ԹԱՐԳՄԱՆԻՉ ՎԱՐԴԱՊԵՏՆԵՐՈՒ ՈՍԿԵԴԱՐԵԱՆ
ՆԵՐԴՐՈՒՄԸ՝ ՀԱՅ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ԿԱԶՄԱՒՈՐՄԱՆ ՄԷՋ


«Մեսրոպ, հայ դարերու դիմաց կեցող՝ Դուն ադամանդեայ ապառաժ»

ՍԻԱՄԱՆԹՕ

ԲԱՆԱՍՏԵՂԾԻՆ ՍԽՐԱՆՔԸ

Սիամանթօ իր բանաստեղծական թռիչքէն շատ աւելի անդին խոյացող իր այս սխրանքով հայոց վաւերական ամբողջ պատմութիւնն է, որ կը խտացնէ հոյակապ կերպով։ Այստեղ ամէն մէկ բառ յետադարձ «մարգարէութիւն» չէ, այլ շատ աւելին, բանաստեղծօրէն գրուած «հայ դարերու» կեանք է եւ իրագործում։ Իւրաքանչիւր բառ այստեղ ունի իր պատմական լիաբուռն բովանդակութիւնը, դարեր անցան, որոնց դիմացաւ Ս. Մեսրոպ որպէս ապառաժ ադամանդեայ, ու այդ ադամանդի պրիսմակէն բազմահարիւր ճառագայթներով, գիրով, դպրութեամբ, արուեստներով հայն ու Հայաստան մնացին աշխարհի երեսին պատուով եւ արգասիքներով ծաղկուն։

Սիամանթոյի հիացումը սակայն ներկայ մեր ժամանակներու մարտահրաւէներուն դէմ կը պարտաւորեցնէ ամենալուրջ նկատողութիւն՝ ներկայ սերունդի յանձնառութեանց մէջ։ Ո՞ւր է այսօր բանաստեղծին սրբացուցած Մեսրոպեան շունչն ու գիրը, ո՞ւր են մեր անգին մատենագիրներուն ադամանդեայ աւանդը, մասնաւորաբար մեր հայրենի իրականութեան մէջ մեր ջինջ լեզուն կը հետեւի՞ արդեօք բանաստեղծին սխրանքին, լեզուն որ վաղուց կորսնցուցեր է ադամանդեայ փայլը, զոր եթէ ինք՝ Սիամանթօ չմարգարէացաւ, ուրիշ սրտցաւ իշխան մը՝ Վահան Թէքէեան մարգարէացաւ յայտնելով դար մը առաջ, թէ արդեօք իր գրած գոհարները կարդացող պիտի ունենա՞ր։

ՀԱՅՈՑ ՈՍԿԵԴԱՐԸ

Հայ ժողովուրդի Ոսկեդարը 5-րդ դարուն՝ եղաւ հիմն ու հիմնաքարը յետագայ դարերուն, շրջանցելով ամէն քաղաքական փոթորիկ։ «Նոր եւ սքանչելի ծնունդներ» եղան այդ 36 գիրերը, ինչպէս կ՚որակէ մեր առաջին պատմիչը՝ Կորիւն Վարդապետ։ Եթէ կանք այսօր իբրեւ ինքնուրոյն ժողովուրդ աշխարհին դէմ կանգուն, այդ կը պարտինք առաւելապէս հայ գիրին եւ գրականութեան, որոնք անմահացուցին մեր գոյութիւնը, եւ որուն գլխաւոր արտայայտիչը եղաւ իր ազգային նկարագրով տոկուն Հայ Եկեղեցին։

Հայ Եկեղեցին դրսեւորեց, զարգացուց եւ մշտնջենաւորեց մեր ժողովուրդին համար թէ՛ մշակոյթ եւ թէ քաղաքակրթութիւն իր թաքուն եւ զգայուն ճանապարհներով, հակառակ այն իրողութեան, որ Ոսկեդարէն 150 տարիներ առաջ քրիստոնէութիւնը պետական կրօն հռչակուած էր Հայաստանի մէջ Ս. Գրիգոր Լուսաւորչի քարոզութեամբ։ Քրիստոնէութեան հիմնադրութիւնը, որ սկիզբ առած էր Ս. Թադէոս եւ Ս. Բարթողիմէոս առաքեալներու կողմէ իրենց իսկ նահատակութեամբ, հարկ էր հասկնալի եւ ընդունելի դարձնել, տալով անոր հայեցի նկարագիր եւ ինքնատիպ ներգործութիւն։

