ԱԿՆԱՐԿ - 34 - ՄՏԱԾՈՒՄՆԵՐ ՍԱՐԳԻՍ ԶԷՅԹԼԵԱՆԷ

Ներկայ խռովայոյզ ու տագնապահար աշխարհին մէջ առանձնապէս, երբ Արեւելքն ու Արեւմուտքը, Հիւսիսն ու Հարաւը կ՚եռեւեփին հրաբխային քուրայի մը մէջ, երբ քաղաքական ու յեղափոխական աշխարհասասան խմորումներ ու վերիվայրումներ կը սպառնան հիմնովին վերափոխել ափրիկեան, ասիական, յատկապէս մերձարեւելեան ու փոքրասիական գօտիներու աշխարհագրական քարտէսը՝ քաղաքական ու ազգագրական բոլորովին նոր աշխարհի մը ձեւաւորումով, մեր բացակայութիւնը կրկին, պատմութեան բախտորոշ այս հանգրուանին, կազմակերպական տնտեսաարհեստագիտական, դիւանագիտական, քաղաքական կամ յեղափոխական եռեակ մակարդակներու վրայ, կրնայ ճակատագրական անդարմանելի հետեւանքներ ունենալ մեր ժողովուրդի ապագային համար:

Մենք վերստին ինկած ենք կարծես «թուղթէ շերեփ»ի ռազմավարական շրջապտոյտին մէջ, մեր ներկայութեան իբրեւ պատուանդան ու արժեւորում մեր մշակութային եւ շինարարական արժէքներն ու արժանիքները կամ մարտիրոսագրութիւնը (նորագոյն) միայն օրակարգի անցընել փորձելով, երբ վրայ գտնուող ժողովուրդներ կամ… ազգանախատիպեր, բնազդօրէն կամ այլապէս՝ աստիճանաբար իրենց ներկայութիւնը կը հաստատեն, պարտադրելու վրա՛յ են արդէն, միջազգային այժմու անողոք թոհուբոհին մէջ, անկախաբար իրենց անցեալ, ներկայ կամ գալիք փաստական թէ զօրութենական արժէքներէն ու արժանիքներէն:

Հիմնականը տիրական, ինքնապարտադիր ներկայութի՛ւնն է, այդ ներկայութեան հաստատո՛ւմն է, քաղաքական աշխարհի մէջ՝ յեղափոխական, մշակութային մակարդակի վրայ՝ մշակութային ներկայութեան կամ ինքնութեան ու կշիռի արժեցումը, իւրաքանչիւր մարզի մէջ համապատասխա՛ն ներուժութեամբ, ներգործականութեամբ, ձեռնհասութեամբ:

Որովհետեւ այս ձեւով միայն կարելի է պատրաստ ըլլալ եւ ընդունակ մնալ միշտ ոչ միայն մեր ներկայութիւնը պահելու եւ պարտադրելու, այլեւ յարգելու «ճակատագրի ժամադրութիւն»ը կամ «որսալու» փրկութեան պատմական բարեդէպ պահը:

Եթէ ոչ «երկաթէ շերեփ»ով անպայման, առնուազն պայքարի երկաթեայ վճռակամութեամբ, սխրանքո՛վ:

Հայ ժողովուրդի մարմնական անճիտումէն ետք, եթէ ազգային մեր ղեկավարութիւնը եւ հայ մտաւորականութիւնը թոյլ տան, որ անխուսափելի դառնայ նաեւ մեր «ոգեկան կորուստը», ողբերգութիւնը կրկնակի տարողութիւն պիտի ստանայ ի սփիւռս աշխարհի:

Լուծե՛լ ազգային դաստիարակութեան հարցը, ո՛չ միայն կրթական ընդհանրական ու ներդաշնակ քաղաքականութիւն ու գաղափարաբանութիւն մշակելով համագաղութային չափանիշով, այլեւ հետեւողականօրէն ու ձեռնհասօրէն կիրառելով կեանքի մէջ, կը նշանակէ առաջքը առնել ահա կրկնակի այս ողբերգութեան եւ հայութիւնը զրահել իր դարաւոր ինքնութեան լոյսով ու իր դարու ոգիով:

Լուծել ի գին ամէ՛ն բանի, այն հաստատ համոզումով, որ ակս ճակատի վրայ ներելի չէ եւ թոյլատրելի չէ պերճանքը ոչ մէկ վարանումի, ոչ մէկ ընկրկումի եւ… խնայողութեան:

Եւ չմոռնալ երբեք, ինչպէս պիտի ըսէր գերման ուրիշ մտածող մը՝ Հիլտերֆինկ, թէ «այն բոլորը, որ կը զոհէք դուք այսօր, ուրիշ բան չէ, բայց եթէ ապահովագրական կանխավճար մը միայն, զոր դուք ձեզի կ՚ընէք», ի հարկէ, մեր պարագային՝ հայ ժողովուրդի գոյատեւման ու ապագայի հաշուին:

Հայութեան ապահովագրութիւնը ազգային դաստիարակութեան տեսական ու գործնական հարցի լուծումն է ամենէն աւելի եւ այս մարզին մէջ, ինչպէս հանրային ամէն մարզի մէջ, ապառիկ ոչինչ չկայ, այլ ամէն ինչ… կանխավճարով է, հաւատքով, նուիրումով, զոհաբերութեամբ է միայն, հաւաքական մասնակցութեամբ ու ձեռնհասութեամբ:

Ժամանակին հետ քալելու ձիրքով: Դարուն տիրելու կամքով: Սեփական յարանորոգ շունչո՛վ:

Այլապէս, «մարմնական կորուստ»ի մեր կսկիծէն ետք, ուզենք թէ չուզենք, անխուսափելի պիտի դառնայ նաեւ մեր «ոգեկան կորուստ»ի Ողբերգութիւնը:

Քաղաքական մնայուն բարեկամութիւններ չկան եւ նուազագոյն ուժն իսկ յայտնագործած ազգեր շուտով հաշուի կ՚առնուին մեծապետական թէ շրջանային մրցակցութեանց յարափոփոխ դասաւորումներուն մէջ, կը գործածուին եւ կ՚օգտագործեն, վերջին հաշուով ներկայութիւն կը հաստատեն։

...

Այնքան ատեն որ գոյութիւն ունի սեփական իրաւունքին հաստատ համոզումը, անոր համար գերագոյն զոհաբերութեան իսկ պատրաստ գտնուելու յանձնառութիւնը, փաստօրէն ոչ մէկ արգելք կամ աննպաստ դասաւորում կրնայ տուեալ ժողովուրդը հեռու պահել ուժի իր աղբիւրները յայտնագործելու եւ առաւելագոյն մարտունակութեամբ գործածելու ընդունակութենէն։

Հետեւաբար, հայ ժողովուրդին համար, Հայրենիքի մէջ ապրի թէ արտերկրի տարածքին, հարցը կը վերադառնայ նոյն մեկնակէտին, որ ազգային ճակատագիրը սեփական ձեռքերով դարբնելու վճռականութիւնն է, հաւաքական ուժի կռուանները յայտնագործելու եւ զանոնք արդարագոյն դատի մը ի սպաս գործածելու ներքին հաւատքն է, ի՛նքնավստահութիւնը։

Անհրաժեշտ է պատմութենէն դասեր քաղել. մեր թիւին համապատասխան կշիռ ունենալու, ինչպէս նաեւ քաղաքական հզօրանք ձեռք բերելու համար, անհրաժեշտ է հրաժարիլ հատուածականութենէ եւ մանաւանդ մեր ուժերը ջլատող կրաւորականութենէն։ Փոխարէնը՝ մեր հայութեան խարիսխը ամրացնող հասարակաց իտէալներ, ազգային կազմակերպ կեանքը ամրացնող կարգապահութիւն եւ ամէն հատուածականութենէ վեր՝ հայութեան գերագոյն շահերուն ծառայելու հաւաքական կամքը պիտի կռանենք։

Ուրիշ լուծում չկայ։ Այս տեսակէտէն ո՛չ մէկ թերացում արդարացում ունի։ Ո՛չ մէկ թերացում կրնայ արդարացում ունենալ։

Պատմութեան բեմէն կ՚անհետին այն ժողովուրդները միայն, որոնք ի վիճակի չեն գիտակցօրէն մահը դիմագրաւելու, մինչեւ մահ մարտնչելու ի խնդիր իրենց ազատ ու անկախ գոյութեան: Նման վճռակամութիւն արտայայտել կրցող ազգերը չեն անհետիր պատմութենէն. կրնայ ըլլալ որ շատ կորուստներ տան, շատ զոհեր, սակայն կը վերականգնին, կը վերագտնեն իրենք զիրենք ու վերստին կը լծուին քաղաքակրթական կերտումի, շինարարութեան ու ստեղծագործութեան իրենց առաքելութեան:

Այդ ժողովուրդներէն է հայ ժողովուրդը եւ արդարօրէն կը հպարտանայ Մայիս 28-ով, Սարտարապատով, ու անոնց յաջորդող նոր կեանքով, նոր ու նորանոր ստեղծագործութիւններով ու նուաճումներով:

Սխալ է կարծել, թէ հայրենիքը հողի որեւէ տարածութիւն է, փոքր, միջակ կամ մեծ, որուն վրայ կարելի է ապրիլ պետական որոշ ապահովութեան տակ: Հայրենիքը հող է, այո՛, սակայն հայրենիք է անցնող դարերու պատմութեամբ, աւանդութիւններով, դարերով այնտեղ ապրուած կեանքով, հազարամեակներով, որոնք հողին վրայ ապրող ազգը շաղախած են ու նկարագիր, դիմագիծ տուած են անոր:

Հայրենիքը հող է նաեւ, որուն վրայ դեռ դարերով պիտի ապրին նորանոր սերունդները այդ ժողովուրդին, հազարամեակներով պիտի քրտինք ու արիւն թափենք այդ հողին վրայ, անոր տալու ու պահպանելու համար սեփական ազգային միաւորի հայրենիքի հարազատ նկարագիրը:

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Վաղարշապատ

Հինգշաբթի, Սեպտեմբեր 28, 2023