«ՀԱԼԷՊԻ ԴԷՄՔԵՐՆ ՈՒ ՀԻՆ ԹԱՂԵՐԸ ՄԻՇՏ ՆԵՐԿԱՅ՝ ՆԿԱՐՆԵՐՈՒՍ ՄԷՋ»
Գէորգ Մուրատի անունը լսած պիտի չըլլայի, եթէ «Ազատութիւն» ռատիոկայանի մշակութային բաժինը կարճ նիւթ մը պատրաստած չըլլար արմատներով գամիշլիցի եւ Հալէպ ծնած հայ տաղանդաւոր նկարիչին մասին։ Գէորգն ու իր երաժիշտ գործընկերը՝ Քինան Ազմին նպատակ ունենալով օգնել սուրիացի փախստականներուն՝ «Տուները մեր մէջ» խորագրով նախագիծի մը ձեռնարկած էին։ Երաժշտական կտորով մը զուգորդուող ներկայացման ընթացքին Գէորգ բեմին վրայ ներկայացնելով նիւթին համահունչ նկարներ կը պատրաստէ ու ձայնային եւ լուսաւորման յատուկ մթնոլորտով մը այդ պատկերները ժողովուրդին կը մատուցէ։ Գէորգի համար դարասկիզբին իր նախնիներուն եւ այսօր Հալէպի բնակիչներուն պատահած դէպքերը նոյն բովանդակութիւնը ունին։ Ըստ իրեն, ամենակարեւորը այն է, որ փախստականի կամ գաղթականի ոգին անկոտրում է։
Միջազգային շուրջ եօթանասուն բեմերու վրայ հանրութեան ներկայացուած արուեստի եւ երաժշտութեան բարձրամակարդակ այս մատուցման շնորհիւ, Գէորգ եւ իր համախոհները փորձած են աւելի «տանելի» դարձնել գաղթականներու կեանքը։
Այս բոլորին մէջ հետաքրքրական ու գօտեպնդողը այն է, որ չքաւոր ընտանիքի մը յարկին տակ իր աչքերը բացած Գէորգ անկոտրում կամքին շնորհիւ, հասած է նպատակին ու այսօր Միացեալ Նահանգներու մէջ ունի իր ուրոյն եւ յարգուած տեղը։
Մնացեալը հարցազրոյցին մէջ։
-Ծնած էք Սուրիա, ինչպիսի՞ մանկութիւն անցուցած էք Հալէպի մէջ։
-Ես ծնած եմ Հալէպ, սակայն փաստաթուղթերուս մէջ արձանագրուած է Գամիշլի, որովհետեւ ծնողներս Գամիշլիէն են: Ուրեմն Հալէպի մէջ, որքան որ կը յիշեմ, հինգ-վեց տարեկան էի, երբ սկսայ նկարչութեամբ զբաղիլ եւ ներշնչուիլ արուեստով: Ինծի համար նկարչութիւնը եղած էր միակ ձեւ մը, «փախուստ» մը աղքատութենէ եւ առանձնութենէ: Ինքնաշխատութեամբ զարգացուցի եւ ստեղծեցի իմ աշխարհս՝ այդ ժամանակ անշուշտ արուեստ չէր, պարզապէս՝ նկարչութիւն: Մինչեւ տասներկու տարեկան այդ տենչը առաւել զարգացաւ իմ մէջ եւ իմ միակ ուղին ու նպատակը եղաւ արուեստագէտ դառնալ:
Տասներկու տարեկանիս մասնակցեցայ մրցոյթի, որ կազմակերպուած էր ՀԲԸՄ-ի Հալէպի «Սարեան ակադեմիա»ի սրահին մէջ: Մրցոյթին ներկայ էին զանազան նախակրթարաններէ բազմաթիւ պատանիներ, որոնք տոգորուած էին արուեստագէտ ըլլալու տենչով: Սկիզբը շատ ինքնավստահ էի եւ կը կարծէի, որ ես եմ ամենալաւը: Սակայն, աւելի վերջ պարզուեցաւ, թէ ինձմէ աւելի տաղանդաւորներ կային: Ես պահ մը հիասթափութիւն ապրեցայ եւ հոն անդրադարձայ, որ այդքան ալ դիւրին չէ արուեստագէտ ըլլալը: Երբ կը յաճախէի Քարէն Եփփէ Ազային ճեմարան, աւելի գիտակից եւ հաստատակամ քայլերով սկսայ յառաջանալ այդ ուղղութեամբ: Անշուշտ ճեմարանն ալ մեծապէս օժանդակեց՝ բոլոր մրցոյթներուն զիս կ՚ընտրէր՝ որպէս ճեմարանի տաղանդաւոր ներկայացուցիչ: Յաճախ ալ ես իմ գործերով կը մասնակցէի «Ծիլեր» դպրոցական հանդէսին:
Հալէպի մէջ կ՚ուզէի աւելի մեծ շրջապատի մաս կազմել: Հետեւաբար սկսայ պրպտումներ կատարել արուեստագէտներու մասին։ Ջանացի շփում հաստատել անոնց հետ: Բարեբախտաբար ունէի երկու ուսուցիչներ, որոնք արաբ քրիտոնեայ էին: Մէկը՝ Հասաքէէն էր Հըսնի անունով, որ մեր արաբերէն լեզուի ուսուցիչն էր, իսկ միւսը՝ Ռիմոն, որ մեր արուեստի ուսուցիչն էր։ Կրցայ անոնց հետ անձնական կապ հաստատել եւ հնարաւորութիւն ունեցայ այցելել իրենց արուեստանոցները: Շատ բան սորվեցայ անոնցմէ եւ անոնց գործերը մեծ տպաւորութիւն ձգեցին իմ վրայ: Այնուհետեւ նպատակս եղաւ աւարտել երկրորդականը եւ մեկնիլ Հայաստան, որպէսզի հոն շարունակեմ ուսումս եւ խորանամ այդ ճիւղին մէջ:
Կարեւոր բան մը կ՚ուզեմ աւելցնել. իմ մեծ հայրս՝ մօրս հայրը, Մեսրոպ Թամպուրեան, որ Գամիշլիի մէջ շատ տաղանդաւոր «ճիւմպիւշահար» եղած է, մեծապէս ազդած է վրաս։ Ան եկած է Գամիշլի եւ ոչ միայն քրտերէն սորված, այլեւ՝ քրտերէնով նոր երգեր գրած ու յօրինած է: Մեր պատմութեան մէջ ունեցած ենք բազմաթիւ աշուղներ, որոնք զանազան լեզուներով երգած են: Մեծ հայրս անոնցմէ մէկը եղած է, սակայն, դժբախտաբար, ան չէ ուզած արձանագրել իր երգերն ու հռչակաւոր դառնալ: Ես իրմէ սորված եմ սազ նուագել եւ իր տաղանդը ու երաժշտական հակումները իմ վրայ մեծ ազդեցութիւն ունեցած են:
Սակայն, դժբախտաբար, որովհետեւ ծնողներս նիւթապէս հնարաւորութիւն չունէին զիս անձնական դասընթացքներու ուղարկելու, ես ինքզինքս դրսեւորեցի նկարչութեան միջոցով, որովհետեւ նկարչութիւնը ինքնաշխատութեամբ կրնայի զարգացնել, սակայն երաժշտութեան պարագան նոյնը չէր։ Այսօր կրնամ ըսել, թէ այն ինչ որ կ՚ընեմ այժմ՝ կը պարտիմ մեծ հօրս՝ Մեսրոպ Թամպուրեանին: Եւ քանի որ իմ ուսումը Հայաստանի մէջ եղած է նկարչութիւն եւ գիրքարուեստ՝ գիրքի նկարազարդում՝ այժմ ես կը փորձեմ նկարազարդել նաեւ ձայնը, որ ներկայիս իմ մասնագիտութիւնն է:
-Աւելի վերջ ուսման համար գացիք հայրենիք, ուր նոր հանգրուան մը սկսաւ ձեր կեանքին մէջ: Ուսանողական տարիներուն ինչպիսի՞ մարդոց հետ շփուեցաք, շահեկա՞ն էր Հայաստան մեկնիլը. Ի՞նչ տպաւորութիւններ ունիք այդ շրջանի Հայաստանի մասին։
-1991 թուականին ընդունուեցայ Երեւանի Գեղարուեստա-թատերական համալսարան, որ կը բաղկանար երկու մասերէ՝ թէ՛ թատրոն, թէ արուեստ: Այդ մէկը հրաշալի տպաւորութիւն ձգեց բոլոր արուեստագէտներուն վրայ, որովհետեւ մէկ շէնքի մէջ էինք բոլոր դերասաններու հետ:
Հայաստանի հինգ տարի տեւած ուսումնառութեանս ընթացքին հասկցայ, թէ ի՛նչ ըսել է արուեստ, կամ՝ ինչու կ՚ուզեմ արուեստագէտ դառնալ: Հինգ տարին բաւարար էր, որպէսզի կարողանայի օգտուիլ ուսուցիչներուս տաղանդէն եւ աւելցնել բան մը՝ ինչ որ ես պիտի ընէի ապագային:
Հայաստան եղած տարիներս (1991-1997թթ.) ինծի համար իւրայատուկ շրջան մըն էր: Ինչ որ սորված եմ, սորված եմ իմ դասընկերներէս, բազմաթիւ արուեստագէտներէ, որոնց հանդիպած եմ մեր ակադեմիայի մէջ: Մանաւանդ դասընկերներս (վեց հոգի էինք), որոնցմէ իւրաքանչիւրը ունէր յատուկ տաղանդ մը, միշտ զիրար ներշնչելով եւ իրարու օգնելով՝ յառաջացանք։ Միշտ գոհունակութիւն կը զգամ Սուրիայէն Հայաստան անցնելուս համար, որովհետեւ ուսումս ոչ թէ փոխեց իմ մտածելակերպը, այլեւ օգնեց, որ ընտրեմ ապագայի ճիշդ ուղիս:
-Վերադառնանք Հալէպ... Ի՞նչ յիշողութիւններ ունիք Հալէպէն եւ արդեօք ձեր արուեստին վրայ որքանո՞վ ազդած է Հալէպ քաղաքը:
-Հալէպը սրտիս ու մտքիս մէջ մեծ տեղ ունի: Մենք յաճախ կարդացած ու լսած ենք բազմաթիւ տաղանդաւոր հայերու մասին, որոնք եկած ու անցած են Հալէպէն, ինչպէս՝ Յովսէփ Քարշ, որ ծնած է Մարտին եւ շատ յայտնի լուսանկարիչ եղած է: Ան երկար ժամանակ ապրած է Հալէպ: Գառզուն՝ յայտնի գեղանկարիչ, որ Եւրոպայի ու Ֆրանսայի մէջ մեծ հռչակ ունէր եւ շատ ուրիշներ։
Հալէպը եղած է տեսակ մը գողտրիկ տեղ մը, ուր զանազան շերտեր թաքնուած են եւ հոնկէ կրնաք քաղել ու ներշնչուիլ արուեստի բազմաթիւ ոլորտներէն: Բնականաբար Սուրիոյ մէջ պատահած դէպքերէն ետք եւ ինչու չէ ընդհանրապէս, իւրաքանչիւր արուեստագէտ, որ հոն ապրած է, իր յիշողութիւնները կը կենդանացնէ իր գործերուն մէջ:
Պատանութեանս շրջանին, երբ Հալէպի փողոցներով կ՚անցնէի, մանաւանդ, Քառասուն Մանկանց եկեղեցւոյ շրջանը՝ շէնքերը, պատուհանները, քարի վրայի փորագրութիւնները՝ ըլլայ հայկական կամ զանազան ազգերու ձգած հետքերը, տաճարները, մզկիթները՝ կարծես կողք կողքի կանգնած կ՚ըսէին, թէ մարդկութիւնը հոս միասնաբար կրնայ ապրիլ եւ ստեղծագործել, կողք կողքի կանգնած կրնայ գաղութ մը ստեղծել... Երբ կը քալէի այդ փողոցներով՝ կը լսէի ձայները բազմաթիւ մարդոց, որոնք իրեր կը վաճառէին՝ անոնք կարծես հիմա, ինքնաբերաբար, կ՚արտացոլան իմ գործերուս մէջ։ Հոն կարծես անցեալէն կու գայ ամէն ինչ եւ վերստին շունչ կը ստանայ արուեստիս մէջ:
-Աւարտեցիք եւ վերադարձաք Սուրիա… Ի՞նչ ըրիք այդ հանգրուանին՝ մինչեւ ձեր Ամերիկա հասնիլը. ի՞նչ էր ձեր ծրագիրը եւ ինչպէ՞ս Ամերիկա հասաք:
-Հայաստան եղած շրջանիս (1991-1992 թթ.) թոշակ կը ստանայի ակադեմիայէն եւ յանկարծ՝ 1992-1993 թուականներուն, կարծես ամէն ինչ մէկ գիշերուան մէջ փոխուեցաւ: Ես ստիպուած էի ձեւով մը եկամուտ հայթայթել: Վերադարձայ Լիբանան: Քանի որ Սուրիոյ մէջ յոյս չունէի, թէ արուեստովս կամ նկարչութեամբ կրնամ նիւթական հայթայթել: Լիբանանի մէջ, ձեւով մը, մէկը սկսաւ ապսպրել նկարներ, որոնք կրկնօրինակներ էին հին արեւելեան նկարներու: Ես սկսայ նոյնութեամբ կրկնօրինակել զանոնք: Գոնէ տարին երկու նկար կը լմնցնէի եւ այդ բաւարար էր ծախսերս հոգալու: Այս ձեւով շարունակեցի չորս տարի՝ եկամուտիս միակ աղբիւրը այդ նկարներն էին:
Վերջին տարին էր Հայաստան, արդէն աւարտած էի, սակայն տարակուսանքի մէջ էի՝ վերադառնամ Սուրիա, թէ մնամ Հայաստան: Այդ շրջանին էր, որ հանդիպեցայ ամերիկացի բարերար կնոջ մը: Վերջինս Կարմիր խաչի մէջ կ՚աշխատէր եւ ինծի ըսաւ, թէ կ՚ուզէ հովանաւորել եւ զիս Ամերիկա հրաւիրել: Անշուշտ ես չհասկցայ, թէ ինչ ըսել կ՚ուզէր, որովհետեւ շատ յաճախ մարդիկ սարեր կը խոստանան... սակայն....։ Մենք միասին դեսպանատուն գացինք եւ այդ կինը հրաւէր նամակ մը ներկայացուց: Ես բնաւ յոյս չունէի, որ այս բոլորը կրնայ իրականանալ: Զարմանքս մեծ էր, երբ սուրիական անցագրիս վրայ ԿՆՔԵՑԻՆ ամերիկեան վիզան....