Թարգմանիչ Վարդապետները գլխաւորութեամբ իրենց առաջին ուսուցիչներուն՝ Սահակ Հայրապետի եւ Մեսրոպ Մաշտոցի, Հայոց Եկեղեցին հայկականացուցին, երբ նախ Աստուածաշունչ Մատեանը հայերէն գիրերով արձանացուցին առաջին անգամն ըլլալով ու մնայուն գոյութիւն պարգեւեցին թէ՛ Ս. Գիրքին եւ թէ Հայաստանեայց Եկեղեցիին։ Հարիւր եւ աւելի տարիներ Հայաստան մնաց քրիստոնեայ Ս. Գրիգոր Լուսաւորչի օրերէն եւ վերապրեցաւ առանց գիրի եւ առանց հայերէն Ս. Գիրքի՝ 301 թուականէն մինչեւ 404 կամ 406 եւ աւելի ուշ, երբ Ս. Մեսրոպ Մաշտոց հայերէն տառերը հնարեց ու Սահակ Պարթեւ Հայրապետ անմիջապէս ձեռնարկեց Աստուածաշունչի թարգմանութեան հսկայ աշխատանքին։

ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ԱՆԿՈՒՄ

Այդ 400 տարիները «թագաւորական» տարիներ եղան իրենց սովորական իմաստով, այսինքն Արշակունեաց թագաւորութիւնը իբր թէ տէրն էր Հայաստանի, եւ քաղաքական գետնի վրայ ուժ կար եւ ապահովութիւն՝ մինչեւ 438 թուականը։ Սակայն այս եւս այնքան խախուտ, որքան ատեն որ 387 թուին Հայաստան երկուքի բաժնուած էր Բիւզանդիոնի եւ Պարսկաստանի միջեւ, մեծ մասը Պարսից ձեռքին տակ, ուր պիտի աշխատէին մեր Սուրբերն ու Թարգմանիչները։ Սահմանագիծը հիւսիսէն Կարին քաղաքն էր եւ հարաւէն Մծբին, առաջինը Բիւզանդիոնի ներքեւ եւ երկրորդը ճիշդ սահմանին վրայ, Հայոց Խոսրով 4-րդ թագաւորը ենթակայ Բիւզանդիոնի, եւ Արշակ 3-րդն ալ՝ Պարսկաստանի։ Այսուհանդերձ, այդ ժամանակահատուածը հերոսական ընթացք մը եղաւ Լուսաւորիչի անմիջական յաջորդներուն համար, ներքին անհանդուրժող ուժերուն դէմ մաքառելով ու եկեղեցւոյ նախնական կազմաւորումը ապահովելով։ Այդ չորս հերոս Հայրապետները եղան Արիստակէսն ու Վրթանէս, Յուսիկն ու Մեծն Ներսէս Պարթեւ Կաթողիկոսները։

ՄԵՍՐՈՊ ՄԱՇՏՈՑ

Իսկական եւ մնայուն հրաշքը հասաւ Ս. Մեսրոպ Մաշտոցի գիւտով, որ մեր բերանացի բարբառին եւ ձայներուն նշաններ հնարեց, եւ իսկոյն Ս. Սահակ Պարթեւ Հայրապետի գլխաւորութեամբ՝ Թարգմանիչ Վարդապետներ թարգմանեցին Աստուածաշունչը յունարէն Եօթանասնից կոչուած լաւագոյն բնագրին վրայէն, զոր անձամբ Կ. Պոլսէն Հայաստան բերին առաջին թարգմանիչ վարդապետներէն «երկու հոգեւոր եղբայրները՝ Յովսէփ Եկեղեցացի եւ Եզնիկ Կողբացի»։

Կարեւոր է նկատի ունենալ Հայաստանի քաղաքական դիրքը՝ հասկնալու համար Հայ Եկեղեցւոյ կազմաւորման սկիզբը, որ երկու Առաքեալներու քարոզութեամբ սկսաւ առաջին դարուն։ Այդ կազմաւորման առընչակից եղան Հայաստանի Արշակունեաց թագաւորութեան շրջանի երեք մայրաքաղաքները՝ Արտաշատ՝ կառուցուած Տրդատ Ա. թագաւորի ձեռքով, Մծուրք՝ Սանատրուկի ձեռքով, եւ Վաղարշապատ՝ (Էջմիածին) Վաղարշ թագաւորի ձեռքով։ Երեքն ալ միջազգային յարաբերութեանց գօտիներ ըլլալով կարելի դարձուցին քրիստոնէութեան թափանցումը Հայաստան։

