ԲԱՐԵԳՈՐԾՈՒԹԻՒՆԸ ՈՂՋ Է ԵՒ ԳՈՐԾՕՆ

«Ա­մե­րի­կեան բար­քեր»ու խո­րագ­ր­ին տակ՝ յօ­դուածներս յա­ճախ կ՚­­ըլ­լան բա­ցա­սա­կան, որ­ովհ­ետ­եւ ա­նոնք խո­տոր կը համ­ե­մա­տին մեր ա­ւան­դա­կան սո­վո­ր­ու­թիւնն­եր­ուն եւ ըմբռ­նումն­եր­ուն հետ։

Ա­սոր հետ միա­տեղ, պէտք չէ մոռ­նանք եր­բեք, որ ա­մեր­իկ­եան կեն­ցա­ղին մէջ կան դրա­կան բար­քեր եւս, որ­ոնք պէտք է եր­ե­ւան գան եւ ար­ժա­նա­նան մեր գնա­հա­տան­քին։

Այս­պէս, հե­ռա­տես­իլ­ի կա­տա­կեր­գակ (talk show host) Ճէյ Լէն­օ, որ հնաձ­եւ (antique) ինք­նա­շարժն­եր­ու սի­րա­հար է եւ ուն­ի 150-է ա­ւել­ի հին եւ նոր ինք­նա­շարժն­եր­ու հա­ւա­քած­ոյ մը, նու­իր­ուած է օգն­ել­ու պատ­ե­րազմ­էն վի­րա­ւոր վե­րա­դար­ձած զ­­ին­ու­որն­եր­ուն։

Ան քա­նիցս գա­ցած է Ի­րաք եւ Աֆղա­նիս­տան, իր կա­տակ­ներ­ով զուար­ճաց­­նել­ու բա­նա­կա­յինն­եր, որ­ոնք վասն հայ­րեն­եաց գա­ցած են հոն՝ ծա­ռա­յել­ով ա­մեր­իկ­եան բա­նակ­ին։ Մենք շատ լաւ գիտ­ենք,որ դժբախ­տա­բար ա­նոնցմ­է շատ­եր­ու ան­շունչ մարմ­ինն­եր­ը վե­րա­դար­ձած են Ա­մեր­ի­կայ, թաղ­ու­ել­ու մայ­րա­քա­ղաք Ո­ւա­շինկթ­ըն­ի ազ­գա­յին գեր­եզ­մա­նա­տան մ­­էջ։ Իսկ ուր­իշն­եր ալ՝ վի­րա­ւոր­ու­ել­ով՝ վե­րա­դար­ձած են տուն՝ բուժու­ել­ու հա­մար։

Ճ­­էյ Լէն­օ վերջ­երս սկսած է այ­ցել­ել Մեր­իլ­ընտ նա­հան­գի Walter Reed զի­նուո­րա­կան հ­­ի­ւան­դա­նոց­ը եւ սփո­փել պա­տե­րազմ­ի ճա­կա­տէն վե­րա­դար­ձած վի­րաւ­որ զ­­ին­ու­որն­եր­ը։ Ան ն­­ոյն­իսկ սկսած է այ­ցել­ել վի­րա­հատ­ութ­եան են­թար­կուած զ­­ին­ու­որն­եր­ուն, որ­ոնք ա­պաք­ի­նած ու վե­րա­դար­ձած են տուն՝ բուժ­ման անհ­րաժ­եշտ շրջան մը բո­լո­րե­լու հա­մար։

­Ու­շագ­րաւ է վի­րա­ւոր այդ զի­նուոր­ներ­էն երկ­ուք­ին հետ Ճէյ Լէն­ոյ­ի մշա­կած ս­­երտ յա­րա­բեր­ութ­իւն­ը, զոր կ՚ուզ­եմ բաժ­նել մեր ըն­թեր­ցող­նե­րուն հետ։

Ա­նոնցմ­է տաս­նա­պետ Իթհ­ըն Լապ­ըրժ, Աֆ­ղան­իս­տան ծա­ռա­յած շրջա­նին, են­թար­կուած է ռմբա­ձիգ անձ­նաս­պա­նի մը (suicide bomber) ար­կած­ին, որ­ուն հետե­ւան­քով վի­րա­ւոր­ուած է, իսկ իր անձ­նա­կազմ­էն երկ­ու հոգ­ի տեղւ­ոյն վրայ մա­հա­ցած են։

