ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՍՓԻՒՌՔԸ ՎԵՐԱՊԱՀ ԸԼԼԱԼՈՒ ԻՐԱՒՈՒՆՔ ՈՒՆԻ՞

Յաճախ հարց կու տանք. արդեօք հայկական սփիւռքը Հայաստանի մէջ տեղի ունեցող զարգացումներուն վերապահ կեցուածք ունենալու իրաւունք ունի՞. կամ որո՞նք են այն արժեչափերը, որոնց հիմամբ պէտք է սփիւռքը դիտարկէ եղած դէպքերը եւ ըստ այնմ արտայայտէ իր հիմնական տեսակէտները։

Այս բոլորէն առաջ սակայն հարկ է հասկնալ եւ ընկալել, որ սփիւռքը Հայաստանի ներքին-քաղաքական զարգացումներուն դիմաց յաճախ մեծ մտավախութիւններ կ՚ապրի։ Արդեօք ճիշդ հունի վրա՞յ են Հայաստանի իշխանութիւնները, արդեօք Արցախի հարցով մեծ բացթողումներ կրնա՞ն ըլլալ, արդեօք խոստացուած տնտեսական բարեփոխումները իրականութիւն պիտի դառնա՞ն… եւ այս տիպի տասնեակ «արդեօք»ներ, որոնք գլխապտոյտ կրնան յառաջացնել Հայաստանով ապրող մեծ թիւով սփիւռքահայերու համար։

Բացի այս բոլորէն՝ այլ ձայներ կրնան իրապէս զարմանք ապրիլ, տեսնելով, որ շուրջ մէկուկէս տարի առաջ իրականութիւն դարձած «յեղափոխութիւն»ը այսօր նոյն եռանդով եւ «վարդեր»ով չի դիմաւորուիր սփիւռքի գլխաւոր կեդրոն համարուող հայագաղութներուն կողմէ։

Ու այստեղ է, որ այդ զարմանքը ապրողները, շատ մը պարագաներու արդարօրէն հարց պիտի տան ու բարձրաձայն գոչեն. «Ո՞ւր էր պարոն սփիւռքն ու պարոն սփիւռքահայը, երբ անցեալ իշախնութիւնները մեծ-մեծ սխալներ կը գործէին...»։ Այս տեսակէտը եւ «ո՞ւր էր պարոն սփիւռքը» ըսողները տեղ մը իրաւունք ունին, որովհետեւ յատկապէս անցեալ իշխանութիւններու օրերուն, ոչ մէկ անգամ իր ձայնը լսելի դարձուց կամ նոյնիսկ իր քննադատութիւնները լսելի դարձուց։ Թերեւս նոյն սփիւռքահայերը կամ սփիւռքի մէջ ազգային-քաղաքական գործունէութիւն ծաւալողները կը գործէին մէկ համոզումով՝ թէ «լաւ ըլլանք իշխանութիւններուն հետ, քիչ մը նկարուինք, քանի մը մետայլ ստանանք ու վերադարձին ալ մեր համայնքի գործիչներուն այդ բոլորի մասին պատմենք»… Խորքին մէջ այս ալ մօտեցում մըն է, սակայն առողջ մօտեցում մը չէ ու, որոնք ալ ըլլան Հայաստանի իշխանաւորները, սփիւռքը պարտաւոր է «բաց աչքերով» նայելու իրականութիւններուն եւ, ի հարկին, պէտք եղած խօսքը ըսելու...։ Այդ անշուշտ չի նշանակեր, որ սփիւռքն ու անոր ամենահեռաւոր ծայրերուն ապրող մեր հայրենակիցները պէտք է իրենց «քիթը խոթեն» Հայաստանի բոլոր հարցերուն մէջ, սակայն սփիւռքի կողմէ որդեգրուելիք լուրջ կեցուածքներն ու տեսակէտները՝ անպայման իրենց արդիւնքը կու տան։

Ամէն պարագայի, այսօր տեղի ունեցող զարգացումներուն առընթեր, յայտնի է, որ սփիւռքի ջախջախիչ մեծամասնութիւնը ունի որոշ վերապահութիւն մը, որ անշուշտ կրնայ փարատիլ, եթէ Հայաստանի երիտասարդ իշխանութիւնները կարողանան իրենց խօսքն ու տուած խոստումներուն, առնուազն կարեւոր մէկ մասը, իրականութիւն դարձնել։

Նախաբանիս աւարտին նշեմ, որ օրերս այս նիւթերուն մասին զրոյց մ՚ունեցայ Նորվեկիա հաստատուած համայնքային գործիչ Տքթ. Թովմաս Յակոբեանին հետ։

