ԱՐԴԱՐՈՒԹԻՒՆԸ՝ ՄԵՐ ԿԵԱՆՔԻ ՈՒՂԵՑՈՅՑԸ
«Ինչպէս որ ժամանակ մը ձեր մարմինները անօրէնութեան տուած՝ պղծութեան եւ անօրէնութեան կը ծառայէիք, այնպէս ալ հիմա սրբութեան տուէք ձեր մարմինները եւ արդարութեան ծառայեցէք» (Հռ 6.19)։
Գերագոյն բաղձանքը, զոր իւրաքանչիւր հաւատացող եւ մանաւանդ խորունկ հաւատացող անհատ կ՚ունենայ, այն է՝ տիրանալ սրտի սրբութեան եւ արդարութեան հաստատման։ Պօղոս առաքեալ իր ձեռնասուններուն՝ նորաբողբողջ քրիստոնեաներուն կոչ կ՚ուղղէ արդարութեան եւ սրբութեան ձգտիլ՝ աստուածային սիրով ջերմացնելու իրենց հոգին, վանելու իրենց սրտերէն ամէն չար մտածում, թշնամանք եւ սրտի կատարեալ մաքրութեամբ, անկեղծ հաւատքով ու աղօթքով նուիրուելու երկնաւոր Հօր Աստուծոյ։
«Սրբութեան տուէք ձեր մարմինները եւ արդարութեան ծառայեցէք»արտայայտութեամբ կը հասկնանք մարդկային սրտի, հոգիի եւ մտքի այն մաքրագոյն եւ պարզագոյն վիճակը, որ վիճակն է երկրաւոր բիծերէ եւ ախտերէ զերծ մարդուն, առաջին մարդուն, որ աստուածային արարչագործ մատներուն դրոշմը կը կրէր իր վրայ, իսկ իր ներսիդին՝ անապակ աղբիւրներու վճիտ հայելին, որուն մէջ կը ցոլանար Աստուծոյ պատկերը, աստուածային նմանութիւնը։
Ըստ Արեւելեան Եկեղեցիներու աստուածաբանական մտածողութեան, մարդը իր անկումին հետեւանքով չկորնսցուց կամ իր մէջ չջնջեց պատկերը աստուածային այդ նմանութեան։ Թէեւ մեղքին պատճառով այս պատկերը հետզհետէ աղօտացաւ եւ ծածկուեցաւ, սակայն մեզի՝ մարդ արարածիս մնացին մաքրուելու, մեր նախկին վիճակին դառնալու հնարաւորութիւնը, սրբութեան տաճարի վերածելու մեր մարմինները եւ արդարութեան ձայնը հանդիսանալու ամէնուր։ Եւ Քրիստոս իր քարոզութեանց ընթացքին ջանաց մարդոց գիտակցութիւնը արթնցել՝ ցոյց տալով այդ հնարաւորութիւնները որպէս փրկութեան միջոց եւ առիթ։
Պօղոս առաքեալի խօսքը այսօր մեր մտապատկերին առջեւ կը պատկերէ գլխաւորաբար երկու կէտեր.
Ա) Արդարութիւնը՝ մեր կեանքի ուղեցոյցը. Մերօրեայ խաւարակուռ կեանքին մէջ իսկ դժբախտաբար կան բազում մարդիկ, որոնք զարմանալի ու անհանդուրժելի հակասութեամբ խաւարը աւելի կը սիրեն քան Լոյսը, եւ փոխանակ Աստուծոյ որդիներ ըլլալու՝ կը յամառին ըլլալ սատանայի եւ խաւարի որդիներ։ Կը նախընտրեն չարիքը՝ բարիքէն, նախանձն ու ատելութիւնը՝ սէր ու խաղաղութենէն, նիւթապաշտութիւնը՝ գաղափարապաշտութենէն, նիւթական ու մարմնական նուաստ հաճոյքները՝ բարոյական եւ հոգեկան վսեմ արժէքներէն, բիրտ ուժը՝ զոհողութենէն եւ իրաւախոհութենէն, անիրաւութիւնը՝ արդարութենէն, աշխարհապաշտութիւնը՝ աստուածպաշտութենէն։
Ճշմարիտ քրիստոնեան եւ հաւասարակշռուած մարդը, արդարութեան հետամուտ եղողն ու ձգտողը, լոյսը իր մէջ առընողը չի կրնար զայն իր մէջ խաւարեցնել, ոչ ալ իր շրջապատի խաւարին դիմաց կրնայ անտարբեր մնալ։ Ճշմարտութիւնը ճանչցողը եւ ընդունողը չի կրնար անոր ձայնը իր մէջ լռեցնել, ոչ ալ կրնայ ստութիւնը հանդուրժել։ Աստուածային իմաստութեան ակէն ըմպողը չի կրնար զայն իր մէջ փակել եւ ամլացնել ու թաղել, ոչ ալ կրնայ իմաստութեան ծարաւ հոգիներուն ի տես չաղբիւրանալ եւ չբաշխել առատօրէն։
Արդարութիւնը քրիստոնեայ անհատին զէնքն է եւ առհաւատչեան։ Արդարութիւնը միջոց է չարիքը խափանելու, կեղծիքը բացայայտելու, անօրէնութիւնը ոտնակոխելու եւ ճշմարտութիւնը հաստատելու, աստուածային մեր պատկերը վերապայծառացնելու ու վերականգնելու։ Քրիստոս կ՚ըսէ. «Ճշմարտութիւնը պիտի ճանչնաք եւ ճշմարտութիւնը ձեզ պիտի ազատէ» (Յհ 8.32)։
