ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ ՍՈՎ
Հայաստանի սահմանային իրադրութիւնը կը շարունակէ մնալ լարուած։ Մէկ կողմէ Արցախի պաշարումը, միւս կողմէ սահմանային կարգ մը գիւղերու շուրջ իրադարձութիւնները կը տանին խոր համոզման մը, ըստ որու Հայաստանի համար այդքան թանկ համարուող խաղաղութեան ժամանակաշրջանը տակաւին պիտի յամենայ։ Խաղաղութիւն, որ ամենէն շատ ներկայ փուլին դարձած է տենչալի ու կենսական՝ տրուած ըլլալով, որ Հայաստանի «ենթադրեալ» հարեւան եւ Արցախի շուրջ եղած արիւնալի պատերազմի աւարտին յաղթանակ տարած Ատրպէյճան կը շարունակէ իր ռազմունակ յայտարարութիւնները։ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ ջանք չի խնայեր ամէն առիթով պատերազմական հռետորաբանութեամբ արտայայտուելէ։ Ան ի ձեռն ունի քանի մը կարեւոր լծակներ ու ամենակարեւորը՝ կարծէք թէ շահած է Մոսկուայի վստահութիւնն ու անմնացորդ զօրակցութիւնը։ Այս բոլորի լոյսին տակ ամենատխուր պատկերը կը գոյանայ Երեւանի մէջ, ուր ներքին լարումը, իրարու հանդէպ ատելութիւնը վերածուած են քրոնիք երեւոյթներու, որոնց լոյսին տակ ալ սովորական քաղաքացին պահ մը սկսած է կասկածիլ, թէ իսկապէս այսօր ո՞ր տարածքին մէջ կ՚ապրին Հայաստանի քաղաքական կեանքին գլխաւոր դէմքերը։
Այս բոլորի մասին խօսած է հասարակական գործիչ Սուրէն Սահակեան, որուն դիտարկմամբ այսօր Հայաստանի մէջ քաղաքական սով կը տիրէ։ Վերջերս հայկական օրակարգի հարցերուն շուրջ շօշափեցինք իր կարծիքները, զորս պիտի ներկայացնենք ստորեւ։
*
-Ալիեւի յայտարարութիւնները կարծէք կը նախապատրաստեն ռազմական գործողութիւններու նոր ենթափո՞ւլ մը։ Համաձա՞յն էք, եթէ այո, ի՞նչ կը կանխատեսէք այդ առումով։
-Ալիեւի բոլոր յայտարարութիւններուն պէտք է նայիլ Ատրպէյճանի ռազմավարական ծրագրաւորումի տեսանկիւնէն։ Եթէ յաջողեցաւ վախի մթնոլորտ ձեւաւորել ու առանց պատերազմի հասնիլ դրուած նպատակներուն, առանց անոր կ՚իրագործեն։ Չյաջողեցա՞ւ, բախումներ կը սադրեն։ Առայժմ Ատրպէյճան կը յաջողի թէ՛ հայկական պետական վարչամեքենային փորձել պարտադրել իր ուզածը պատերազմէն վախի բերումով եւ թէ հայ հանրութեան մէջ տպաւորութիւն ստեղծել, թէ ռազմական ճանապարհով կրնան հասնիլ իրենց ուզածին։ Հետեւաբար, հանրութիւնը կը համոզուի, թէ առանց պատերազմի ինչ-որ փոխզիջումներու հասնելու համար վախի պայմաններով պէտք է բանակցի։ Այս առումով պէտք է հասկնալ, որ Ալիեւ ամենեւին հակուած չէ իր կողմէն որեւէ զիջումի։ Հետեւաբար, փոխզիջում պիտի չըլլայ։ Փոխզիջումներ չեն եղած իրենց ամենաթոյլ ժամանակին եւ պիտի չըլլան նաեւ հիմա։ Միեւնոյն ժամանակ, իմ խոր համոզումը այն է, որ դիմադրութեան հանդիպելու պարագային Ատրպէյճանի բանակը այժմ ի վիճակի չէ ցանկացածը պարտադրելու հայկական կողմին։
-Միւս կողմէ, Նիկոլ Փաշինեան կը խօսի խաղաղութեան պայմանագրի հաւանական ստորագրման մասին։ Արդիւնքին կ՚ունենա՞նք պատերազմի վտանգ կամ խաղաղութեան հաստատում։ Ի՞նչ են հաւանականութիւնները եւ ի՞նչ են Փաշինեանի հիմքերը խաղաղութեան մասին խօսելու։
-Խաղաղութեան պայմանագրի մասին խօսելու ժամանակ Փաշինեանի ցուցմունքները հակասական են։ Մէկ կողմէ ան կը յայտարարէ, որ Ատրպէյճան խաղաղութեան պայմանագիրը կ՚ուզէ ստորագրել՝ այնպէս, որ ցեղասպանութիւն իրականացնելու լիազօրութիւն ունենայ Հայաստանի Հանրապետութեան կողմէ։ Նոյն զրոյցին ան կը յայտարարէ, որ Հայաստան այդ ստորագրութեան պիտի չերթայ։ Անկէ առաջ եւ յետոյ համոզում կը յայտնէ, թէ խաղաղութեան պայմանագիր, այնուամենայնիւ, պիտի ըլլայ։ Իմ կարծիքով, ինչ կը վերաբերի պայմանագրի հաւանականութեան, ես ոչ մէկ փաստարկ ունիմ, թէ Ալիեւին պէտք է այդ պայմանագիրը՝ այնչափ, որ այդտեղ հայկական որեւէ շահի իրացում ապահովուի։ Ես կը կարծեմ, թէ Ատրպէյճան պայմանագրին մէջ ոչ մէկ շահ ունի։ Եւ ամէն անգամ, երբ Փաշինեան կը յայտարարէ, որ հնարաւորութիւն կայ ստորագրութեան կամ այդ ստորագութեան պահը մօտ է, Ատրպէյճան ռազմական սադրանքի կը դիմէ՝ ապացուցելով, որ այդ անհնար է, կրցածին չափ հեռացնելով հաւանական ստորագրման պահը։