Դժբախտ պարագան սակայն Արշակունեաց թագաւորութեան անկումն էր 438 թուին, երբ պարսիկ մարզպաններ տիրեցին մեր երկրին ու գահընկէց ըրին Սահակ Հայրապետը ճիշդ ու ճիշդ այն տարիներուն, երբ Մեսրոպ եւ Սահակ լծուած էին օրն ի բուն հսկայ աշխատանքի։ Հայ ժողովուրդը մերժեց եւ իր հնազանդութիւնը յայտնեց Սահակ Հայրապետին, որ 432 թուականին վերադարձաւ Վաղարշապատ։

ԳԻՐՆ ՈՒ ԳՐԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆԸ

Երեւակայել որ իսկապէս նախախնամական եւ ճակատագրական եղան այդ դժբախտ տասնամեակներուն ծաղկած հայոց գիրն ու գրականութիւնը, ինչպէս նաեւ Թարգմանիչ Վարդապետներու պատրաստութիւնը, որոնք եղան մեր առաջին պատմիչները եւ հայ մշակոյթի ջահակիրները, որոնք ջահը թէ՛ վառեցին եւ թէ վառ պահեցին յաջորդող հազարամեակին։ Ներքին եւ արտաքին բոլոր ապացոյցներով հզօրագոյն պատնէշն ու պատուարը քաղաքական անկումին դիմաց հայերէն գիրը եղաւ, քաղաքական թագաւորութեան փոխարէն մտքի եւ հոգիի թագաւորութիւնը տիրեց, որ իր երրեակ առաքելութեան մէջ գոյութիւնը ապահովեց մեր ազգին եւ եկեղեցիին։

ԳԻՐԸ իր երեք տառերով եղաւ նախ ՏԱՌ, շուտով տառը եղաւ ԳԻՐՔ, եւ իսկոյն գիրքը եղաւ ԳՐԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ։ Գիր, Գիրք, եւ Գրականութիւն։ Ահա երրեակ կառոյցները մեր ազգային, եկեղեցական եւ մշակութային գոյատեւման, որմէ ծլարձակուեցան քաղաքակրթութեան հարազատ արգասիքը եղող ճարտարապետութիւնն ու ձեռագրագիտութիւնը, վանական եւ համալսարանական առաջին կեդրոնները հայոց աշխարհի չորս ծագերուն, շարականագրութիւնն ու երաժշտութիւնը, բանահիւսութիւնն ու քանդակագործութիւնը, վանքերու ուսումնական բարձրագոյն ուսումնառութիւնը, սուրբգրական մեկնաբանութիւնը, իրենց ճարտասանական, գիտական, իմաստասիրական եւ մանաւանդ պատմագրական ճիւղերով։ Այսօր այս բոլորին վկաներն են Մեսրոպ Մաշտոցի անուան Մատենադարանի տասնեակ հազարաւոր ձեռագիրները։

Ո՛Չ ԶԷՆՔ ԵՒ ՈՉ ՄԱԿԱՆ, ՄԻԱՅՆ 36 ԶԻՆԱԿԻՑՆԵՐ

Թուականները երբ ճշդենք, կը տեսնենք, թէ որքան հակընդդէմ կացութիւններու մէջ Հայ Եկեղեցին կրօնական հալածանքներու դէմ վերապրեցաւ, երբ չկար պետական նեցուկ։ Արշակունեաց թագաւորութեան անկումին հետեւանքով՝ դրացի ազգեր անհաշտ էին հայերու նկատմամբ, եւ սակայն կար հայոց ինքնութիւնը ապառաժի նման հաստատ եւ ադամանդի նման փայլուն, այլեւս ո՛չ զէնքի եւ ոչ ալ թագաւորի մականին ներքեւ, հակառակ սպառնալիքներուն՝ որոնց յոռեգոյն ապացոյցը պարսից կրակապաշտ կրօնի սպառնալիքը եղաւ քրիստոնեայ Հայաստանի վրայ, եւ որուն հայ ժողովուրդն ու Հայաստան 451 թուի Վարդանանց պատերազմով ու 484 թուի Վահանեանց Նուարսակի դաշնագրով տուին արժանի պատասխանը։

Կրօնական հալածանք կար նաեւ քրիստոնեայ Բիւզանդիոնի կողմէ Քաղկեդոնի 451 թուի ժողովին հետեւանքով, երբ հայեր մերժեցին եւ յիսուն տարիներ աննկատ թողուցին զայն որպէս շփոթութիւն յառաջացնող անհարկի դաւանանք։ Բաբգէն Ա. Ոթմսեցի Կաթողիկոսին օրով գումարուած Դուինի 506 թուի եկեղեցական ժողովին էր, որ Քաղկեդոնի որոշումները պաշտօնապէս մերժուեցան միանգամընդմիշտ։

