ՊԱՊԻ՛Կ, ՔԱՂԱՔԻԴ ԱՆՈՒՆԸ Ի՞ՆՉ Է

Թոռնիկիս՝ Վանային իր տարեդարձին իբրեւ նուէր, այս տարի խաղալիքի փոխարէն վարդագոյն կողքով յուշատետր մը գնած էի, որուն առաջին իսկ էջին նախ պիտի արձանագրէր իր անունն ու ազգանունը, ծննդեան թուականն ու ծնած քաղաքը եւ ապա ըստ մեր ներքին համաձայնութեան, ամէն երեկոյ քանի մը տող յուշ պիտի գրէր։

Նուէրիս այս բաժինը բացատրելու եւ կամ պարզելու համար միասին սկսանք մեր «աշխատանքին»։ Տրամադրութիւնները լաւ էին եւ բարձր, երբ յանկարծ իննամեայ մեր «օրիորդը» անմեղօրէն ինծի հարց տուաւ.

-Պապի՛կ, ի՞նչ է քու ծնած քաղաքիդ անունը, ո՞ւր է, ինչպէ՞ս է, «փըլիզ» ըսէ՛...։

Իրապէս, որ այս անակնկալ հարցումին առջեւ շուարեցայ։ Զարմացած էի։ Ուրկէ՜ ուր: Բայց ինչո՞ւ ես այսպէս իրար անցայ, չեմ գիտեր։ Զարմանալի։

Չհասկցայ։ Քաղաքիս անունը կ՚ուզէ: Թող ուզէ.- ես ալ կ՚ըսեմ։ Սակայն պէտք է ըսեմ, որ ինծի համար այս անուան հետ շատ բաներ կապուած էին, թերեւս անոր համար էր, որ քիչ մը տատամսեցայ։ Քաղաքս, ծննդավայրս: Ահա քեզի հարցում: Հիմա սակայն հարցը այն է, թէ ինչպէ՞ս պէտք էր, որ պարզէի միտքս, չէի գիտեր։ Ինչո՞ւ կ՚ուզէր իմ քաղաքիս անունը գիտնալ։ Անոր ժամանա՞կն էր։ Չար սատանայ։ Ի՞նչ պէտք էր, որ ըսէի տակաւին շատ մանուկ այս ուղեղին, մեր այդ վիրաւոր քաղաքի մասին, այդ մէկն ալ ինծի համար հանելուկ մըն էր: Չէի գիտեր։ Որովհետեւ խօսիլ մեր քաղաքի մասին կը նշանակէր խօսիլ նաեւ արեւելքի եւ անձիս մասին ալ։ Ցաւալի ու տառապելի։ Ուստի ձեւով մը փորձեցի սահմանել մտածումներս, առանց բացայայտելու յուզումս ու մտահոգութիւնս։ Ու մտովի որոշեցի հետաքրքիր քաղաքիս անուան հետ նաեւ պարզ ձեւով թոռնիկիս ներկայացնել մտքիս պատերուն մէջ բանտուած պահած ծննդավայրիս հին ու նոր կեանքը, անցեալն ու պատմութիւնը, յոյսերն ու յոյզերը։ Թող գոնէ քիչ մը տեղեակ ըլլար իր պապիկի անցեալէն:

Լաւ առիթ էր. տրամաբանեցի:

Բայց ինչպէ՞ս եւ ուրկէ՞ սկսէի: Ինչպէ՞ս բացատրէի, թէ որոշ պարզութիւն մը կար, մեր քաղաքէն ներս, ե՛ւ անօրինակ, ե՛ւ նախանձելի, ե՛ւ աւանդապաշտ։ Ինչպէ՞ս իրեն հասկցնէի, թէ հոն մեծերը աւելի հարուստ էին զգացումով։

