ԴԻՄԱՆԿԱՐԻՆ ՀԵՏ

Խառն միտքերու դրդումով ձեռքը կը բանայ գզրոցը եւ հոնկէ դուրս կը քաշէ թղթածրար մը. կը թերթէ թուղթերը՝ թուականներ, կնիքներ, վկայագրեր... փաստեր անձերու գոյութեան, անոնց թափառումներէն, այցելած եւ ապրած վայրերէն տարբեր լեզուներով ստորագրութիւններ... անհատին կեանքի անցուդարձերուն վերնագրերը պարունակող պատմութիւն մը ի վերջոյ կամ «կեանք» վերնագրին տակ շարուած ենթավերնագրեր...:

Զաւակներուն ծննդեան վկայագրերը կը շօշափէ, արաբերէն տառերով գրուած փաստաթուղթին պատկերին վրայ կեդրոնացած կը մնայ պահ մը, ապա ամուսնութեան փաստաթուղթը, Բերիոյ Թեմի Ազգային Առաջնորդարանի վարդագոյն կնիքով հաստատուած մկրտութեան վկայագրերը եւ թուականները, արաբերէն, հայերէն, անգլերէն տառերը կը սկսին թափառիլ չորս դին... աճապարանքով կը շարունակէ ծրարը թերթել, բան մը փնտռողի պէս. տառերու, թիւերու, յուշերու խուռներամ գրոհի մը մէջ ինկած կը սթափի, ու՝

-Ի՞նչ կը փնտռեմ...

Կը հարցնէ ինքնիրեն, եւ ծրարը հաւաքած պահուն դիմանկար մը կը սահի, կ՚իյնայ գետին: Մեղմօրէն կը վերցնէ զայն գետնէն, ինչպէս գետին ինկած ու չփշրուած  արժէքաւոր անօթ մը, աչքերը կը շողարձակեն ուրախութենէն փաթթուիլ ուզողի մը ցանկութեամբ եւ նկարը գրկած կը զրուցէ անոր հետ.

-Տեսա՞ր, Մասիսդ պապա եղաւ քեզի պէս, կը յիշե՞ս իր ծնունդին օրը... Ի՜նչ ուրախ էինք մեր անդրանիկին ծնունդով. այդ օրը, երբ արգանդէս դուրս ելաւ ձագուկը, այդ օրը հասկցայ երջանկութեան իմաստը: Ինձմէ աշխարհ եկած հրեշտակ մը կարծես կը շնչէր. կը յիշե՞ս, կը ժպտէր յաճախ, կ՚ըսէին հրեշտակներուն հետ կը ժպտի, կը յիշես չէ՞... է՜հ, մեծցաւ ձագուկը եւ ահա պապա եղաւ...

Կը շարունակէ նայիլ անշունչ աչքերուն ու անձայն հաղորդակցութեան պահ մը, եւ՝

-Մենք լաւ ենք, չմտահոգուիս. գիտես արդէն շատ բաներէ անցանք. համաճարակ տեսած չէինք, ան ալ տեսանք: Աս ալ կ՚անցնի, ուրիշ շա՜տ բաներու պէս: Հայրենիքին օդն ու ջուրը շատ անուշ են...

Եւ սենեակին բաց պատուհանէն կը բուրէ մայիսեան անուշաբոյր ծաղիկներուն զգլխիչ հոտը, կը միահիւսուին աքասիային ու փշատիին բոյրերը, կը տարածեն մայիսեան քաղցրութիւնը ամէնուր, եւ՝

-Ահա, կը շնչե՞ս հոտը աքասիային, փշատիին... մեր ծննդավայրը ասանկ բան չկար, բայց... չէ՛, չէ՛, բան չկայ, պիտի չգանգատիմ, պիտի չջնջեմ անուշ բոյրերուն գծած ժպիտը դէմքէս, պիտի չտրտմեցնեմ քեզ, հիմա անոր ժամանակը չէ, պէտք է հասնիմ ձագուկին, երթամ, տեսնեմ նոր աշխարհ եկողը, մեր թոռնիկը...

Եւ ժպտուն նայուածք մըն ալ նկարին կը հպի հրաժեշտ տուածի պէս կամ տապանաքարի այցելութենէն վերադարձողի պէս, ապա զգուշութեամբ կը տեղաւորէ զայն թղթածրարին մէջ եւ թղթածրարը՝ իր տեղը. ներքնապէս խաղաղած, կուտակները թօթափած, թեթեւցած եւ մանաւանդ հասկցած փնտռտուքին պատճառը կը շարունակէ իր առօրեան:

Ա­ՆԻ ԲՐԴՈ­ՅԵԱՆ-ՂԱԶ­ԱՐԵԱՆ

Երեւան

Ուրբաթ, Մայիս 29, 2020