Կոմիտաս Վարդապետ. Հայու Սրտին եւ Հոգիին Անզուգական Երաժշտութիւնը

Սեպ­տեմ­բեր 26-ին հայ ժո­ղո­վուր­դը կը նշէ ծնուն­դը իր հան­ճա­րեղ զա­ւակ­նե­րէն ա­մե­նէն սրտա­մօ­տին՝ ­Հա­յու ­Հո­գին եր­գով ու ե­րաժշ­տու­թեամբ վեր­ծա­նած եւ աշ­խար­հով մէկ հնչե­ցու­ցած ան­զու­գա­կան, անկրկ­նե­լի՛ ­Կո­մի­տաս Վար­դա­պե­տին (Սողոմոն Սողոմոնեան, 1869-1935)։

Հայ ազ­գա­յին ե­րաժշ­տու­թեան աշ­խար­հահռ­չակ հիմ­նա­դի­րը ոչ միայն թե­ւա­ւո­րեց սե­փա­կան եր­գը ­հա­յուն, այ­լեւ՝ իր ան­ձին ան­բա­սիր օ­րի­նա­կով, բարձ­րար­ժէք ստեղ­ծա­գոր­ծու­թեանց յոր­դա­ռատ կեան­քով ու հո­գե­ւին խա­չե­լու­թեան ե­ղե­րա­կան վախ­ճա­նով՝ ինք­նին եր­գը դար­ձաւ մեր ժո­ղո­վուր­դի ճա­կա­տագ­րին։

Մարմ­նա­ւո­րեց ու շնչա­ւո­րեց եր­գը՝ բա­րու­թեամբ ու ա­րա­րու­մով մարդ­կա­յին քա­ղա­քակր­թու­թիւ­նը հարս­տաց­նող հա­յու­թեան ­Փառ­քին։

Ա­ւա­զա­նի ա­նու­նով ­Սո­ղո­մոն ­Գէոր­գի ­Սո­ղո­մա­նեան՝ ­Կո­մի­տաս ­Վար­դա­պետ ծնած էր ­Քէօ­թա­հիա 26 ­Սեպ­տեմ­բեր 1869-ին։ Տասնմէկ տա­րե­կա­նին որ­բա­ցած եւ յանձ­նո­ւած էր Ս. Էջ­միած­նի ­Գէոր­գեան ճե­մա­րա­նի խնա­մա­տա­րու­թեան։ Իր բա­ցա­ռիկ գե­ղե­ցիկ ձայ­նով՝ ­Սո­ղո­մոն ան­մի­ջա­պէս գրա­ւեց իր ու­սու­ցիչ­նե­րուն ու­շադ­րու­թիւ­նը, ո­րոնք ո­չինչ խնա­յե­ցին ի վե­րուստ ե­րաժշ­տա­կան եւ բա­նաս­տեղ­ծա­կան մեծ տա­ղան­դով օժ-տը­ւած պա­տա­նիին գե­ղա­րո­ւես­տա­կան մշակ­ման ու կա­տա­րե­լա­գործ­ման հա­մար։

Ա­պա­գայ ­Մեծն ­Կո­մի­տա­սի ե­րաժշ­տա­կան դաս­տիա­րա­կու­թեան մէջ հիմ­նա­կան դե­րա­կա­տա­րու­թիւն ու­նե­ցաւ իր ու­սու­ցի­չը՝ ­Սա­հակ Ա­մա­տու­նի, ո­րուն ղե­կա­վա­րու­թեամբ պա­տա­նի ­Սո­ղո­մոն նո­ւի­րո­ւե­ցաւ հայ հո­գե­ւոր ե­րաժշ­տու­թեան ու­սում­նա­սի­րու­թեան, հմտա­ցաւ հայ­կա­կան նո­թա­նե­րուն եւ ա­շա­կեր­տա­կան իր տա­րի­նե­րը ան­ցուց Ա­րա­րա­տեան դաշ­տի հա­յու­թեան պահ­պա­նած հո­գե­ւոր թէ ժո­ղովր­դա­կան եր­գե­րը հա­ւա­քե­լով, գրի առ­նե­լով եւ մշա­կե­լով։