Հապա՞ մայրենիին հանդէպ մեր որդեգրումը։ Ինչպէ՞ս պարզէի, թէ հայոց լեզուն մեզի համար հայ հոգիին եւ մտքին յաղթանակն էր ու մեր կեանքին արտացոլումը։ Եւ տակաւին մեր եկեղեցին իր պատմական զանգակով, որ միշտ մեր ականջները կը լեցնէր սուրբ բաներով եւ որ հաւատալ կու տար մեզի, թէ հոն իսկապէս իջած էր մեր Աստուածը։ Այլ խօսքով հոն, մեր հաւատքը մեր կեանքին ատաղձը դարձուցած էինք։ Այս բոլորը արդեօք պէ՞տք էր, որ ըսէի, պատմէի։ Այս փոքրիկը պիտի հասկնա՞ր: Հաւատացէ՛ք, այդ վայրկեանին ինծի համար շատ դժուար էր այս բոլորը թոռնիկիս բացատրել։ Տակաւին նաեւ կ՚ուզէի մատնանշել, թէ մեր քաղաքէն ներս նոյնիսկ տեղացիները կը փաստէին, որ մենք հոն իբրեւ հայեր, ինքնուրոյն էինք եւ հաւատարիմ քաղաքացիներ։ Մենք եղբայր էինք իրենց հետ, խաղաղութեան հետ, աշխատանքին հետ։ Թէեւ միշտ մտահոգ ճակատներ ունէինք, սակայն ապագային կը նայէինք առողջ մտքով։ Միշտ դէպի նորը կամուրջ մը նետած էինք, ու մեր աչքերուն կեդրոնը Արարատն ու եռագոյն դրօշը դարձուցած։ Ու ամենէն հաճելին՝ ամրան գիշերուան լռութիւնը լսելու համար բակը կամ տանիքը կը պառկէինք արեւելեան գեղեցիկ սովորութեան համաձայն։ Ու այդ վայրկեանին երկինքը ցած կ՚իջնէր ու տանիքներուն կը կապուէր։ Ու պառկած տեղերնէս մեր նայուածքները ինքնաբերաբար կը հետեւէին աստղերու ճամբուն։ Մտովի կը ճամբորդէինք գիշերուան թեւերուն վրայ, մինչեւ որ մոռնայինք մենք զմեզ ու ժամանակը։

Իմ այս քաղաքս, ուր գիշերները աւելի գեղեցիկ էին ցերեկէն, եօթ դրացիներով խճողուած մեր բակին մէջ գիշերուայ անդորրը չխանգարելու համար, ամէն մարդ իր սենեակի դրան առջեւ փոքր աթոռակներու վրայ նստած, ցած ձայնով կը խօսէր։ Կը խօսէր իր ցաւերուն եւ յոյսերուն մասին, իր իղձերուն եւ նպատակին։ Միայն մզկիթներէն աղօթքները կը խանգարէին համատարած լռութիւնը։ Ու ամէն գիշեր, չպատմուած հէքեաթներ կ՚արթննային։ Եւ տակաւին՝ աշնան պահածոներ կը պատրաստուէին։ Անձրեւի ջուրը կը հաւաքուէր վարը խորունկ մառանին մէջ տեղ մը։ Սենեակներուն գետինները գորգերով կը ծածկուէին։ Սնտուկներէն բուրդէ հագուստներ կը հանուէին, ու բոլորին տան մէջ կ՚իջնէր սէրը, վաղուան յոյսին ու լոյսին հետ։ Ըսէ՛ք, ինչպէ՞ս բացատրէի, թէ մեր քաղաքը ոգեւորիչ հայութեամբ լեցուն էր։ Անոր համար ան գրաւած էր մայր գաղութի տիտղոսի աթոռը սփիւռքի պատմութեան էջերուն մէջ։ Անձնապէս երախտապարտ եմ քաղաքիս, ծնողքիս չափ։ Արդեօք Վանան պիտի հասկնա՞ր այս մէկը եւ աւելին՝ պիտի հասկնար, թէ հո՛ն մեծեր ունէինք ու բոլորս ալ զիրար կը յարգէինք ու կը սիրէինք, թէեւ երկար ալ կը վիճէինք, սակայն միշտ միասին կը կառուցէինք։ Միասին կը ծրագրէինք: Մեզի հետ կը պտտցնէինք մեր վարդագոյն երազները։ Մեր քաղաքը աննման էր։