Ամերիկացի բարերար կինը՝ Ճիլ Հաֆմըն անունով, նոյնիսկ երթեւեկութեան տոմսը նուիրեց:
Եւ ուղեւորուեցայ Գալիֆորնիա... հետս ունէի 60 հատ պաստար, նպատակս միայն այցելութիւն էր, այսինքն՝ հոն մնալու մտադրութիւն երբեք չունէի:
Մէկ-երկու շաբաթ ետք Ճիլ Հաֆմըն յայտնեց, թէ կ՚ուզէր Ամերիկան ցոյց տալ ինծի: Տեսնենք, ըսի: Չէի գիտեր, թէ ինչ ըսել կ՚ուզէր, բայց վստահ էի, որ լաւ փորձառութիւն մը պիտի ըլլար ինծի համար: Ինքնաշարժով, երկուքուկէս ամիս քաղաքէ քաղաք, նահանգէ նահանգ պտըտեցանք: Ամենագեղեցիկ փորձառութիւններէս մէկը Նիւ Օրլիընզի մէջ էր:
Անշուշտ այս կինը շատ խելացի էր եւ զգուշացուց, որ այնտեղ գործերուս համար գին չպահանջեմ: Ինծի ըսաւ, որ ժողովուրդը ինք նուիրատուութիւն կ՚ընէ, այսինքն՝ ժողովուրդը կ՚որոշէ գինը: Նիւ Օրլիընզը ճազի մայրաքաղաքն էր: Ես մայթի անկիւն մը նստած սկսայ նկարել իմ տեսած երաժիշտները: Կարծես «քառնաւալ»ի կը մասնակցէի:
Յանկարծ մէկը ձեռքը ուսիս դնելով հարցուց, թէ կը ծախե՞մ այդ գործը: Ըսի, անշուշտ. որքա՞ն կ՚ուզես, հարցուց. ըսի, որքան որ սիրտէդ կը բխի եւ քսանհինգ տոլարով ծախեցի պաստառս։ Սկսայ յաջորդ էջին վրայ նոր նկար մը գծել... մէյ մըն ալ տեսայ, որ երկար շարք մը ստեղծուած էր՝ ինձմէ գնելու համար գծած նկարներս: 25 տոլարը հասաւ հարիւրի: Ճիլ Հաֆմըն կեցած կը խնդար եւ ըսաւ՝ տեսար երազանքներդ ինչպէս մէկ առ մէկ կ՚իրականան....
Այս բոլորը Ամերիկա հասնելէս միայն երկու շաբաթ վերջ եղաւ...
-Ի՞նչ ծրագիրներ ունէիք Լոս Անճելըսի մէջ եւ ինչպէ՞ս պատահեցաւ, որ Նիւ Եորք հասաք...
-Ամիսներ յետոյ Հաֆմըն առաջարկեց, որ երկրորդ վիզայի դիմեմ, որպէսզի կեցութիւնս օրինաւոր ըլլայ: Ամերիկայի մէջ կայ վիզայի տեսակ մը, որ կը կոչուի «Օ-1 viza»: Այս վիզան կը տրուի տաղանդաւոր մարդոց՝ որեւէ ասպարէզի մէջ՝ ըլլայ երաժիշտ, գիտնական եւ այլն: Դիմեցի եւ ստացայ...
Ճիշդ մէկ տարի վերջ հանդիպեցայ տիկնոջս՝ Անայիս Ալեքսանտրա Թէքէրեանին, որ «Զուլալ»ի երգչուհիներէն մէկն է, որ դերասանութեան ճիւղը աւարտած է, հետեւաբար ուզեց գալ թատրոնի եւ արուեստի մայրաքաղաք՝ Նիւ Եորք: Ես հետեւեցայ իրեն, քանի մը ամիս ետք ամուսնացանք եւ Ճիլ Հաֆմըն եղաւ մեր կնքամայրը, որու հետ մինչեւ օրս մէկ ընտանիք ենք:
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Երեւան