ԻՇԻՊ ՊԻՏԻ ՎՏԱՐՈՒԻ ԼԻԲԱՆԱՆԷՆ. ԲԱՆԱԿԸ Կ՚ԱԶԱՏԱԳՐԷ ՌԱՍ ՊԱԱԼՊԷՔ ՇՐՋԱՆԸ
Ռաս Պաալպէքի շրջանը ազատագրելու գործողութիւնը սկիզբ կ՚առնէր Ուրբաթ օր, Օգոստոսի 19-ին: Լիբանանեան բանակը այդ շրջանը ԻՇԻՊ-էն («Իրաք-Շամի իսլամական պետութիւն» ահաբեկչական խմբաւորում) ազատագրելու միտուած գործողութիւնը մկրտած էր «Բարձունքներու արշալոյս» անունով եւ շուրջ տասն օր առաջ ընթացք առած գործողութիւններու ժամանակ բանակը կը յաջողէր բաւական արագ եւ հեզասահ յառաջանալ:
Վերջին տարիներուն լիբանանեան բանակի քայլերուն հետեւողները լաւ գիտեն, որ տարբեր հիմնահարցերու մէջ «խեղդուած» Լիբանանի համար բանակը կը շարունակէ մնալ ամուր եւ միասնական ոգի ունեցող այն կառոյցը, որ այսօր ալ կը համարուի երկրի միասնութեան ամենէն ուժեղ գործօններէն մին:
Վերադառնալով Պաալպէք պատմական քաղաքի լեռնային հատուածներուն մէջ ընթացող մարտերուն՝ հարկ է յիշեցնել, որ այս ռազմերը տեղի կ՚ունենային յատկապէս Արսէլ աւանը «Ալ Նուսրա» ճակատէն ազատագրելու բարեյաջող գործողութիւններէն ետք, ու «Հիզպուլլահ»ը մէկ շաբթուան ընթացքին կը յաջողէր Սուրիոյ սահմանին մերձ գտնուող շրջանները ազատագրել ամբողջութեամբ:
Այստեղ կարեւոր է նշել, որ մինչ «Ալ Նուսրա»ի դէմ մարտերը կը կատարուէին «Հիզպուլլահ»ին կողմէ, անդին Ռաս Պաալպէքի մարտերը կը մղուէին բացարձակապէս լիբանանեան բանակին առաջնորդութեամբ: Թէեւ «Հիզպուլլահ»ի մօտիկ աղբիւրներ կը հաղորդէին, որ բանակի «Բարձունքներու արշալոյս» գործողութեան հետ համընթաց «Հիզպուլլահ»ն ու Սուրիոյ բանակը ԻՇԻՊ-ին դէմ կը կռուէին, այս անգամ բանալով Սուրիոյ Գալամուն շրջանի ճակատը:
Այստեղ եղած երկու մարտերուն մասին յստակ ձեւակերպում մը կատարելով պէտք է շեշտել, որ մինչ «Հիզպուլլահ» Արսէլի մէջ մարտերը մղելու ընթացքին անուղղակի բանակցութեան մէջ կը մտնէր «Ալ Նուսրա» ճակատին հետ, անդին լիբանանեան բանակի պարագային եւ մինչեւ այս յօդուածին գրուիլը, որեւէ տեղեկութիւն չկար նման բանակցութիւն մը վարելու մասին:
Ընթերցողներուս պարտիմ յիշեցնել, որ «Հիզպուլլահ» այդ բանակցութիւնները «գլուխ հանելով» էր, որ յաջողեցաւ «Ալ Նուսրա»ի մօտ գտնուող իր գերեվարուած հինգ զինեալները ազատագրել։ Ասոր փոխարէն կազմակերպութիւնը Լիբանանի կառավարութեան հետ համաձայնաբար ազատ արձակեց «Ռումիէ» բանտի չորս կալանաւորեալներ, որոնք թմրեցուցիչի վաճառականներ էին եւ այս կամ այն ձեւով կապ մ՚ունէին Սուրիոյ պատերազմին մէջ ներգրաւուած «Ալ Նուսրա»ին հետ:
Բանակին պարագան տարբեր է. որովհետեւ բանակի տասն զինուորներ մինչեւ այս պահը կը շարունակեն գերեվարուած մնալ ԻՇԻՊ-ի մօտ. ու աւելի՛ն. արդէն վերջին երկու տարիներուն այդ զինուորներուն մասին ոչ մէկ տեղեկութիւն կը փոխանցուի:
Մինչ այդ, զինուորներուն ծնողները երեք տարիէ ի վեր կը շարունակեն բողոքի նստացոյց կատարել Պէյրութի կեդրոնական՝ Ռիատ ալ Սոլհ հրապարակին վրայ, անդին երկրի ընդհանուր ապահովութեան նախկին տնօրէն զօրավար Ապպաս Իպրահիմի զինուորներու ազատագրութեան խնդրով իրականացուցած ճիգերը կը շարունակեն մնալ ապարդիւն:
Գերեվարուած ինն զինուորներու ծնողներուն համար բաւական բարդ օրեր են: Որովհետեւ յատկապէս անոնց յիշողութեան մէջ կը շարունակէ «անթեղուած» մնալ բանակի զինուոր Ալի ալ Պազզալի պատկերը, որ գլխատուեցաւ ԻՇԻՊ-ին կողմէ 2014 թուականին: Լիբանանցիներուն եւ բանակի մերձ հասարակութեան մօտ շատ ծանր ազդեցութիւն թողեց այդ զինուորին գլխատման տեսերիզը, որ հրապարակուեցաւ ԻՇԻՊ-ի YouTube-ի ալիքին վրայ, նպատակ ունենալով վախի մթնոլորտ ստեղծել լիբանանցիներուն մօտ: Այս բոլորէն անդին կայ վարկած մը, որուն հեղինակները կը հաւատան, թէ ԻՇԻՊ արդէն իսկ ֆիզիքական լուծարման ենթարկած է զինուորները՝ սպաննած ու թաղած է զանոնք Արսէլի բարձունքներուն վրայ: Այս վարկածին պատճառաւ էր նաեւ, որ երկրի ապահովական մարմիններուն մօտ մեծ հեղինակութիւն վայելող պատասխանատուն՝ զօրավար Ապպաս Իպրահիմ յատուկ մարմնի մը ուղեկցութեամբ կը մեկնէր այդ բարձունքները՝ հասնելու համար որոշ ճշմարտութեան մը. բայց ի զուր:
Ուրեմն գերեվարուած բանակայիններու հարցը մինչեւ այս պահը կը շարունակէ հանդիսանալ թիւ մէկ «առեղծուած» այս ամբողջ «խաղ»ին մէջ: Քիչ չեն անոնք, որոնք կը հաւատան, թէ ԻՇԻՊ այդ զինուորներու հարցը թողած է որպէս վերջին «խաղաքարտ», որուն շնորհիւ պիտի կարողանայ «ապահով» կերպով դուրս գալ այդ լեռներէն: Յստակ չէ այս մօտեցումին իրաւացիութիւնը՝ տրուած ըլլալով, որ տասն օր տեւած մարտերէ ետք ԻՇԻՊ-ի լիբանանեան թեւի որեւէ բանբեր կամ աղբիւր այս մասին ոչ մէկ խօսք կամ արտայայտութիւն ունեցաւ: Այստեղ է նաեւ, որ յստակօրէն կ՚ուրուագծուի, թէ ԻՇԻՊ կ՚ապրի ներքին բաւական խորունկ անորոշութիւն մը ու բացայայտ է, որ անոր տարբեր «գլուխներ»ը կը տառապին մեծ անյստակութենէ:
Խօսելով գետնի վրայ ընթացող մարտերուն՝ հարկ է նշել, որ լիբանանեան բանակին կողմէ ընթացք առած մարտերը պիտի աւարտին ստոյգ յաղթանակով: Բացի այդ, յստակ է նաեւ, որ ԻՇԻՊ-ի ղեկավարութեան մօտ բաւական շփոթահար վիճակ մըն ալ կայ ու այդ շփոթը կապ ունի բանակի ցուցաբերած մարտական պատրաստուածութեան ու մանաւանդ ոգիին հետ: «Հիզպուլլահ»ի առաջնորդ Սէյիտ Հասան Նասրալլա ընթացող մարտերուն մասին խօսելով՝ անցեալ Ուրբաթ երեկոյ կը յայտարարէր, որ ԻՇԻՊ յայտնուած է անել վիճակի առջեւ: Մինչ անոր լիբանանեան «թեւ»ի ղեկավարութիւնը պատրաստ է բանակցիլ բանակին հետ, անդին անոր Սուրիոյ ղեկավարութեան շատ ալ հոգը չէ, թէ այսօր ինչ տեղի կ՚ունենայ իր խմբաւորման անդամներուն հետ, որոնք կը կռուին Լիբանանի լեռներուն վրայ: Աւելի՛ն. Նասրալլա հակամէտ է կարծելու, որ ԻՇԻՊ-ի գերագոյն ղեկավարութեան համար նոյնիսկ «ձեռնտու» է այդ զինեալներուն մինչեւ մահ կռուիլը, քան թէ որոշ համաձայնութեան ճամբով դուրս գալը Լիբանանէն: Այս մօտեցումը կը մերկացնէ կարեւոր փաստ մը, ըստ որուն ԻՇԻՊ-ի «գաղափարական» ատաղձը արդէն իսկ սպառած է ու անոր ղեկավարութիւնը չունի առաջուան ուժականութիւնը կամ խըն-դիրներուն վրայ ազդելու զօրութիւնը:
Ի՞ՆՉ ԿԸ ՍՊԱՍԷ ԻՇԻՊ-ԻՆ
