ՊԵՏԱԿԱՆ ԸՄԲՌՆՈ՞ՒՄ, ԺՈՂՈՎՐԴԱՎԱՐՈՒԹԻ՞ՒՆ, ԹԷ՞ ԱՄԲՈԽԱՀԱՃՈՒԹԻՒՆ

Անձի մը միւսներէն վեր բարձրացումը
կ՚արդարանայ, եթէ հասարակաց աշխատանքին
ան բերէ մղում եւ նկարագրի երաշխիք:

Զօրավար Շարլ տը Կոլ

Հայաստանի ներկայ անբաղձալի կացութիւնը եւ հակամարտութիւնները ըմբռնելու, դատելու, զանոնք յաղթահարելու համար եւ անմիջական կեանքի վերաբերող գնահատումներ ընելէ առաջ, ըսելէ առաջ, թէ ո՞վ ճիշդ է, ճիշդ ուղիի վրայ, օգտակար է երկրին եւ ժողովուրդին, պէտք է մտածել բառերով եկած իմաստներու եւ անոնց հետեւանքներուն մասին:

Ոչ ոք կրնայ տարբեր ձեւով մտածել, որ Հայաստանի ներկայ իշխանութիւնը հանդէս եկաւ ժողովրդավարութիւնը նուազուրդի ենթարկող ամբոխահաճութեան (populism) ալիքին վրայ, ժամանակաւորապէս բաւարարելով դառնութիւնները: Թերեւս այդ անհրաժեշտ էր իշխանափոխութեան համար, բայց, դժբախտաբար, ան ինքզինք պահելու համար մնաց նոյն շփոթ եւ շփոթեցնող ամբոխահաճութեան հետեւանք պղտորութեան մէջ, չյանգեցաւ պետական ըմբռնումի:

Ամբոխահաճութեան առաջնորդները եւ անոնց գործունէութիւնը հասկնալու համար, պէտք է ուղղել շատ պարզ հարցում մը. անոնք իրապէս ժողովրդավա՞ր են: Այսինքն ամբոխահաճութիւնը կրնա՞յ առարկայական ըլլալ, առաջնորդուիլ անկողմնակալութեամբ, հաւաքական կեանքի բնականոնութեան համար անհրաժեշտ արդարամտութեամբ: Անոնք կրնան ժողովրդավարական պիտակով ներկայանալ, իրենք զիրենք համոզել որ այդպէս են, զանգուածը, անմիջական դատումով, զիրենք կրնայ ընդունիլ որպէս այդպիսին:

Ինչո՞ւ չմտածել նաեւ, որ ժողովրդավարութեան իւրացումը ընտրանիի մը կողմէ,- ուսումնական եւ դրամական սակաւապետութիւն (oligarchie),- կը յառաջացնէ ժողովրդավարութեան այլասերումը:

Հանրութեան աչքին, նախնական անմիջականութեամբ, ամբոխահաճութիւնը ժողովրդավարութիւն է, քանի որ, բնական հետեւութեամբ, ան իրապէս զինք կը ներկայացնէ, իրեն կը ծառայէ: Կը մոռցուի պետական ղեկավարումի ըմբռնումը, որ կը գործէ ստիպողութիւններով, ոչ երազներով, ոչ քմայքներով: Այսինքն, ամբոխահաճութիւնը (populisme) իր նուազագոյնին վերածուած ժողովրդավարութիւն է, որ ինքզինք կը սահմանէ եւ կը սահմանափակէ մէկ առաւել մէկ քուէէն ստացուած-տրուած իրաւունքով, անգիտանալով կէսէն մէկ պակասը:

Իրաւ ժողովրդավարութիւնը արժէք նուաճելու համար պէտք է շնչէ կէսէն մէկ աւելիին եւ կէսէն մէկ պակասին կեանքով, միաժամանա՛կ: Կէսէն մէկ աւելիի քուէներով ստացուած իշխանութիւնը կ՚ըլլայ կէսի իշխանութիւն, եթէ անգիտանայ միւս կէսը: Այսինքն, քուէարկութեան մը արդիւնքը կ՚անբարոյանայ, եթէ յանգի հոն, որ միւս կէսը կը կորսնցնէ ամէն իրաւունք:

Ամբոխահաճութիւնը իրաւունք կու տայ բարձր խօսողին, դժգոհութիւններու եւ դառնութիւններու ալիքին վրայ կը մերժէ ամբոխէն տարբերուող ընտրանին:

Եւ հարկ կ՚ըլլայ ուղղել պարզ հարցումը. ինչպէ՞ս կառավարել, ինչպէ՞ս ղեկավարել, ինչպէ՞ս առաջնորդել պետութիւնը, երկիրը, ժողովուրդը: Ամբոխահաճութիւնը ինք զոհն է ամբոխավարութեան (demagogy), որ տեւաբար ինքնախաբէութեան դիմէ սիրողական միջոցներու (amateurism):

Այս տեսական թուացող մտածումներու լոյսին տակ պէտք է դիտել հայկական իրականութիւնը, մասնաւորաբար՝ հայաստանեան, որուն նկատմամբ առարկայական-իրատեսական մօտեցումով հասկնալու փորձ ընողը (ան ըլլայ շարքային քաղաքացի, մտաւորական, կամ սփիւռքահայ) շփոթի կը մատնուի:

Ժողովրդային դժգոհութեան եւ անարդարութիւնները սրբագրուած տեսնելու ցանկութեան ալիքի վրայ հրապարակ եկած այսօրուան իշխանութիւնը, այդ դժգոհութիւնը կառավարման վարդապետութիւն (doctrine) համարեց եւ իշխանութեան վրայ մնալու միջոց: Ամբոխահաճութիւնը եթէ չյանգի պետական-կառավարման աշխատանքի եւ մանաւանդ՝ քաղաքական-տնտեսական-արդարադատական-դիւանագիտական դրական արդիւնքի, որուն հիման վրայ քաղաքացիական կեանքը կը մտնէ բնականոն հունի մէջ, տեւելու համար ստիպուած կ՚ըլլայ հանրային կարծիքը զբաղեցնել նոր եւ ցնցող նախաձեռնութիւններով: Մանաւանդ ինքզինք կը բանտարկէ անհանդուրժողութեան պատերու ետին, որուն հետեւանքով կը ստեղծուի հակաժողովրդավարական կառավարման «ով որ ինծի հետ չէ ինծի թշնամի է»ի ոճը, աւելին, «ժողովուրդի թշնամի է»:

Ամբոխաճական (populist) այս վարքագիծի վերջին դրսեւորումը եղաւ «Բարգաւաճ Հայաստան Կուսակցութեան» նախագահ Գագիկ Ծառուկեանի դէմ սկսած քրէական գործը: Շարքային քաղաքացին, բնական ողջախոհութեամբ կը մտածէ, որ Հայաստանի իշխանութիւնները իրենց երկու տարուան կառավարման ընթացքին, ոչ մէկ ձեւով անդրադարձան Գագիկ Ծառուկեանի կողմէ կատարուած օրինախախտումին (քուէներու գնում, կաշառք), եթէ եղած են անոնք, եւ միայն հիմա, վարչապետի եւ իր կառավարութեան հրաժարականի պահանջէն անմիջապէս ետք, քրէական յանցանքով կ՚ամբաստանեն ենթական: Յանցանքի ճիշդ կամ սխալ ըլլալը չենք քններ, այլ պահու ընտրութիւնը, որ անմեղ չէ, քաղաքական հաշուեյարդարի բնոյթ ունի, ընդդիմախօսը լռեցնելու միտում, որ խօսքի ազատութեան խախտում է:

Եթէ յիշողութիւնները չեն բթացած, պէտք է յիշել, որ ուսանողական ցոյցերու օրերուն, նախարար մը սպառնացած էր ընդդիմադիր ղեկավարի մը, որ եթէ շարունակէ զօրավիգ կանգնիլ ցուցարարներուն, իր դէմ քրէական հարց կը յարուցուի:

Ամբոխահաճական/իշխանութիւնը դատական համակարգը կ՚օգտագործէ ժողովուրդին վրէժխնդրական ցանկութիւնները վառ պահելու համար, զայն կը դարձնէ միջոց: Եթէ տրամաբանութիւնը այս ճամբով շարունակենք, կրնանք հասկնալ, թէ ինչո՞ւ դատարաններու եւ դատաւորներու անկախութիւնը կ՚ուզեն հակակշռել:

Այսօր, Հայաստանի քաղաքական կեանքին մէջ, երեք իշխանութիւններու (դատական, օրէնսդրական, գործադիր) տարանջատումը եւ անկախութիւնը խախտած են: Քաղաքական իշխանութիւնը իրեն ենթարկած է օրէնսդիր իշխանութիւնը, կ՚ուզէ ենթարկել նաեւ դատական իշխանութիւնը, զայն վերածել պատուէր կատարողի:

Յաջողութիւն եւ վերականգնում բառերով չեն սահմանափակուիր: Նոր իշխանութեան,- արդէն երկու տարի,- եղած խոստումներու եւ ցանկութիւններու մեծագումար ներդրումներ չհասան Հայաստան: Լրատուամիջոցները կը շեշտեն, որ երկրի միջազգային յարաբերութիւններու մակարդակը շատ ցած է:

Դեռ պէտք է խօսիլ պսակաձեւ ժահրի դիմաց նախ խիստ մակերեսային վերաբերումի (կորոնավիրուսը ո՞ւմ շունն է, նրան պենցետներով կը հանենք) եւ յետագային պայքարի թոյլ կազմակերպութեան մասին, որուն հետեւանքն է այսօր համավարակի պարզած պատկերը:

Ամբոխահաճական կարգը պահելու համար արտակարգ վիճակի յայտարարութիւնը եւ երկարաձգումը միջոց է, իշխանութեան դէմ կարելի չէ խօսիլ, խանգարել, իշխանափոխութիւնը վտանգ կը դառնայ երկրին:

Միակ դրական երեւոյթը խօսքի եւ մամուլի ազատութեան պահպանումն է: Թէեւ խօսուածը եւ գրուածը նկատի չեն առնուիր, կամ անոնց կը հակազդեն կամայականութեամբ եւ իշխանութեան ընձեռած միջոցներով:

Գագիկ Ծառուկեանը միակը չէ որ կը պահանջէ իշխանութեան փոփոխութիւնը: Թերթերուն մէջ, քաղաքական դէմքեր եւ վերլուծաբաններ, կը խօսին այդ մասին: Բայց Գագիկ Ծառուկեան կուսակցութեան մը նախագահն է եւ Ազգային Ժողովին մէջ քաղաքական երկրորդ ուժը, որ կրնայ իսկական ապակայունացնող ըլլալ: Հետեւաբար հարկ էր զայն չեզոքացնել: Ինչո՞ւ իշխանութիւնը մեղադրանքի թղթածրարը չբացաւ անցնող երկու տարիներուն, եւ հիմա կը բանայ: Պարզ. ան պահանջած է իշխանութեան փոփոխութիւնը:

Ինչ որ ալ ըլլայ ուժերու դասաւորումը, արտակարգ վիճակի աւարտէն առաջ կամ վերջ, պիտի խօսուի քաղաքական յաջողութիւններու եւ ձախողութիւններու, տնտեսութեան արդիւնքներու, աշխատատեղերու ստեղծման, եւ երկրի ապահովութեան համար անհրաժեշտ կառոյցներու մասին: Հաշուեկշիռը յամառօրէն հրապարակային պիտի ըլլայ, իրականութիւնները պիտի չթաքցուին: Յուսախաբ զանգուածները պիտի լսեն այլ կանչեր:

Սիրողականը, ամբոխավարականը, ճառայինը, կիրքերու բաւարարման խոստումները, պետական եւ կառավարական առաջնորդութեան ազդակ եւ արժէք չեն:

Մեծ քաղաքագէտ ըլլալու կարիք չկայ, տեսնելու համար, որ Հայաստանի լրատուամիջոցները դատաւորներու, դատերու, ոստիկանականի մնայուն թատրոն են, կարծէք, ինչպէս կ՚ըսուի, ամերիկեան սերիալներ են:

Որքա՜ն աւելի լաւ պիտի ըլլար, որ իշխանութիւն եւ ընդդիմութիւն խօսէին համագործակցութեան, աշխատատեղերու ստեղծման, կեանքի որակի բարելաւման, հայրենադարձութեան եւ մշակոյթի մասին:

Նաեւ՝ բնապահպանութեան: Չզբաղէին միայն Սեւանով եւ ձկնարաններով, այլ նաեւ ամենօրեայ ապականումներով, փողոցները եւ մայթերը կեղտոտող կճատներով, ճամբաներէն հոսող ինքնաշարժներու նորոգութեան իւղերով եւ մուրերուվ:

Մանրուքներու դէմ պայքարի յաջողութեամբ կը վերածնի վստահութիւնը:

Աքլորամարտերու աւարտին կարեւորը ոչ թէ անհատներու յաղթանակը պիտի ըլլայ, այլ՝ երկրի եւ ժողովուրդի:

Տարրական ողջախոհութեամբ հարց պէտք է տալ, թէ ոչ իսկ երեք միլիոն բնակչութեամբ 30.000 քառ. քմ. տարածութեամբ երկրի մը համար, ի՞նչ բանի կը ծառայեն տասնեակներով կուսակցութիւնները, իրենց ստացած քուէներու չնչին տոկոսներով:

Ինքնահաճութեամբ եւ ամբոխահաճութեամբ ոչ հայրենիք կը պահուի, ոչ ալ երկիր կը ղեկավարուի: Փոխանակ զիրար քննադատելու եւ նշաւակելու, եթէ մեծ ու պզտիկ կանգնէին հայելիին առջեւ եւ իրենք իրենց հարց տային, թէ ի՞նչ ըրին եւ ի՞նչ կ՚ընեն ազգի եւ հայրենիքի ապահովութեան, բարօրութեան եւ վաղուան համար:

Այսինքն՝ իրա՛ւ հաշուեկշիռ եւ իրա՛ւ հաշուետուութիւն:

Հայաստանի մէջ զարգացող տարակարծութիւնները (կ՚ըսեն՝ տարաձայնութիւնները) հասած են փոխադարձ անհանդուրժողութեան եւ պառակումի: Անոնք կ՚արտածուին նաեւ կոտորակուած սփիւռք(ներ):

Այս բոլորը պերճանք՝ պատերազմական վիճակի մէջ գտնուող մեր փոքրիկ երկրին համար:

Հայաստանի նախագահը, որպէս վերին բարոյական հեղինակութիւն, պիտի փորձէ՞, թոյլ պիտի տա՞ն որ ան փորձէ, կարողութիւնները եւ բարիկամեցողութիւնները համախմբել, որպէսզի ազգը յաղթահարէ պառակտումը, մէկ կէսի մնայուն դարձած պատերազմը միւս կէսին դէմ, եւ իշխանութիւնները, այսօրուան եւ վաղուան, նուիրուին ազգակերտ եւ ապագայակերտ աշխատանքի:

Ա՛յս, ներելի յոռետեսութեամբ, յոռեգոյնէն առաջ:

Յ. ՊԱԼԵԱՆ

Երկուշաբթի, Յունիս 29, 2020