*

-Յաճախ լսելի կը դառնայ, որ սփիւռքի մեր հայրենակիցները լրջօրէն մտահոգ են Հայաստանի մէջ տեղի ունեցած գործընթացներով։ Ինչպէ՞ս կը գնահատէք Հայաստանի մէջ այսօր տիրող իրավիճակը:

-Սփիւռքը, որ յեղափոխութեան օրերուն մեծ յոյսերով լեցուեցաւ, որ ներկայ իշխանութիւնը պիտի կարենայ դրական փոփոխութիւններ բերել, այսօր կը զգայ, թէ այդ խանդավառութիւնը չէ արդարացուած: Յոյս կար, որ գոնէ մէկ տարի անց դրական որոշ արդիւնք արձանագրուէր, սակայն, փաստօրէն, ո՛չ սփիւռքի, ո՛չ ալ հայրենիքի մէջ մարդիկ շօշափեցին այդ մէկը:

Իսկ այսօրուայ եղելութիւնները աւելի յուսախաբ ըրին մեզ: Եթէ հիմա իշխանութիւնը չանդրադառնայ իր սխալներուն, իր իրականացուցած յեղափոխութիւնը հանգրուանային նսեմացման կրնայ առաջնորդուիլ։ Այս առումով ալ դժուար է մատնանշել իրական պատճառը այսօրուան տեղքայլին։ Արդեօք իշխանութիւնները քաղաքական գործունէութեան եւ գիտակցութեան անհրաժեշտ մակարդակը չունեցա՞ն, կամ թէ միջազգային ազդեցութիւններու տա՞կ են եւ այդ պատճառով է, որ շեղուած են ճիշդ ուղիէն։

Իմ կարծիքով, կառավարութիւնը քաղաքական բաւական սուր տագնապ կ՚ապրի: Այս կերպով մեր կառավարութեան ուրիշ տեղ կրնայ տանիլ երկիրը, կրնայ խաթարել մեր երկրի զարգացման ընդհանուր ընթացքը։ Կառավարութիւնը պէտք է հաւասարակշռութիւն պահէ՝ իրմէ պահանջուած պարտականութիւններուն, ժողովուրդի պահանջները իրականացնելու իր խոստումներուն եւ միջազգային գետնի վրայ իրեն «հրամցուած» մօտեցումներուն միջեւ: Իշխանութիւնը իր քաղաքական գործելակերպը յաճախ կը վերագրէ ժողովուրդի պահանջին, բայց այդ մէկը չեմ կարծեր, որ յաջողութեան կը տանի։ Ի վերջոյ անոնք պէտք է գիտակցին, թէ իշխանութեան գալէ ետք կան կարմիր գիծեր, որոնք պէտք յարգուին ու պահուին։ Աւելին ըսեմ, մեր կառավարութիւնը պէտք է իր արտաքին եւ ներքին հիմնական հարցերով զբաղի եւ ոչ թէ վրէժխնդրութեան ետեւէ երթայ։

-Որեւէ յեղափոխական կառավարութիւն իր առջեւ պիտի ունենայ առաջնահերթութիւններու ցուցակ մը, որուն հիման վրայ պիտի շարժի: Ձեր կարծիքով՝ այսօր ի՞նչ է Հայաստանին համար ամենէն կարեւորը:

-Հայաստանի մէջ այսօր առաջին առաջնահերթութիւնը այն է, որ մէկը միւսը ընդունի, մէկը միւսը չփորձէ չէզոքացնել եւ փոխյարգանք ունենայ բոլոր կողմերու, կուսակցութիւններու նկատմամբ։ Շատ մը քաղաքակիրթ երկիրներու մէջ կայ իշխանութիւն եւ ընդդիմութիւն, որ հայելի կը դառնայ իշխանութեան գործունէութեան։ Երբ իշխանութիւնը ընդդիմութիւն չունենայ, ինք կը ստեղծէ ընդդիմութիւնը, որպէսզի կարողանայ իր գործունէութիւնը լոյսի տակ պահել ու նաեւ վերատեսութեան ենթարկել: Երկրորդ կարեւոր գործը, զոր կառավարութիւնը պիտի ընէ, հայութեան համախմբումն է, ինչ որ անշուշտ կը կատարուի հեռու մնալով բաժանարար գիծեր ստեղծելէ։ Սփիւռքի մէջ մենք այնպիսի հոտեր կ՚առնենք, որ այդ թատրերգութիւնները մեր մօտ կրկնելու փորձեր կան եւ այդ մէկը շատ վտանգաւոր է մեզի համար։ Այսօրուան որդեգրուած ճամբան, որ կը պարփակուի «ան, որ հետս չէ, թշնամիս է» մօտեցման մէջ, կրնայ շատ վտանգաւոր հետեւանքներ ունենալ։