Ներշնչուած Աստուածաշունչէն, թարգմանիչ վարդապետներ՝ Կորիւն, պատմահայր Մովսէս Խորենացի, Եղիշէ եւ Եզնիկ, յառաջադէմ հեղինակները եղան իրենց առաջին մեսրոպատառ գիրքերով, առաջինը՝ Կորիւն, Մեսրոպ Մաշտոցի կեանքն ու սուրբ հնարքը նկարագրող, երկրորդը՝ Խորենացի, մեր հայոց հնագոյն պատմութիւնն ու իր ժամանակակից դէպքերը արձանագրող, երրորդը՝ Եղիշէ, Վարդանանց պատերազմին դիւցազներգութեամբ, եւ չորրորդը՝ Եզնիկ, Աղանդներու հերքումին նուիրած իր իմաստասիրական խորք ունեցող գիրքով, որոնք, բոլորն ալ ժամանակակից եւ դպրոցակից, աննահանջ եւ խիստ փաստարկութիւններով եւ Ս. Գիրքի նորայայտ մէջբերումներով վերահաստատեցին Հայ Եկեղեցւոյ իսկական գոյութիւնն ու գոյատեւումը։

ԵԶՆԻԿ ԿՈՂԲԱՑԻ

Եզնիկ Կողբացի, Մեսրոպ Մաշտոցի առաջին աշակերտներէն էր, եւ այդքան կանուխէն իր անզուգական «Եղծ Աղանդոց»ով, ոսկեղնիկ հիանալի լեզուով, փիլիսոփայական մօտեցումով եւ ճարտար փաստարկումներով պաշտպանեց հայ քրիստոնէութիւնը իր ժամանակի բոլոր տեսակի աղանդներուն դէմ, հերքելով պարսից մազդեզական կրօնն ու յոյն հին փիլիսոփայութեան Մարկիոնի աղանդը։

Եզնիկ Բագրեւանդի հայոց եպիսկոպոսն էր, ծնած 375 թուին, եւ 449 թուականի ԱՐՏԱՇԱՏ-ի ժողովին մասնակցած, որուն գլխաւոր օրակարգն էր մերժումը պարսից մազդեզական կրօնի, որ կը պարտադրուէր Յազկերտ Բ. թագաւորին հրահանգով։ Եզնիկ Եպիսկոպոս տիրական անդամներէն ըլլալով այդ ժողովին, ժողովականի իր ուղերձը կարդաց մազդեզական կրօնին դէմ եւ զայն յետոյ գիրքի վերածեց ու մեզի թողուց զայն որպէս նախնագոյն ջատագովական երկը հայ քրիստոնէութեան։ Արտաշատի ժողովին առած որոշումին եւ Եզնիկի «Եղծ Աղանդոց» գիրքին յարաբերութիւնը ճշդելով, բանասէրներ եզրակացուցած են, որ երկուքին հեղինակը նոյն Եզնիկ Կողբացին է։

Եզնիկի հիմնական թէզը եղած է Աստուծոյ գոյութիւնն ու Քրիստոսով յայտնութիւնը բազմաթիւ սուրբգրային մէջբերումներով։ Եզնիկ ճարտարօրէն կրցաւ քրիստոնէութիւնը հաշտեցնել Սոկրատի, Պղատոնի եւ Արիստոտելի աւելի մեղմ եւ աստուածակեդրոն փիլիսոփայութիւններուն հետ, հերքելով յոյն Պիւթակորեան, Եպիկուրեան եւ Ստոյիկեան մակերեսային ուսուցումները։

Օտարներ իսկոյն թարգմանեցին Եզնիկի գործը։ Կը յիշեմ 1971 թուին Անգլիոյ Օքսֆորտ համալսարանի միջազգային Հայրաբանութեան նուիրուած գիտաժողովին, Եզնիկի գիրքին «անձնիշխանութեան», այսինքն «ազատ կամքի վարդապետութեան» մասին ուսումնասիրութիւն մը կարդացի։ Հարիւրաւոր դասախօսներու կարգին հոն էին նաեւ Գերմանացի Փրոֆ. Քուրդ եւ տիկինը՝ Պարպարա Ալանտ, երկուքն ալ համալսարանի դասախօսներ, որոնք ինձմէ խնդրեցին Եզնիկի այդ միակ երկին մէջէն դուրս բերել բոլոր Աստուածաշնչական մէջբերումներն ու ակնարկութիւնները իրենց համարներու ճշդումով. աշխատանք մը որ գլխաւոր արժեչափը պիտի հայթայթէր Եզնիկի «Եղծ Աղանդոց»ը գնահատելու։ Կատարեցի այդ աշխատանքը։

