ԺԱՄԱՆԱԿ ՕՐԱԹԵՐԹԸ 115 ՏԱՐԵԿԱՆ

ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթը նահապետական ընթացքը կը շարունակէ՝ թեւակոխելով իր գործունէութեան 115-րդ տարին:

Գրելն ու խօսիլը դիւրին են այս մասին, բայց պահ մը միայն եթէ մտաբերենք այն պայմանները, որոնցմէ անցնելով լոյս աշխարհ կու գան հայերէն թերթերն ու պարբերականները, ապա վստահ եմ, թէ շատեր իրենց գլխարկները հանելով իրենց գլուխները պիտի խոնարհեցնեն այդ անծանօթ եւ անյայտ նուիրեալներուն տարած աշխատանքին ի յարգանք:

Այսօր շատ երկար պիտի չգրեմ, որովհետեւ կարճ ժամանակ մը առաջ թերթիս խմբագիրին՝ Արա Գօչունեանին հրաւէրով եղայ Պոլիս կարճ ժամանակուան մը համար եւ առիթ ունեցայ ըլլալու թերթիս խմբագրատունէն ներս եւ մօտէն ծանօթանալու աշխատանքին: Ի տես այդ աշխատանքին մատներս դժուարութեամբ կը սահին ստեղնաշարին վրայ որեւէ մէկ բան արձանագրելու համար:

Արդարեւ, ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթը արժան եւ իրաւ կերպով կնքուած է՝ որպէս հայ մամուլի ՆԱՀԱՊԵՏ եւ իրապէս ալ այդպիսին է, որովհետեւ երբ ընթերցողը ականատես դառնայ այն համեստ պայմաններուն եւ համեստագոյն ու ազնուագոյն աշխատակիցներուն նուիրումին եւ ներդրած ջանքերուն, ապա վստահ եմ, թէ շատերը տարբեր մօտեցում պիտի որդեգրեն ԺԱՄԱՆԱԿ-ի նկատմամբ:

Թերթիս 115-ամեայ յաղթական ընթացքը սոսկ անձերու վերագրելը արդար պիտի չըլլար, որովհետեւ թերթ մը, այն ալ՝ օրաթերթ մը, արդիւնքն է հաւաքական աշխատանքի, առանց որուն կարելի պիտի չըլլար պատկերացնել թերթի մը, այս պարագային՝ ԺԱՄԱՆԱԿ-ի այս երկար ու տանջալից ընթացքը: Սակայն, անձերը թերթիս տարբեր ժամանակաշրջաններու ընթացքին ունեցած են իրենց իւրայատուկ դերակատարութիւնն ու նպաստը՝ ապահովելու թերթիս գոյատեւումը: Յարգանքի եւ երախտիքի տուրք մատուցելով թերթիս անցեալի տիտաններուն, այստեղ յատուկ կերպով կը յիշատակեմ մայր ու որդի Գօչունեաններ՝ տիկին Նատիան եւ Արան, որոնք անցնող շուրջ քառասուն տարիներուն յաջողութեամբ կրցած են ԺԱՄԱՆԱԿ-ի ղեկը ղայիմ պահել ու ապահովել հայ մամուլի նահապետին նաւարկութիւնը դէպի նոր արշալոյսներ: Իրենց կողքին կարելի չէ չյիշել նաեւ պրն. Սարգիսը, որ հակառակ կեանքին բերած դժուարութիւններուն, կը շարունակէ սատար հանդիսանալ թերթի աշխատանքներուն՝ իր լուման արժանի կերպով նետելով ԺԱՄԱՆԱԿ-ի գանձանակին մէջ:

Սիրելի՛ ընթերցող, ամէն օր երբ ԺԱՄԱՆԱԿ-ը ձեռք կ՚առնես եւ կամ համակարգիչիդ ու հեռախօսիդ մակերեսին վրայէն կը կարդաս ԺԱՄԱՆԱԿ-ը, պահ մը մտածէ, թէ դուն սա պահուս ի՜նչ դիւրութեամբ կը թերթատես թերթին էջերը, այդ թերթը տաժանակիր եւ պարտաճանաչութեան ու անձնուիրութեան շնորհիւ է, որ ամէն օր լոյս աշխարհ կու գայ՝ յագուրդ տալով իր ընթերցողներուն ընթերցանութեան պապակին:

Ֆիզիքական, մտաւոր եւ այլ դժուարութիւններու կողքին կայ սակայն մէկ այլ դժուարութիւն՝ նիւթական, որ իր ազդեցութեամբ շատ աւելի կը մաշեցնէ թերթիս պահապան հրեշտակները՝ քան միւս դժուարութիւնները: Թագաժահրի պատճառած տնտեսական դժուար պայմանները, առանձնաբար երկիրներու դիմագրաւած տնտեսական եւ կեանքի պայմաններու բարդութիւնները ձգած են իրենց զգալի հետեւանքը բոլորիս վրայ, այս պարագային նաեւ ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթին վրայ: Անցեալ տարի մեր խմբագիրը հանգամանօրէն ներկայացուցած էր թերթիս դիմագրաւած դժուարութիւնները եւ յարատեւելու՝ գոյութիւնը շարունակելուն դէմ ցցուած լուրջ եւ ծանրակշիռ վտանգները: Յարգանք բոլոր անոնց, որոնք անցնող մէկ տարուան ընթացքին իրենց գրութիւններով, քաջալերական խօսքերով եւ օժանդակութիւններով ապահովեցին ԺԱՄԱՆԱԿ-ի նաւարկութիւնը:

Այդ դժուարութիւններն ու վտանգները տակաւին չեն վերացած եւ տակաւին կը շարունակեն մթագնել օրաթերթիս նաւարկութեան ընթացքը, սակայն հաւատացողն ենք, որ հայ մամուլի դերին ու անհրաժեշտութեան համոզուած անհատներ պիտի շարունակեն սատար հանդիսանալ թերթիս գոյատեւման աշխատանքներուն, որպէսզի կարելի ըլլալ Նահապետին ընթացքը ապահովել դէպի նոր արշալոյսներ: Այստեղ, թերթիս խմբագիրին ներողամտութիւնը հայցելով, առաջարկ մը պիտի ներկայացնեմ մեր սիրելի ընթերցողներուն, որպէսզի իւրաքանչիւրս իր հնարաւորութեան սահմաններուն մէջ օժանդակէ ԺԱՄԱՆԱԿ-ի լոյս աշխարհ գալուն, որովհետեւ ԺԱՄԱՆԱԿ զինք կարդացող իւրաքանչիւր հայ անհատի սեփականութիւնն է եւ որպէս այդպիսին իւրաքանչիւրս պարտաւորութիւն պէտք է զգանք զայն պահելու, խնամելու եւ գուրգուրալու անոր վրայ: Առաջարկը հետեւեալն է. իւրաքանչիւր ընթերցող ԺԱՄԱՆԱԿ-ի այս նոր արշալոյսի հանգրուանին որոշում կայացնէ ամսական իր ռոճիկէն չնչին գումար մը յատկացնել ԺԱՄԱՆԱԿ-ին (ըսենք ամսական հինգ կամ տաս ամերիկեան տոլար. գումարը ամիս առ ամիս կարելի է հաւաքել եւ տարեկան դրութեամբ փոխանցել թերթին), այդպէսով իր մասնակցութիւնը բերելով հայ մամուլի նահապետին նաւարկութեան ընթացքին՝ դէպի նոր արշալոյսներ: Գումարի չափը խորհրդանշական է, որովհետեւ այս առաջարկին նպատակը ո՛չ թէ գումար հաւաքելն է, այլ կարեւորելը տարուած տիտանական աշխատանքը՝ հայ գիրի ու դպրութեան անդաստանէն ներս:

Աւարտելով, կը մնայ բարի երթ մաղթել մեր սիրելի ու համակրելի ԺԱՄԱՆԱԿ-ին՝ յուսալով, թէ տակաւին բազմաթիւ նոր արշալոյներու ականատեսն ու վկան կը դառնանք ապագային:

Երթդ բարի, ընթացքդ անխափան ԺԱՄԱՆԱԿ արի:

*

Ծ.Խ.- Այս յօդուածի հեղինակին առաջարկը թերթիս վարչութեան նախաձեռնութիւնը չէ ու ներկայացուած է պարզապէս որպէս մտայղացում՝ առաջին հերթին հասցէագրուած ըլլալով մեր այն ընթերցողներուն, որոնք երկար տարիներէ ի վեր առցանց միջոցներով ԺԱՄԱՆԱԿ-ին կը հետեւին բոլորովին անվճար։

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

25 հոկտեմբեր 2022, Վաղարշապատ

Ուրբաթ, Հոկտեմբեր 28, 2022