«ՈՒՍՈՒՄՆ ՊԱՐՏՈՒՑ»
ԶԳԱՍՏՈՒԹԻՒՆ ՊԱՏԻՒԻ ՄԷՋ
Շռայլութիւնը փափկասիրութիւնը, մարմնապաշտութիւնը եւ հպարտութիւնը կը զօրացնէ: Ան մեզի առիթ կու տայ չափազանց հոգալու մեր մարմինին համար եւ փափկասիրութեան մէջ ընկղմիլ, որմէ ազատիլը խիստ դժուար կ՚ըլլայ, երբ կամենանք ուղղուիլ: Շռայլութիւնը հասարակութեան մէջ անգործութիւն, ունայնասիրութիւն, սնոտի ու վաղանցուկ զուարճութիւններ կը սերմանէ: Ան կը թուլցնէ եւ կ՚ապականէ ժողովուրդին վարքը, մեծ նշանակութիւն կու տայ հարստութեան եւ սակայն երբեք աղքատներուն չ՚օգներ եւ չի՛ սփոփեր անոնց տառապանքը: Ի վերջոյ, շռայլութիւնը կը զբաղեցնէ մեզ ներկայ կեանքի խաբուսիկ ունայնութեամբ եւ կը շիջեցնէ մեր առ Աստուած եւ առ հոգեւորը ունեցած սէրը: Սուրբ Գիրքը շռայլութիւնը կը դատապարտէ այս խօսքերով. «Թագաւորին առջեւ մի՛ պարծիր եւ մեծերուն տեղը մի՛ կենար» (Առ 25.6): Պօղոս առաքեալ կը յորդորէ կիներուն՝ պարզ հագուստներ հագուիլ. «Նոյնպէս կ՚ուզեմ, որ կիներ իրենք զիրենք զարդարեն խոնարհութեան զարդերով, ամօթխածութեամբ եւ պարկեշտութեամբ։ Ո՛չ թէ մազերու յարդարանքով կամ ոսկեղէնով, մարգարիտներով կամ սուղ զգեստներով, այլ՝ բարի գործերով, ինչպէս որ աստուածպաշտութեամբ ապրիլ յանձն առած կիներուն կը վայելէ» (Ա.Տմ 2.9-10). «Ձեր զարդը արտաքին թող չըլլայ, ո՛չ մազերուն յարդարանքը, ո՛չ ոսկեղէնները եւ ո՛չ ալ զարդարուն հագուստները, այլ՝ սիրտին մէջ ծածկուած, հեզ եւ խաղաղ հոգիի մը անկորնչելի գեղեցկութիւնը. եւ ա՛յդ է թանկագինը Աստուծոյ համար։ Որովհետեւ անցեալին ալ, Աստուծոյ յուսացող հաւատացեալ կիները իրենք զիրենք այդպէս կը զարդարէին՝ իրենց ամուսիններուն հնազանդելով» (Ա.Պտ 3.3-5):
Շռայլութիւնը բոլորովին հակառակ է Աւետարանի հոգիին, որովհետեւ Աւետարանը մեզի մեր Փրկիչին սէրը կ՚առաջարկէ, որ Իր կեանքը աշխատանքներու մէջ անցուց, հեռացաւ զգացողութիւնները փաղաքշող բաներէ, հեզութեամբ ու խոնարհութեամբ յանձն առաւ տառապանքն ու չարչարանքը: Աւետարանը կը յորդորէ մեզի, որ մեր միակ փառքը Աստուծոյ հաւատարիմ ըլլալն է, Անոր ողորմութեան յուսալը եւ միայն Անոր խաչով պարծենալը. «Գալով ինծի, քա՛ւ լիցի որ մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի խաչէն զատ ուրիշ բանով պարծենամ։ Այդ խաչին միջոցաւ աշխարհը մեռած է այլեւս ինծի համար, ինչպէս ես մեռած եմ աշխարհին համար» (Գղ 6.14): Հնարաւոր չէ, որ Աստուծոյ սէրը այս կեանքի ունայնութեան հետ կապուի, եւ, միթէ՞ Յիսուսի հետեւորդներուն կը վայելէ զԱստուած ձգել ու աշխարհը սիրել. «Մի՛ սիրէք աշխարհը, ոչ ալ աշխարհին յատուկ որեւէ բան։ Ով որ աշխարհը կը սիրէ՝ Հօր Աստուծոյ հանդէպ սէր չունի իր մէջ» (Ա.Յհ 2.15): Մեր Փրկիչը հարուստին առակով մեր առջեւ կը պատկերացնէ շռայլութեան վտանգը: Կը պատկերացնէ, թէ ի՛նչպիսի ծիրանի հագուստներ կը հագուէր եւ զեխութեան մէջ կը տապալէր, աղքատները մոռնալով եւ երբեք չմտածելով իր հոգիի փրկութեան մասին (Ղկ 16.19): Սուրբ Գիրքը շռայլութեան եւ հպարտութեան հակառակ, մեզի կը պատուիրէ.
