ԱՈՒՆԻ ՇԱՐԺՈՒՄԸ ԿԸ ՍՊԱՌՆԱՅ ՏԱՊԱԼԵԼ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ԿԱՌԱՎԱՐՈՒԹԻՒՆԸ

Լի­բա­նա­նի «Ազ­գա­յին ա­զատ հո­սանք»ը մտա­դիր է քա­ղա­քա­կան ամ­բող­ջա­կան սա­ռեց­ման տա­նիլ եր­կի­րը: Ներ­քին քա­ղա­քա­կան կեան­քին մէջ առ­կայ տա­րա­կար­ծու­թիւն­նե­րը կը հաս­նէին գա­գաթ­նա­կէ­տի մը, երբ մա­րո­նի ա­ռաջ­նորդ զօ­րա­վար Մի­շէլ Աու­նի գլխա­ւո­րած կու­սակ­ցու­թիւ­նը «դե­ղին քարտ» մը տա­լով կը սպառ­նար՝ իր ու­նե­ցած եր­կու նա­խա­րար­նե­րը քա­շել Վար­չա­պետ Թամ­մամ Սա­լա­մի կա­ռա­վա­րու­թե­նէն: Տե­ղին կը հա­մա­րեմ նշել, որ աս­կէ շուրջ ա­միս մը ա­ռաջ  քրիս­տո­նեայ այլ կու­սակ­ցու­թիւն մը՝ «Փա­ղան­գա­ւոր»ը ո­րո­շում ա­ռած էր իր ե­րեք նա­խա­րար­նե­րը քա­շել կա­ռա­վա­րու­թե­նէն: Կու­սակ­ցու­թիւ­նը, որ դէմ ե­ղած էր կա­ռա­վա­րու­թեան գոր­ծե­լաո­ճին ու տար­բեր թղթած­րար­նե­րու ա­ռըն­թեր ու­նե­ցած էր սուր տա­րա­կար­ծու­թիւն­ներ, կ­՚ապ­րէր ներ­քին լա­րուա­ծու­թիւն մը, երբ զայն ներ­կա­յաց­նող Աշ­խա­տան­քի նա­խա­րար Սըճ­հան ալ Կա­զի կը մեր­ժէր են­թար­կուիլ իր կու­սակ­ցու­թեան ո­րո­շու­մին ու ա­պա այդ պատ­ճա­ռով կը հե­ռա­ցուէր կու­սակ­ցու­թեան շար­քե­րէն:

Այս բո­լո­րէն ան­դին սիւն­նի վար­չա­պետ Թամ­մամ Սա­լամ կա­րե­ւոր ճիգ կ՚ի­րա­կա­նաց­նէր պահ­պա­նե­լու հա­մար կա­ռա­վա­րու­թեան գոր­ծու­նէու­թեան շա­րու­նա­կա­կա­նու­թիւ­նը: Սա­լամ քաջ գի­տէր, որ մաս­նա­ւո­րա­պէս այս փու­լին, ո՛չ ինք եւ ո՛չ իր ղե­կա­վա­րած կա­ռա­վա­րու­թիւ­նը այ­լընտ­րանք ու­նին, տրուած ըլ­լա­լով, որ ա­ռանց նա­խա­գա­հի գո­յա­տե­ւող երկ­րին մէջ տա­կա­ւին իր օ­րի­նա­կան աշ­խա­տանք­նե­րը շա­րու­նա­կո­ղը կա­ռա­վա­րու­թիւնն էր:

Ինչ կը վե­րա­բե­րի աու­նա­կան­նե­րուն, ա­նոնք ժո­ղով մը կը գու­մա­րէին Չո­րեք­շաբ­թի օր եւ ժո­ղո­վի ա­ւար­տին կ՚ո­րո­շէին՝ որ­պէս նախ­նա­կան զգու­շա­ցում բա­ցա­կա­յիլ կա­ռա­վա­րու­թեան յա­ռա­ջի­կայ նիս­տէն: «Ազ­գա­յին ա­զատ հոսք» կու­սակ­ցու­թեան ա­նու­նով խօսք առ­նող երկ­րի Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Ժըպ­րան Պա­սիլ, որ միա­ժա­մա­նակ զօ­րա­վար Աու­նի փե­սան է, լրագ­րող­նե­րուն հետ խօ­սե­լով կը յայ­տա­րա­րէր նախ­նա­կան զգու­շաց­ման մա­սին եւ կ­­՚ը­սէր նաեւ, թէ ե­թէ յա­ռա­ջի­կայ հանգ­րուա­նին խնդիր­նե­րը չկար­գա­ւո­րուին, ա­պա ի­րենք ստի­պուած պի­տի ըլ­լան ոչ միայն կա­ռա­վա­րու­թե­նէն հե­ռա­նալ, այլ փո­ղոց իջ­նել եւ մեծ ցոյ­ցեր կա­տա­րել: Յի­շեց­նե­լու կար­գով ը­սեմ, որ Լի­բա­նա­նի «նարն­ջա­գոյ­նա­կան»նե­րը (Աու­նի շար­ժու­մը որպէս խորհր­դա­նիշ որ­դեգ­րած է նարն­ջա­գոյն գոյ­նը) ա­ռա­ջին ան­գա­մը չէ, որ կը սպառ­նան բո­ղո­քի ցոյ­ցե­րով հան­դէս գալ: Ա­նոնք նոյ­նը կա­տա­րած են շուրջ տա­րի մը ա­ռաջ, բո­ղո­քե­լու հա­մար ի­րենց կար­ծի­քով՝ երկ­րին մէջ առ­կայ «քա­ղա­քա­կան ա­նար­դա­րու­թեան» դէմ:

Պար­զա­բա­նե­լու հա­մար այ­սօր տի­րող ընդ­հա­նուր վի­ճա­կը՝ պէտք է շեշ­տել, որ քա­ղա­քա­կան ի­րադ­րու­թիւ­նը մեծ լա­րուա­ծու­թիւն կ՚ապ­րէր երկ­րի բա­նա­կի հրա­մա­նա­տա­րի պաշ­տօ­նա­վա­րու­թեան ժամ­կէ­տին ա­ւար­տի թուա­կա­նին մօ­տե­ցու­մով: Ու մինչ աու­նա­կան­նե­րուն հա­մար գերխն­դիր էր նշա­նա­կել նոր հրա­մա­նա­տար մը, ան­դին երկ­րի կա­րե­ւո­րա­գոյն քա­ղա­քա­կան ու­ժե­րէն հա­մա­րուող սիւն­նի «Ալ Մուս­թաք­պալ» հո­սան­քը կ՚ա­ռա­ջադ­րէր եր­կա­րաձ­գել գոր­ծող հրա­մա­նա­տա­րին պաշ­տօ­նա­վա­րու­թիւ­նը: Հասկ­նա­լի էր սիւն­նի կող­մին ու ա­նոր դաշ­նա­կից կող­մե­րուն մտա­հո­գու­թիւ­նը: Ա­նոնք կը դի­տար­կէին, թէ քա­նի որ եր­կի­րը կ՚ապ­րի ան­ցու­մա­յին փուլ մը, ա­պա ա­ւե­լի լաւ պի­տի ըլ­լար եր­կա­րաձ­գել ներ­կայ հրա­մա­նա­տար՝ զօ­րա­վար Ժան Ա­հուա­ժիին պաշ­տօ­նա­վա­րու­թեան ժամ­կէ­տը, մա­նա­ւանդ, որ այս վեր­ջի­նը ըն­դու­նե­լի եւ դրա­կան կեր­պար կը հա­մա­րուի երկ­րի քա­ղա­քա­կան գրե­թէ բո­լոր կող­մե­րուն հա­մար:

Խոր­քին եր­կու մա­րո­նի-սիւն­նի ու­ժե­րուն մի­ջեւ «ջու­րի ե­րես» ե­լած այս բա­խու­մը կը պայ­մա­նա­ւո­րուի ոչ միայն նոր հրա­մա­նա­տա­րի մը ա­նու­նը ընտ­րե­լու շուրջ, այլ ան կը պայ­մա­նա­ւո­րուի նա­խա­գա­հա­կան ընտ­րու­թեան վե­րա­բե­րեալ եր­կու կող­մե­րուն ու­նե­ցած բարդ եւ խոր ար­մատ­ներ ու­նե­ցող տա­րա­ձայ­նու­թիւն­նե­րով:

