Ի՞ՆՉ «ԿԸ ԽՈՍՏԱՆԱՅ» ԱՄԵՐԻԿԱՅԻ ՆԱԽԱԳԱՀԸ ՄԻՋԻՆ ԱՐԵՒԵԼՔԻՆ
ԹԵՀՐԱՆԻ ԴԷՄ ՆՈՐ ԴԱՇԻՆՔ
Աերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի Միջին Արեւելք տուած այցելութենէն ետք ջուրի երես կը հանուէր Ամերիկայի միջինարեւելեան «նոր» քաղաքականութեան ընդհանուր ուրուագիծը:
Յստակ էր նաեւ, որ Թրամփ պիտի չշարունակէր նախկին նախագահ Պարաք Օպամայի գործելաոճը, որուն հետեւանքով եւ յատկապէս վերջին երեք տարիներուն Միացեալ Նահանգներ կարեւոր դիրքեր կը կորսնցնէր Միջին Արեւելքի տարբեր «թէժ կէտեր»ու մէջ:
Բաց աստի, թէեւ Սուրիոյ մէջ տեղի ունեցած զարգացումները ամերիկեան վարչակարգին «սրտովը չէին», սակայն յստակ կը դառնար նաեւ, որ Սուրիոյ մէջ կատարուած (Շըհիրաթ օդակայանին վրայ) օդանաւային յարձակումը կը բանար ամերիկեան քաղաքականութեան նոր էջը:
Այդ հարուածով էր նաեւ, որ նախագահ Թրամփ որոշ պատգամներ կ՚ուղղէր իր ընդդիմախօսներուն եւ միաժամանակ դրական նշաններ կը յղէր «Հզօր Ամերիկա» հաւատամքին հաւատացող խումբերուն: Սուրիան սակայն միակ դաշտը չէ Ամերիկայի համար: Մայիսի 21-ին Ռիատի մէջ տեղի ունեցած արաբ-ամերիկեան գագաթին ազդանշանը կը տրուէր նոր ռազմավարութեան մը, որուն հիմքով Ամերիկա, Սէուտական Արաբիա եւ Արաբական ծոցի կարգ մը երկիրներ (Քուէյթ, Պահրէյն, Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ եւ Քաթար) դաշինք պիտի կազմէին Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան դէմ: Այդ դաշինքի կազմութեան նախասկիզբը կը հանդիսանար 110 միլիառ տոլարի զինուորական գործարքը, որուն շնորհիւ էր նաեւ, որ Տանըլտ Թրամփ աւարտելէ ետք իր «արաբական շրջապտոյտ»ը եւ «յաղթանակ» մը տանողի ժպիտով կը մեկնէր Թել Աւիւ: Բացի տնտեսական կարեւոր ծանրութիւն ունեցող զինուորական գործարքէն, հրապարակ կը հանուէր «Իրանը մեծագոյն թշնամի» Միացեալ Նահանգներու հին-նոր մօտեցումը, որուն յենլով էր նաեւ, որ Տանըլտ Թրամփ գործակցութեան ձեռք կ՚երկարէր Ռիատի թագաւորական արքունիքին:
Թէեւ առաջին անգամը չէր, որ Միացեալ Նահանգներ նման «թշնամական» ընթացքներ կ՚ունենար Իրանի հանդէպ, բայց նախագահ Թրամփի կողմէ նման մօտեցումի մը որդեգրումը՝ յատկապէս Թեհրանին կողմէ կ՚ընկալուէր որպէս մտահոգութեան տեղիք հանդիսացող յայտարարութիւն:
Անսպասելին միայն Ուաշինկթընի այս «նոր» տեսակէտը չէր, այլ Թեհրանի հակազդեցութիւնը, որ կը կատարուէր բաւական զուսպ եւ «կշռադատուած» ոճով մը: Եւ այսպէս Ռիատի մէջ հնչած ամպագոռգոռ յայտարարութիւններէն ետք, Իրանի նորընտիր նախագահ Շէյխ Հասան Ռուհանի կը հակազդէր ու կ՚ըսէր. «Պատկերային ժողովները կարողութիւնը չունին իրաւ պայքար մը տանելու ահաբեկչութեան դէմ»: Ռուհանի, որ շատ իմաստուն մօտեցումով մը եւ Իրանի դէմ աճող ժխտական տրամադրութիւնները անտեսելով նիւթը կը փոխէր եւ կը խօսէր շրջանին համար իրական սպառնալիք համարուող ահաբեկչութեան մասին։ Ան կը շեշտէր նաեւ, որ Իրան միշտ եղած է այն տէրութեանց կողքին, որոնք կարիքն ունին նեցուկի՝ շարունակելու համար իրենց պայքարը ահաբեկչութեան դէմ:
Ռուհանիի այս «մեղմ» համարուած պատասխանը առիթ կը հանդիսանար, որ Իրանի ընդհանուր կեցուածքներուն հետեւող վերլուծաբանները հնչած խօսքերը համարեն պարտուողական շեշտով մօտեցումներ: Ռուհանիի խօսքը սակայն պէտք է ընկալել ո՛չ թէ որպէս պարտուողական դիրքերէ խօսող առաջնորդի մը «պատգամ»ը, այլ ընդհակառակը, ուժեղ եւ ինքնվաստահ ղեկավարի խօսք:
Չմոռնանք, որ բաւական սուր պայքարէ ետք նախագահական երկրորդ նստաշրջանով ընտրուած Հասան Ռուհանի նախ եւ առաջ երկխօսութեան նախագահ է:
Այս մասին կարեւոր կարծիք կը յայտնէ իրանագէտ Ահարոն Վարդանեան, որ Ռուհանիի ընդհանուր քաղաքական մօտեցումները վերլուծելով ըսած է, որ ան երկխօսութիւնը նախընտրող եւ զայն առաջնահերթ համարող գործիչ մըն է:
Վարդանեան Իրանի ընտրութիւններուն մասին խօսելով՝ ըսած է. «Իրանի նախագահական ընտրութիւնները գրեթէ միշտ աչքի ինկած են անկանխատեսելիութեամբ եւ մինչեւ վերջին պահը յստակ չէր, թէ ո՛վ պիտի յաղթէ ընտրութիւններուն։
«Հակառակ այս բոլորին, ընտրութիւններու արդիւնքերը յստակ չէին: Իրանի մէջ շատեր դժգոհ էին Ռուհանիի տնտեսական քաղաքականութենէն, կան բնապահպանական կարգ մը խնդիրներ, գործազրկութեան թիւը երկրին մէջ տակաւին զգալի չափերու կը հասնի։ Իբր այդ ալ դժուար էր կանխատեսումներ ընելը: Սակայն Ռուհանին բաւական վստահ յաղթանակ տարաւ եւ ան 57 առ հարիւրով յաղթեց Ռաիսիին, ինչ որ ցոյց կու տայ, թէ Իրանը չի մերժեր միջազգային հանրութեան հետ երկխօսութիւնը եւ դանդաղ քայլերով կ՚երթայ դէպի ազատականացում…: Վերընտրուած նախագահը պիտի շարունակէ այն քաղաքականութիւնը, որ ունեցած է մինչ այժմ: Յիշենք Արտաքին գործոց նախարար Զարիֆի այն յայտարարութիւնը, ըստ որուն՝ պիտի շարունակեն իրենց սկսած քաղաքականութիւնը: Իմ կարծիքով՝ Իրանի եւ Հայաստանի միջեւ առկայ յարաբերութիւններուն մէջ եւս էական փոփոխութիւններ չեն ըլլար եւ կը պահպանուին տնտեսական, ռազմավարական գրեթէ բոլոր ուղղութիւններով զարգացող յարաբերութիւնները, որոնք այսօր ալ կան: Ռուհանի, չնայած իրեն նկատմամբ դժգոհութիւններուն, կրցած է Արեւմուտքի հետ երկխօսութեան երթալ եւ փոխզիջումներու արդիւնքով ստանալ իրանական հասարակութեան համար այդքան ցանկալի «միջուկային համաձայնութիւն»ը, եւ ատոր ձեռքբերումէն յետոյ զայն կիրառելը ժամանակի հարց է, ինչ որ Ռուհանին բազմիցս նշած է նաեւ նախընտրական քարոզարշաւի ընթացքին: Իրանական հասարակութիւնը ձայն տուաւ այն թեկնածուին, որ երկրի բնակչութեան աւելի շատ ազատութիւն կը խոստանայ եւ հիմնական շեշտը դրած է երիտասարդութեան վրայ: Այս բաւականին հեռանկարային քաղաքականութիւն է, քանի որ որեւէ հասարակութեան հիմքն ու ապագան երիտասարդութիւնն է: Յստակ է նաեւ, որ Իրանի 12-րդ կառավարութիւնը պիտի փորձէ զարգացնել իր արտաքին քաղաքականութեան ուղեծիրը հիմնականին Կովկասի եւ Արեւելքի մէջ: Կովկասի մէջ Իրանը կը փորձէ Հայաստանի միջոցով դուրս գալ Եւրոպա եւ Եւրոասիոյ տնտեսական միութիւն, իսկ Հայաստանն ալ այդ միութեան անդամ է։ Հետեւաբար զարգացնել Հայաստանի հետ յարաբերութիւնները, կը նշանակէ զարգացնել կապերը Եւրոասիոյ տնտեսական միութեան շուկայի հետ»:
Վերադառնալով Միջին Արեւելքի համար «նախատեսուած» ամերիկեան քաղաքականութեան ապա կարելի է ըսել, որ Թրամփի իշխանակարգին համար Իրանի դէմ նոր ճակատ մը կազմելու առաջնահերթութենէն բացի, կայ նաեւ արաբ-իսրայէլեան հակամարտութեան հարցը: Ու այս հարցին գծով է նաեւ, որ Տանըլտ Թրամփ եւ իր գործակցիները պիտի փորձեն ամէն ճիգ ի գործ դնել, որպէսզի վերջին տարիներուն կերպով մը «մոռացութեան» մատնուած այս հիմնախնդիրը ունենայ լուրջ տեղաշարժ: Այս ծիրին մէջ է նաեւ, որ մասնաւորապէս պաղեստինեան կողմի հիմնական «խաղացողներ»ուն մօտ ճկունութեան որոշ նախանշաններ սկսած են երեւան գալ: Օրինակ մը տալու համար պէտք է յիշեցնել, որ Կազզէի մէջ գլխաւոր ներկայութիւն համարուող «Համաս»ի գերագոյն ղեկավարութեան մօտ մօտեցման նոր եղանակներ կան: «Համաս» սկսած է փոխել իր լեզուն, իսկ Պաղեստինի ղեկավար Մահմուտ Ապպաս պահելու համար իր իշխանութիւնը՝ պատրաստ է երկխօսութեան կարեւոր կամուրջ դառնալ մէկ կողմէ Թել Աւիւի, իսկ միւս կողմէ՝ արմատական «Համաս»ի միջեւ:
Այս կէտին բացորոշ կերպով կ՚ուրուագծուի «արաբական բերդ»ը ներսէն գրաւելու Տանըլտ Թրամփի նոր քաղաքականութիւնը: Այսինքն պատրաստել համաձայնութեան նոր գետին մը Իսրայէլի մէջ, նպատակ ունենալով իրականութիւն դարձնել կարգ մը կէտեր, որոնց ամենէն կարեւորը պիտի ըլլայ լուսանցքայնացնել Կազզէի մէջ աճած եւ ծայրայեղական մօտեցումներով զինեալ խմբաւորումները: Ու այդ համաձայնութեան հիմքով ստեղծել Ռիատի շուրջ պտտուող սիւննի «արբանեակ»ներու խումբ մը, որ պիտի կարողանայ «պայքար»ի նոր խարիսխներ նետել ընդդէմ շիի Իրանին:
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Երեւան
•շար. 1