ՀԱՐՑՈՒՄՆԵՐՈՒ ՊԱՏԱՍԽԱՆՆԵՐ ԱՌԱԿԱՑ ԳԻՐՔԷՆ ԵՒ ԲԱՑԱՏՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

Հարցում. Ինչպիսի՞ն է անօրէն մարդը:

Պատասխան. Անօրէն ու չար մարդը ծուռ բերանով կը շարժի. անիկա իր աչքերովը ակնարկութիւն կ՚ընէ, ոտքերովը կը խօսի ու մատներովը բան կը սորվեցնէ: Անոր սիրտին մէջ ծռութիւն կայ, միշտ չարութիւն կը հնարէ ու կռիւներ կը հանէ: Ասոր համար անոր կորուստը յանկարծ պիտի գայ: Անիկա յանկարծ պիտի կոտրուի ու անոր դարման պիտի չգտնուի (Առ 6.12-15):

Անօրէնութեան հայրը՝ սատանան է, իսկ անօրէնութիւն գործողները, այլ խօսքով՝ անօրէն ու չար մարդիկ՝ անոր զաւակներն են, ո՛չ թէ բնութապէս, այլ՝ կամաւորաբար:

Ո՛չ թէ բնութենապէս, որովհետեւ իւրաքանչիւր մարդ կոչուած է Աստուծոյ եւ մի՛ միայն Աստուծոյ զաւակն ու ժառանգորդը ըլլալու:

Կամաւորաբար, որովհետեւ ուրանալով եւ մերժելով Աստուծոյ հայրութիւնը եւ Անոր պարգեւած բիւր բարիքներն ու օրհնութիւնները, մարդ կ՚ընտրէ չարը՝ սատանային գործակից ըլլալ, անոր հետեւեիլ, որով ինքզինք անոր զաւակ կը դարձնէ…, խաւարեցնելով իր մէջ իր իսկական էութիւնը՝ Աստուծոյ զաւակ ըլլալու հանգամանքը:

Իմաստունը հանգամալից կերպով կը նկարագրէ մեզի անօրէն մարդուն ինչպիսին ըլլալը.

Ծուռ բերանով կը շարժի. ծուռ բերանը այն բերանն է, որ հեռու է զԱստուած օրհնաբանելէ ու փառաբանելէ, ընդհակառակը՝ մօտիկ է բամբասնաքի, զրպարտութեան եւ հայհոյութեան:

Անիկա իր աչքերով ակնարկութիւն կ՚ընէ. այսինքն՝ կը ցանկայ ուրիշին ունեցածին, տռփամոլ նայուածքներով կը նայի կիներուն եւ աղջիկներուն, գեղեցիկ եւ կամ աչքին հաճոյ բան մը տեսնելով, կը սկսի պատկերացնել ու մտածել, թէ ինչպէ՛ս կրնայ տիրանալ այդ բանին:

Ոտքերովը կը խօսի, այսինքն՝ խղճմտանքն ու առաքինութիւնը ոտնահարելով, անօրէնութեան եւ մեղքին ետեւէն կ՚երթայ:

Մատներովը բան կը սորվեցնէ, այսինքն՝ կը մտմտայ, կը պակտերացնէ, կ՚որոշէ միտքով թէ ինչպէ՛ս կարելի է անօրէնութիւն գործել, եւ մատներով այդ բոլորին կերպարանք կու տայ:

Անոր սիրտին մէջ ծռութիւն կայ. Եսայի մարգարէն կը գրէ. «Միթէ Տիրոջ ձեռքը կարող չէ՞ փրկել, կամ Անոր ականջը ծանրացա՞ւ, որ չլսէ: Բայց ձեր ու ձեր Աստուծոյն միջեւ բաժանում ձգողը ձեր անօրէնութիւնները եղան: Ձեր մեղքերը Անոր երեսը ձեզմէ ծածկեցին, որ չլսէ: Քանզի ձեր ձեռքերը՝ արիւնով ու ձեր մատները՝ անօրէնութիւնով պղծուեցան: Ձեր շրթունքները սուտ խօսեցան եւ ձեր լեզուները անիրաւութիւն արտաբերեցին: Չկայ մէկը, որ արդարութեան համար բողոքէ ու չկայ մէկը, որ ճշմարտութեամբ դատ վարէ. անոնք սնոտի բաներու կը յուսան եւ ունայնութիւն կը խօսին. թշուառութիւն կը յղանան ու անօրէնութիւն կը ծնին: Քարբի հաւկիթներ կը թխսեն ու սարդի ոստայն կը հիւսեն: Անոնց հաւկիթները ուտողը կը մեռնի, եթէ կոտրեն՝ իժ կ՚ելլէ: Անոնց ոստայններէն հանդերձ չ՚ըլլար եւ իրենց գործերովը չեն կրնար զիրենք ծածկել: Անոնց գործերը անօրէնութեան գործեր են ու անոնց ձեռքերուն մէջ բռնութեան գործ կայ: Անոնց ոտքերը չարութեան կը վազեն ու անմեղ արիւն թափելու կ՚արտորան: Անոնց խորհուրդները անօրէնութեան խորհուրդներ են, անոնց ճամբաներուն մէջ կործանում ու կոտորած կայ: Խաղաղութեան ճամբան չեն ճանչնար եւ անոնց ընթացքին մէջ արդարութիւն չկայ: Իրենց շաւիղները խոտորցուցին. բոլոր անոնք, որ անոնց միջեւ կը քալեն՝ խաղաղութիւն չունին» (Ես 59.1-8):

Մարգարէին այս խօսքերէն կրնանք ըսել, թէ անօրէն մարդուն սիրտին «գանձ»երն են՝

- Անօրէնութիւնները:

- Մեղքերը:

- Ձեռքերուն արիւնը:

- Անօրէնութեամբ պղծուած մատները:

- Սուտ շրթունքները:

- Անիրաւութիւն արտաբերող լեզուն:

- Անարդարութեան հանդէպ սէր:

- Անարդար դատավարութիւններ:

- Սնոտի բաներու նկատմամբ հաւատք:

- Ունայնութիւններ խօսիլ:

- Թշուառութեան յղանալ:

- Անօրէնութիւն ծնիլ:

- Թունաւոր մտածումներ եւ խորհուրդներ, ու անոնց պտուղը եղող գործեր:

- Անօրէնութեան եւ բռնութեան գործեր:

- Չարութիւն գործել:

- Անմեղ արիւն թափել:

- Անօրէնութեան խորհուրդներ:

- Կործանումի եւ կոտորածի նկատմամբ սէր:

- Խաղաղութեան նկատմամբ թշնամութիւն:

Միշտ չարութիւն կը հնարէ ու կռիւներ կը հանէ. անօրէնին համար չարութիւնն ու կռիւնը նոյնն են, ինչ որ առաքինի եւ Աստուածավախ մարդուն համար աղօթքն ու բարեգործութիւնը: Անօրէնը չարութիւններ հնարելու համար ամէն միջոցներու կը դիմէ եւ կռիւներ յարուցելու համար նոյնիսկ եղբայրներու միջեւ կը խառնէ: Վերը ըսինք, թէ անօրէնութեան հայրը սատանան է, հետեւաբար անօրէն մարդուն նման վարքագիծը տարօրինակ պէտք չէ թուի:

Անոր կորուստը յանկարծ պիտի գայ: Անիկա յանկարծ պիտի կոտրուի ու անոր դարման պիտի չգտնուի. Վստահաբար մեզմէ շատեր յաճախ տեսնելով անօրէն մարդու մը ունեցած յաջողութիւններն ու նուաճումները, մենք մեզի մտածած ենք եւ երբեմն նոյնիսկ բարձրաձայնած, թէ՝ լաւ Աստուած այս բոլորը չի՞ տեսներ, ինչո՞ւ կ՚արտօնէ, եւ նման մտածումներ: Բնականաբար, Աստուած ամէն ինչ կը տեսնէ եւ բոլորիս մտածումներն ու արարքները գիտէ, նոյնիսկ երբ տակաւին չենք բարձրաձայնած կամ կատարած, սակայն որովհետեւ Աստուած մեզի ազատ եւ ինքնիշխան կամք տուած է, ատով նաեւ մեզի գործելու եւ արարելու ազատութիւն տուած է, միշտ մեզի առիթ տալով վերադառնալու՝ եթէ անշուշտ զԻնք ձգելով հեռանանք Իրմէ եւ մեղքերու ճիրաններուն մէջ յայտնուինք:

Այստեղ, Իմաստունը շատ դիպուկ կերպով կու տայ մեր մտահոգութիւններուն եւ հարցադրումներուն պատասխանը, ըսելով թէ այդպիսիներու անկումը յանկարծակի պիտի ըլլայ եւ անկումէն ստացած կոտրուածքին դարման պիտի չգտնուի, այսինքն՝ երբ մարդ սխալ ընթացքի մէջ յայտնուի, շարունակէ իր այդ սխալ ընթացքը եւ չփափաքի ապաշխարել ու զղջալ եւ յամառութեամբ շարունակէ իր ընթացքը, տեղ կու գայ երբ այլեւս յառաջանալու տեղ չ՚ունենար եւ իր գործած անթիւ սխալներն իսկ իր դիմաց թակարդ կը լարեն, որով անկում կ՚ապրի…: Այնքան ատեն որ այս կեանքին մէջ ըլլայ այդ անկումը, այսինքն՝ երբ մարդ տակաւին ողջ է, դարձեալ վերադառնալու առիթ կ՚ունենայ, անշուշտ եթէ կամենայ, իսկ եթէ մարդ իր անօրէնութեան մէջ մեռնի, ապա այդպիսիին անկումին դարման այլեւս կարելի չէ գտնել եւ ունենալ:

Զղջանք եւ ապաշխարենք այնքան ատեն որ այս պանդխտութեան օրերուն մէջ կ՚ապրինք: Զղջանք ու ապաշխարենք, որովհետեւ Տէր Աստուած ապաշխարողներուն եւ զԻնք Տէր ու Աստուած ճանչցողներուն՝ կ՚ըսէ. «Իմ օրէնքս անոնց ներսիդին պիտի դնեմ ու զանիկա անոնց սիրտին վրայ պիտի գրեմ: Ես անոնց Աստուած պիտի ըլլամ եւ անոնք Ինծի ժողովուրդ պիտի ըլլան: Ու անկէ ետքը մարդ մը իր ընկերին ու ուրիշ մը իր եղբօրը պիտի չսորվեցնէ՝ ըսելով. "Տէրը ճանչցիր". հապա անոնց պզտիկէն մինչեւ մեծը ամէնքը զիս պիտի ճանչնան, վասն զի անոնց անօրէնութիւնը պիտի ներեմ ու ա՛լ անոնց մեղքը պիտի չյիշեմ» (Եր 31.33-34): Եւ. «Անոնց Ինծի դէմ գործած բոլոր անօրէնութենէն զանոնք պիտի սրբեմ ու անոնց Ինծի դէմ ըրած բոլոր անօրէնութիւններն ու յանցանքները պիտի ներեմ» (Եր 33.8):

Ի վերջոյ, չմոռնանք, թէ՝ «Քրիստոս Իր անձը տուաւ մեզի համար, որպէսզի մեզ ազատէ մեր բոլոր անօրէնութիւններէն, եւ մեզ մաքրելով՝ Իր սեփական ժողովուրդը դարձնէ, բարի գործերու նախանձախնդիր» (Տիտ 2.14):

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

•շար. 11

18 սեպտեմբեր 2022, Վաղարշապատ

Չորեքշաբթի, Սեպտեմբեր 28, 2022