ԴԱՄԲԱՆԻ ՄՐՈՒՐ

«Թա­ղուած մնաց իմ ա­չե­րում մի ան­հուն
Կա­պու­տա­չեայ եր­ջան­կու­թեան ա­ռաս­պել»

Ե. ՉԱ­ՐԵՆՑ

Մեր ամ­բողջ պատ­մու­թիւ­նը վեր­ջին հա­զա­րա­մեա­կին, ըլ­լա­լով ար­տա­քին փո­թոր­կոտ ու ան­հա­մե­մատ ու­ժե­րու են­թա­կայ, ողբ ու տա­ռա­պանք է ե­ղած, ու իբ­րեւ շնչա­ռու­թեան ա­ռիթ՝ ելք մը գտնե­լու, ձեր­բա­զա­տուե­լու առ­կայ ի­րա­վի­ճա­կէն, ո­րոնք ան­շուշտ դա­րե­րու ըն­թաց­քին ի­րենց դրոշ­մը ու­նե­ցած են մեր կեն­ցա­ղա­յին մտա­ծո­ղու­թեան, ա­րե­ւե­լում­նե­րուն եւ զա­նա­զան այ­լոց... ու հա­սած ենք տեղ մը, երբ հա­մա­տեղ մտա­ծող ու բա­նաս­տեղծ Յովհաննէս Թու­մա­նեան գրած է «Ներ­սից ենք փճա­ցած», ու­րեմն՝ պէտք է բու­ժումն ալ կա­տա­րուի ներ­սէն, ինք­նաքն­նու­թեամբ, ինք­նա­նո­րոգ­մամբ, վերջ ի վեր­ջոյ հաս­նե­լու ինք­նա­կեր­տու­մի...

Ա­րե­ւե­լա­հա­յաս­տա­նի ափ մը հո­ղի վրայ՝ Ան­կա­խու­թիւն, ո­րը մա­րե­ցաւ հա­զիւ ժպտիլ սոր­ված: Ա­պա, խորհր­դայ­նա­ցում եւ եօ­թա­նա­սուն տա­րի­նե­րու տաքն ու պա­ղը, բայց վեր­ջին հա­շուով ա­ճող ու ուռ­ճա­ցող, «հա­սակ ա­ռած այր մի պար­թեւ» Հա­յաս­տան մը, խորհր­դա­յին կազ­մին մէջ, ո­րը երբ լու­ծուե­ցաւ, դար­ձեա՛լ Ան­կա­խու­թիւն ու Ար­ցա­խեան պա­տե­րազմ եւ յաղ­թա­նակ...:

«ՔՍԱՆ­ՄԷ­ԿԵ­ՐՈՐԴ ԴԱ­ՐԸ ՄԵ՛ՐՆ Է ԼԻ­ՆԵ­ԼՈՒ»,- հնչեց հե­րո­սի­ն ձայ­նը­, որ ու­րի­շի­նը չէր, այլ՝ Ազ­գա­յին հե­րո­ս Վազ­գէն Սարգ­սե­ա­նին:

Եւ սա­կայն...

Ին­ծի հա­մար Հո­կտե­մբեր 27-ը ութ մո­մեր վա­ռե­լու օրն է՝ իբ­րեւ յի­շա­տակ այն սպան­դի­ն, որ կա­տա­րուե­ցաւ Ազ­գա­յին տան մէջ:

Նա­յի­րի Յու­նա­նեան (ՀՄԸՄ-ա­կան, խմբա­պե­տը հինգ հո­գի­նո­ց բ­ջի­ջի­) Ազ­գա­յին տու­նը վե­րա­ծեց Ազ­գա­յին Սպան­դա­նո­ցի­, ուր շու­տո­վ փու­թաց Ան­կախ Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տու­թե­ան նա­խա­գա­հը, («հզօր հրե­տա­նի, ղա­րա­բաղ­ցի մօր զա­ւակ, մե­ծա­յարգ հայ­րե­նի­քի նա­խա­գահ Պր. Ռո­պե­րթ Քո­չա­րեան» Պ. Աղ­պա­պե­ան), ինչ որ գլուխ գլխի խօ­սակ­ցու­թե­նէ ետք, խում­բը ա­ռաջ­նո­րդուե­ցաւ վայր, իսկ ան­կէ ետք, նա­խա­գա­հը դար­ձաւ միա­հե­ծան իշ­խա­նու­թի­ւնը նո­րան­կախ Հա­յաս­տա­նի­ն...

(Ինչ որ ան­մո­ռա­նա­լի­օ­րէ­ն դ­րոշ­մուած է մտքի­ս մէջ, իր ըն­կե­րա­սի­րու­թե­ամբ, Մոս­կուա­յէն ժա­մա­նած Ռու­սաս­տա­նի Հան­րա­պե­տու­թե­ան նա­խա­գահ Վլա­տի­միր Փու­թի­նի­ն, ինչ­պէ­ս նաե­ւ յու­ղար­կա­ւո­րնե­րու խում­բի՝ դա­գաղ­նե­րու առ­ջե­ւէ­ն «Ղա­րա­բաղ­ցի մօր զա­ւակ»ի տո­ղանցքն է­ր, օ­րօ­րուե­լո­վ­-օ­րօ­րուե­լո­վ ու ձեռ­քի­ն վարդ մը ճօ­ճե­լո­վ...):

Մարդ­կա­յի­ն բ­նա­ւո­րու­թե­ան մէ­կ յատ­կա­նի­շն ալ յան­ցան­քը վե­րագ­րելն է այ­լոց, եւ սա­կայն այս կէ­տը կը խոր­հի­մ, թէ մեր մէջ ա­ռա­ւե­լա­գոյնս ար­մա­տա­ցած է, ո­րուն դար­մա­նը ինք­նա­մաք­րու­թի­ւնն է, ա­ռա­ւե­լ՝ խի­զա­խու­թի­ւն եւ ա­ռար­կա­յա­կան ը­լլա­լը, ըն­դու­նի­լ պա­տաս­խա­նա­տուու­թի­ւնը պա­տա­հա­րի­ն, իբ­րեւ բա­նա­կան է­ակ, բարձ­րա­նա­լով բնազ­դա­յի­նէ­ն, լոկ կեն­դա­նա­կան, ը­սե­լու ինչ որ ինք կը մտա­ծէ­, կ՚ապ­րի, ե­թէ նոյ­նի­սկ կա­խա­ղա­նի թո­կը օ­րօ­րուի աչ­քե­րուն առ­ջեւ... օ­րի­նակ­ներ ու­նի­նք ան­շուշտ:

«ՔՍԱՆ­ՄԷ­ԿԵ­ՐՈՐԴ ԴԱ­ՐԸ ՄԵ՛ՐՆ Է ԼԻ­ՆԵ­ԼՈՒ…»

Ար­դեօք միտ­քէն կ՚անց­նէ՞ր, թէ կրնայ պա­տա­հիլ ինչ որ պա­տա­հե­ցաւ:

Հե­րոսն­ե­րը կ­­ը տա­պա­լին, Կ՚ԱՆ­ՄԱ­ՀԱ­ՆԱՆ...

Ու­թը մո­մեր, եւ... խուն­կի ծ­­փանք:

ՍԱՐԳԻՍ ՓՈՇՕՂԼԵԱՆ

«Զարթօնք», Լիբանան

 

Ուրբաթ, Հոկտեմբեր 28, 2016