ՄԻԱԿ ԵԼՔԸ
Կ՚ապականենք օդը եւ յետոյ՝ ահազանգը կը սկսի, ո՛չ միայն օդը անշուշտ: Շարքը երկար է: Բայց յայտարարուածները՝ սակաւ:
Հոս Լիբանան է ելեկտրական ընդհատումներու ձեւով մը եթէ ոչ ընտելացած, գէթ այլեւս բնական նկատուած են: Ամէն շրջան եւ ամէն ոք իրեն համեմատ անդրադարձ կ՚ունենայ որեւէ հարցի նկատմամբ. շիտակն ըսելով, անձնապէս կ՚ուրախանամ ելեկտրական ընդհատումներէ, քանի որ եթէ ոչ ամբողջական խաղաղութիւն, քիչ մը հանգստութիւն կը պարգեւէ, հեռու հեռուստատեսային աղմուկներէ. միթէ այս ալ ձայնի, որ իրար խառնուելով կը վերածուի աղմուկի, ապականութիւն չէ՞: Առաւօտ է պիտի ուղղուիս գործի, եւ եթէ քիչ մը ստիպուած ես մայթերէն քալելու…անոնք արդէն զարդարուած են շուներու առաւօտեան կղկղանքով, քեզ ուշադրութիւն վարժեցնելու:
Արտաքին ապականութենէն աւելի եւ նոյնիսկ անոնց բուն պատճառը մարդն է: Մարդը. ներքնապէս ապականած, արտաքնապէս… փողկապաւոր:
Լսեցէք լուրերը քաղաքական դաշտի… հակասութիւններ, հակամարտութիւններ, որոնք հինէն կու գան եւ կը շարունակուին աւելի մասնագիտացած ուժերով, դերասանական արուեստով ու անկարող են զանազանելու ինչպէս սովոր ենք ըսելու թացը չորէն, քանի որ մեր հասողութեան սահմաններէն վեր է, գիտենք թէ ապականութիւն է եւ անուղղայ, բայց միշտ ալ պայքարը կայ հաւատացող խմբաւորումներու կողմէ, որոնք ընդհանրապէս բաղկացած կ՚ըլլան երիտասարդներէ, որոնք տակաւին անփորձ են, բայց ուժ ունին եւ հաւատքի հետ ալ յոյս: Օ՛ն, ուրեմն շարժումները չունին դադար: Սակայն երբ անցած ես այդ հանգրուանէն, ա՛լ կը փնտռես հանգիստ, եւ կ՚ըսես. «Անապատ տեղ մը երթանք…» ինչպէս Յիսուս ըսաւ, երբ լսեց Յովհաննէս Մկրտիչի գլխատումը:
Հանգիստը կեանքի մէկ հրամայականն է, զայն ամբողջացնող: Կայ մարմնականը, հոգեկանը, մտայինը:
Երբ ստամոքսդ իր պարապութեամբ ինքզինք զգացնել կու տայ, կը յիշես հացը, որ բառ մըն է լոկ, որ մինչեւ հացի վերածուի ինչ-ինչ հանգրուաններէ պիտի անցնի. հող, հերկ, հունտ, ցանք, ջուր, արեւ, օդ, շարունակեցէք:
Կայ նաեւ հոգիին պէտքը՝ հանգիստի.- «Զի իմ աւելի անօթի է հոգիս» (Վ. Թ.) եւ հոգին կշտացնելու կերպերը պէտք է գիտնայ թէ ի՛նչ է ուզածը…
Մարդ կը վազէ, կը հետապնդէ ա՛յն ինչի պէտք ունի, ինքզինք հանգիստ զգալու, եթէ լոյս՝ լոյսի-. «Ու ես կ՚երթամ դէպի աղբիւրը լոյսին» (Դանիէլ Վարուժան):
Այլ հանգիստ մըն ալ կայ, որ սփոփանք կը պատճառէ. ունենալ մաքուր, միակ եւ անկեղծ սէր.
Մաքուր իմ սէր, միակ իմ զէն,
Իմ անաղարտ սիրոյ յոյզեր…
…Ինչպէս երգչին քնքուշ քնար,
Զօրավարին ………….սուսեր
(Եղիշէ Չարենց)
Ուղղուած՝ իր գրիչին:
Այլ կերպ մըն ալ՝ հեռանալով հանգիստ գտնել.-
Մի վայրկեան ամէնից հեռանալ
Ամէնին մոռանալ,
Չսիրել, չխորհիլ, չտենչալ, չափսոսալ
(Վահան Տէրեան)
Անցնելով հսկայի մը՝ Շէյքսփիր անուն.
Հնչեակ 66
Կանչում եմ մահ ու անդորր: Անտանելի է տեսնել
Արժանաւոր էակին որպէս թափառ մուրացկան,
Այս բոլորից յոգնատանջ, ես ուզում եմ փախչել յար,
Բայց ցաւում եմ քեզ թողնել միայնակ ու վշտահար:
Որքան ալ ապականած ըլլայ մարդ արարածը, քանի կ՚ապրի, կ՚որոնէ եւ կը գտնէ դարման զանազան տեսակի, եւ ինչպէ՛ս Տարուին կ՚ըսէ. «Գոյատեւելը յարմարուողին է», «Բանականին լուծումը»:
Ընդունիլ, քալել պայքարելով, յուսալով երբեմն ալ՝ հանգստանալով:
Միակ ելքը:
ՍԱՐԳԻՍ ՓՈՇՕՂԼԵԱՆ
«Զարթօնք», Լիբանան