Այս պարագան կարեւոր է մեզի համար, երբ օտար համալսարաններ հնագոյն քրիստոնէական երկ մը կ՚ուզէին մօտէն ճանչնալ, հակառակ անոր որ Եզնիկի գործը իր ամբողջութեանը մէջ ֆրանսերէնի թարգմանուած էր արդէն հայագէտներ Հայր Լուի Մարիեսի եւ Հայր Շարլ Մերսիէի կողմէ։ Սակայն անոնք նախընտրեցին ուղղակի գրաբար բնագրէն քննել «Եղծ Աղանդոց»ը, գիտնալով մանաւանդ որ Եզնիկ իր գիրքէն քիչ առաջ անձնապէս առաջին Աստուածաշունչը թարգմանողներէն մին եղած էր, եւ հնագոյն մէջբերումները ինք անձամբ կատարած էր Ս. Գիրքէն։ Եզնիկի ջատագովական այդ երկը նախնագոյն միջքրիստոնէական երկերէն մին կը հանդիսանայ, եւ ո՛չ թէ միայն հայ քրիստոնէութեան յատուկ։

ՊԱՏՄԱԳՐՈՒԹԻՒՆՆ ՈՒ ՀԱՅ ԵԿԵՂԵՑԻՆ

Արագընթաց եղաւ Հայ Եկեղեցւոյ կողքին հայ պատմագրութեան ծաղկումը, երկուքին հրաշալի լծակցութեամբը։ Եկեղեցի եւ պատմագրութիւն, մէկը միւսով զօրացած մեր ժողովուրդին ճակատագիրը ճշդեցին, երբ պատմագիրները մինչեւ Բագրատունեաց շրջանը, ամէն դար մէկ կամ երկու գրիչով, առանց քաղաքական նեցուկի, պարսիկին ու արաբին, բիւզանդիոնին եւ խաչակիրներուն սպառնալիքներուն ներքեւ նոյնիսկ, առանց զիջելու յառաջ տարին հայ ժողովուրդին հոգեւոր եւ մտաւոր թագաւորութիւնը։ Աւելի ուշ՝ եկան մոնղոլներն ու թաթարները, սելճուքներն ու թուրքերը, եւ սակայն հայ մատենագրութիւնը իր ընթացքը պահեց ամրակուռ մինչեւ Առաքել Դաւրիժեցի պատմիչը 17-րդ դար, որ եղաւ Հայ Եկեղեցւոյ եւ Ս. Էջմիածնի իսկական պաշտպաններէն վերջինը որպէս դասական պատմիչ։

ԵԶՐԱՓԱԿՈՒՄ

Կ՚եզրափակեմ գերմանացի յայտնի հայագէտ գիտնական Եոսէֆ Մարկվարտի գնահատանքով, երբ համեմատութեան մէջ դնելով Մեսրոպի եւ Սահակի գործունէութիւնը գերման յայտնի մտքի լուսաւորիչներ Պիպինի եւ Վինֆրիտի հետ, ըսած է. «Եթէ նկատի ունենանք այն պայմանները, որոնց ընթացքին Մեսրոպն ու Սահակ մտքի եւ հոգիի լուսաւորութիւն ներգործեցին Հայաստան, կը տեսնենք, որ Պիպինը եւ իր զինակից Վինֆրիտը խեղճ թզուկներ կ՚երեւին այդ երկու հսկաներու համեմատութեամբ», եւ կ՚աւելցնէ. «Ժողովուրդ մը, որ իր ծոցէն այսպիսի մարդիկ ծնած է ու կը յարգէ զանոնք որպէս դիւցազներ, անկարելի է որ ի սպառ ջնջուի, որքան ատեն որ այդ ժողովուրդը կը հետեւի անոնց օրինակին»։ Վերջին բառը մեզի կը պատկանի, եւ միայն մերօրեայ հայ ժողովուրդին, «հետեւիլ անոնց օրինակին»։

ՏՔԹ. ԶԱ­ՒԵՆ Ա. ՔՀՆՅ. ԱՐ­ԶՈՒ­ՄԱ­ՆԵԱՆ

«Պայքար», Պոսթոն

Շաբաթ, Յունիս 29, 2019