Սփիւռքահայութիւնը դեռ կը սպասէ եւ յոյսով է, որ աւելի լաւ պիտի ըլլայ Հայաստանը: Յեղափոխութիւնները ընդհանրապէս մոլորութեան կը տանին եւ եթէ իշխանութիւնները չկարենան այս հանգրուանը շրջանցել եւ գործնական քաղաքական գործի անցնիլ, ձախողութեան կը տանին եղած յեղափոխութիւնը: Յեղափոխութիւնը մարդոց աւելի բարելաւուած կեանք մը ապրելու պահանջով եղաւ, այն Մովսէս մարգարէի գաւազանով եղած հրաշք չէր, ոչ ալ անօթի բազմութիւնը ձուկով կերակրելու Յիսուս Քրիստոսի հրաշքը, այլ ժողովուրդի արդարացի պահանջներու արտացոլումն էր եւ ատոր համար կրցաւ յաջողիլ։ Սակայն, որքանով մենք պիտի կարենանք այդ յեղափոխութիւնը արժեւորել եւ անոր մասին պատմութեան վեհ էջերուն վրայ գրել, ապա այդ կախեալ է իշխանութեան գործունէութենէն: Որեւէ իշխանութիւն, որ չի կրնար միւսը ընդունիլ, անոր կեանքը կարճ կ՚ըլլայ: Ժողովրդական առածը կ՚ըսէ. «Խոնարհ եղիր մի՛ սողար, հպարտ եղիր մի՛ թռիր»:

-Արդեօք մտահոգուա՞ծ էք Արցախ-Հայաստան յարաբերութիւններու ոչ-բարենպաստ, ձեւով մը՝ ոչ-հանգիստ իրավիճակով. ի՞նչ կրնաք ըսել այդ մասին:

-Բնականաբար, այսօր մեզ կը մտահոգէ Հայաստանի եւ Ղարաբաղի կապի խաթարումը: Այս ծիրէն ներս արձանագրուած այօրուան եղելութիւնները քաղաքական եւ միջազգային իմաստով տարբեր նշաններ կու տան: Ղարաբաղը եղած է եւ կը մնայ Հայաստանի անբաժանելի մասնիկը եւ կարելի չէ անջատել Ղարաբաղը Հայաստանի քաղաքականութենէն: Ոեւէ քաղաքագէտ, կամ կուսակցութիւն իրաւունք չունի Ղարաբաղի հարցը նսեմացնելու եւ աժան սակարկութեան դնելու: Այս իմաստով, այսօրուայ եղելութիւնները եւ յատկապէս կարգ մը անհատներու կողմէ Արցախի իշխանութիւններուն եւ նախագահին դէմ հնչած անտեղի խօսքերը անբնական եւ անընդունելի մօտեցումներ են. բան մը, որուն հետեւանքով ալ սփիւռքի մէջ մեծ մտահոգութիւններ ծագած են։

-Ի վերջոյ սփիւռքը ի՞նչ կ՚ակնկալէ Հայաստանի այսօրուան իշխանութիւններէն:

-Սփիւքի ակնկալիքները շատ են Հայաստանի իշխանութիւններէն։ Օրինակ՝ սփիւռքի նախարարութիւնը փակելը մեծ յուզում յառաջացուց սփիւռքի մէջ. թերեւս հիմա կառավարութիւնը չանդրադառնայ, բայց ապագային պիտի զգայ ատոր բացը: Սփիւռքը այսօր արդէն երկմտութեան մէջ է, մինչ սկզբնական շրջանին բոլորը պատրաստուած էին, որ հազիւ գետնի վրայ փոփոխութիւնները երեւին, պիտի գան եւ ներդրումներ ընեն, գործեր բանան, բայց այսօր սկսան հաշուի առնել ամենօրեայ լարուածութիւնը եւ այդ պատճառով ալ կը զգուշանան քայլեր առնելէ:

Սփիւռքը կը սպասէ, որ յեղափոխութիւնը արժեւորուի գործով, որովհետեւ իրենք ալ մեծ համակրանքով, հոգւով-սրտով քաջալերողն էին այդ յեղափոխութեան:

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Երեւան

Շաբաթ, Յունիս 29, 2019