւ.- «ԱՉՔԴ ԲԱՑ ԵՒ ՄԻ ԻՅՆԱՐ»:

ՍԱՐԳԻՍ ՓՈՇՕՂԼԵԱՆ

«Զարթօնք», Լիբանան

Երեքշաբթի, Յուլիս 28, 2020