Ս­­տեղ­ծա­գոր­ծա­կան իր մշա­կում­նե­րուն ձեռ­նար­կեց 1890-ին, ­Խա­չա­տուր Ա­բո­վեա­նի, բա­նաս­տեղծ Յով­հան­նէս Յով­հան­նի­սեա­նի եւ իր կրտսեր դա­սըն­կեր Ա­ւե­տիք Ի­սա­հա­կեա­նի գոր­ծե­րը դաշ­նա­ւո­րե­լով։ 1891-ին, «Ա­րա­րատ» հան­դէ­սը լոյս ըն­ծա­յեց իր «Ազ­գա­յին Օր­հներգ»ը՝ երկ­ձայն, ինչ­պէս նաեւ ե­ռա­ձայն ու խմբա­յին կա­տա­րում­նե­րու հա­մար նա­խա­տե­սո­ւած ստեղ­ծա­գոր­ծու­թիւ­նը, ո­րուն բա­ռե­րը ­Ճե­մա­րա­նի ա­շա­կերտ Ա. ­Թաշ­ճեա­նին կը պատ­կա­նէին։

1893-ին, ­Ճե­մա­րա­նի ու­սում­նա­կան շրջա­նը ա­ւար­տե­լով, ան­մի­ջա­պէս կո­չ-ւե­ցաւ ­Ճե­մա­րա­նէն ներս ու­սուց­չու­թեան՝ երգ ու ե­րաժշ­տու­թիւն սոր­վեց­նե­լու, ինչ­պէս եւ ­Մայր ­Տա­ճա­րի երգ­չա­խում­բին խմբա­վա­րու­թիւ­նը ստանձ­նե­լու հա­մար։ 1894-ին կու­սակ­րօն քա­հա­նա­յի իր ուխ­տը կա­տա­րեց, ի­րեն շնոր­հ-ւե­ցաւ 7-րդ ­դա­րու բա­նաս­տեղծ ու ե­րա­ժիշտ ­Կո­մի­տաս ­Կա­թո­ղի­կո­սի ա­նու­նը։ 1895-ին ար­ժա­նա­ցաւ ­Վար­դա­պե­տի աս­տի­ճա­նին եւ այ­նու­հե­տեւ մեր ժո­ղո­վուր­դին ու աշ­խար­հին ճանչ­ցո­ւե­ցաւ ­Կո­մի-­տաս ­Վար­դա­պետ ան­մահ ա­նու­նով։

1896-ին, կարճ ժա­մա­նա­կով, ­Թիֆ­լիզի մէջ ա­շա­կեր­տեց Մակար Եկ­մա­լեա­նի՝ հար­մո­նիա­յի՝ դաշ­նա­ւոր­ման դա­սեր առ­նե­լով եւ այ­նու­հե­տեւ ու­ղար­կո­ւե­ցաւ ­Պեր­լին, Ռ. Շ­­մի­թի ա­նո­ւան մաս­նա­ւոր ե­րաժշ­տա­նո­ցին եւ, ա­պա, Ար­քու­նա­կան հա­մալ­սա­րա­նին մէջ ե­րաժշ­տա­կան իր բարձ­րա­գոյն ու­սու­մը ստա­նա­լու նպա­տա­կով։

1896-էն 1899 ­Կո­մի­տաս ­Վար­դա­պետ ապ­րե­ցաւ ­Պեր­լին, ուր ոչ միայն մե­ծա-հըռ­չակ ու­սու­ցիչ­նե­րու հո­գա­ծու­թեան տակ կա­տա­րե­լա­գոր­ծեց իր ձայ­նա­մար­զումն ու ե­րաժշ­տա­կան գի­տե­լիք­նե­րը, այ­լեւ՝ հա­մեր­գա­յին ե­լոյթ­նե­րով ու ե­րա-ժըշ­տա­կան կա­տա­րում­նե­րով հայ ազ­գա­յին ե­րաժշ­տու­թիւ­նը ծա­նօ­թա­ցուց եւ սի­րե­լի դար­ձուց օ­տար հա­սա­րա­կու­թեան։

Նոյն շրջա­նին ա­րա­րեց նաեւ գեր­ման մեծ բա­նաս­տեղծ­նե­րու գոր­ծե­րուն վրայ հիմ­նո­ւած եր­գեր, ռո­մանս­ներ եւ խըմ-բերգ­ներ, ո­րոնք մի­ջազ­գա­յին համ­բա­ւի ար­ժա­նա­ցու­ցին հայ հան­ճա­րեղ ե­րա­ժիշ­տը։ Իբ­րեւ այդ­պի­սին՝ ­Կո­մի­տաս Վար­դա­պետ հիմ­նա­դիր ան­դամ­նե­րէն ե­ղաւ նո­րաս­տեղծ ­Մի­ջազ­գա­յին ե­րաժշ­տա­կան ըն­կե­րու­թեան, ո­րուն ­Պեր­լի­նի բա­ժան­մուն­քին հրա­պա­րա­կա­յին ձեռ­նարկ­նե­րուն ե­լոյթ ու­նե­ցաւ հայ ազ­գա­յին ե­րաժշ­տու­թիւ­նը ներ­կա­յաց­նող բա­նա­խօ­սու­թիւն­նե­րով ու կա­տա­րում­նե­րով։