Ճէյ Լէն­օ գա­ցած է վեր­ոյ­իշ­եալ տասնապ­ետին բնա­կա­րան­ը եւ զ­­ինք հրաւի­րած է իր ինք­նա­շարժ­ով պտըտել­ու։ Բա­ւա­կան ժա­մա­նակ ե­տք՝ Լէ­նօ տաս­նապե­տի­ն յանձ­նած է ղե­կը եւ ա­ռա­ջար­կած, որ ինք վա­րէ ինք­նա­շար­ժը եւ ըն­թա­նայ դէ­պի իր բնա­կա­րա­նի­ն ուղ­ղու­թե­ամբ։

Հաս­նե­լէ ետք, Լէ­նօ ի­ջած է ինք­նա­շարժէն եւ բա­նա­լի­նե­րը յանձ­նած Լա­պըր­ժին՝ ը­սե­լո­վ, թէ ինք­նա­շար­ժը կը պատ­կա­նի ի­րե­ն։ Ի­ ՜նչ մեծ ա­նակն­կալ եւ ի՜նչ ուր­ա­խու­թիւն­՝ ի տես այս անս­պա­սե­լի ա­զնիւ ա­րար­քին… Ինք­նա­շար­ժը 2015-ի Dodge SRT Helleat էր։

Ու­րիշ ա­ռի­թով մը, Ճէյ Լէ­նօ ա­յցե­լած է զի­նուո­րա­կան վե­րո­յի­շեալ հի­ւան­դա­նո­ցը ե­ւ հան­դի­պա­ծ ոտք­ի վի­րա­հա­տու­թ­եան ենթ­ար­կուած Սթե­ֆը­նի Մո­րի­սի­ն, որ դար­ձեալ վի­րա­ւո­րուա­ծ էր Աֆ­ղա­նիստ­ա­նի մէջ։

Սթե­ֆը­նի ա­րուեստ­ա­կան ոտք ստա- նա­լով տուն վե­րա­դառ­նա­լէն ետք՝ Լէ­նօ դ­­ար­ձեալ այ­ցե­լած է ե­ւ զինք հրա­ւի­րած, որ իր ինք­նա­շար­ժով քիչ մը պտըտին։ Հե­տե­ւե­ա­լը՝ վե­րո­յի­շեալ պատ­մու­թեան կրկնու­թիւն­ն է, ի բաց ա­ռեալ այն տար­բե­րութ­եամբ, որ այս ինք­նա­շար­ժը օժ-տըւած էր մէկ ոտ­քով վա­րե­լու յար­մա­րու­թեամբ։

Ու­րեմն­, ինք­նա­շար­ժը ն­­ախ ինք վա­րե­լէ ե­տք՝ հ­րա­ւի­րա­ծ է Ս­­թե­ֆը­նի­ն, որ ստանձ­նէ ղ­­ե­կը ե­ւ ա­պա ա­ռաջ­նորդ­է զի­րե­նք իր բնա­կա­րա­նը։ Տուն հաս­նե­լէ ետք, Լէ­նօ ի­ջած է ինք­նա­շար­ժէն եւ բա­նա­լի­նե­րը յանձ­նած Սթեֆը­նիին՝ ը­սե­լով, որ շնոր­հա­ւոր ըլ­լայ իր նոր 2017-ի Fiat 124 Spider Abarth ին­քա­շար­ժը…

Զի­նուոր­նե­րը յար­գե­լու եւ ա­նոնց բարո­յա­կան զգա­ցում­նե­րը (moral) բարձր պա­հե­լու լա­ւա­գոյն ա­րարքն է այս, որ ի­ձի՜ւ թէ վա­րա­կիչ ըլ­լար ու հա­մա­տա­րած։ Պա­տիւս ար­ժա­նա­ւո­րաց!

ԳԷՈՐԳ ՔԷՕՇԿԷՐԵԱՆ

«Զարթօնք», Լիբանան

Երկուշաբթի, Նոյեմբեր 28, 2016