ա) Հեզութիւն, որ է՝ մեր ունեցած տաղանդներն ու բարութիւնները չափէն դուրս չմեծցնելը, այլ՝ ճանչնալ ու խոստովանիլ մեր պակասութիւնները. «Տառապեցէ՛ք, սգացէք ու լացէք. այո՛, ծիծաղելու տեղ՝ սգացէ՛ք, ուրախանալու տեղ՝ տրտմեցէ՛ք: Դուք ձեզ խոնարհեցուցէ՛ք Տիրոջ առջեւ, եւ Ինք ձեզ պիտի բարձրացնէ» (Յկ 4.9-10). «Հետեւաբար, ձեր մեղքերը իրարու խոստովանեցէք եւ իրարու համար աղօթեցէք, որպէսզի բժշկուիք. որովհետեւ արդարի մը աղօթքը ազդեցիկ է եւ մեծապէս կ՚օգնէ» (Յկ 5.16):
բ) Մեր սիրտը մեր ունեցած արտօնութեամբ չհպարտացնել, այլ՝ ընդհակառակը, նոյն արտօնութիւնը մեզի գեղեցիկ միջոց համարելով՝ Աստուծմէ գոհանալու:
գ) Միշտ պատրաստակամ ըլլալ ուրիշներուն առջեւ խոնարհիլ եւ սնապարծութեան երբեք տեղ չտալ. «Մի՛ ընէք որեւէ բան, որ հակառակասիրութենէ մղուած ըլլայ. այլ՝ խոնարհ ոգիով՝ ձեր ընկերները աւելի լաւ համարեցէք քան դուք ձեզ: Միայն դուք ձեզ մի՛ մտածէք, այլ նաեւ՝ ձեր ընկերոջ մասին» (Փլպ 2.3-4):
Խոնարհութիւնը արտաքանպէս կ՚երեւի հեզ վարմունքով եւ վայելուչ խօսակցութեամբ, այսինքն՝ երբ մեզմէ մեծերը կը պատուենք, հաւասարներուն հետ համաձայն կ՚ընթանանք, մեզմէ փոքրերուն հետ քաղցրութեամբ եւ հեզութեամբ կը վարուինք, ուրիշներուն խրատները կը լսենք եւ առ հասարակ ուրիշներուն սիրտը այնպէս կը գրաւենք, որ եղբայրասիրութեան կապը կ՚ամրանայ. այս է, որ ճշմարիտ քաղաքավարութիւն կ՚անուանուի: Իսկ եթէ խոնարհութիւնը կեղծ ու պատիր է, խօսակցութեան ձեւերը խաբեբայ, հեզութիւնը լոկ դիմակ է, որու տակ հպարտութիւնը կը սքօղի. այս մէկը մարդախաբութիւն կ՚անուանուի՝ քան թէ քաղաքավարութիւն: Սուրբ Գիրքը կը պատուիրէ իրարու նկատմամբ խոնարհութիւն ունենալ. «Բոլորդ ալ խոնարհաբար ծառայեցէք իրարու, որովհետեւ ինչպէս Սուրբ Գիրքը կ՚ըսէ. «Աստուած հակառակ է ամբարտաւաններուն, մինչ խոնարհներուն շնորհք կու տայ»» (Ա.Պտ 5.5): Աւետարանը մեզի օրինակ կու տայ մաքսաւորը, որ խոնարհութեամբ եւ զղջումով արդարացաւ եւ իր տունը գնաց. «Մաքսաւո՛րն է որ արդարացած տուն գնաց, եւ ո՛չ թէ փարիսեցին. որովհետեւ ով որ իր անձը կը բարձրացնէ՝ պիտի խոնարհի, եւ ով որ իր անձը կը խոնարհեցնէ՝ պիտի բարձրանայ»:
Խոնարհութիւնը աւելի յարմար եւ վայելուչ է երիտասարդներուն, պատճառը՝ որովհետեւ անոնք փորձառու չեն, բազմաթիւ արգելքներ ունին եւ մեծամտութիւնը կրնայ խափանել անոնց առաքինութիւնը եւ տգիտութեան առաջնորդել: Բայց եթէ երիտասարդները շատ չվստահին իրենց անձին, այլ՝ հեզութեամբ եւ պարկեշտութեամբ ընդունին իրենց ծնողներուն, իրենց ուսուցիչներուն եւ բոլոր բարեմիտներուն բարի խրատները, շուտով կատարելութեան կը հասնին եւ շատ կը յառաջդիմեն. «Նոյնպէս ալ դուք, երիտասարդնե՛ր, հնազանդ եղէք ծերերուն։ Բոլորդ ալ խոնարհաբար ծառայեցէք իրարու» (Ա.Պտ 5.5): Խոնարհութեան ամենէն յարմար միջոցը քրիստոնէական կրօնքն է, որ կարելի է ըսել, թէ խոնարհութեան գեղեցիկ դպրոց մըն է: Քրիստոնէական կրօնքը հզօր կերպով կը պատուիրէ խոնարհութիւն եւ մեծամեծ խոստումներ կը խոստանայ ու քրիստոնէական հաւատքին բոլոր մասունքները խոնարհութեան գործեր են:
Երբ կը խոստովանինք, որ մեր փրկութիւնը Աստուծոյ ձեռքն է, երբ կը հաւատանք, որ Աստուծմէ կախեալ ենք, երբ կը խոստովանինք, որ մեր տկարութեան Զօրացուցիչը, մեր մեղքերուն Քաւիչը եւ մեր դժբախտ վիճակին Բարւոքիչը՝ Աստուած է, երբ կ՚ընդունինք, որ մենք միշտ Աստուծոյ ողորմութեանն ու օգնութեանը կարօտ ենք, երբ կը ճանչնանք, որ մենք բոլորս Աստուծոյ առջեւ հաւասար ենք, եւ երբ մեր ժամանակաւոր արտօնութիւնները ոչինչ կը համարենք ու միայն յաւիտենական կեանքը կը փնտռենք, ահա այս ճանաչողութեամբ՝ մեր խոնարհութիւնը կը յայտնենք:
Քրիստոնէական կրօնքը կ՚ուսուցանէ մեզի, որ մենք Նախախնամութեան գործակից ենք, եւ իւրաքանչիւր վիճակի, իւրաքանչիւր պաշտօնի մէջ պարտաւոր ենք մեր պարտաւորութիւնները կատարել, հնազանդելով Աստուծոյ կամքին եւ իմանալով, որ ճշմարիտ առաքինութիւնը եւ իսկական փառքը հնազանդութեան մէջ կը բովանդակուի: Աւետարանը կ՚ուսուցնէ մեզի ատել աշխարհային ունայնութիւնները, որով բազմաթիւ մարդիկ զբաղուած են, եւ ճանչնալ մեր անձը իբրեւ պանդուխտ եւ ճանապարհորդ այս աշխարհին մէջ. կ՚ուսուցանէ մեզի աշխատիլ երկնային հայրենիքին դուռը բանալ, ուր միայն պահուած է առաքինիներուն համար հաստատուն փառք եւ յաւիտենական երջանկութիւն: Մեր խոնարհութեան ամենէն մեծ Օրինակը՝ մեր Փրկիչը, որ մեր սիրոյն համար չարչարանք յանձն առաւ, որպէսզի մենք եւս նոյն խոնարհութեան քաղցր զգացումները կրելով եւ աշխարհի ունայնութիւնը ոչինչ համարելով, կարենանք Անոր աշակերտ համարուիլ. «Ձեզմէ իւրաքանչիւրը թող իր եւ ուրիշներուն մասին խորհի այն` ինչ որ կը տեսնէ Քրիստոս Յիսուսի մէջ, որ թէպէտ բնութեամբ Աստուած էր եւ Աստուծոյ հաւասար ըլլալը հռչակելը Իրեն համար Աստուծոյ պատիւը յափշտակել չէր նշանակեր, բայց կամաւորաբար Ինքզինք այդ պատիւէն մերկացուց` ծառայական մեր բնութիւնը Իր վրայ առնելով եւ մարդոց պէս եղաւ ու մարդկային կերպարանքով ճանչցուեցաւ: Ինքզինք խոնարհեցուց եւ Աստուծոյ հնազանդեցաւ՝ յանձն առնելով մահը եւ այն ալ` խաչին մահը» (Փլպ 2.5-8): Այսպէս, ուրեմն, ինչքանով որ Աւետարանական հոգին կը զօրացնենք մեր մէջ, այդքանով դիւրին կ՚ըլլայ մեզի համար խոնարհութիւնը:
Հպարտութեան գլխաւոր դեղը քրիստոնէական կրօնքն է: Պարտաւոր ենք անդադար աշխատիլ՝ հպարտութեան յաղթելու համար եւ ամէն օր խոնարհութեան մէջ յառաջդիմելու: Մեր դէմ եղած հակառակութիւնները պէտք է օգտակար համարենք մեզի համար, որով կը կարողանանք մեր պակասութիւնները զգալ, գոռոզութեան հոգիին զօրութիւնը նուաճել, ուրիշներէն խրատ խնդրել, մեր գործերը ճշմարիտ խրատներուն համաձայնեցնել եւ շատ չվստահիլ մեր անձին, որ երբեմն ինքնասիրութեան ախտով կը ճարակի: Պարտաւոր ենք փախչիլ այն մարդոց ընկերակցութենէն, որոնք ստոր են եւ երեսպաշտ ու իւրաքանչիւր բարեկամութիւն միայն իրենց օգուտին համար կ՚օգտագործեն: Մեզմէ բարձր մարդոց հետ ունեցած կապակցութիւնը խիստ օգտակար է այս առումով, որովհետեւ անոնք աւելի փորձառու եւ լուսաւորուած են: Պարտաւոր ենք մեր մանուկ հասակէն վարժուիլ քիչ խօսիլ մեր անձին մասին եւ ուրախութեամբ հնազանդիլ բոլոր բարի խորհուրդներուն: Պարտաւոր ենք երբեք չյամառիլ մեր կարծիքներուն վրայ, այլ՝ միշտ ունայնասիրութենէ հեռանալ եւ այսպիսով հպարտութեան արմատները խլել: Երբ ներքնապէս պարզ սիրտ կ՚ունենանք եւ արտաքնապէս համեստ կեանքով կ՚ապրինք, այնուհետեւ ի սպառ կրնանք ամբարտաւանութեան եւ գոռոզութեան հոգին նուաճել, գործունեայ եւ օգտակար կեանք մը ունենալ եւ մեր անձին համար շատ չհոգալ: Այս բոլոր միջոցները եւ ընդունակութիւնները Պարգեւողը՝ Աստուած է, ուստի, պարտաւոր ենք միշտ օգնութիւնը խնդրել Անոր, Որ կրնայ մեր սիրտը փոխել, մեզի կամք եւ գործադրութիւն տալ եւ Իր Հոգիով յաջողցնել՝ ինչ որ բարի է եւ օգտակար. «Որովհետեւ Աստուած ի՛նք է, որ կը ներգործէ ինչ որ կը կամենաք ու կը կատարէք, որպէսզի Իր կամքին համաձայն շարժիք» (Փլպ 2.13):
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
•շար. 29
Վաղարշապատ