ԶԱՔԱՐԻԱ ԹԱՄԷՐԷՆ ԵՐԿՈՒ ՀԵՔԻԱԹ

Ո՞Վ Է ԾՈՅԼԸ

Սեւ կատու մը քնացաւ ախորժակով խոտը կուլ տուող կովու մը քով, ան չկրցաւ շարունակել քունը եւ արթնցաւ կովուն բառաչիւնին պատճառով, ապա բարկանալով.

-Ձայնդ քիչ մը ցածցո՛ւր, որպէսզի կարենամ քնանալ,- ըսաւ:

Կովը քաղաքավարօրէն ըսաւ.

-Դուն քունը սիրող եւ աշխատանքը ատող ծոյլ կատու մըն ես: Չե՞ս տեսներ ինչպէ՛ս կ՚աշխատիմ առտուընէ մինչեւ իրիկուն, որպէսզի գիրնամ եւ կաթս առատանայ: Կը յորդորեմ, որ ինծի պէս ընես՝ աշխատիս, ինչպէս որ կ՚աշխատիմ:

Կատուն ճողելով եւ յօրանջելով ըսաւ կովուն.

-Դուն եւ ես տարբեր ենք: Դուն ցերեկը կ՚աշխատիս, գիշերը կը քնանաս, իսկ ես ցերեկը կը քնանամ, գիշերը կ՚աշխատիմ: Եթէ իմ մասին հարցնես թռչուններուն եւ մուկերուն, քեզի զարմանալի տեղեկութիւններ կու տան, այն աստիճան, որ կանգ կ՚առնես զիս ծուլութեամբ մեղադրելէ:

Կովը ըսաւ կատուին.

-Ինձմէ կ՚ուզես, որ ամէն օր տեսածս սուտ սեպեմ եւ լսածի՞ս հաւատամ: Եթէ իսկապէս աշխատասէր ես, այսպէս թոյլ ու տկարամարմին չես ըլլար:

Կատուն ըսաւ.

-Ինչ որ տկարութիւն եւ թուլութիւն կը կոչես, ճկունութի՛ւն է, որուն պէտք ունին բոլոր կատուները՝ մուկերն ու թռչունները հետապնդելու:

Կովը ըսաւ.

-Դուն պարզապէս շատախօս կատու մըն ես, որ իր խօսածը չի լսեր, իսկ ես պիտի շարունակեմ բառաչել, որ քեզ արգիլեմ քնանալ եւ ստիպեմ աշխատիլ:

Կովը կատարեց իր սպառնալիքը, սակայն կատուն սկսաւ սիրել կովուն բառաչիւնը, որ քնաբեր մեղեդիի պէս թուեցաւ իրեն ու խոր քունի մտաւ, ապա երազին մէջ տեսաւ դաշտ մը՝ ծոյլ մուկերով եւ չթռչող թռչուններով լեցուն:

 

ԲԺԻՇԿՆԵՐ ՈՒՏՈՂԸ

Անօթի վագր մը հետապնդեց խորամանկ նապաստակ մը եւ երկար ու տանջալից հալածումէ ետք՝ յաջողեցաւ բռնել զայն, ապա յոգնութենէն հեւալով ըսաւ.

-Հիմա պիտի ուտեմ քեզ, որպէս նախուտեստ՝ ճաշէն առաջ:

Նապաստակը ըսաւ վագրին.

-Պատուաբեր եւ ուրախալի է քեզի պէս վագրի մը կեր դառնալը, զաւակներս պիտի հպարտանան նապաստակներուն մէջ, քանի վագր մը կերած է իրենց հայրը եւ ո՛չ անպիտան եւ չարագործ աղուէս մը:

Վագրը զարմացած ըսաւ.

-Առաջին անգամ է, որ որսս կ՚ողջունէ իրեն պատահելիքը:

Նապաստակը ըսաւ.

-Չեմ գիտեր եթէ թանկարժէք ժամանակդ կ՚արտօնէ ինծի, որ խրատեմ քեզ սրտաբուխ, յարգելի եւ սիրալիր խրատով մը:

Վագրը ըսաւ.

-Եւ ի՞նչ է այդ խրատը:

Նապաստակը ըսաւ.

-Եթէ հիմա, յոգնած վիճակով, զիս ուտես, պիտի հիւանդանաս: Առողջութեանդ համար լաւ է զիս ուտել հանգիստ վիճակով, երբ իսկոյն կը դառնամ օգտակար կեր մը, որ մկաններուդ զօրութիւնը կ՚աւելցնէ:

Վագրը զարմանքով գոչեց.

-Դուն բժիշկ նապաստա՞կն ես:

Նապաստակը համեստօրէն ըսաւ.

-Ես հիմա, ինչպէս կը տեսնես, խեղճ նապաստակ մըն եմ, բայց, զիս որսալէդ առաջ, հռչակաւոր բժիշկ մըն էի նապաստակներու աշխարհին մէջ:

Վագրը ըսաւ նապաստակին.

-Կը հաւատա՞ս, որ մանկութենէս փափաքած եմ բժիշկ ուտող մը ըլլալ եւ փափաքս հիմա է որ, դիպուածով, իրականութիւն դարձաւ:

Վագրը իր խօսքը հաճելի գտաւ եւ այնպէս մը խնդաց, որ նապաստակին բռնող ճանկերը թոյլցան եւ նապաստակը իսկոյն առիթը օգտագործեց, փախուստի դիմեց եւ որոշեց յետայսու հրաժարիլ բժշկութենէն:

ԱՆԻ ԲՐԴՈՅԵԱՆ-ՂԱԶԱՐԵԱՆ

Երեւան

Ուրբաթ, Հոկտեմբեր 29, 2021