ՆԿԱՐԻՉ ԳՐԻԳՈՐ ԿԱՐԱՊԵՏ. «ՆԵՐԿԱՅ ԱՇԽԱՐՀԻՆ ՄԷՋ, ՈՒՐ ԱՄԷՆ ԲԱՆ ԽԱԹԱՐՈՒԱԾ Է, ԱՐՈՒԵՍՏԱԳԷՏԸ ԿԸ ՇԱՐՈՒՆԱԿԷ ԴԻՄԱԴՐԵԼ»

Լիբանանահայ նկարիչ Գրիգոր Կարապետ կը պատասխանէ մեր հարցումներուն։

-Յարգելի Գրիգոր, գիտեմ, որ երկար ժամանակէ ի վեր նուիրուած էք նկարչութեան ասպարէզին: Ի՞նչն էր, որ ձեզ մղեց դառնալ նկարիչ:

-Փոքր տարիքէս միշտ գծած եմ, երգած եմ եւ թատերական ներկայացումներու մասնակցած եմ: Դպրոցական տարիներուս ստացած եմ երկու մրցանակ, մէկը՝ երգի, միւսը՝ թատրոնի: Նախնական կրթութիւնս աւարտելէ առաջ արդէն յայտնի էր, որ իմ ապագայ ճամբան պիտի ըլլայ արուեստը։ Անշուշտ այս առումով իրենց անհրաժեշտ դերը ունեցած են ծնողքս, միջավայրս, ինծի մօտիկ անձերը, ուսուցիչներս, որոնք միշտ քաջալերած են զիս, տեսած են արուեստի նկատմամբ հակումս, զիս ընդունած են որպէս այդպիսին՝ արթիսթը:

Արուեստի ուղին ընտրելը որոշումի հարց չէր, պարագաները այդ ուղղութեամբ տարին զիս։ Երբ ես իմ գոյութեան գիտակից դարձայ, արդէն ես զիս գտայ այդ ճանապարհին. թէ ո՞վ դրաւ զիս այդ ճամբուն վրայ, չեմ գիտեր պատասխանը:

-Սփիւռքի մէջ ապրող եւ ստեղծագործող արուեստագէտներ յաճախ չեն հասկցուիր իրենց միջավայրին, շրջապատին կողմէ, դուք այդպիսի խնդիր ունեցա՞ծ էք:

-Արուեստագէտը ընդհանրապէս, հայ կամ ոչ-հայ, ունի այդ խնդիրը: Հարցը այն է, որ այսօր միջավայրը ընդհանրապէս արուսետագէտին հասկնալու տրամադրութիւն չունի: Այսօր ամէն ինչ հիմնուած է կեղծիքի եւ սուտի վրայ ու շրջապատին համար աւելի հետաքրքրական է քաղաքական դէմքի մը խօսածը կամ ըսածը։ Այսօր մարդիկ առաւելաբար տարուած են քաղաքական դէմքերու խօսած սուտերով, քան արուեստի գործի մը փոխանցած անկեղծ ու իրապաշտ պատգամով։

Արուեստագէտը միշտ ունեցած է ընկերային, մարդկային առաքելութիւն, բայց այսօր արուեստի շուկային խաթարուածութիւնը եւ ընդհանրապէս մարդկային ընկերութեան մէջ բարոյական արժէքներու անկումը՝ պատճառ եղած են, որ արուեստն ալ կորսնցնէ իր արժէքն ու մակարդակը: Վերջ ի վերջոյ, արուեստն ալ բարոյական արժէք մըն է, նախքան նիւթական արժէք ըլլալը: Արուեստը վերածուած է առուծախի ենթակայ առարկայի մը կամ մարդոց տուներն ու գրասենեակները ճոխացնելու զուտ զարդային (տեքորաթիֆ) առարկայի մը:

Արուեստագէտը միշտ հասկցուելու խնդիր ունեցած է եւ ունի, բայց ինչպէս ըսինք, 20-100-200-300 տարի առաջ արժէքներ կային: Տարբեր ժամանակներու մէջ միջավայրերը, ժողովուրդները, քաղաքակրթութիւնները, հակառակ իրենց բոլոր հարցերուն՝ խնդիրներուն, չեն ապրած այն քաոսային վիճակը, որուն մէջ մենք այսօր կ՚ապրինք: Այսօրուան քաոսային վիճակին մէջ կորսուած են ամէն մեկնակէտ, յենակէտ, վերջակէտ, կոտրած է կշիռքը, սահմանները աղաւաղուած ու անորոշ են: Ո՞ւր են սահմանները բարոյականին ու անբարոյականին, ո՞ւր կը սկսի եւ ո՞ւր կը վերջանայ անձնականը, հասարակականը, ընկերայինը, քաղաքականը. բոլորը խառնուած են իրարու: Տղամարդն ու կինը, օրինակի համար, ճիշդ կամ սխալ, ունէին իրենց յստակ տեղն ու դերը, այսօր անոնցմէ որո՞ւն տեղն ու դերը ո՞ւր է, յստակ չէ: Ես միշտ կ՚ըսեմ իտալերէնով «Սիամօ տութի ումփօ քոնֆուզի», այսինքն՝ «Բոլորս ալ քիչ մը շուարած ենք»։ Այս շուարածութեան համաճարակին մէջ արուեստը առաջին զոհերէն է. արուեստագէտը՝ ոչ անպայման, բայց արուեստը՝ այո՛։ Արուեստագէտը կրնայ շատ յստակ գիտնալ իր տեղը, իր դերը, իր ուզածը, բայց անոր արուեստը զոհ կ՚երթայ, կը խեղդուի այսօրուան ընդհանուր շուարածութեան պղտոր ջուրերուն մէջ:

-Ի՞նչ դժուարութիւններ կը դիմագրաւէ այսօր սփիւռքի մէջ ապրող հայ արուեստագէտը ընդհանրապէս:

-Արուեստը համաշխարհային, համամարդկային լեզու մըն է, ուստի, արուեստագէտին գործածածը համաշխարհային է, եւ ասկէ մեկնած, կարելի է ըսել, որ արուեստագէտի մը դիմագրաւած խնդիրներն ալ համաշխարհային են, համամարդկային են, ըլլայ ան հայ կամ օտար։ Ուստի, չեմ կրնար զատորոշել սփիւռքահայ արուեստագէտը միւսներէն, որովհետեւ ան նախ մարդ է, յետոյ արուեստագէտ, ապա՝ հայ։ Ուրեմն, ան որպէս արուեստագէտ ունի նոյն խնդիրները, միւսներուն նման:

Սփիւռքահայ արուեստագէտին մասին եթէ անպայման բան մը ուզեմ ըսել, պիտի ըլլայ դրական կէտ մը, որ սփիւռքահայ արուեստագէտը աշխարհաքաղաքացի արուեստագէտ է։ Այս մէկը անշուշտ առաւելութիւն եւ հարստութիւն է:

Ասկէ մեկնած, կ՚ուզեմ շեշտը դնել երեւոյթի մը վրայ, թէ հայուն աշխարհի չորս կողմերը ցրուած ըլլալն է: Մենք՝ հայերս, դժբախտաբար, կարճատես ենք եւ մեր տարածուած՝ աշխարհով մէկ սփռուած ըլլալը թերութիւն կը համարենք։ Մինչդեռ եթէ փոխենք այդ դիտելաձեւը, մեր այս ցրուած ըլլալը կը տեսնենք որպէս ուժ, առաւելութիւն: Պահ մը երեւակայեցէք, ինչ մեծ ուժ է ամէն տեղ գտնուիլը, կրնամ չափազանցել եւ ըսել, որ աշխարհը մեզի, հայ ազգին կը պատկանի, որովհետեւ ամէն տեղ ենք եւ ես այս երեւոյթը կը համարեմ հսկայ ներուժ, պէտք է միայն այս ուժը ի նպաստ մեզի գործածելը գիտնանք:

-Դուք որոշ ժամանակ մը ապրեցաք արեւմտեան մշակոյթի կեդրոններէն Վենետիկի մէջ։ Ապա պայմաններու բերումով վերադարձաք ձեր ծննդավայրը՝ Այնճար: Ի՞նչ յիշողութիւններ ունիք Վենետիկէն:

-Վենետիկ ապրած ըլլալը եղած է կեանքիս ամենակարեւոր հանգրուաններէն մին: Վենետիկը այնպիսի իւրայատուկ քաղաք մըն է, ուր ապրիլը յատուկ փորձառութիւն մըն է ոեւէ մէկու, մասնաւորապէս արուեստագէտի համար: Վենետիկէն դուրս, կը յիշեմ Վենետիկը որպէս սիրահար մը, որ հոն կը սպասէ ինծի, իր հմայքով, իր կախարդանքով. բայց անշուշտ միակը չեմ ես, ինծի պէս շատեր Վենետիկի իւրայատուկ գեղեցկութենէն կախարդուած կը մնան մինչեւ իրենց կեանքի վերջը:

-Սփիւռքի մէջ ապրող ոեւէ հայ արուեստագէտի համար մեծ հարց է սեփական հողին վրայ չապրիլը: Դուք, Այնճար ծնած եւ այնտեղ գործող արուեստագէտ մը ըլլալով՝ կը կարծէք, որ լուծած էք այդ հողի պատկանելիութեան խնդիրը: Այնճարը ձեզի համար որքանո՞վ հայկական հող է:

-Ծնողքս, միջավայրս, նաեւ Այնճարն ու Պուրճ Համուտ, հայ ըլլալը այնքան ամուր ձեւով հաստատուած են մէջս, որ աշխարհի ո՛ր անկիւնն ալ ըլլամ, որեւէ հողի վրայ, կը մնամ նոյն հայը: Հայ ըլլալը էութեանս մէջ այնքան ամուր ձեւով հաստատուած եւ դրոշմուած է, որ բացարձակապէս երկրորդական է, թէ ես ֆիզիքապէս ո՛ւր կ՚ապրիմ, ո՛ր երկրին կամ ի՛նչ միջավայրի մէջ կը գտնուիմ:

Յարգելով ամէն մէկ հայու գաղափարը իր ինքնութեան մասին, ինծի համար կրնամ նոյնիսկ ըսել, որ այդ ըմբռնումը ոգեղէն է, իմ կազմաւորման մէջ թրծուած է հայ ըլլալը: Ես 40 տարեկան դառնալէ վերջ կամաց-կամաց սկսայ զանազանել մարդն ու հայը։ Այդ երկուքին համար խաղաղ ու համերաշխ գոյակցութիւն մը կրցայ ստեղծել ինքնութեանս մէջ՝ առանց բախումի, առանց խնդրի։ Պարզապէս ժամանակ պէտք էր, որ ամէն մէկը իր յստակ տեղը առնէ՝ շոգեկառքի մը զոյգ երկաթուղագիծերուն պէս:

Կան շատ մը հայեր, որոնք ինքնութեան խնդիր ունին, ես այդ խումբին չեմ պատկանիր, ընդհակառակն, ինծի համար մեծ հարստութիւն է ըլլալ հայ, լիբանանահայ, այնճարցի, իտալացի, շատ անգամ մեծ հաճոյքով խաղի վերածած եմ այս բազմազանութիւնը: Ինքնութիւններու հարստութիւնս ինծի միայն օժանդակած է, հարստացուցած է զիս. առիթ տուած է, որպէսզի ապրիմ բազում փորձառութիւններ, գտնուիմ այլազան վիճակներու մէջ, հաղորդակից դառնամ զանազան քաղաքակրթութիւններու ու մշակոյթներու, եւ կասկած չկայ, որ այս մէկը ի վերջոյ կ՚արտացոլայ արուեստիս մէջ:

Հակառակ անոր, որ ոչ մէկ հողի կապուած կը զգամ, ես պատկանելիութեան, ինքնութեան հարց չունիմ: Ես այդ խնդիրը լուծած եմ՝ հայ ինքնութեանս տալով հողի արժէք: Ո՞ր մէկն է իմ հայրենիքը. պատմական Հայաստա՞նը, թէ՞ Այնճարը, Լիբանանը. ո՞րն է իմ հողս, արդեօք Իտալիա՞ն, որուն հպատակութիւնը կը վայելեմ ի վերջոյ: Ես այս խնդիրը լուծած եմ իմ հայ ինքնութիւնը վերածելով մայրենի հողի, իմ մէջ եղած հայն է իմ մայրենի հողը, անկախ այն բանէն, թէ ես ո՞ւր կ՚ապրիմ։ Այնճարին չեմ հաւատար, միւս կողմէ ուրախ եմ, որ այսօր կայ Հայաստանի Հանրապետութիւնը, որ պատրաստ է զիս ընդունելու որպէս հայ, սակայն ես ո՛ւր ալ երթամ, աշխարհի ո՛ր անկիւնն ալ գտնուիմ, հետս է մայրենի հողս, ինչպէս ըսի նախապէս, իմ մէջս եղած հայն է իմ մայրենի հողը:

-Ի՞նչ խօսք ունիք ըսելիք ձեր սերնդակից նկարիչներուն կամ առհասարակ հայ նկարիչներուն: Ի՞նչ պատգամ ունիք տալիք:

-Երբ Պէյրութի մէջ արուեստ կ՚ուսանէի, իմ արուեստի ուսուցիչս՝ լիբանանահայ արուեստագէտ Յարութիւն Թորոսեանը կ՚ըսէր. «Փրկութիւնը քու մէջդ է, հետեւաբար, ամէն մէկ արուեստագէտ կամ հայ արուեստագէտ պարտի ինքն իր մէջ փնտռել փրկութիւնը, լուծումը՝ ամէն լաւին ու վատին, եւ ամէն բանէ առաջ պէտք է ըլլալ անկեղծ, որովհետեւ արուեստը եթէ անկեղծ է՝ կա՛յ, եթէ անկեղծ չէ, չկայ արուեստ»: Բաւական թափառելէ ետք՝ Այնճարէն Պէյրութ, ապա Վենետիկ, Ամերիկա, Վիեննա ու եւրոպական զանազան քաղաքներ, ի վերջոյ համոզուեցայ, որ ուսուցիչս՝ Յարութիւն Թորոսեանը իրաւունք ունէր, փրկութիւնը քո՛ւ մէջդ է, ինչպէս նաեւ հասկցայ, որ արուեստի ամենէն մեծ արժանիքը՝ անկեղծութիւնն է: Հետեւաբար խորհուրդս է՝ ըլլալ անկեղծ եւ փրկութիւնը փնտռել մեր անձին մէջ:

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Երեւան

Չորեքշաբթի, Մայիս 29, 2019