ԱԳԱՀՈՒԹԻՒՆ, ՉՏԵՍՈՒԹԻՒՆ, ԿԾԾԻՈՒԹԻՒՆ, ՆԻՒԹԱՊԱՇՏՈՒԹԻՒՆ...

Մարդկութեան հետ ծնած են իր լաւ ու վատ բնաւորութիւնները, բայց, յատկապէս անոնք ձեւափոխուած, կազմուած ու տեղ մըն ալ արմատապէս շրջուած են ընկերաբանութեան ու հասարակարգի զարգացման հետ:

Սկսիմ պարզ դրուագով մը՝

Ուսումնասիրութիւն մը կարդացի այն մասին, թէ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու մէջ տարեկան 2 միլիառ ամերիկեան տոլար արժողութեամբ ուտելիք կը թափուի եւ կառավարութիւնը արդէն ծրագիր մշակած է կրճատելու այդ մէկը: Արաբական Միացեալ Էմիրութիւնները աշխարհի ամենահարուստ երկիրներէն է եւ բնականաբար չենք կրնար բաղդատել զայն Հայաստանի հետ, բայց ան կ՚ուզէ մշակոյթ փոխել:

Այս հարցով ուշադրութիւնս գրաւած է, Հայաստանի մէջ ուր որ երթամ (սրճարան, ճաշարան), նկատած եմ մարդիկ, որոնք շատ անգամ պնակին կէսը, կամ նոյնիսկ մի քանի անգամ նկատած եմ, որ ոչ մէկ պատառ կ՚ուտեն: Ի՞նչ է պատճառը, չեմ գիտեր, կրնայ ըլլալ չտեսութիւն է, տգիտութիւն, անդաստիարակութիւն, բայց, չեմ կարծեր, թէ բոլոր պարագաներուն մարդիկ կերակուրը չեն հաւնիր։

Մենք աղքատ երկիր ենք, 30 տոկոս ծայրայեղ աղքատութեամբ եւ նոյնիսկ Երեւանի «հարուստ» կեդրոնի մէջ մուրացկաններ կը վխտան եւ մտքիս մէջ համրելով ինչքան ուտելիք կը թափուի հոս, տխրելի է:

Ողորմած հայրս ու մեծ մայրս, որոնք եղեռնէն փրկուածներու զաւակներ էին, կ՚ըսէին եւ մինչեւ հիմա մամաս ալ կ՚ըսէ՝ «պնակդ վերջացուր, աշխարհի մէջ շատ մը մարդիկ ուտելիք չունին եւ անօթի են, մեղք ունի»։ Ըստ իս, այս մօտեցումն ու մշակոյթը կապ չունի աղքատ-հարուստի, ինչպիսի պայմաններէ անցածի եւ առատաձեռնի կամ կծծիի հետ, այլ պարզապէս բարոյագիտութեան ու հասկացողութեան դրսեւորում է։

Ուտելիք թափելը կամ պատճառ դառնալը անոր վատնելուն՝ ամօթալի, ամբարտաւան եւ տեղ մըն ալ ուրիշին վնասող բան մըն է, մա՛նաւանդ երբ այդ դիտաւորեալ է կամ անհաշիւութեան արդիւնք:

Բարոյագիտութիւնը երկար ու տեւաբար զարգացող ոլորտ մըն է եւ, այո, կան կարգ մը սկզբունքներ, որոնք անփոփոխ կ՚երեւին, բայց, մարդկային հասարակութիւններու յարափոփոխութիւններուն եւ ընկերաբանութեան ձեւաշարժին զուգահեռ, չեն կրնար սառած մնալ: Ընկերային վարքն ու բարքը, կենցաղավարութիւնը, կեանքի ոճն ու բովանդակութիւնը իր ամենաշատ ազդուածութեան դաշտը կը պարզէ նոյնինքն տնտեսութենէն: 21-րդ դարու տնտեսական համակարգը մարդկային բնաւորութեան ու վարմունքին ալ կերտողներէն են: Նոյն մարդը չենք, ինչ որ էինք 20-րդ դարուն եւ ի շարս միւս դարերուն, իսկ ներկայ մեր ժամանակի բացուածութիւնն ու համաշխարհայնացումը աւելի մօտեցուցին մարդոց կենսակերպերը եւ ստեղծեցին նոյն տեղային ու կրօնական չափանիշներն ալ, եթէ չըսենք շրջանցնող, ապա նուազագոյն չափով յղկող, խարտող կամ ձեւակերպող համընդհանուր իրավիճակ: Հիմակուայ մարդու ծախսելու, տնտեսելու եւ ապրելու ոճը ունեցաւ իր տիպային-կերպարային կառոյցը, ինչ որ յառաջացաւ բաց շուկայական յարաբերութիւններէն ու զանգուածային լրատուական միջոցներու սփռումներէն կամ նոյնինքն ընթացիկ արուեստէն, որոնք ունին իրենց միջազգային մեծ ու ղեկավարող կեդրոններն ու քաղաքները: Ներկայ դարուս ահռելի ճոխութեան աճին հետ, միաժամանակ աճեցաւ ագահութիւնն ալ ու անոր կողքին միւս մարդկային գիծերը, ներկայ մեր ծախսումները շատ տարբեր են անցեալէն, քանի ծախսումի տեղերն ու ճոխութեան աղբիւրները շատ տարողունակացան:

Ժողովրդային բնաւորութիւնները, այո՛, յառաջացած կրնան ըլլալ ապրուած պայմաններէն, բայց տեղ մը համատարած ու ինքնստինքեան հասկացողութիւններ ձեւաւորուած են նիւթապաշտութեան տեսակներու-աստիճաններու շուրջ։ Օրինակ՝ նիւթապաշտութիւն՝ վասն աւելի լաւ ապրելու համար, նիւթապաշտութիւն՝ զարմացնելու համար եւ կամ նիւթապաշտութեան ծայրայեղ ձեւը՝ իմա դրամապաշտութիւնը (դրամ կուտակել միայն այսպէս ըսած՝ դրամաստրկութենէն մեկնած):

Չկայ իտէալական կամ երազական ապրելաձեւ, բայց, ինքնին մեր ազատ ժամանակները հնարաւորութիւնն ալ տուին անհատ մարդուն աւելի ընտրանքներու դէմ ըլլալու եւ ինքզինք դրսեւորելու:

ՏԻԳՐԱՆ ԳԱԲՈՅԵԱՆ

Երեւան

Շաբաթ, Դեկտեմբեր 28, 2024