Վե­րա­դառ­նա­լով Էջ­միա­ծին՝ ­Կո­մի­տաս ­Վար­դա­պետ ե­ռան­դով լծո­ւե­ցաւ մէկ կող­մէ ման­կա­վար­ժա­կան գոր­ծու­նէու­թեան, ար­ժէ­քա­ւոր ե­րա­ժիշտ­նե­րու սերունդ հասց­նե­լով, իսկ միւս կող­մէ ստեղ­ծա­գոր­ծա­կան բե­ղուն աշ­խա­տան­քի՝ ժո­ղովր­դա­կան եւ գեղջ­կա­կան մեր եր­գե­րու հա­ւաք­ման ու մշակ­ման իր հե­տա­զօ­տու­թիւն­նե­րը ամ­բող­ջաց­նե­լով։

1906-ին հրա­ւի­րո­ւե­ցաւ Փա­րիզ՝ իր յօ­րի­նում­ներն ու կա­տա­րում­նե­րը ներ­կա­յաց­նե­լու ճոխ յայ­տագ­րով, նաեւ՝ դա­սա­խօ­սու­թիւն­ներ կար­դա­լու հա­մար հայ ժո­ղո­վուր­դի ազ­գա­յին՝ հո­գե­ւոր եւ ժո­ղովր­դա­կան ե­րաժշ­տու­թեան վե­րա­բե­րեալ։ ­Նոյ­նօ­րի­նակ ե­լոյթ­նե­րու հրա­ւի­րո­ւե­ցաւ նաեւ ­Զո­ւի­ցե­րիա, ­Վե­նե­տիկ եւ Վիեն­նա՝ ա­մէ­նուր բարձ­րա­գոյն գնա­հա­տան­քի ար­ժա­նա­նա­լով։ Աշ­խար­հահռ­չակ ե­րա­ժիշտ­նե­րու վկա­յու­թեամբ՝ ­Կո­մի­տաս ­Վար­դա­պետ ար­ժա­նա­ցաւ ե­րաժշ­տա­կան աշ­խար­հի մէջ ­Ներ­դաշ­նա­կու­թեան եւ բազ­մա­ձայ­նու­թեան հա­զո­ւա­գիւտ ­վար­պե­տի կո­չու­մին։

1910-ին սկսաւ Մեծ Վար­դա­պե­տին կեան­քի բախ­տո­րոշ շրջա­նը։ Էջ­միած­նէն տե­ղա­փո­խո­ւե­ցաւ ­Պո­լիս, ուր ման­կա­վար­ժա­կան ծա­ւա­լուն գոր­ծու­նէու­թեան զու­գա­հեռ՝ հա­մեր­գա­յին եւ կա­տա­րո­ղա­կան նա­խան­ձե­լի ե­լոյթ­ներ ղե­կա­վա­րեց։ Շր­­ջե­ցաւ Օս­մա­նեան կայս­րու­թեան հա­յա­շատ բո­լոր քա­ղաք­ներն ու օս­մա­նեան տի­րա­պե­տու­թեան են­թա­կայ եր­կիր­նե­րու հա­յա­շատ գա­ղութ­նե­րը՝ ա­մէ­նուր տա­րա­ծե­լով եւ պաշ­տա­մուն­քի ար­ժա­նաց­նե­լով հայ հո­գե­ւոր ու ժո­ղովր­դա­կան երգն ու ե­րաժշ­տու­թիւ­նը։