Հիմա այս բոլորը ինչպէ՞ս բացատրէի իմ սիրելի թոռնիկիս, մանաւանդ որ յանկարծ օր մը մեր այդ քաղաքին կեանքը իր կշռոյթը կորսնցուց։ Իր կեանքը հալածեց զինք անգութօրէն եւ տակաւին այդ հալածանքը կը շարունակուի։ Տնտեսական, ընկերային ու յատկապէս քաղաքական պայմանները նետեցին մեր քաղաքի զաւակները դէպի ուրիշ ափեր։ Ինչպէս կ՚ըսեն, ամէն բաժանում քիչ մը մահ է եւ ամէն մահ խորունկ ցաւ։ Այդպէս ալ եղաւ։ Այս բոլորին իբրեւ հարազատ արդիւնք, յանկարծ ամէն ուղղութեամբ տարածուեցանք կամովին եւ ակամայ։ Լքեցինք մեր տուներն ու մեռելները ու շատերուս մօտ օտարութիւնը իր կնիքը դրաւ օտար երկինքներու տակ։ Օտար ձեւեր մտան մեր մարմիններուն մէջ։ Մեզմէ շատեր կորսնցուցին հայկական իրենց պարզութիւնը։ Կեանքին համը փոխուեցաւ, սակայն Հայաստանն ու Արարատը մնացին միշտ մեր հոգիներուն մէջ։ Եթէ հայրենիքը գոյութիւն ունէր քարտէսի եւ կամ դուրսը երկրի վրայ, մեր մօտ, ներսը մեր հոգիին մէջ էր, հաստատապէս։

Ըսէ՛ք, այս բոլորը ինչպէ՞ս բացատրէի այս աղջկան։ Ինչպէ՞ս ըսէի, որ մեր քաղաքը հիմա փլատակներու վրայ նստած խոր տխրութիւն մը ունի իր մէջ։

Ու գաղտնիք մը չէ, երբ ըսեմ, որ քաղաքս նաեւ իր բոլոր մանրամասնութիւններով, հին ու նոր յիշատակներով եւ սէրերով մինչեւ հիմա արձանացած կը մնայ էութեանս մէջ։ Մօտս մանկական, պատանեկան եւ երիտասարդութեանս անմեղ ու շքեղ յիշատակներու խառն բոյրը կայ տակաւին, իբրեւ պարզ գիրք, անուշ շարական ու նաեւ իբրեւ պայծառութեան եւ երանութեան աշխարհ։ Հակառակ իր աւերակ ու տխուր ներկայ իրավիճակին տակաւին քաղաքս իր հայու հեւքը պահած է։

Մեր քաղաքը ինծի համար կեանք է, աղջի՛կ ճան, եւ պատմութիւն, եւ գեղեցիկ առասպել։ «Տակաւին շատ փոքր ես այս բոլորը հասկնալու համար սիրելի թոռնիկ».- վերջապէս ըսի մտովի եւ զգացի, որ կրկին անգամ ուժգնօրէն թափանցուած էի ծննդավայրիս յիշատակներով։ Տակաւին յուշերս ունէին իրենց հարազատ աշխարհագրութիւնը՝ Ճիտէյյէ, Սալիպէ, ակումբ, դաշտ, քաղաք, պարտէզ, Նոր Գիւղ, Ճեմարան, Քառասուն Մանկանց եկեղեցի։

Իսկ հիմա սիրելի թոռնիկս, դուն այս բոլորը պիտի չկարենաս հասկնալ, որովհետեւ հասկնալու համար նախ պէտք է, որ ապրիս, որոնես անոր կեանքի գաղտնիքը, ժամանակի գիտակցութիւնն ու կամքի խորհուրդը։ Ու գիտցիր, որ հազարաւորներու նման ես՝ պապիկդ, ճակատագրի բերումով այս օրերուն հեռու եմ ծննդավայրէս։ Բայց անոր նկարը կախուած է սրտիս մէջ եւ տրտմօրէն ամէն առիթով հետս կը խօսի։ Ահա թէ ինչո՞ւ յաճախ անորոշը զիս ամրօրէն կլանած է։

Է՜հ, աշխարհ։ Երկար շունչ մը քաշեցի ու վերջապէս ըսի բարձրաձայն.

-Սիրելի Վանաս, այս բոլորէն ետք, այսօր քեզի շնորհակալ ու երախտապարտ եմ, որ անգամ մը եւս քու այս հարցումովդ կանաչ օրերս բերիր մտածումներուս:

Ըսի արագ մը ու կարծես կրկնակի զարմանք պատճառեցի խեղճ աղջկան: Յետոյ սակայն բարձրաձայն եւ հպարտօրէն եւ նոյնքան ալ յուզուած խօսքս շարունակեցի.

-Անուշիկ Վանաս, լսէ՛. քաղաքիս անունը Հալէպ է, յիշէ՛. Հալէ՛պ, հասկցա՞ր, հո՛ն տակաւին ամէն ինչ պատմութիւն է եւ պատմութիւնն ալ կենդանի է։

Այսօր՝ այսչա՛փ միայն։

ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ

Չորեքշաբթի, Մարտ 29, 2023