ՔԱՐԱՆԹԻՆԱ

«Քարանթինա»ն արաբացուած տարբերակն է Quarantaine բառին, որ կը նշանակէ քառասնօրեայ արգելափակման վայր: Արգելափակում՝ ո՛չ բանտարկեալի իմաստով:

Լիբանան հասած գաղթականները նաւահանգիստէն անմիջապէս կը փոխադրուէին վայր մը, ուր կը մնային 40 օր եւ բժշկական մանրակրկիտ քննութենէ անցնելէ եւ վստահ ըլլալէ ետք, որ որեւէ փոխանցիկ հիւանդութիւններով պիտի չվարակեն տեղացի ժողովուրդը, հրաման կը ստանային մուտք գործելու քաղաք: Այդ «քառասունքի» վայրն է, որ կը կոչէին Քարանթինա:

Նիւ Եորքի նման նաւահանգիստ ունեցող մեծ քաղաքներ եւս ունեցած են նման կեդրոններ, ուր Ամերիկա հասած գաղթականները նոյնպէս որոշ շրջան մը կը մնային, ապա կ՚ուղղուէին տարբեր քաղաքներ կամ նահանգներ:

Պէյրութի Քարանթինան կը գտնուէր նաւահանգիստին մօտիկ:

Կիլիկիայէն Լիբանան հասած գաղթական հայերը եւս, 40 օրեր անցընելէ ետք այդ վայրին մէջ, թիթեղաշէն խրճիթներու մէջ տեղաւորուած են Քարանթինայի ամենամօտ շրջանը, ու այնուհետեւ շրջանը կոչուած է Քարանթինա:

Բաւական մեծ էր այդ շրջանի հայութեան թիւը, սակայն Պուրճ Համուտի նման՝ զուտ հայաբնակ չէր: Կային նաեւ պաղեստինցի գաղթականներ, շիի իսլամներ եւ քիւրտեր: Հաւանաբար պետեւիներ էին, սակայն հայերու բնորոշումով, անոնք «քիւրտեր» էին:

Հայերը կարճ ժամանակ ետք կառուցած են դպրոց, եկեղեցի եւ ակումբ: Այդ մէկը հայկական սովորութիւն է: Նախապայման մը:

Վստահ չեմ, թէ պաղեստինցի եւ քիւրտ գաղթականները հայերու նման դպրոց կամ կրօնատեղի կառուցած էի՞ն, թէ՞ ոչ:

Տարբեր գրութիւններու մէջ, յաճախ յիշած եմ ժամանակին հայահոծ Էշրեֆիէն, Ճերմակ տուները, Հայաշէնը, Բաղնիքին բակը եւ մանաւանդ հայութեան բաբախող սիրտը՝ Պուրճ Համուտը, սակայն Քարանթինայի մասին, նախապէս երբե՛ք չեմ անդրադարձած: Վայր մը, որ եղաւ Կիլիկիայէն Լիբանան գաղթած հայերու առաջին կացարանը, ուրկէ կարճ ժամանակ ետք շատեր փոխադրուեցան Պէյրութի արեւելքը գտնուող, Նահր Պէյրութի կողքին գտնուող վայրը, որ կը կոչուէր Պուրճ Համուտ: Հոն կերտեցին՝ Նոր Մարաշը, Նոր Սիսը, Նոր Ատանան: Պուրճ Համուտը դարձաւ «Նոր Կիլիկիա»:

Քարանթինայի մէջ հայեր, պաղեստինցիներ եւ քիւրտեր կ՚ապրէին թիթեղաշէն խրճիթներու մէջ՝ մինչեւ այն տարիները, երբ հողատէրերը, զանազան միջոցներու դիմելով, կարողացան «ձերբազատիլ» հոն բնակութիւն հաստատած գաղթականներէն:

Թիթեղաշէն խրճիթներէն ոչ շատ հեռու կային նաեւ քարաշէն տուներ, ուր կը բնակէին առաւելաբար հայեր:

60-ական թուականներուն, խրճիթներու հրկիզումէն ետք, կարգ մը հայեր փոխադրուեցան Չարչապուխ եւ Պուրճ Համուտի մուտքին գտնուող Թիրօ քամփը, իսկ շատեր փոխադրուեցան Քարանթինայի մօտիկ, Մար Մխայէլի շրջանը եւ բնակեցան քարաշէն շէնքերու մէջ, եւ այսպիսով, Քարանթինայի հայութեան թիւը զգալապէս նուազեցաւ, եւ մեծամասնութիւն դարձան պաղեստինցիներն ու շիի իսլամները:

***

Կանուխ մանկութեանս տարիներուն յաճախ կ՚ընկերակցէի ծնողքիս՝ այցելելու Քարանթինա բնակող հօրս հայրենակից երզնկացի քանի մը ընտանիքներու:

Տակաւին Էշրեֆիէ կը բնակէինք եւ քալելով կ՚երթայինք: Մեր ճամբուն վրայ նախ կը հանդիպէինք դարձեալ հայերով բնակուած Նոր Հաճըն թաղամասը: Կ՚այցելէինք մեզի ծանօթ ընտանիքի մը, ապա կ՚ուղղուէինք դէպի Քարանթինա:

Օթոսթրատ գոյութիւն չունէր տակաւին: Նեղ ու ցեխոտ ճամբաներէն քալելով՝ կը հասնէինք այդ տարիներուն շրջանի միակ գործատունը՝ Sleep Comfort եւ թեքելով ձախ՝ կը հասնէիք Քարանթինայի «մայր պողոտան»:

Ձախին Վարդգէս «ամմոյին» նպարատունն էր, որուն ճիշդ կողքին քարաշէն տան մը մէջ կը բնակէր իր քրոջ ընտանիքը՝ Լեւոնեանները:

Ժամադրուելու կարիքը չունէինք: Կը մտնէինք ներս: Հայրս եւ Յակոբ աղան համագիւղացիներ եղած են եւ իրենց գիւղը յիշելով՝ վստահաբար խօսելիք նիւթեր շատ ունին, սակայն հազիւ տուն մուտք գործած, ինծի տարեկից կամ քիչ մը աւելի մեծ երեխաներով, բոլորս կ՚ուղղուէինք փողոց՝ խաղալու:

Ճամբաները կպրապատ չէին: Քանի մը քայլ անդին՝ աջին կը գտնուէր թիթեղաշէն Ս. Երրորդութիւն եկեղեցին, իսկ անոր կողքին՝ Մեսրոպեան ազգային վարժարանը, որոնք կառուցուած էին հողի մը վրայ, որ վարձու էր:

Եկեղեցիին ու դպրոցին կողքի թիթեղաշէն խրճիթները բնակուած էին հայերով:

Ներկայիս Մար Մխայէլ գտնուող Տիգրան Ծամհուր ակումբը նախապէս կը գտնուէր Քարանթինա, ուր միայն մէկ անգամ այցելած եմ՝ մասնակցելու միջպատանեկան միութիւններուն կազմակերպած արտասանական մրցումի մը:

Կը պատահէր, որ մեր այցելութիւնները երկարէին մինչեւ գիշերուան ուշ ժամերը: Բնականաբար փոքրերս չէինք կրնար այդքան երկար արթուն մնալ:

Ամառուան եղանակին կը գիշերէինք իրենց տան տանիքը, կողք կողքի փռուած անկողիններու մէջ: Մեծերը քալելով կ՚երթային տուն: Յաջորդ օր հայրս կամ երէց եղբայրս կու գար եւ մեզ կը տանէր տուն:

Պուրճ Համուտի նման՝ հայկական անուններ կրող փողոցներ կամ թաղամասեր չկային Քարանթինայի մէջ:

Սպանդանոցը կը գտնուէր ծովեզերեայ շրջանը, ուր առաւելաբար կը բնակէին պաղեստինցի գաղթականներ եւ շիի իսլամներ, իսկ աւելի ուշ եկած են քիւրտեր:

Շրջանի մը մէջ, ուր կողք կողքի կը բնակին տարբեր համայնքներ, մասնաւորաբար՝ Լիբանանի նման երկրի մը մէջ, կը պատահէր, որ աննշան դէպք մը վերածուէր հայ-իսլամ հակամարտութիւններու: Երկու կողմերու պատասխանատուներու միջնորդութեամբ, կարելի եղածին չափ շուտ կը կասեցնէին միջադէպը՝ նախքան համայնքային կռուի մը վերածուիլը: Ոչ մէկ ոխակալութիւն: «Պասիթա» կամ՝ «Մենք եղբայրներ ենք ըսելով, հարցը «անուշի կապելով» կը վերջացնէին, սակայն քանի մը օր ետք մեծերուն «կիսատ ձգած» գործը կը շարունակէին թաղի երեխաները… զիրար քարկոծելով:

Հակառակ քանի մը փոքրիկ միջադէպերու՝ ընդհանրապէս իրարու հետ համերաշխ կ՚ապրէին:

***

Քարանթինան, Պէյրութի ամենաաղտոտ թաղամասերէն մէկն էր: Հոն կը գտնուէր սպանդանոցը: Ծովեզերք կը փոխադրուէին ամբողջ քաղաքին աղբերը: Փողոցները կպրապատ չէին: Խրճիթները օժտուած չէին ելեկտրականութեամբ: Ջուրի պակասը զգալի էր, եւ հրդեհները շատ շուտ կը տարածուէին: Դիտումնաւոր կերպով հրշէջները կ՚ուշանային, եւ երբ հասնէին, արդէն մեծ թիւով խրճիթներ հրոյ ճարակ դարձած կ՚ըլլային:

Խրճիթները կառուցուած էին բարեսիրական միութեան մը հողաշերտին վրայ, որուն համար կը գանձէին յատկանշական, չնչին գումար մը: Հաւանաբար կրօնականներ էին այդ հողաշերտերուն տէրերը, եւ տեղացիք, խուրիները կ՚անուանէին, եւ այդ մէկը ո՛չ մէկ կապ ունէր լիբանանցի հանրածանօթ Խուրի ընտանիքին հետ: Արաբերէն լեզուին տակաւին անծանօթ հայերը ոեւէ կղերական «խուրի» կ՚անուանէին:

«Խուրիները», զանազան միջոցներու դիմած էին ձերբազատուելու համար այդ խրճիթներէն, որոնցմէ «ամենահեշտ» ձեւը… լուցքի մը տալով հրդեհելն էր։

1960-1967, 3 անգամ հրդեհուած են Քարանթինայի խրճիթները: Հրդեհէն ազատողները ժամանակաւոր ապաստանած են «Ռեժի»ի շէնքը, որ կը գտնուէր Քարանթինայէն ոչ շատ հեռու:

Իւրաքանչիւր հրդեհէ ետք հրկիզուած խրճիթները չէին նորոգուեր, եւ անոնց բնակիչները կը փոխադրուէին տարբեր վայրեր, ինչպէս՝ Չարչապուխ կամ Պուրճ Համուտի մուտքին գտնուող Թիրօ քամփը, եւ այսպիսով, աստիճանաբար հայութիւնը պարպուեցաւ, մասնաւորաբար երբ Կիլիկիոյ կաթողիկոսարանը, բարերարուհի Լէյլա Գարակէօզեանի նիւթական օժանդակութեամբ, Ֆանարի մէջ կառուցել տուաւ քարաշէն եւ հանգստաւէտ բնակարաններ, եւ այդ թաղամասը բարերարին անունով կոչուեցաւ Լէյլաւան: Կառուցուեցաւ նաեւ մատուռ մը, որ կը կրէ Քարանթինայի Ս. Երրորդութիւն, թիթեղաշէն եկեղեցւոյ անունը:

Վրայ հասաւ Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմը:

1976-ին տեղի ունեցաւ Թալ Զաաթարի, ապա Պուրճ Համուտի իսլամներով բնակուած Նապաայի անկումը: Արեւելեան Պէյրութը մասամբ «մաքրագործուած» էր իսլամներէ: Կը մնար Քարանթինան, ուր տակաւին կային բաւական մեծ թիւով պաղեստինցիներ եւ շիի իսլամներ, եւ անոնցմէ ձերբազատելու լաւագոյն առիթն էր:

Քանի մը օրուան ընթացքին քրիստոնեայ միլիսներու կողմէ տեղի ունեցաւ պաղեստինցի գաղթականներու սպանդը, որմէ ետք ուժանակներով պայթեցուցին մինչեւ իսկ քարաշէն բնակարաններն ու շէնքերը, իսկ աւելի ուշ, պուլտոզըրներով գետնի հաւասար դարձուցին ամբողջ շրջանը:

Բարեբախտաբար հայերը արդէն իսկ հեռացած էին այդ շրջանէն եւ հաստատուած՝ Լէյլաւան:

***

Քարանթինան լիբանանահայութեան տուած է մեծ թիւով նշանաւոր դէմքեր, որոնցմէ ամենայայտնի դէմքը Արամ Ա. վեհափառն է, որ մանկութեան տարիները անցուցած է Քարանթինա: Յաճախած է տեղւոյն Մեսրոպեան վարժարանը, ապա, կանուխ պատանեկութեան տարիներուն ուղարկուած է Անթիլիասի մայրավանք, յետագային դառնալով Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ, իսկ աւելի ուշ՝ Կիլիկիոյ վեհափառ հայրապետը:

Քարանթինան հայութեան տուած է նաեւ երկու տարբեր բարձրաստիճան կղերականներ.

