ԿԱՏԱԿԱՍԷՐ ՓՈՔՐԻԿԸ

-Տղա՛ս, տունը հայերէն կը խօսինք. ամիս մըն է դպրոց կ՚երթաս, ամէն օր այս յանկերգը պիտի կրկնե՞նք, երբ տուն հասնիս:

-Mam, I like tomato in this sandwich, please put it in.

-Հայերէ՛ն, հայերէ՛ն խօսիր:

-I’m hungry, mam.

-Լաւ, հիմա պատրաստ կ՚ըլլայ ուտելիքդ, բայց ըսէ նայիմ tomato-ին ի՞նչ կ՚ըսենք հայերէնով:

-Hmmmmm, I forgot it.

-Գիտեմ, որ կը խաբես, ըսէ՛, մինչեւ պատրաստ ըլլայ: Տե՛ս, ի՛նչ համով պիտի ըլլայ, կարմիր, ջրիկ աս բոյսը եթէ sandwich-ին մէջը շարեմ:

-Լա՛ւ, մամ, իրաւ որ համով կ՚երեւի լոլիկը:

-Ապրի՛ս:

Այսպէս ամէն օր դաս մը կը վերյիշեն մայր ու որդի, բառ մը, նախադասութիւն մը հայերէն, ու դպրոցէն հաւաքած օտար բառերը կը թօթափեն մինչեւ իրիկուն. յաջորդ օր, ուրիշ հնարքով մը վերապրելու նման պահերը:

Ձագուկը փորը լեցուած, գոհ կերած համով արկատէն, կը նստի պահ մը ինքնիրեն ու յանկարծ կը սկսի քրքջալ, բարձր ձայնով քահ-քահներ տարածել տան մէջ պտտելով: Մայրը պատահածէն բան չհասկցած ու զարմացած կը դիմէ ձագուկին.

-Ինչո՞ւ կը խնդաս, ի՞նչ եղաւ, քիչ առաջ բան չունէիր: Բա՞ն մը պատահեցաւ դպրոցը ու յիշելով կը խնդաս: Պատմէ՛, ես ալ խնդամ:

-Մա՛մ շատ համով էր sandwich-ը: Նստէ՛, պատմեմ քեզի, հիմա, մտքիս մէջ, ասանկ պատմութիւն մը շինեցի:

Ու մանուկը կը սկսի խնդալով պատմել իր ստեղծագործութիւնը.

«Երկու լոլիկ իրարու կ՚ընկերանան ու կ՚որոշեն պտոյտի երթալ. քով-քովի կը քալեն խօսելով խնդալով,- պատմած միջոցին քահ-քահները կը շարունակ-ւին այն աստիճան, որ մայրը ականջները սրած կը փորձէ հասկնալ անոնց դրդապատճառները, ու՝

«Լոլիկները իրարու կը պատմեն դպրոցէն, տունէն, ipad-ի խաղերէն..., կը դիտեն ճամբուն երկու կողմերու տօնածառերը, մէկը ասիկա կը հաւնի, միւսը՝ ատիկա, լոյսերով կը տարուին, զարդեղէնով կը հիանան...,- հահահա, կը շարունակէ խնդալ մօր աչքերուն մէջ նայելով ու սպասելով, որ երբ պատումը հասնի խնդալիք հատուածին, մօր դէմքը ինչպէ՞ս պիտի ուրախանայ:

«Ու կը հասնին ազդալոյսին քով, բայց միայն մի քանի երկվայրկեան մնացած է, որ կարմիր ըլլայ ազդալոյսը: Կ՚որոշեն արագ անցնիլ, արագութեան պատճառով ալ կը հեռանան իրարմէ ու կանաչ գլխարկներուն յատակը կը սկսի թրջիլ քրտինքէն: Բայց, ահա մէկը կը հասնի յաղթական, ու երբ ետեւ կը դառնայ, որ ընկերը տեսնէ, կը նկատէ, որ ընկերը ինքնաշարժի մը տակ ճզմուած է,- հահահա փորը բռնած մանուկը ինքզինք կը զսպէ, որ կարենայ վերջին նախադասութիւնը ըսել, որ խնդուքներով ու քրքջանքով վերջապէս մանուկին բերնէն կը սպրդի...

«Մա՛մ, հահահա, ատ լոլիկը իր ընկերը այդպէս տեսնելով կ՚ըսէ՝

-Come on catch up...»:

Ա՛յ քեզ փոքրիկ...

Ա­ՆԻ ԲՐԴՈ­ՅԵԱՆ-ՂԱԶ­ԱՐԵԱՆ

Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 28, 2018