Յստակ է, որ այս մարտերէն ետք, կամ աւելի ճիշդ Լիբանանի այդ հատուածին ԻՇԻՊ-էն «մաքրուելէ» ետք, այդ զինեալ խմբաւորման կը սպասէ նոր հանգրուան մը, որուն մասին կան տարբեր վարկածներ եւ մօտեցումներ:
Մինչ շատ մը զինուորական լրագրողներու կարծիքով՝ ԻՇԻՊ-ի որոշ խմբակներ իրենց «տարազ»ը նետելով ու ապա մօրուքը սափրելով կրնան միանալ Սուրիոյ բանակին դէմ կռուող աւելի «չափաւորական» խմբաւորումներու, անդին կայ ուրիշ տեսակէտ մը, որուն համաձայն ԻՇԻՊ նպատակ ունի «վերաթարմանալ» եւ «բնաւորուիլ» հիւսիսային Ափրիկէի կարգ մը երկիրներու եւ յատկապէս Լիպիոյ մէջ: Այստեղ պարտինք նկատի առնել, որ յատկապէս Լիպիոյ մէջ այս ահաբեկչական խմբաւորումը տակաւին իր տիրապետութեան տակ կը պահէ բաւական մեծ տարածութիւններ ու չի բացառուիր, որ Միջին Արեւելքէն դէպի այդ շրջանները մեկնող զինեալները աւելիով կրնան զօրացնել խմբաւորման դիրքերն ու ուժականութիւնը:
ԴԷՊԻ ԵՒՐՈՊԱ՞
Խօսեցանք ԻՇԻՊ-ի Միջին Արեւելքէն հեռանալու տարբերակներուն մասին՝ նշելով, որ այդ առումով ահաբեկիչ զինեալներուն համար ամենէն հաւանական ուղղութիւնը Հիւսիսային Ափրիկէի կարգ մը արաբական երկիրներն են: Այս առումով պէտք չէ մոռնանք, որ ԻՇԻՊ-ի զինեալներուն կարեւոր մէկ տոկոսը Սուրիա հասած է եւրոպական երկիրներէ:
Այս առումով եւրոպական մէկէ աւելի լրատուական ծառայութիւններ կարեւոր տուեալներ հրապարակած են Սուրիա եւ Իրաք գտնուող իսլամամէտ զինեալներու մասին, որոնց կարեւոր մէկ տոկոսը կը պատրաստուի վերստին «տուն» վերադառնալ:
Զուիցերական ATS կայանին փոխանցմամբ, վերջին շաբաթներուն յատկապէս Սուրիայէն դէպի եւրոպական տարբեր երկիրներ վերադարձած իսլամամէտ զինեալներուն թիւը կը հասնի 3 հազարի:
Աղբիւրը նաեւ նկատել տուած է, որ մտահոգիչը այն է, թէ այդ երկիրներու ապահովական ծառայութիւններուն համար անհնար է վերահսկողութեան տակ պահել այն ճանապարհները, որոնց շնորհիւ զինեալները իրենց բնակավայրերը կը հասնին: Աղբիւրը կը նշէ, որ շատ մը պարագաներու զինեալները կը դիմաւորուին իրենց ընտանիքի անդամներուն կամ ազգականներուն կողմէ։ Այս պարագան ապահովական մարմիններուն համար կը ստեղծէ շփոթ յառաջացնող կացութիւն մը:
Զուիցերական աղբիւրը շեշտած է, որ Սուրիոյ տագնապին սկիզբէն ի վեր աշխարհի տարբեր կողմերէն պատերազմական ճակատներ հասած զինեալներուն թիւը կը հասնի 42 հազարի եւ մինչ այսօր այդ զինեալներուն 30 առ հարիւրը վերադարձած են իրենց երկիրները, անդին այդ ընդհանուր թիւին կէսը, այսինքն շուրջ 22 հազար զինեալ կը շարունակեն պատերազմիլ Սուրիոյ մէջ:
Այս բոլոր տուեալները աչքի առջեւ ունենալով յստակ կը դառնայ, որ ԻՇԻՊ-ին համար սկիզբ պիտի առնէ նոր «խաղաոճ»ի մը հանգրուանը, որու ընթացքին ահաբեկչական խմբաւորման համար գերագոյն նպատակ պիտի չդառնայ «խալիֆայութիւն» մը հիմնելու առաջադրանքը, այլ մեծ թիւով ապահովական ցնցումներ կատարելը պիտի դառնայ անոր էական նպատակը, մինչեւ նոր փուլի մը սկիզբը կամ աւելի «տաք» եւ «ապահով» գօտիներու յայտնաբերումը:
Երեւան
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