ԱՇՈՒՂԻՆ ԱՆՅԱԳ ՍԷՐԸ
Աշնանային մեղմանուշ զեփիւռը կը տարածուի ամէնուր: Ծառերը ամէն օր նոր երանգներով կը գունաւորուին դիտողին հմայք մը, շլացում մը պարգեւելով: Անոնք մերթ դեղնաւուն են, մերթ՝ կարմրաւուն, մերթ՝ մուգ սրճագոյն, մերթ՝ նարնջագոյն...: Ու կը քալես ծառազարդ այս հիասքանչ պողոտաներուն հասակն ի վեր, ի վար: Կը քալես այգիներուն մէջ, կը պտտիս շնչելով թեթեւ անձրեւին խոնաւութիւնը, հպելով խոնաւ տերեւներուն... եւ զեփիւռը կը խաղայ ծառերուն տերեւներուն հետ, կը թրթռացնէ զանոնք: Ամէն ծառէ շշունչ մը, ձայն մը կ՚արձակուի, որ միահիւսուելով անուշ մեղեդայնութեամբ մը կը համակէ էութիւնդ: Ու կը մենանաս, կը լիանաս գիրկը բնութեան, կը թափես ներսդ կուտակ-կուտակ դիզուած առօրեայ հոգերը, որ վերջ չունին, բայց այս գեղեցիկ բնութիւնը առիթ մըն է ինքնին ներքին խաղաղութիւնը վերագտնելու, թարմանալով շարունակելու կեանք կոչուածը:
Ու կը քալեմ լիացումով մը դիտելով չորս դիս: Ահա զոյգ-զոյգ սիրահարներ կը պտը-տին այգիին մէջ, կը սիրեն ու կը սիրուին անոնք այնքա՜ն համարձակ, բնութեան հետ միահիւսուած ըլլալ կը թուին, ինչպէս թռչունները՝ ծառերու ճիւղերուն վրայ:
Նկարիչի մը վրձնահարուածներով գծագրուած աշնանային պաստառներու մէջ եմ կարծես, շա՜տ գեղեցիկ:
Սէրն է խօսողը ամէնուր, կարծես Նաղաշ Յովնաթանի տողերը կը կրկնուին, որ սիրոյ արբեցողութիւնը կ՚արտայայտէ՝
Իմ սիրելին ետ ինձ բարեւ
Սրտիս բուսաւ կանաչ տերեւ...
Սիրոյ երգերը ժամանակավրէպ չեն կրնար ըլլալ, մանաւանդ անոնք, որոնք արուեստի մը արգասիքն են: Որքան ալ փոխուին դարաշրջաններ, նիստ ու կաց, սովորութիւն, որքան ալ արդիականացումը բերէ նորութիւններ, մարդուն սիրտը նոյնն է, կ՚ապրի նոյն սիրոյ թրթռացումը, նոյն վիշտը, ցաւը, մորմոքը, երբ սիրոյ հանդիպման ուղիին յայտնուին խոչընդոտներ. կը տառապի, կը յուսալքուի ու իր վիշտը կ՚արտայայտէ՝
Հալբադ դարդ ու ցաւի մե ախպուր իս դուն:
Սայաթ-Նովայի այս տողը յարմարագոյնն է այս յուզումը արտայայտելու: Սայաթ-Նովան՝ մեծութիւն մը, որ 18-րդ դարու «Երգի ու երաժշտութեան թագաւոր», «Վէրքով ու սուրով գացող Սայաթ-Նովան» որակուած է իր երգերուն սիրահար՝ Յովհաննէս Թումանեանի կողմէ:
Անհաս սիրոյ վիշտը, ներքին անյագ ցանկութիւններու փոթորկումներով հիւսուած աշուղին երգերը հարազատ մեղեդայնութիւն մը կը սփռեն առ այսօր: Նոյնիսկ շատերուն համար երգերուն անհասկնալի բառերը մեղեդիին յուզականութեան օգնութեամբ հասկնալի կը դառնան, կը յուզեն, կ՚ալեկոծեն ներաշխարհներ, կը բանան հոն պարուրուած սիրոյ մը ծրարը ու կ՚ողբայ լսողը, կ՚ապրի աշուղին յուզումը:
Ու կ՚աղաչէ աշուղը, որ եարէն բառ մը լսէ՝
Ի՛նչ կ՚ուլի մեկ հիդըս խօսիս՝ թէ վուր
Սայաթ-Նովու եար իս,
Հիդըս խօսի, մի՛ կենա խըռովի պէս...
Ու այսպէս աշուղը տանջահար սրտով կը նուագէր ու կ՚երգէր: Կ՚երգէր իր անհաս սէրը, շատերուն սրտին խօսքը կը մեկնէր իր երգ ու տաղով:
Ան կը ճանչնար մարդը եւ կը նկատէր արցունքը անոր ծիծաղին տակ թաքնուած. կը ճանչնար մարդը ու միշտ կ՚որոնէր նոր ծալքեր անոր հոգեկան աշխարհին մէջ: Անցողակի կեանքին ընթացքին մարդը դալար խոտի նման էր աշուղին համար, որ կը չորնայ եղանակի փոփոխութեամբ՝ կեանքի աւարտին՝
Մարդի համա ախ իմ քաշում,
Մարդի համա եմ լալի...
Աշուղը կը բողոքէ խարդախութեանց պատճառով յառաջացող անարդարութիւններու դէմ ՝
Փիքր ու խիալըս հարդախ աշխարքի մասին է...
Իմաստունները չը տեսան էս աշխարիս հուտն ու համըն...
«Աշխարհի հուտն ու համըն» արդեօք ի՞նչ էր աշուղի մը համար, որ ոչ հարստութիւն, ոչ կոչում, ոչ փառք կը ցանկար, այլ՝
Դուն կրակ, հաքածըդ կրակ՝ վո՞ւր մե կրակին դիմանամ...
Բանտուած սիրոյ կարօտն է, որ կ՚երգէ շրջելով գաւառներ, գիւղեր, կը դառնայ բարձրաստիճան ղեկավարներու քէֆերուն երգիչը, ուրկէ եւ իր կեանքին վերջին դըժ-բախտութիւնը կրելով կը վտարուի դառնալու Հաղբատավանքի կրօնաւոր՝ Դաւիթ եպիսկոպոս: Կը ստիպուի թողուլ իր սիրելի կեանքի ընկեր՝ քամանչան՝
Սազը քոքած, ձեռիս բռնած, հազըրված,
Թագավորի մօտ գընացի զարթըրված.
Ինձ յիդ տըվին, վունցոր փուշըս կոտըրված.
Էրնեկ լեզուն չիմանայի յիս նրանց.
Ասին՝ «Գընա՛, էրեսըդ սիվ մուր իս դուն»:
Ու գնաց Սայաթ-Նովան անգերեզման շիրիմով, բայց դարձաւ անմահ ու սիրելի բոլորին: Ինչպէս որակած է Յովհաննէս Թումանեան՝
Տաղով եկաւ
Ախով գնաց Սայաթ-Նովան.
Երգով եկաւ,
Վէրքով գնաց Սայաթ-Նովան.
Սիրով եկաւ,
Սրով գնաց Սայաթ-Նովան.
Սիրով մնաց Սայաթ-Նովան:
ԱՆԻ ԲՐԴՈՅԵԱՆ-ՂԱԶԱՐԵԱՆ
Հարթակ
- 01/31/2025