ԱԿՆԱՐԿ - 93 - ՖՈՒԹՊՈԼԻ ԱԶԳԱՅԻՆ ՀԱՒԱՔԱԿԱՆ. ՀԵՆՐԻԽ ՄԽԻԹԱՐԵԱՆ
Փաստ է այլեւս, որ Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականը ճգնաժամի մէջ է:
Անցնող մի քանի տարիներու ընթացքին եղած որոշումներն ու յաճախակի փոփոխութիւնները բնական է, որ պիտի բերէին այս ճգնաժամը, որովհետեւ գործող իշխանութիւնները սեփականաշնորհած են ՀՖՖ-ն (Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերացիա), որով եւ առնուած բոլոր որոշումներն ու եղած նշանակումները անտրամաբանական, չկշռադատուած, ազգային հաւաքականի շահերուն հակասող որոշումներ եւ նշանակումներ եղած են:
Անցնող մի քանի տարիներուն մեր հաւաքականին ունեցած մի քանի յաղթանակները շատերուս մօտ ոգեւորութիւն յառաջացուցած էին, սակայն նոյն հաւաքականին ցուցաբերած ֆութպոլային անկայուն խաղը, մրցելու եւ պայքարելու եռանդին բացակայութիւնը օր օրի ա՛լ աւելի խորանալով, բերին այս ճգնաժամը, ուրկէ դուրս գալը ներկայիս, գրեթէ անկարելի է, որովհետեւ դարձեալ կը կրկնեմ, Հայաստանի գործող իշխանութիւնները սեփականաշնորհած են ՀՖՖ-ն:
Այս ճգնաժամի յառաջացման մէջ մեծ դեր ունի նաեւ վերջին տարիներուն ներկայի հայ լաւագոյն ֆութպոլիստ՝ Հենրիխ Մխիթարեանի բացակայութիւնը ազգային հաւաքականէն: Հենոյի բացակայութիւնը տարբեր ձեւերով մեկնաբանուած է եւ տակաւին կը մեկնաբանուի: Փաստը, սակայն, կը մնայ փաստ, որ Հենոյի նման տաղանդ ունեցող ֆութպոլիստի մը բացակայութիւնը ազգային հաւաքականէն մե՜ծ ամօթանք է, առաջին հերթին ՀՖՖ-ին, որ ըլլալով գործող իշխանութիւններուն ձեռքի խաղալիքը, համարձակութիւն չունի Հենոյին հրաւիրելու ազգային հաւաքական:
Ոմանք պիտի ըսեն, բայց Հենոն չ՚ուզեր մասնակցիլ հաւաքականի խաղերուն: Լաւ, երբեք հարցուցած էք, կամ մտածած էք, թէ Հենոն ինչո՞ւ չ՚ուզեր խաղալ ազգային հաւաքականէն ներս: Պատճառները քաղաքական են իմ կարծիքովս եւ գործող իշխանութիւններու որդեգրած ազգակործան մարտավարութեան հետեւանքը:
Այսօր գաղտնիք չէ, որ հակառակ Հենոյի յառաջացած տարիքին, ան հանդէս կու գայ ո՛չ միայն Իտալիոյ, այլեւ Եւորպայի մակարդակով ամենէն զօրաւոր եւ կայուն ֆութպոլ ներկայացնող ակումբներէն մէկուն՝ «Ինթեր Միլան»ի կազմէն ներս: Աւելի հետաքրքրականը այն է, որ անցնող երկու տարիներու ընթացքին Հենոն ո՛չ թէ սովորական խաղացող մըն է այդ ակումբէն ներս, այլ «Ինթեր Միլան»ը ղեկավարող մարզիչին՝ Սիմիոնէ Ինզակիի ամենէն կարեւոր խաղաքարտերէն մէկը եւ, հակառակ իր յառաջացած տարիքին, գրեթէ բոլոր խաղերուն մէջ մեկնարկային կազմին մէջ է:
Այս մէկը արդիւնք է Հենոյի աշխատասիրութեան, որովհետեւ «Ինթեր»ի հիմնական կազմին մէջ իր մնայուն ներկայութիւնը իր աչքերու գոյնին համար չէ (ինչպէս է վիճակը ազգային հաւաքականի պարագային), այլ՝ իր կատարած յամառ աշխատանքի արդիւնքն է:
Հենոյին տաղանդը պէտք է օգտագործուէր անցնող մի քանի տարիներուն, ինչպէս նաեւ հիմա ալ, որպէս գօտեպնդիչ եւ փորձառու ֆութպոլիստի: Տեսէ՛ք Փորթուգալի եւ Արժանթինի հաւաքականները. վերջին տասնամեակին փայլող երկու աստղեր՝ Քրիսթիանօ Ռոնալտօ եւ Լիոնէլ Մեսսի, մինչեւ այսօր իրենց հաւաքականներուն մէջ կը խաղան, հակառակ անոր որ իրենք եւս յառաջացած տարիքի մէջ են: Հիմա շատեր պիտի ըսեն Ռոնալտոն եւ Մեսսին ո՜ւր, Հենոն ո՜ւր: Կը պատասխանեմ՝ այն ինչ Ռոնալտոն եւ Մեսսին են իրենց հաւաքականներուն համար, նոյնը եւ աւելին է Հենոն Հայաստանի ազգային հաւաքականին համար: Պարզապէս պէտք է քաղաքականութենէ հեռու մնալ, լաւապէս կարենալ ըմբռնելու համար այս բացարձակ իրականութիւնը:
Հենոյի ներկայութիւնը ազգային հաւաքականէն ներս պէտք է ըլլար այն կռուանը, որու վրայ ազգային հաւաքականը պիտի կազմակերպուէր, կամաց-կամաց կայանար ու յառաջ ընթանար, բայց ճիշդ հակառակը եղաւ: Հենոն հեռացուեցաւ ազգային հաւաքականէն, ետեւ ետեւի անհասկնալի նշանակումներ եղան՝ մարզիչներու պարագային, հաւաքականին խաղը օր օրի սկսաւ փլուզուիլ, որով մէկ հանդիպում լաւ խաղ ներկայացնելու պարագային, այդ խաղին կը յաջորդէին չորս հինգ վատ խաղեր:
Այդ խաղերուն վերջինը եղաւ երէկուան խաղը (14 նոյեմբեր 2024-ին), Ֆարերեան կղզիներու հաւաքականին դէմ, ուր մեր հաւաքականը պարտուեցաւ 1-0 հաշիւով, իսկ մօտ մէկ ամիս առաջ նոյն հաւաքականին դէմ խաղը աւարտած էր 1-1 հաշիւով:
Այս խաղին եւ այլ խաղերուն արդիւնքները ըստ էութեան այդքան ալ կարեւոր չեն, ինչքան մեր հաւաքականին ներկայ վիճակը, որ օր առաջ պէտք է փոխուի: Ֆութպոլի յաղթանակի եւ պարտութեան մնայուն պայքար մըն է: Բայց երբ այդ պայքարը կը վերածուի մղձաւանջի, ապա պէտք է անպայմանօրէն եւ արագ կերպով լուծումներ տրուին, եթէ կ՚ուզենք մեր հաւաքականը յառաջիկայ տարիներուն տեսնել լաւ վիճակի մէջ, որ կը պայքարի աթոռ ունենալ Եւրոպայի կամ Աշխարհի ախոյենութիւններուն:
Յուսանք, որ շուտով լուծումներ կը տրուին այս ճգնաժամին, եւ մեր ազգային հաւաքականը կարենայ բարձր նուաճումներու հասնիլ: Իսկ լուծումներ գտնելուն առաջին քայլը պէտք է ըլլայ Հայաստանի գործող իշխանութիւններուն ձեռքերը քաշելը ՀՖՖ-էն, այնպիսի մթնոլորտ մը ստեղծել, որ կարելի է աշխատիլ, յամառօրէն աշխատիլ, ազնուութեամբ աշխատիլ, որպէսզի ապագային կարելի է ըլլայ լաւ ու դրական արդիւնքներու հասնիլ:
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
15 նոյեմբեր 2024, Վաղարշապատ