Բ) Քրիստոս Ի՛նքն է արդարութեան ձայնը եւ ճշմարիտ լոյսը. Կեանքի անպապատն ու ծովը լեցուն են վայրի գազաններով ու անտեսանելի սողուններով։ Հո՛ն է Սատանան իր ծուղակներով ու հրապուրիչ երեւոյթներով։ Հո՛ն են անարդարութեան մարմնացումները եւ կեղեքիչները։ Առանց Քրիստոսի չե՛նք կրնար յաղթանակ տանիլ անոնց դէմ։ Պէտք ունինք Քրիստոս-Սիւնին, որպէսզի իրեն վրայ յենուինք, իրմով զօրանանք, իրմով ու դէպի իրեն առաջնորդուինք։ Չարին կողմէ նիւթուած չարաբնոյթ ծրագիրները միայն Քրիստոս-Լոյսին դիմա՛ց կը խափանուին, եւ Աստուծոյ փառաւոր ու փառաւորիչ լոյսը պայծառօրէն հանդէս կու գայ։
Մենք չենք երթար Քրիստոսի, որպէսզի անկէ լոյս առնենք, այլ որպէսզի՝ զայն ընդունինք մեր կեանքերուն մէջ իբրեւ լոյս։ Ան ո՛չ միայն մեր հոգիները լուսաւորող է, այլեւ լոյսն է մեր հոգիներուն։ Քրիստոս-Լոյսն է, որ արդարութեան ճամբան կը ցուցնէ։ Քրիստոս-Լոյսն է, որ ճշմարտութիւնը երեւան կը բերէ։ Առանց Քրիստոս-Լոյսին ճշմարտութիւնը ծածկուած կը մնայ մեզմէ։ Քրիստո՛ս է ճշմարտութիւնը, եւ հետեւաբար, Քրիստոսէ հեռացողը ճշմարտութենէն է որ հեռացած կ՚ըլլայ։
Աւելի՛ն. մարդիկ առհասարակ իրենց գլորումին եւ դժբախտութեան պատճառը իրենց անձերէն դուրս կը փնտռեն։ Ծառի մը տապալումին պատճառը երբեք ծառէն դուրս պէտք չէ փնտռել։ Ծառը կրնայ տապալիլ միայն ա՛յն ատեն, երբ իր ներսիդին որդ ունի։ Երբ որդը ծառէն դուրս հանուի՝ ծառը իր առողջութիւնը կը վերագտնէ։ Քննե՛նք մեր անձերը։ Մենք ալ չունի՞նք մեր ներսիդին որդեր, որոնցմէ պէտք է ձերբազատինք, որպէսզի անոնք մեզ չտապալեն։ Հարկաւ նիւթական որդին մասին չէ խօսքը։ Նախանձի ու ատելութեան որդը, անարդարութեան եւ մեխմեխանքի որդը, անհանդուրժողութեան ու աններողամտութեան որդը շատ աւելի գէշ է քան իսկական որդը։ Իսկական որդը դեղով կարելի է ծառէն դուրս բերել, բայց նախանձի ու ատելութեան որդէն ձերբազատիլը՝ անկեղծ ապաշխարութեան առատ արցունք կը պահանջէ։
Սիրելի՛ ընթերցող, որպէսզի կարենանք ճշմարտութեան եւ արդարութեան համար քաջութեամբ ոտքի կանգնիլ, բացարձակ պայման է նորոգուած ըլլալ Քրիստոսի խաչով։ Քրիստոս ի՛նքն է որ մեր մէջ ապրելով՝ զօրութիւն կու տայ մեզի բարձրաղաղակ յայտարարելու ճշմարտութիւնը։ «Ե՛ս եմ ճշմարտութիւնը»յայտարարող աստուածորդին սուտ չի խօսիր։ Ի՛նք իսկ կը վկայէ՝ ըսելով. «Ես՝ Տէրս՝ արդարութիւն կը խօսիմ եւ ճշմարիտ բաներ կը յայտնեմ» (Ես 45.19)։ Հաւատանք Իր խօսքերուն եւ կանչենք զԻնք։ «Տէրը մօտ է այն ամէնուն… որ ճշմարտութեամբ զինք կը կանչեն» (Սղ 145.18)։ Հետեւաբար, եթէ կողմնակից ենք ճշմարտութեան՝ պէտք է ընդառաջենք Իր հրաւէրին, որովհետեւ Ի՛նք ըսաւ. «Ով որ կողմնակից է ճշմարտութեան՝ անիկա իմ խօսքս կը լսէ» (Յհ 18.37)։ Չվախնանք կողմնակից ըլլալու ճշմարտութեան եւ արդարութեան։
Այսօր, հայ կեանքը պէտք ունի ճշմարիտ արդարութեան եւ նորոգութեան, եւ ատոր համար համար պէտք ունի ճշմարիտ յեղափոխականներու։ Պէտք ունի լոյսին ու ճշմարտութեան աշակերտած եւ հաւատացած ընտրեալներու, որոնք կարենան ընդարմացած հայ միտքը վերստին արթնցնել եւ լուսաւորել, կեղծիքին եւ անարդարութեան դէմ պայքարիլ, որոնք կարենան ժամանակի ոգին ճշմարտապէս, արդարախօս լեզուով թարգմանել ամէնօրեայ մեր կեանքին մէջ, այլ կեանքը նորովի յեղաշրջելու, յեղափոխելու, նոր ժամանակին համապատասխան նոր՝ բայց ճշմարի՛տ դիմագիծ մը տալու անոր, եւ շաղախիչ նոր ու հզօր հրաշքով մը վերստին միաւորելու հայութեան կոտորակեալ հատուածները։
ԱԼԵՔՍ ՍՐԿ. ԳԱԼԱՅՃԵԱՆ