Այդ շրջա­նի իր մե­ծա­գոյն ի­րա­գոր­ծում­նե­րէն մէ­կը ե­ղաւ «­Գու­սան» (հե­տա­գա­յին՝ «­Հայ ­Գու­սան») երգ­չա­խում­բին կազ­մու­թիւ­նը, ո­րուն մի­ջո­ցաւ ­Կո­մի­տաս Վար­դա­պետ լծո­ւե­ցաւ իր ար­ժա­նա­ւոր յա­ջորդ­նե­րու ե­րաժշ­տա­կան պատ­րաս­տու­թեան։ Այդ աշ­խա­տան­քին ար­գա­սի­քը ե­ղան «­Կո­մի­տա­սեան հինգ սա­ներ» ա­նու­նով՝ հե­տա­գա­յին ի­րենց կար­գին հռչա­կո­ւած հայ մեծ ե­րա­ժիշտ­նե­րը. Բ. ­Կա­նա­չեան, Մ. ­Թու­մա­ճան, Վ. Սար­գի­սեան, Վ. Ս­­րո­ւանձ­տեան եւ Յ. ­Սէ­մէր­ճեան։

Կո­մի­տաս ­Վար­դա­պետ չբա­ւա­րա­րո­ւե­ցաւ հայ ազ­գա­յին ե­րաժշ­տու­թեան սահ­ման­նե­րով։ Ե­ռան­դով լըծ-ւե­ցաւ նաեւ թրքա­կան ժո­ղովր­դա­յին ե­րաժշ­տու­թեան, ինչ­պէս եւ ընդ­հան­րա­պէս ա­րե­ւե­լեան ժո­ղո­վուրդ­նե­րու եր­գա­րո­ւես­տին ու­սում­նա­սի­րու­թեան ու մշա­կու­մին։ ­Յատ­կա­պէս թուրք հա­սա­րա­կու­թիւ­նը մե­ծա­պէս գնա­հա­տեց հա­յոց Մեծ Վար­դա­պե­տին ներդ­րու­մը, բայց ա­տի­կա բա­ւա­րար չե­ղաւ պե­տու­թեան վա­րիչ­նե­րուն հա­մար, որ­պէս­զի խնա­յեն կեան­քը ար­դէն ամ­բողջ աշ­խար­հին պատ­կա­նող հան­ճա­րեղ ե­րա­ժիշ­տին։

Կո­մի­տաս ­Վար­դա­պետ, իր կար­գին, 24 Ապ­րիլ 1915-ին են­թար­կո­ւե­ցաւ հայ մտա­ւո­րա­կա­նու­թիւ­նը հա­ր-ւա­ծող ա­հա­ւոր խոր­շա­կին, ապ­րե­ցաւ տա­րագ­րու­թեան մղձա­ւան­ջը, թէեւ մարմ­նա­պէս փրկո­ւե­ցաւ, բայց վերջ­նա­կա­նա­պէս կորսն­ցուց իր հո­գեմ­տա­ւոր հա­ւա­սա­րակշ­ռու­թիւ­նը…

Ինչ­պէս որ տաս­նա­մեակ­ներ ետք մե­ծա­նուն ­Սե­ւակ պի­տի գո­ռար՝ «­Դէ եկ վար­դա­պետ ու մի խե­լա­գա­րիր»…
Ինչ­պէ՜ս չխե­լա­գա­րէր ­Մեծն ­Կո­մի­տաս՝ ի տես այն ա­նա­սե­լի տեսարանին։

1919-ին, ար­դէն ծան­րօ­րէն հի­ւանդ՝ ­Կո­մի­տաս Վար­դա­պետ տե­ղա­փո­խո­ւե­ցաւ ­Փա­րիզ, ուր ա­ւե­լի քան տասնհինգ տա­րի հո­գե­բու­ժա­կան խնամ­քի ար­ժա­նա­ցաւ, բայց եր­բեք չա­պա­քի­նե­ցաւ։

Եւ 22 ­Հոկ­տեմ­բեր 1935-ին, իր ամ­բողջ ազ­գին խա­չե­լու­թիւ­նը սե­փա­կան աչ­քե­րով տե­սած ­Մեծն Կո­մի­տա­սը նաեւ մարմ­նա­պէս հե­ռա­ցաւ մեր աշ­խար­հէն։

Հայ­կեան ­Հան­ճա­րին ե­րաժշ­տա­կան դափ­նեպ­սա­կը հան­դի­սա­ցող ­Մեծն ­Կո­մի­տա­սի ա­ճիւն­նե­րը տա­րուե­ցան ­Հա­յաս­տան, ուր իր վերջ­նա­կան հան­գիս­տը գտաւ հայ ազ­գա­յին ե­րաժշ­տու­թեան ե­ղե­րա­բախտ հիմ­նա­դիրն ու ան­զու­գա­կան վար­պե­տը։

ՆԱ­ԶԱ­ՐԷԹ ՊԷՐ­ՊԷ­ՐԵԱՆ­

Հինգշաբթի, Սեպտեմբեր 29, 2016