ԾԱՂԻԿ ԵՒ ՊԱՏՈՒԱՍՏ

ԵՐԿՐՈՐԴ ՄԱՍ

ԷՏՈՒԱՐՏ ՃԵՆՆԵՐ

1796 թուականի մայիս ամսուն 2-ը մարդկութեան համար նշանաւոր թուական է, որովհետեւ այդ պատմական օրն էր, որ 47 տարեկան Ճենները բժիշկներուն եւ հանդիսականներուն ներկայութեամբ իր առաջին պատուաստը կատարեց Ճէյմս Ֆիպս անունով 8 տարեկան տղայի մը վրայ:

Հետեւաբար, Էտուար Ճենները իր առաջին պատուաստումին համար հիւթը վերցուց ո՛չ թէ իսկական ծաղկաբշտիկներէն, այլ՝ կովի ծաղիկէն: Յետոյ, ան պատուաստը անմիջապէս կովէն չվերցուց, այլ՝ կովի ծաղիկով վարակուած կնոջմէ մը, որ միեւնոյնն է, քանի որ կովի ծաղիկը իր ուժը կը պահպանէ մարդուն մէջէն անցնելով: Այլ խօսքով, Ճենները ապացուցեց, որ եթէ կովի ծաղիկը կովէն մարդուն պատուաստենք, այդ մարդէն ուրիշի մը, երկրորդէն երրորդի մը, եւ այլն, եւ յետոյ վերջինին բշտիկներէն թարախը վերցնենք եւ առողջի մը պատուաստենք, դարձեալ զինք վարակումէն կը պաշտպանենք: Այդպէս ալ ըրաւ Ճենները:

Բայց դառնանք մեր պատմութեան:

Այս առաջին փորձը շատ յաջող անցաւ. երեխան բոլորովին առողջ մնաց:

Հիմա կը մնար համոզուիլ, որ հիմա տղան ապահովուած է իսկական ծաղիկէն, այսինքն՝ որ ան այլեւս այդ հիւանդութիւնով չի հիւանդանար:

Ճենները համոզուած էր, որ փոքրիկ Ֆիպսը իսկական ծաղկախտով չի վարակուիր, բայց անհրաժեշտ էր այդ մէկը ապացուցել, որպէսզի ուրիշներն ալ հաւատան, եւ յուլիս 1-ին ան իր երկրորդ փորձը կը կատարէ, որ մէկ անգամէն անոր սպասելիքը արդարացուց:

Ծաղիկը դարձեալ կոտորած կ՚ընէր երկրին մէջ: Ճենները բնական ծաղիկի թարախէն իր փոքրիկ Ֆիպսը պատուաստեց եւ սպասեց:

Ան քանի մը օր՝ գիշեր-ցերեկ քուն չունէր եւ սրտատրոփ փորձի արդիւնքին կը սպասէր: Պիտի արդարանայի՞ն արդեօք իր այդքան տարիներու փայփայած յոյսերը, մանուկը առողջ պիտի մնա՞ր, թէ՞ ծաղիկ պիտի իյնար եւ տապալէր իր յոյսերը:

Եւ, իրապէս, այդ փորձը պատուաստի խնդիրը պիտի որոշէր: Եթէ տղան հիւանդանար, ատիկա ապացոյց կ՚ըլլար, որ կովի պատուաստը չի՛ փրկեր մարդը վարակումէն եւ այն ատեն, անշուշտ, ամէն ինչ վերջացած էր Ճենների համար: Իսկ անոր բազմաթիւ թշնամիները կը հրճուէին:

Իսկ եթէ յաջողէ՜ր, եթէ երեխան առո՜ղջ մնար, չէ՞ որ այն ատեն ատիկա կատարեալ յաղթութիւն կ՚ըլլար, եւ ծաղիկը, այս սոսկալի ախտը, սանձած կ՚ըլլար…

Եւ Ճենները երեք օր աննկարագրելի յուզմունքի մէջ էր…

Երեք օր անցաւ, Ճենները ազատ շունչ քաշեց. երեխան առողջ մնացած էր…

«Գրիչը անկարող է նկարագրել այդ մարդուն անսահման երջանկութիւնը, կ՚ըսէ պատմաբան մը, որովհետեւ կ՚իրագործուէին անոր ամենէն նուիրական ցնորքները. ցնորքներ, որոնք անոր կեանքի ամբողջ նպատակն ու իմաստը կը կազմէին»:

Այսպիսով, գիւղական համեստ բժիշկը անխոնջ աշխատանքի եւ տոկունութեան շնորհիւ իր դարուն ամենէն մեծ մարդոցմէ մէկը դարձաւ: Անոր փառքը ամբողջ աշխարհին մէջ տարածուեցաւ եւ ամէն կողմէ մարդիկ այդ հերոսին երեսը տեսնելու, անոր ձեռքը սեղմելու կու գային: Թագադիր ինքնակալներ բախտ կը համարէին Ճեններին տեսնելու եւ անոր խնդիրները կատարելու: Ան հասած էր այնպիսի փառքի մը, որուն իր կենդանութեան ժամանակ թերեւս չէ հասած ո՛չ մէկ բժիշկ: Բոլորէն հռչակուած եւ փայփայուած, ան 1823 յունուար 26-ին մահացաւ:

1896-ին լրացաւ առաջին հակածաղկային պատուաստի հարիւրամեակը, եւ ամբողջ գիտական աշխարհը այդ օրը տօնեց, որովհետեւ ճիշդ մէկ դար առաջ մարդկութիւնը զարհուրելի աղէտէ մը կը փրկուէր…:

3. ՊԱՏՈՒԱՍՏՈՒՄԸ

Այսպէս, ուրեմն, Ճենները ապացուցեց, որ երեխային կովի ծաղիկ պատուաստելով, կարելի է փրկել զինք իսկական ծաղկախտի վարակումէն:

Մենք եւս այսօր այդ ձեւով կը պատուաստենք:

Պատուաստին հիւթը մեծ քանակութեամբ պատրաստելու համար հիմա այսպէս կը վարուին: Մատաղ, մի քանի ամսական հորթի փորին վրայ կը պատուաստեն 100-150 տեղ, կովէն կամ նոր պատուաստուած երեխայի բշտիկներէն ստացած հեղուկը: Պատուաստուած տեղերը, անշուշտ, բշտիկներ կը գոյանան եւ թարախով կը լեցուին, բշտիկներուն այդ հիւթը կը վերցնեն ու կը պահեն եւ յետոյ անով պատուաստներ կ՚ընեն: Ծաղկահիւթը չափազանց բարակ փոքրիկ ապակիէ խողովակներու մէջ կը լեցնեն, ծայրերը կը զմռսեն ու կը պահեն: Այս ձեւով ալ զանազան տեղեր կ՚ուղարկեն:

Տեսնենք, ինչպէս կը պատուաստեն:

Տարուան ամենէն լաւ ժամանակը՝ գարունն ու աշունն է: Տաք եղանակին կարելի չէ պատուաստել, թէեւ բարձր շրջաններու մէջ կարելի է, քանի որ այդ վայրերը տաք չ՚ըլլար: Առհասարակ երեխաները կը պատուաստեն 2 ամսականէն մինչեւ 1 տարեկան, իսկ համաճարակներու ընթացքին աւելի կանուխ: Կարելի է պատուաստել այն ատեն միայն, երբ երեխան ամբողջութեամբ առողջ է, տաքութիւն չունի, փորը կանոնաւոր է: Պատուաստելէ առաջ երեխան լաւ մը կը լոգցնեն:

Պատուաստումի 4-րդ օրը ծակած տեղերը փոքրիկ կարմիր պզուկներ կ՚երեւին, որոնք օր օրի կը մեծնան, թափանցիկ մաքուր հիւթով կը լեցուին: Միւս օրը պզուկին մէջ տեղը փոքրիկ բշտիկ մը կը գոյանայ, որ օր օրի կը մեծնայ եւ փոս կ՚իյնայ (պորտ), ինչպէս իսկական ծաղիկի ժամանակ տեսանք: 7-8-րդ օրը բշտիկներուն չորս կողմը շրջանակ կը կազմէ, մաշկէ այդ տեղերը քիչ մը կ՚ուռի. 9-10-րդ օրը բշտիկներուն հեղուկը կը սկսի պղտորիլ եւ դեղնիլ ու այդ օրերը քիչ մը տաքութիւն կու տայ, որ առանց բժշկութեան ալ կ՚անցնի. 10-րդ օրը բշտիկները չորնալ կը սկսին եւ մինչեւ 14-րդ օրը կեղեւով կը ծածկուին, որոնք 3-4 շաբթուան ընթացքին կը պոկուին, կ՚իյնան:

Որպէսզի պատուաստը յաջողած համարուի, անպայման պէտք է գոնէ երկու տեղ լաւ «բռնէ», այսինքն՝ երկու կանոնաւոր բշտիկ գոյանայ: Եթէ միայն մէկը հասնի, կարելի է անկէ հիւթ վերցնել եւ ուրիշ տեղ մըն ալ պատուաստել:

Պատուաստել կրնան միմիայն բժիշկը կամ հմուտ պատուաստողը, որոնք առանձին քննութիւն կու տան, սորված կ՚ըլլան ոեւէ մէկ բժիշկի մօտ եւ անկէ վկայագրեր ունին: Օրէնքը ասիկա կը պահանջէ1:

Մեր մօտ այդ դժուար գործը դեռ եւս դալլաքները կը կատարեն, որոնք իրենց կեղտոտ նշտրակով, վատ ծաղկահիւթով, անմաքուր ձեռքերով բազմաթիւ բարդութիւններու պատճառ դարձած են:

Եւ, իրապէս, բժիշկի ձեռքով կատարուած պատուաստը միշտ անվտանգ կ՚անցնի, որովհետեւ ան այդ գործը մաքուր կերպով կը կատարէ, եւ այնպէս՝ ինչպէս գիտութիւնը կը պատուիրէ: Այնինչ դալլաքներուն ըրածը յաճախ խեղճ երեխաներու մահուան պատճառ կը դառնայ: Ես երկու երեխայ տեսած եմ, որոնք կարմիր քամի ստացած էին դալլաքի պատուաստէն: Անոնցմէ մէկը վախճանեցաւ:

Պատուաստումէն ետք խնամք. պատուաստումէն ետք թեւը պէտք է ազատ ձգել մէկ-երկու վայրկեան, որպէսզի չորնայ, եւ ապա մաքուր շապիկ պէտք է հագցնել: Շապիկին թեւը լայն պէտք է ըլլայ, որպէսզի հեշտութեամբ ետ քաշուի: Եթէ պատուաստողը կը վախնայ, թերեւս պատուաստը կեղտոտեն, ան վրան կապ կը դնէ:

Առաջին օրերը երեխայի սովորութիւններուն մէջ ոչինչ պէտք է փոխել. պէտք է կերակրել եւ առհասարակ պահել նոյն ձեւով, ինչ որ առաջ. միայն թէ, պէտք է լաւ հետեւիլ, որպէսզի փորը միշտ կանոնաւոր ըլլայ: Պատուաստումէն չորս-հինգ օր ետք, պէտք է շարունակէ լոգցնել. սխալ է այն կարծիքը, որ ջուրը պատուաստին վնաս է: Միեւնոյն ժամանակ երեխային տաքութիւնը պէտք է չափել, եւ երբոր բարձրանալ սկսի, լոգցնելը դադրեցնել, բայց այնուամենայնիւ, պէտք է ամէն օր մարմինը գոլ ջուրով շփել, որպէսզի մաքուր ըլլայ: Իսկ երբ կեղեւները կոշտանան, դարձեալ պէտք է սկսիլ լոգցնել:

***

Ծաղկահատութիւնը այսպէս կը կատարուի, որ երեխան իսկական ծաղիկով հիւանդանալու մեծ վտանգէն կը փրկէ:

Սակայն, այս պաշտպանութիւնը երթալով կը նուազի, եւ 8-10 տարի պատուաստէն ետք մենք դարձեալ կրնանք իսկական ծաղկախտով հիւանդանալ: Այդ հիման վրայ պատուաստումը պէտք է 8-10 տարին մէկ անգամ կրկնել: Ընդհանրապէս երեք անգամ պէտք է պատուաստուիլ. առաջինը, ծնդդեան առաջին ամիսներուն, երկրորդը՝ երեխան դպրոց տուած ատեն (8-10 տարեկան հասակին), իսկ երրորդը՝ զինուորագրութենէն առաջ (20-21 տարեկան հասակին)2: Իսկ համաճարակներու ընթացքին՝ անմիջապէս:

Ասիկա կրկնապատուաստումն է:

Այսպէս, ուրեմն, գիտութիւնը մեր ձեռքը տուած է զօրաւոր միջոց մը մեր զաւակներուն մահէն, այլանդակուելէ, հարիւր տեսակի ցաւերէ, կուրութենէ փրկուելու համար: Հարիւր տարի անցած է այդ օրէն, երբ փառաւոր կերպով ապացուցուեցաւ, որ պատուաստումը մանուկը իսկական ծաղիկի վտանգէն կը պահպանէ, եւ մենք՝ հայրես, տակաւին ատոր մեծ նշանակութիւնը չենք հասկցած, եւ մեր գիւղերուն մէջ մանուկները կը մեռնին ու կը մեռնին...

Չէ՞ որ ասիկա ալ աղէտ մըն է: Չէ՞ որ ատոր հետ եւս պէտք է կռուիլ, մանաւանդ որ կռուիլը եւ յաղթելը դժուար չէ, քանի որ մեր ձեռքին մէջ զօրաւոր միջոց մը կայ՝ պատուաստումը: Քահանաները թող տաճարէն քարոզեն, ուսուցիչներն ու բոլոր բանիմաց եւ հասկցող մարդիկ թող ժողովուրդին հասկցնեն պատուաստումին անհրաժեշտութիւնը, եւ մենք մեր երեխաները ծաղիկէն փրկած կ՚ըլլանք…:

***

Երկու խօսքով կ՚ըսենք, որ ջրծաղիկը ո՛չ մէկ կապ ունի իսկական ծաղիկին հետ: Այդ մէկը բոլորովին ուրիշ հիւանդութիւն է, եւ ջրծաղիկ ինկածը կրնայ իսկական ծաղիկ ալ ստանալ:

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

•շար. 5 եւ վերջ 

Վաղարշապատ


1 Եւրոպական երկիրներու մէջ պատուաստողները մասնագէտ բժիշկներ են:

2 Այսպէս կը պահանջէ գերմանական օրէնսդրութիւնը:

Հինգշաբթի, Սեպտեմբեր 29, 2022