-Ինչպէ՞ս կը գնահատէք Հայաստանի իշխանութիւններուն վերջին ամիսներու դիւանագիտական գործունէութիւնը եւ քայլերը։
-Ես չեմ կարծեր, թէ հայկական դիւանագիտութիւնը Արցախի հարցով գործողութիւններու ռազմավարական ծրագիր մը ունի։ Ան կ՚աշխատի տուեալ պահուն յառաջացած հրատապ խնդիրները հնարաւորինս արագ լուծելու ուղղութեամբ։ Անկախ անկէ, թէ այդ հարցերը ինչպէս կը լուծուին՝ մինչեւ ռազմավարական ծրագիր մը չգործարկուի եւ ծրագրի իրականացման համար յստակ քայլերու չձեռնարկուին, շատ դժուար է գնահատել անոնց արդիւնաւէտութիւնը։ Հայկական դիւանագիտութիւնը նոյնիսկ ծագած այս րոպէական, անմիջական մակարդակի խնդիրները դժուար կը լուծէ՝ չըսելու համար, որ անկարող է լուծելու։ Աւելի բարձր մակարդակով խնդիրները աւելի շատ են։
-Միւս կողմէ, ներքին քաղաքական պատկերի առումով կայ երեւելի սառնութիւն մը։ Ի՞նչ բանի կը վերագրէք այս մէկը։
-Այս բոլոր խնդիրներուն հետ աներեւակայելի բան մը տեղի կ՚ունենայ. կառավարութիւնը չունի արդիւնաւէտ գործող ընդդիմութիւն մը։ Հանրութիւնը այլեւս ոչ ոքի կը հաւատայ, բայց առաւել եւս՝ խորհրդարանական այժմու ընդդիմութեան։ Քաղաքական գործընթացներու բացակայութիւնը կը խօսի քաղաքական նոր միտքի բացակայութեան մասին։ Եթէ կ՚ուզէք, առկայ իրադարձութիւններուն համար այս աւելի վտանգաւոր է՝ քան պատերազմի մէջ պարտութիւնը։
-Յառաջիկային կը սպասուին Երեւանի քաղաքապետական ընտրութեան։ Այդ առումով որոշակի աշխուժութիւն մը պէտք է ակնկալե՞լ ներքին քաղաքական համայնապատկերին մէջ։
-Ո՛չ, ամենեւին։ Այն ինչ, որ տեղի պիտի ունենայ, իր նշանակութեամբ կարելի է համեմատել մէկ գաւաթ ջուրի մէջ փոթորիկի հետ։ Ես արդէն նշեցի, որ քաղաքական միտքի սով կայ, իսկ այդ պարագային այս կամ այն ընտրութեան չափորոշիչը միւսները քննադատելն է՝ առանց սեփական տեսլականը ներկայացնելու եւ այդ հիմքով ընտրուելու։ Աւելին, ինծի աւելի շատ կը յուզէ այն հանգամանքը, թէ 2018-էն յետոյ որեւէ ընտրութիւն ժողովրդավարութեան առումով քայլ մը ետ կ՚ըլլայ։ Կը վախնամ, թէ ամէն նոր ընտրութեան մէջ աւելի ու աւելի պիտի տեսնենք նախորդ ընտրութիւններուն շփոթելու աստիճան նման երեւոյթներ։
-Ներքին առումով ինչպէ՞ս կը գնահատէք Հայաստանի իշխանութիւններուն գործունէութիւնը։ Կաշառակերութեան դէմ պայքար, անցեալի ղեկավարութեան դէմ որոշակի հալածանք եւ այս բոլորին հետեւանքով ալ երկրին մէջ յստակ եւ հասկնալի մթնոլորտ մը տեսանելի չէ։ Ի վերջոյ դէպի ո՞ւր կը տանի մեզ այս անհաշտ պայքարը։
-Եթէ մէկ բառով նկարագրելու ըլլամ, ուրեմն այդ բառը պիտի ըլլայ աղէտը։ Դժուար է չտեսնել, որ փոփոխութիւններ, իրօք, կան։ Անոնք չէին կրնար չըլլալ։ Բայց ժողովրդավարութեան, փտածութեան դէմ պայքարի, քաղաքական ճնշումներու վերաբերեալ դատողութիւնները բաւարար չէ դիտարկել միայն այսօրուան իրավիճակի ուղղութեամբ։ Պակաս կարեւոր չէ, թէ յանուն եւ ընդդէմ այդ պայքարներու դրական արդիւնքները որքանով կ՚ամրապնդուին եւ որքան է յետընթացի հաւանականութիւնը։ Բացասական յարաշարժը կրնայ աւելի շուտ զգացուիլ՝ քան մենք կը կարծենք։ Արդէն իսկ միջազգային հեղինակաւոր կազմակերպութիւններ արձանագրած են որոշակի յետընթաց փտածութեան առկայութեան եւ զայն կանխարգիլելու առումով։ Հերթի մէջ են ժողովրդավարական գործընթացներու յետընթացի մասին արձանագրութիւնները, իսկ վերջաւորութեան, որպէս հետեւանք՝ քաղաքական հալածանքի դէպքերը։ Բռնապետութիւնները մէկ անգամէն չեն ձեւաւորուիր։ Սա գործընթաց մըն է, որ մեր մօտ տեղի ունենալու միտում ունի։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Երեւան