Աու­նա­կան­նե­րուն հա­մար զօ­րա­վար Աու­նը, ինչ­պէս աս­կէ տաս տա­րի ա­ռաջ, այ­սօր ալ կը շա­րու­նա­կէ մնալ ան­փո­խա­րի­նե­լի թեկ­նա­ծու: Տա­կա­ւին աու­նա­կան­նե­րը, ո­րոնք որ­պէս «փրկիչ» կը դա­ւա­նին ար­դէն իսկ եօ­թա­նա­սուն տա­րի­քը թե­ւա­կո­խած զօ­րա­վա­րը, նաեւ կը հա­ւա­տան, որ ան ոչ միայն քրիս­տո­նեա­նե­րու «ձայն»ն է, այլ բո­լոր լի­բա­նան­ցի­նե­րուն սպա­սուած ա­ռաջ­նորդ-փրկի­չը:

Ճիշդ է, որ Աուն իր քա­ղա­քա­կան մօ­տե­ցում­նե­րուն մէջ միշտ վեր կը հա­նէ ո՛չ կրօ­նա­կան, ո՛չ հա­մայն­քա­յին ար­ժէք­նե­րով ա­ռաջ­նոր­դուող քա­ղա­քա­կան ուժ մը ըլ­լա­լու ընտ­րան­քը, բայց եւ այն­պէս ա­նոր գետ­նի վրայ կա­տա­րած ա­րարք­նե­րը եւ իր «նեղ շրջա­նակ»ին իր կող­մէ տրուած լիա­զօ­րու­թիւն­ներն ու տար­բեր ձե­ւի խախ­տում­նե­րը լա­ւա­գոյն ա­պա­ցոյց են, որ ան Լի­բա­նա­նի մէջ կա­շա­ռա­կե­րու­թեան դէմ պայ­քա­րող «սուրբ» մը կամ «փրկիչ» մը չէ:

Նոյ­նը կա­րե­լի է ը­սել միւս քա­ղա­քա­կան կու­սակ­ցու­թիւն­նե­րուն մա­սին ալ, ո­րոնց­մէ օ­րի­նակ՝ «Ալ Մուս­թաք­պալ»ը, Լի­բա­նա­նի «տէ­րը դար­ձաւ» գրե­թէ տասն­հինգ տա­րի ու նաեւ ա­նըն­դու­նե­լի եւ մեծ սխալ­ներ գոր­ծե­լով հան­դի­սա­ցաւ Լի­բա­նա­նի նիւ­թա­կան կա­րո­ղա­կա­նու­թիւ­նը վատ­նող եւ փոքր երկ­րի վզին մեծ պարտ­քեր կու­տա­կող կողմ:

Մինչ Լի­բա­նա­նի նա­խա­գա­հա­կան ընտ­-րու­թեան օ­րա­կար­գին մէջ ազ­դե­ցիկ դեր ու­նե­ցող շրջա­նա­յին կող­մեր կը փոր­ձեն ա­մէն գնով պահ­պա­նել երկ­րի ա­պա­հո­վու­թիւ­նը, ան­դին Աու­նի ա­ռաջ­նոր­դած կող­մը կը փոր­ձէ ստեղ­ծել քա­ղա­քա­կան նոր ի­րա­վի­ճակ մը:

Այդ ի­րա­վի­ճա­կը պի­տի յատ­կան­շուի՝ եր­կի­րը ընդ­հա­նուր ան­դա­մա­լու­ծու­թեան տա­նե­լու հան­գա­մանք­ով: Աուն եւ իր հա­մա­կիր­նե­րը կը հա­ւա­տան, որ այդ կերպ պի­տի յա­ջո­ղին հա­ւա­սա­րակշ­ռու­թիւն­նե­րու նոր հանգ­րուան մը բա­նալ: Ա­նոնք սա­կայն կը մոռ­նան, որ նա­խա­գա­հի ընտ­րու­թեան «կա­նաչ լոյս»ի նշա­նը, այս հանգ­րուա­նին ալ, ինչ­պէս երկ­րի անց­նող գրե­թէ քա­ռա­սուն տա­րի­նե­րուն, պի­տի տրուի դուր­սէն:

Այս մօ­տե­ցու­մը հասկ­նա­լու հա­մար բա­ւա­կան է վկա­յա­կո­չել աու­նա­կան­նե­րու հիմ­նա­կան դաշ­նա­կից հա­մա­րուող «Հիզ­պուլ­լահ»ի կե­ցուած­քը, ո­րուն հա­մար այս կա­ռա­վա­րու­թեան գո­յու­թիւ­նը կա­րե­ւոր ազ­դակ մըն է:

Այս ա­ռու­մով ան­ցեալ Չո­րեք­շաբ­թի օր Ժըպ­րան Պա­սի­լի բեր­նէն հնչած խօս­քե­րը պէտք է հա­մա­րել «յա­տուկ պատ­գամ»ներ ուղ­ղուած «Հիզ­պուլ­լահ»ին՝ բա­ցա­յայ­տօ­րէն հարց տա­լով, որ «ե­թէ մենք վա­ղը փո­ղոց իջ­նենք, պի­տի միա­նաք մե­զի՞»:

Այս ընդ­հա­նուր յա­րա­բե­րակ­ցու­թիւն­նե­րու լոյ­սին տակ է, որ աու­նա­կան­նե­րը մտա­դիր են «նե­րսէն պայ­թեց­նել կա­ռա­վա­րու­թիւն»ը: Ա­նոնց հա­մար երկ­րի բա­նա­կի ընդ­հա­նուր հրա­մա­նա­տա­րին կամ անվ­տան­գու­թեան բարձ­րա­գոյն խոր­հուր­դի նա­խա­գա­հին նշա­նակ­ման կամ պաշ­տօ­նի եր­կա­րաձգ­ման հար­ցե­րը՝ ըն­դա­մէ­նը պատ­րուակ են քա­ղա­քա­կան «քաոս»ի մը տա­նե­լու հա­մար եր­կի­րը:

Ու բա­ցա­ռուած ալ չէ, որ ա­նոնք այս փու­լին եւս մնան ա­ռան­ձին ու չկա­րե­նա­լով փո­ղո­ցը շար­ժել, կորսնց­նեն ի­րենց ու­նե­ցած հա­սա­րա­կու­թեան շեր­տե­րէն կա­րե­ւոր մաս մը:

Պէտք չէ մոռ­նալ, որ լի­բա­նան­ցի­նե­րու ստուար մա­սին հա­մար, այ­սօր ա­ւե­լի քան ո­րե­ւէ ժա­մա­նակ, հիմ­նա­կա­նը երկ­րի անվ­տան­գու­թեան պահ­պա­նու­թիւնն է:

Այս ա­ռու­մով է նաեւ, որ աու­նա­կան­նե­րը կը մոռ­նան կամ նոյ­նիսկ կը ձե­ւաց­նեն մոռ­նալ, որ նոյն անվ­տան­գու­թեան գերխնդ­րին կար­միր գի­ծե­րը ընդգ­ծուած են ոչ թէ Լի­բա­նա­նի, այլ Ո­ւա­շինկ­թը­նի մէջ:

Թէ ի՛նչ գին կը վճա­րեն ա­նոնք այս մո­ռա­ցու­մին հա­մար՝ պարզ չէ, սա­կայն յստակ է, որ նոյն Աու­նի քրիս­տո­նէա­կան մե­ծա­գոյ­նը հա­մա­րուող հո­սան­քին մէջ առ­կայ ճեղ­քե­րը կրնան որ­պէս վա­ռե­լա­նիւթ ծա­ռա­յե­ցուիլ այն կող­մե­րէն, ո­րոնց հա­մար էա­կա­նը Լի­բա­նա­նը շրջա­նա­յին տագ­նապ­նե­րէ հե­ռու պա­հելն է:

Այդ ընդգ­ծուած «կար­միր գի­ծեր»ուն ա­մե­նէն կա­րե­ւո­րը ա­րա­բա­կան աշ­խար­հի եւ ա­մե­րի­կա­ցի­նե­րուն ու ռու­սե­րուն ուղ­ղա­կի կամ մաս­նա­կի նե­ցու­կը վա­յե­լող Վար­չա­պետ Թամ­մամ Սա­լա­մի կա­ռա­վա­րու­թիւնն է:

Այդ կա­ռա­վա­րու­թեան «ա­ռա­քե­լու­թիւն»ը ան­փո­խա­րի­նե­լի է այն­քան ա­տեն, երբ շրջա­նին հա­մար գծուող քար­տէս­նե­րուն վրա­յէն տա­կա­ւին «օրհ­նու­թեան շղարշ»ը չէ հա­նուած:

Իսկ թէ ե՛րբ կը հա­նուի այդ շղար­շը, պարզ կը դառ­նայ միայն Սու­րիոյ տագ­նա­պին հան­գու­ցա­լու­ծման սկզբնա­ւո­րու­թեամբ:

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Ե­րե­ւան

Երկուշաբթի, Օգոստոս 29, 2016