ԱՌԱՆՑ ԳԻՐՔԻ ԵՒ ՈՒՍՈՒՑԻՉՆԵՐՈՒ ԴՊՐՈՑՆԵ՞Ր

Դպրոցներու ապագային մասին աւելի յաճախ սկսաւ խօսուիլ համակարգիչներու, լեփթոփներու, համացանցի եւ հաղորդակցութեանց նորանոր միջոցներու ստեղծումէն եւ արագ որդեգրումէն ետք: Արդէն իսկ կարգ մը դպրոցներու մէջ դասագիրքերու գործածութիւնը դադրած է, իսկ հիմա, մարդամեքենաներու, արհեստական բանականութեան եւ քորոնա համաճարակի ժամանակաշրջանին ոմանք սկսած են խօսիլ առանց ուսուցիչի դպրոցներու մասին: Արդեօք պիտի գա՞յ այն օրը, երբ դպրոցները անհրաժեշտ պիտի չնկատուին:

«Տիպէյթ.օրկ» կայքը այս բնաբանով ուղղած է հարցում մը, որուն պատասխանած են՝ մասնագէտներ, ուսուցիչներ, աշակերտներ, ծնողներ եւ ժամանակակից արհեստագիտութեան… ստրուկներ:

Կը ներկայացնենք զանազան կարծիքներ:

*

ԴՈՒՔ ԿԸ ՀԱՒԱՏԱ՞Ք, ՈՐ ԱՊԱԳԱՅԻՆ ԴՊՐՈՑՆԵՐԸ ՉԵՆ ՈՒՆԵՆԱՐ ԳԻՐՔԵՐ ԵՒ ՈՒՍՈՒՑԻՉՆԵՐ:

«Օ՛, այո՛: Ես նոյնիսկ կը զօրակցիմ»:

«Ոմանք կ՚ըսեն, որ միայն ուսուցիչները կրնան հասկնալ աշակերտի հոգեբանութիւնը, այլ ոչ թէ՝ մեքենայ ուսուցիչները, բայց քանի որ մենք կը խօսինք ապագայի մասին, ո՞վ գիտէ, մարդամեքենաները կամ արհեստական բանականութիւնը կրնան զարգանալ մինչեւ գերհետախուզութեան մակարդակ եւ աւելի լաւ հասկնալ աշակերտները, քան՝ մարդիկ»:

- Ուսուցիչները արդէն ժամանակավրէպ են։

«Եթէ դուք իսկապէս կը հաւատաք, որ ուսուցիչները յաջորդ տասնհինգ տարուան ընթացքին տակաւին կը մնան, դուք կը զառանցէք: Երեխաները ոչ միայն կը զայրանան եւ չեն սիրեր ուսուցիչները, այլեւ աշխատանքը ինքնին բացարձակապէս անիմաստ է, եթէ նկատի առնէք այն տեղեկատուութեան ճնշող քանակը, որ կարելի է գտնել առցանց: Երեխաներուն մեծ մասը այսօր արդէն կը գործածէ համացանցէն ստացուող տեղեկատուութեան գաղտնի աղբիւրները, քանի որ ուսուցիչները չեն կրնար քալել ժամանակին հետ»:

- Կը կարծեմ, թէ ատիկա ճիշդ է:

«Յառաջիկային դպրոցները գիրքեր եւ ուսուցիչներ չեն ունենար: Այսօր մենք կրնանք նկատել, որ աշակերտները իրենց աշխատանքին մեծ մասը կը կատարեն տեսակաւոր համակարգիչներով, որպէսզի դիւրացնեն իրենց աշխատանքը: Եթէ անոնք շարունակեն այսպէս իրենց գործը աւելի դիւրացնելու համար, անշուշտ գիրքեր չեն ըլլար: Մի՛ հաւատաք, որ ուսուցիչները ունակ են մրցակցիլ այսօրուան արհեստագիտութեան հետ, որ ունի աշակերտներուն անհատական հիմունքներով սորվեցնելու ունակութիւն, որ մարդկային ուսուցիչները չեն կրնար պատկերացնել: Արհեստագիտութիւնը նոյնպէս կարելիութիւն կու տայ դասաւանդելու առցանց, առանց ուսուցիչին կողմնակալութեան եւ պարտադրած օրակարգին: Ինչպէս բազմաթիւ մասնագիտութիւններ պատմութեան ընթացքին, ուսուցչութիւնն ալ կ՚անհետանայ: Ժամանակակից դպրոցները կ՚ըլլան լաւագոյնը: Աշակերտները պէտք չեն ունենար դպրոց յաճախելու փոխադրակառքով, երկար ճամբաներ կտրելով: Նոյնիսկ վառելանիւթի խնայողութիւն կ՚ըլլայ, եւ մարդիկ ուժանիւթի ապականումներէն զերծ կը մնան: Դպրոցները կու տան գիրքեր, որոնք պատրաստուած են ծառերը թուղթերու վերածելով: Այս տեսակի ուսումնասիրութիւնները լաւ են»:

- Ես կը հաւատամ, որ ապագային դպրոցները գիրքեր կամ ուսուցիչներ չեն ունենար:

«Այսօրուան դրութեամբ մենք կրնանք նկատել, որ աշակերտները եւ ուսանողները իրենց աշխատանքին մեծ մասը կը կատարեն ելեկտրոնային գործիքներու միջոցով, ինչպիսիք են համակարգիչները: Եթէ այսպէս շարունակուի, անշուշտ գիրքերը չեն գործածուիր: Իսկ մեր օրերուն ճամբաներու խճողումը այնքան շատ է, որ դժուար կ՚ըլլայ երթեւեկել: Այսպիսով, եթէ ուսուցիչները մեքենայ ըլլան, մենք դիւրաւ կրնանք սորվիլ տան մէջ: Ամէն ոք կ՚ուզէ, որ իր կեանքը ըլլայ դիւրին եւ ոչ շատ նեղացնող: Այսպիսով, ես կը հաւատամ, որ դպրոցները ապագային չեն ունենար գիրքեր կամ ուսուցիչներ»:

- Ես մեծապէս կ՚աջակցիմ։

«Արհեստագիտութիւնը արագ ընթացքով պիտի յառաջանայ եւ աշակերտներու դասաւանդելու դասական միջոցները պիտի չկարողանան քայլ պահել ժամանակին հետ: Ես մեծապէս կ՚աջակցիմ դպրոցներուն մէջ արհեստագիտութեան ամբողջական գործածութեան»:

- Ուսուցչութիւնը՝ անհետացող մասնագիտութիւն։

«Ես չեմ հաւատար, որ ուսուցիչները ի վիճակի են մրցակցիլ այսօրուան արհեստագիտութիւններուն հետ: Ինչպէս բազմաթիւ մասնագիտութիւններ պատմութեան ընթացքին, ուսուցչութիւնը դարձած է հինցած արհեստ: Ես այժմ դպրոցական տարիքի երեխաներ ունիմ եւ ուրախ եմ, որ արհեստագիտութիւնը դիւրամատչելի է»:

- Ես շարժումին հետն եմ

«Ապագայ դպրոցի հիմնումը լաւ օգուտ կ՚ըլլայ, եթէ գիրքեր եւ մարդկային ուսուցիչ չըլլան, որովհետեւ մեր օրերուն մէջ երեխաները աւելի կանուխ տարիքին պէտք է աւելի շատ գիրքեր կրեն, այդ պատճառով երեխաները լաւ սնունդ չեն ստանար, եւ իրենց ուժը կը վատնեն գիրքերը շալկած դպրոց երթալով: Մարդկային ուսուցիչը որոշ թերութիւններ ունի, քանի որ ան կրնայ ներկայ չըլլալ տուեալ պահու մը, կրնայ ուշանալ, բայց մարդամեքենայ ուսուցիչները այն տիպի ուսուցիչներն են, որոնք շատ ճշդապահ են: Անոնց միջոցով աշակերտները իւրաքանչիւր դասանիւթ լաւ եւ դիւրին կը սորվին»:

- Ես կողմնակից եմ արհեստագիտութեան:

«Եթէ ըլլան վիրչուըլ դասարաններ, աշակերտները կը սորվին առանց խանգարումի, որուն շնորհիւ անոնք կը ստանան համապատասխան գիտելիքներ: Եթէ ուսանողը տկար է ուսման մէջ, ան կրնայ կրկին նայիլ, մինչեւ որ սորվի: Մինչ մարդկային ուսուցիչը չի կրնար ատիկա ընել, որովհետեւ մարդոց համար ամէն բանի սահման կայ: Այսպիսով, ես կողմնակից եմ արհեստագիտութեան»:

- Յիմար միտք է։

«Այդ մասին մտածելն անգամ անտեղի եւ տարօրինակ է: Մարդիկ ինքնակամ ստրուկները պէտք չէ դառնան մարդամեքենային»:

- Համաձայն չեմ։

«Իմ կարծիքով, համակարգիչը չի կրնար փոխարինել իրական ուսուցիչը: Իսկական ուսուցիչը կրնայ յարմարիլ երեխայի մտածելակերպին: Համակարգիչին դիմաց մնալու ժամանակը կ՚աւելնայ, որուն պատճառով կը յառաջանան բազմաթիւ առողջական խնդիրներ, ինչպիսիք են՝ ճնշուածութիւնը, աչքերու խնդիրները, լսողութեան ազդեցութիւնը երեխաներու վրայ: Ամենէն մեծ խնդիրը այն է, որ աշակերտներու միջեւ դէմ առ դէմ փոխազդեցութիւնը կը նուազի: Քանի որ փոխազդեցութիւն չկայ, աշակերտը չի կրնար արտայայտել իր գաղափարները: Սորվելու պատրաստակամութեան պակաս կ՚ըլլայ, քանի որ ուսանողը տան մէջ կրնայ դիւրութեամբ շեղել կեդրոնացումը:

- Համաձայն չեմ այս միտքին հետ։

«Արհեստագիտութիւններու կիրարկումով երեխաները կրնան առողջական բազմաթիւ խնդիրներ ունենալ՝ աչքերու, լսողութեան, շարժումներու կապուած: Մարդկային ուսուցիչը կրնայ աւելի հասկնալ աշակերտները, քան՝ արհեստագիտութիւնը, մարդկային ուսուցիչը կրնայ շատ աւելի լաւ բացատրել իր զգացումները, քան՝ արհեստագիտութիւնը: Ուրեմն ես խորապէս կը հաւատամ, որ ապագային կ՚ըլլան ուսուցիչներ եւ գիրքեր»:

- Ինչպէ՞ս կարելի է գիրքերը եւ ուսուցիչները փոխարինել…

«Ուսուցիչները եւ գիրքերը, որոնք կարեւոր դեր կը խաղան մեր կեանքին մէջ, չեն կրնար փոխարինուիլ մարդամեքենաներով: Կան այնքան ուսուցիչներ, որոնք իրենց կեանքը նուիրած են մեր ապագան կերտելու համար: Ինչպէ՞ս կրնանք իջնել նման մակարդակի եւ անոնց երախտապարտ ըլլալու փոխարէն՝ պարզապէս կը մտածենք զանոնք փոխարինելու մասին… Միայն մտածեցէ՛ք այն մարդոց մասին, որոնք իրենց առօրեան կ՚ապրին ուսուցման միջոցով: Ինչպիսի՞ մարդոց կը վերածուինք մենք: Քանի ուշ չէ, պէտք է հիմա՛ մտածենք այդ մասին»:

- Կուկըլը մարդկային էակ չէ։

«Եթէ մենք կը մտածենք, որ Կուկըլի նման կայքերը կը փոխարինեն ուսուցիչները եւ գիրքերը, ատիկա կարելի չէ ընել, քանի որ միայն ուսուցիչը կրնայ հիմնովին բացատրել ուսողութեան հայեցակարգը, Կուկըլը կրնայ նշել միայն այն քայլերուն մասին, որոնք պիտի հետեւին, եւ նոյնը՝ նաեւ այլ հասկացողութիւններու հետ:

- Ապագային գիրքեր պիտի ըլլան

«Ապագային ուսանողները գիրքեր պիտի գործածեն, բայց՝ աւելի քիչ: Ուրեմն այդ չի նշանակեր, որ ապագային գիրքեր պիտի չըլլան»:

- Մարդկային ուսուցիչը կը բացատրէ։

«Շատ ձանձրալի է առանձին սորվիլ սենեակի մը մէջ՝ առանց դասընկերներու: Եթէ մենք հարցում մը ուղղենք մարդկային ուսուցիչին, անոնք այդ կը բացատրեն բազմաթիւ ձեւերով, բայց մարդամեքենայ ուսուցիչը այդ կը բացատրէ միայն մէկ ձեւով: Նաեւ լաւ չէ, որ ամէն բան համակարգիչին մէջ է, օրինակ՝ քննութիւնը համակարգիչին մէջ, գիրքերը համակարգիչին մէջ, տնային աշխատանքը համակարգիչին մէջ եւ այլն: Մարդամեքենայ ուսուցիչը կը սորվեցնէ ըստ իր պահպանուած ծրագիրին, որ կրնայ անհասկնալի ըլլալ ուսանողներուն, բայց մարդկային ուսուցիչը ատիկա համապատասխան կը բացատրէ: Մարդկային ուսուցիչը եւ գիրքերը երբեք չեն փոխարինուիր ապագային»:

- Համաձայն չեմ։

«Երկու մարդոց հոգեբանութիւնն ու փոխըմբռնումը (այսինքն՝ ուսուցիչ եւ ուսանող) չի կրնար նոյնը ըլլալ մարդամեքենայի եւ մարդու միջեւ: Մարդկային ուսուցիչը 100 անգամ ուղղուող հարցումին կը պատասխանէ 100 տարբեր ձեւերով, մինչեւ որ ուսանողը ճիշդ հասկնայ զայն: Մինչ նոյն հարցումը, որ տրուած է մարդամեքենայ ուսուցիչին 100 անգամ, կը պատասխանէ 4-5 ձեւով, ինչպէս ծրագրաւորուած է համակարգին մէջ: Ուսուցիչը կրնայ ճիշդ հասկնալ իր աշակերտը՝ անոր չարաճճիութենէն մինչեւ լրջութիւն, մինչ մարդամեքենան չի կրնար: Եզրակացութիւնն այն է, որ մարդկային ուսուցիչները չեն կրնար փոխարինուիլ մարդամեքենաներով»:

- Ուսուցիչները ընկերային դեր կը խաղան մեր կեանքին մէջ: Ուսուցիչները չեն կրնար հեռացուիլ:

«Ո՞ւր կը պահուին մարդամեքենայ ուսուցիչները: Անոնք կը դասաւանդեն ըստ իրենց պահպանուած ծրագիրին, որ կրնայ անհասկնալի ըլլալ ուսանողներու համար, բայց մարդկային ուսուցիչը ատիկա կը բացատրէ համապատասխանաբար: Մարդկային ընկերային յարաբերութիւններ ոչ ոքի հետ կը մնան, որովհետեւ այս աշխարհին մէջ ոչ ոք ուրիշէն տեղեակ կ՚ըլլայ: Բոլորը զբաղած կ՚ըլլան իրենք իրենցմով ու իրենց մարդամեքենաներով»:

- Մարդկային դաստիարակները լաւագոյնն են։

«Կարելի չէ հերքել, որ արհեստագիտութիւնը փոխած է կրթութեան փոխանցման նախկին ձեւը, եւ դեռ շատ նորարարութիւններ պիտի գան: Այդուհանդերձ, ուսուցիչները երբեք չեն կրնար փոխարինուիլ մարդամեքենաներով: Բարոյական արժէքներ սերմանելը, կարգապահութեան ապահովումը եւ աշակերտներու յուզական աշխարհը շօշափելը կրնան ընել միայն ուսուցիչները: Ուսուցիչը կրնայ աւելի լաւ հասկնալ երեխային հոգեբանութիւնը: Արհեստագիտութիւնը կրնայ օգնել, բայց երբեք չի կրնար փոխարինել ուսուցիչներ»:

- Ո՜չ, չ՚ըլլար…

«Մարդիկ սկսած են օգտագործել համակարգիչներն ու մարդամեքենայ ուսուցիչները ճիշդ այս պահէն: Այո՛, գիրքի նկատմամբ հետաքրքրութիւնը նուազած է, բայց ինչո՞ւ տպագրութիւնը չէ մահացած: Ինչո՞ւ մարդիկ դեռ դպրոց կը յաճախեն: Ինչո՞ւ գրադարանները եւ գիրքի այլ տաճարները գերակշիռ են ամբողջ աշխարհի մէջ: Ես համոզուած եմ, որ գիրքերը դպրոցի հետ գիտելիքի ամենէն մեծ աղբիւրն են եւ միշտ կ՚ապրին մարդոց սրտերուն մէջ, ինչ ալ որ պատահի®»:

- Մեր օրերուն դպրոցները նոր ձեւ կը ստանան։

«Այժմ դպրոցներուն մէջ ունին թուային պաստառներ՝ բացատրութեան համար, բջիջային հեռաձայններ, լեփթոփներ, թապլեթներ՝ իրենց քննութիւնները աւարտելու համար: Այսպիսով, այդ է պատճառը, որ ես կը կարծեմ, թէ ապագային չեն ըլլար գիրքեր, չեն ըլլար դպրոցներ եւ ուսուցիչներ: Երեխաները ամէն բան կը սորվին համակարգիչներէն, բջիջայիններէն եւ այլ սարքերէ»:

- Մարդկային ուսուցիչները ծնողներու նման են։

«Մարդամեքենաները չեն կրնար փոխարինել մարդկային ուսուցիչները, որոնք կ՚ուղղեն աշակերտներու սխալները, զանոնք կը դարձնեն ուժեղ: Բայց մարդամեքենաները այս բաներէն ոչ մէկը կրնան ընել: Աշակերտները կրնան ուշադիր ըլլալ դասարանին, բայց ոչ համակարգիչներուն մէջ: Մարդամեքենաներուն համար ուսանողները տանելի չեն»:

- Ես չեմ հաւատար, որ…

«Մարդը ընկերային կենդանի է: Առանց հասարակութեան (այս առումով՝ մարդոց)՝ մենք չենք կրնար բնականոն կեանք վարել: Այսպիսով, դուք իսկապէս կը կարծէ՞ք, որ մարդամեքենաները պիտի փոխարինեն ուսուցիչները:

Անկախ անկէ, թէ որքան գիտելիք ունի մարդամեքենան, ան երբեք չ՚ունենար նոյն կիրքը, եռանդը, նախանձախնդրութիւնը, մարդկային փոխադարձ գործակցութիւնն ու դաստիարակութիւնը, որ կրնան տրամադրել մարդիկ:

Ապագայ աշակերտները թերեւս աւելի քիչ գործածեն դասագիրքեր, բայց ատոնք երբեք չեն անհետանար:

Թէեւ թուայնացումը արագ տեղի կ՚ունենայ, բոլորին սրտերուն մէջ տակաւին իւրայատուկ տեղ կը գտնուի գիրքերու եւ ուսուցիչներու համար»:

ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ

«Ազդակ», Լիբանան

Շաբաթ, Յունուար 29, 2022