Վաչէ Արք. Յովսէփեանը՝ նախկին առաջնորդ Ամերիկայի Արեւմտեան թեմի էջմիածնական թեմին, եւ երջանկայիշատակ Արտակ Արք. Մանուկեանը, նախկին առաջնորդ Պարսկաստանի թեմին:

Քարանթինա ծնած ու հասակ առած է ազգային բարերար Վահան Շամլեանը, որուն անունով կը յիշուի Լոս Անճելըսի «Վահան եւ Անուշ Շամլեան» ազգային վարժարանը, ինչպէս նաեւ՝ Լոս Անճելըսի Ազգային «Ֆերահեան» վարժարանի նախկին տնօրէններէն լուսահոգի Լեւոն Գասպարեանը:

Յիշատակութեան արժանի է նահատակ հերոս Յակոբ Լեւոնեանը, որ նոյնպէս Քարանթինայի ծնունդ է: Մեր յաճախակի այցելութիւնները կ՚ըլլային իրենց տունը: Իր մեծ հայրը՝ Յակոբ աղա Լեւոնեանը եւ հայրս համագիւղացիներ եղած են:

Բացի հայերէն՝ Քարանթինան տուած է նաեւ շիի համայնքին պատկանող նշանաւոր դէմք մը:

Լիբանանի «Հիզպուլլահ» կուսակցութեան ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլա մանկութեան տարիները անցուցած է Քարանթինա, եւ 15 տարեկանին, Քարանթինայի ջարդի ժամանակ, ստիպողաբար հեռացած է իր ծննդավայրէն:

Կը պատմեն, որ մանկութեան տարիներուն հայու մը արձակած քարը պատռած է սէյիտ Նասրալլայի գլուխը, եւ ճակտին վրայ գոյացած սպի մը յիշատակ մնացած է հայերէն:

***

Չքաւորութիւն կար այդ տարիներուն: Գաղթականներուն մեծամասնութիւնը բազմանդամ ընտանիքներ էին եւ կը բնակէին խրճիթներու մէջ:

Ընտանիքը պահելու համար ամէն տեսակի գործ կը կատարէր հայը: Զանազան արհեստներէն մինչեւ բանուորութիւն: Հազուադէպ էր հայ մուրացկանի մը հանդիպիլը, եւ տեղացիները նկատած էին այդ մէկն ու յաճախ կրկնած են՝ «Հայը չի մուրար»:

Հայը քարէն հաց կը հանէ: Ծովեզերքի աղբանոցներուն մէջէն կը հանէին թիթեղ, պղինձ կամ ապակեայ շիշեր եւ անոնք ծախելով՝ կ՚ապահովէին իրենց օրապահիկը: Կային նաեւ մարդիկ, որոնք կը զբաղէին ձկնորսութեամբ:

Լիբանանի, յատկապէս Պուրճ Համուտի, Էշրեֆիէի եւ Հայաշէնի հայկական եկեղեցիներն ու դպրոցները սկզբնական շրջանին եղած են թիթեղաշէն, սակայն կարճ ժամանակ ետք փոխարինուած են քարաշէն կառոյցներով:

Թիթեղաշէն խրճիթներու հայ բնակիչները յետագային փոխադրուած են քարաշէն բնակարաններ:

***

Ամերիկա աշխարհի ամենահարուստ եւ ամենահզօր երկիրն է անկասկած, ուր տարբեր երկիրներէ մեծ թիւով գաղթականներ, երբեմն՝ անօրէն, մուտք կը գործեն «Աւետեաց երկիր»՝ յուսալով «հանգիստ» կեանք մը ապահովել, սակայն այս «հարուստ» երկրին մէջ, անտուններու եւ մուրացկաններու հանդիպիլը բնական երեւոյթ դարձած է:

Վերջին քանի մը տասնամեակներուն Միջին Արեւելքէն եւ մայր հայրենիքէն մեծ թիւով հայեր եւս գաղթեցին Միացեալ Նահանգներ, սակայն անոնց մէջ ԲՆԱՒ չհանդիպեցանք անտուններու եւ մուրացկաններու:

Վերադառնալով Քարանթինա՝ ներկայիս այդ շրջանը ոչինչ կը յիշեցնէ նախկինէն: Վերածուած է առեւտրական կեդրոնի:

ՊՕՂՈՍ ՇԱՀՄԵԼԻՔԵԱՆ

Լոս Անճելըս, 2018

Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 28, 2018