ՆԱԽԱԳԱՀ ԱՈՒՆ ԱՌԿԱԽԵՑ ԵՐԿՐԻ ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻՆ ԳՈՐԾՈՒՆԷՈՒԹԻՒՆԸ. Ի՞ՆՉ ՊԻՏԻ ԸԼԼԱՅ ՅԱՋՈՐԴ ՔԱՅԼԸ
Լիբանանի Նախագահ զօրավար Միշէլ Աուն, վերջերս պատկերասփռուած խօսք մը արտասանելով՝ երկրի խորհրդարանէն պահանջեց մէկ ամսուան համար սառեցնել իր աշխատանքները: Նախքան նախագահին կատարած «միջամտութիւն»ը, երկրին մէջ կը տիրէր բաւական լարուած մթնոլորտ:
Քաղաքական իրադրութիւնը կը թէժանար, մանաւանդ երբ մէկէ աւելի երեսփոխաններ կը խօսէին այն մասին, թէ յաջորդ օր կայացուելիք նիստի ընթացքին խորհրդարանը ի չգոյութիւն ընտրական նոր օրէնքի, հերթական անգամ պիտի երկարաձգէր իր պաշտօնավարութիւնը:
Լիբանանցիներու առօրեային մէջ կարեւոր տեղ գրաւած երեսփոխանական ընտրութեան հարցը դարձած է հանգուցաւոր թնճուկ մը, որովհետեւ քաղաքական կողմերու մեծամասնութիւնը մէկ կողմէ դէմ է մօտիկ անցեալին կիրառուած օրէնքով ընտրութիւններ կայացնելու ընտրանքին, իսկ միւս կողմէ կը մերժէ ընտրական նոր օրէնքին վերաբերեալ ներկայացուած բոլոր տարբերակները:
Յստակ է, որ քաղաքական կողմերէն իւրաքանչիւրը կը պայքարի իր «մարմնին համեմատ» ընտրական նոր օրէնք մը ընդունելու համար: Երբ ընտրական նոր օրէնքի մասին կը խօսինք, հարկ է հաշուի առնել, որ Լիբանանի Արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլ, առնուազն վերջին երեք ամսիներուն ընթացքին, փորձեց ներկայացնել տարբեր ձեւաչափերով ընտրական օրէնքներ, որոնք բոլորն ալ հանդիպեցան երկրի միւս երկու համայնքային-քաղաքական կարեւոր ուժերու մերժումին:
Վերադառնալով Լիբանանի Նախագահ Աունի պատկերասփռուած ելոյթին, հարկ է նշել, որ ան իր խորհրդարանի աշխատանքը մէկ ամիսով առկախելու որոշումը կը հիմնէր երկրի սահմանադրութեան 59-րդ յօդուածին վրայ:
Աուն կ՚ըսէր. «Ես երդում ըրած եմ պահպանել Լիբանանի անկախութիւնը, միասնութիւնն ու գերիշխանութիւնը: Մեր ազգային համաձայնութեան հիմքով մեր երկրին մէջ երեսփոխանական ընտրութիւններ կատարելը կարեւորագոյն հիմունք է պահպանելու համար երկրի տարբեր համայնքներուն արդարօրէն ներկայացուիլը»:
Աուն իր խօսքին մէջ կը շեշտէր, որ գործող խորհրդարանին պաշտօնավարութեան երկարաձգումը կը հակասէ երկրի սահմանադրութեան ընդհանուր տրամադրութեանց։ Ան կը յիշեցնէր նաեւ, որ այս հանգրուանին ինք որպէս նախագահ, յարմար կը դատէ մէկ ամսը-ւան համար առկախել խորհրդարանի գործունէութիւնը:
Խորքին մէջ ան իր կատարած այս յայտարարութեամբ երկիրը «կը փրկէր» նոր ծանր տագնապէ մը: Տագնապ, որովհետեւ խորհրդարանը նիստ մը կայացնելով պիտի «օրինականացնէր» իր պաշտօնավարութեան երկարաձգումը: Տագնապ, որովհետեւ այդ քայլով երկրին մէջ պաշտօնավարութեան դէմ եղող քրիստոնեայ երկու հիմնական ուժերը փողոց իջնելով եւ բողոքի հաւաքներ կատարելով՝ կրնային երկիրը առաջնորդել դէպի անկառավարելի եւ բաւական բարդ իրավիճակներու:
Յիշեցման կարգով պէտք է արձանագրել, որ Լիբանանի ներկայ խորհրդարանը (ընտրուած 2009 թուականի Յունիսի 7-ին) իր պաշտօնավարութիւնը երկարձագած էր երեք առիթներով (վերջինը 2014 թուականին): Ու գաղտնիք չէ, որ երկրի հանրութեան համար իսկական պահանջ սկսած է դառնալ իր բոլոր ժամկէտները սպառած խորհրդարանը «տուն ղրկել» եւ կատարել նոր ընտրութիւններ:
Խօսելով երկրի մէջ երեւցած հորիզոնական բաժանումին մասին, պէտք է արձանագրել, որ մօտիկ անցեալին իրարու դէմ հակամարտող երկու քրիստոնեայ ուժերը՝ «Լիբանանեան ուժեր» կուսակցութիւնն ու «Ազգային ազատ հոսանք»ը, այսօր դարձած են դաշնակիցներ եւ անոնք հանրութեան կը ներկայանան որպէս խորհրդարանական ընտրութիններ պահանջող երկու գլխաւոր կողմեր: Իրենց կարգին իսլամական կողմի երեք հիմնական ուժերուն համար կարեւորագոյնը ոչ թէ ընտրական նոր օրէնքի մը պատրաստութիւնն է, այլ երկիրը մտահոգիչ դատարկութենէն հեռու պահելը: Ու ինչպէս յայտնի է, եթէ Լիբանան ընտրութիւններ չկատարէ, ապա խորհրդարանի նստաշրջանը պիտի աւարտի ու երկիրը պիտի յայտնուի «դատարկութեան» մէջ: Ու այդ «դատարկութենէն» խուսափելու համար կողմերը կ՚առաջարկէին ապահովել գործող խորհրդարանի նստաշրջանը երկարաձգելու բոլոր յարմար դրոյթները:
Այս սուր բաժանումի երկու հիմնական կողմերուն տարբեր կրօնի պատկանելու հանգամանքն է նաեւ, որ փողոց իջնելու եւ ցոյց կատարելու ընտրանքը կը դառնար մտահոգիչ:
Նոր ընտրութիւններ կազմակերպելու ջատագով կը համարուին երկրի քաղաքացիական հասարակութեան անդամներն ու տարբեր միութիւնները:
Այդ միութիւններուն անդամ հարիւրաւոր աքթիւիսթներ ենթադրելով, որ խորհրդարանը անգամ մը եւս պիտի երկարաձգէ իր պաշտօնավարութիւնը, կը հասնէին Պէյրութի գլխաւոր «Նահատակաց» հրապարակ եւ առ ի բողոք վրաններ կը լարէին: Անոնք նախագահի խօսքէն անմիջապէս ետք կը յայտնէին, որ յետս կը կոչեն իրենց ծրագիրը, սակայն եթէ զգան, որ խորհրդարանը նպատակ ունի երրորդ անգամ ըլլալով երկարաձգել իր պաշտօնավարութիւնը, ապա պատրաստ են արագօրէն հակազդել եւ բողոքի մեծ ալիք բարձրացնել:
Ընտրութիւններուն մասին խօսելու ընթացքին պէտք չէ մոռնալ, որ Լիբանանի խորհրդարանի ուժերէն մաս մը դժգոհ է նոր ծիլ տուող համաքրիստոնէական դաշինքէն: Ու ինչպէս վերը նշեցինք, եթէ պատահի որ տարիներ առաջ իրարու դէմ պատերազմող քրիստոնեայ երկու առաջնորդները՝ նախագահ Աունն ու Սամիր Ժաաժաը ընտրու-թիւններուն մասնակցին որպէս միասնական ուժ։ Բնականաբար այդ միասնութիւնը վտանգ կրնայ հանդիսանալ միւս ուժերուն:
Այսպէս է Լիբանանի պարագան ու շատ բնական կը համարուի, որ որեւէ երկու ուժերու միասնութիւնը դառնայ «խաղին տէրը ըլլալու» քաղաքական ձեւաչափ: Այս հեռապատկերին վրայ, կարելի է ըսել, որ երկրի քաղաքական հիմնական ուժերը այսօր հրապարակ ելած են, ունենալով կրօնական նոյնութիւն մը: Ճիշդ է, որ յատկապէս իսլամական ճակատին վրայ կ՚ուրուագծուի բաւական մեծ տարակարծութիւններու ընդհանուր ընթացակարգ մը։ Բայց եւ այնպէս, իսլամական ենթագետին ունեցող կողմերը յանուն «ընդհանուրի շահեր»ուն, պատրաստ են պահու դրութեամբ մոռնալ իրենց հին վէրքերը եւ պայքար տանիլ շուրջ մէկ տարուան կեանք ունեցող ներքրիստոնէական դաշինքին դէմ:
Լիբանանի խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի, որ կը համարուի երկրի քաղաքական եռակողմ բուրգի գագաթներէն մին, իր նստավայրին մէջ ընդունելով «Ազատագրութիւն եւ բարգաւաճում» խմբակի անդամ երեսփոխանները, յայտարարած է, թէ իրեն համար կարեւորը խորհրդարանի նիստին օրինականութիւնն է: Նեպիհ Պըրրի, որ նոյնպէս «մտահոգութիւն» ունի ի տես քրիստոնէական նորակազմ դաշինքին, յայտարարած է նաեւ, որ այդ դաշինքէն դուրս եղող խորհրդարանի քրիստոնեայ անդամներէն իւրաքանչիւրը ունի իր կշիռն ու ըսելիքը:
Ինչ կը վերաբերի «Հիզպուլլահ»ին… Պէտք է անպայման արձանագրել, որ շիի կուսակցութիւնը կարեւոր ըսելիք ունի ընթացող գործընթացներուն վերաբերեալ ու մինչեւ այս պահը ընտրութեան օրինագիծին շուրջ տակաւին չէ յայտարարած իր «վերջին խօսք»ը: «Հիզպուլլահ», որ արտաքուստ դժգոհ չէ Աուն-Ժաաժա նորակազմ դաշինքէն, սակայն յառաջիկայ հանգրուանին, անոր հզօրացման պարագային կրնայ «լուրջ անհանգստութիւններ» ունենալ:
Խօսելով խորհրդարանին մէջ լիբանանահայ համայնքի ներկայացուցչութեան մասին՝ պէտք է նշել, որ ի՛նչ օրէնք ալ որդեգրուի, բոլոր կողմերուն համար «անգիր օրէնք» դարձած է, թէ լիբանանահայ համայնքը ունենայ իր վեց ներկայացուցիչները խորհրդարանէն ներս: Յառաջիկայ ընտրութիւններուն ամենէն կարեւոր ուժը պիտի հանդիսանայ ՀՅԴ-ը, որ այսօր դրական կապեր ունի երկրի բոլոր հիմնական հոսանքներուն ու յատկապէս նախագահ Աունին հետ: Հաւանական է, որ հայ համայնքին պատկանող երեսփոխաններէն չորսը պատկանի ՀՅԴ-ին, մէկ աթոռ՝ ՍԴՀԿ-ին եւ մէկ աթոռ ալ՝ անկախ ուժերուն: Բայց այս բոլորը անշուշտ կախեալ են յառաջիկայ զարգացումներէն եւ համաձայնութեան ընդհանուր մթնոլորտէն:
Բաց աստի, յստակ է նաեւ, որ Հոկտեմբերին երկրի ղեկը ստանձնած Միշէլ Աունի եւ անոր համախոհներուն համար ամենէն առաջնային օրակարգը ընտրութիւններ կայացնելու խնդիրն է:
Աուն խորապէս համոզուած է, որ իր իշխանութիւնը աւելիով կրնայ զօրանալ ու յաւելեալ քաղաքական գետին շահիլ, եթէ երկրին մէջ տեղի ունենան ընտրութիւններ: Աունի առաջնորդած «Նարնջագոյն կուսակցութիւն»ը, որ կը համարուի երկրի ամենաերիտասարդ կուսակցութիւնը, դարձած է լիբանանցի երիտասարդութեան ձայնը։ Իբր այդ ալ, երիտասարդներուն վրայ գրաւ դրած Աուն պիտի փորձէ ամէն գնով երիտասարդացնել երկրի բաւական յառաջացած տարիքի ընդհանուր միջին մը ունեցող խորհրդարանական կազմը:
Կը յաջողի՞ Լիբանանի նախագահը իր ծրագրին մէջ: Ու ամենակարեւորը, տեղի կ՚ունենա՞ն խորհրդարանական ընտրութիւնները, տակաւին պարզ չէ, սակայն յստակ է միայն, որ Լիբանան մտած է կարեւոր փուլ մը, որուն հիմնական օրակարգը իշխանութիւնը վերաթարմացնելու ճիգն է, ինչ որ կրնայ զարնուիլ համայնքային իրենց պատեանին մէջ «պահուըտած» եւ նեղ շահերով գործող կողմերու արգելքներուն:
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Երեւան