«ՀԱՅՐԵՆԱՍԷՐ ԵՂԷ՛Ք»

Խօսակիցս է ամերիկահայ վեթերան գործիչ տքթ. Արշակ Գազանճեան, որ պարտաճանաչ, ճիշդ ժամուն ժամադրավայր հասնող անձնաւորութիւն մըն է։ Առաջին իսկ հայեացքէն կը զգամ, որ ան տեղ հասած է ո՛չ միայն հարցազրոյց տալու, այլ բաժնելու իր մտահոգութիւնները։ Երեխայի նման կը դողան իր աչքերը ամէն անգամ, երբ խօսինք Հայաստանի ու Արցախի այսօրուան բարդ իրավիճակներուն մասին։ Իր մէջ կայ անցեալէն եկած կայծ մը, սակայն չկայ երբեք գամահրանք կամ զատողութիւն որեւէ կողմի հանդէպ։ Ի վերջոյ ան մաս կը կազմէ սերունդի մը, որ ապրած է Սովետական Հայաստանի ամբողջ բովով, սնուած ու հասակ առած է Հայաստանի հանդէպ նուիրուածութեան գաղափարներով ու ցայսօր ալ կը հաւատայ այդ գիծին։ Իրեն համար ոչ մէկ տարբերութիւն, թէ ո՛վ կ՚ըլլայ երկրին ղեկավարը, կարեւորը երկիրն է՝ իր ամրութեամբ, իր բանակով ու զօրութեամբ։ Ամէն պարագայի, տքթ. Արշակ Գազանճեանի հետ զրուցելը նաեւ մեծ հաճոյք էր, որովհետեւ մինչ շատ-շատեր կը կարծեն, թէ երէց սերունդի ներկայացուցիչները ժամանակավրէպ են, սակայն ան կու գար ապացուցելու, որ հակառակ տարիներու հոսքին՝ կը շարունակէ մնալ նոյն եռանդունը եւ մանաւանդ՝ նոյն կրողը այն գաղափարներուն, որոնք որեւէ հայու համար մշտատեւ եւ յաւիտենական գոհարներ են։ Հայրենիքը մնայունն է, իսկ մենք գնայուն, այս կը պատգամէ տքթ. Արշակ Գազանճեան, որուն հետ ունեցանք հարցազրոյց մը։ Ստորեւ կը ներկայացնենք սոյն հարցազրոյցին սղագրութիւնը։

*

-Շուտով կը մեկնիք Հայաստանէն։ Ի՞նչ են ձեր տպաւորութիւնները։

-Առաջին անգամ Հայաստան չեմ գար։ Միշտ մէկ ոտքս հոս է։ Այն շրջանին, երբ ղեկավար պաշտօն կը վարէի, ժողովներու համար ալ կու գայի։ Տարին անգամ մը եւ երբեմն ալ երկու անգամ երբ Հայաստան գամ, անպայման բան մը փոխուած կը տեսնեմ. առաւելաբար՝ անշարժ գոյքերու, շէնքերու, ճաշարաններու, զբօսավայրերու կապակցութեամբ։ Այս անգամ բոլորովին զարմացած եմ։ Շինարարական աշխատանքները՝ զորս տեսայ ամէն տեղ, մեծ տպաւորութիւն գործեցին վրաս եւ զանոնք դրական կը գնահատեմ։ Սա կը նշանակէ, թէ երկիրը կարիքն ունի բնակարաններու, տուներու, հետեւաբար երկիրը ո՛չ թէ կը պարպուի, այլ ընդհակառակն՝ կը լեցուի։ Այս երեւոյթը ցոյց կու տայ նաեւ, որ մարդագրական աճ կայ։ Սա ցոյց կու տայ նաեւ երկրի յառաջդիմութիւնը։ Ուրիշ բան մըն ալ նկատեցի մարդոց վարուելակերպին մէջ. անոնց մարդկային հոգածութիւնը բարելաւուած է։ Դիմացինին օգտակար դառնալու պատրաստակամութիւնը սկսած է աճիլ։ Այս մէկը դրական մեծ տուեալ մըն է։ Քաղաքացիները աւելի հանգիստ, աւելի ազատ, աւելի հաղորդական դարձած են։

-Երկար ժամանակներէ ի վեր ազգային, քաղաքական գործունէութիւն տարած էք։ Իբր այդ, ի՞նչ նկատեցիք Հայաստանի մէջ։ Ի՞նչ էր ընդհանուր պատկերը։

-Թերութիւն մը ըսելու կը զգուշանամ, բայց իշխանութիւնը մասնաւորապէս միջազգային, միջպետական յարաբերութիւններուն առընթեր քիչ մը չափէն աւելի բարեացակամ դրսեւորումներ կ՚ունենայ։ Ժողովուրդին հետ կապի առումով ալ նոյնն է։ Օրինակ՝ այն ազատ ցոյցերը, որոնք տեղի կ՚ունենան, այն խօսքերը, որոնք մարդիկ կ՚ըսեն իշխանութեան ներկայացուցիչներու (որոնք պետութեան ներկայացուցիչներն են) հասցէին, այս բոլորը կ՚ազդեն պետական գործունէութեան յառաջխաղացման վրայ ու այս առումով ալ կառավարութիւնը քիչ մը խիստ, կարծր պէտք է վարուի։ Դրական չէզոքութեան կեցուածքը ճիշդ է, ինչ որ արտաքին ոլորտներէն ներս դրական կը նկատուի, բայց անոր չափազանցեալ վիճակը վնաս կը բերէ հայրենասիրական իմաստով։ Պետութիւնը աւելի կարծր կեցուածք պէտք է ճշդէ այն անձերու եւ այն շարժումներու պարագային, որոնք ուղղակի հակապետական մօտեցումներ ցոյց կու տան եւ կրնան վտանգ դառնալ պետականութեան ու երկրին եւ վնասել զանոնք։ Օրինակ՝ բոլորս մտահոգ ենք երկրի վիճակով եւ ապագայով։ Ներկայիս ո՛չ միայն մեր անձնական կեանքը վտանգի տակ է, այլեւ մեր հայրենիքը կորսնցնելու վտանգը կայ։ Այս իրավիճակը գնահատելու համար պայման չէ ըլլալ քաղաքական գործիչ մը, նոյնիսկ մանուկ մը կրնայ այս մէկը նկատել։ Իսկ այս պայմաններուն ներքեւ կան ազգային կազմակերպութիւններ, որոնք այնպիսի հարցերու դէմ յանդիման կը դնեն պետութիւնը, ղեկավարները, Հայաստանը, որ կը ստիպուիս ըսելու. եթէ դուք ազգին օգտակար դառնալու համար ստեղծուած էք, սա կը նշանակէ, որ ամենէն բարձր տեղը պէտք է դասէք հայրենասիրութիւնը, հայրենիքի ուժեղացումը եւ խաղաղութիւնը։ Պէտք չէ նոյնիսկ կատարել այն նուազագոյն աշխատանքը, որ կը վնասէ հայրենիքի յառաջդիմութեան գործընթացին։ Հայրենասիրութիւնը այս կը պահանջէ։ Ես կը կարծէի, թէ միայն սփիւռքի մէջ կ՚որդեգրուի այս գործելաոճը, բայց, դժբախտաբար, տեսայ, որ հոս ալ շատ շեշտուած է։ Տեսնելով որ հայրենիքը վտանգաւոր փուլի մէջ է, ամէն մարդ պէտք է զգաստութեան գայ, իր եսը, իր շահերը մոռնայ եւ պէտք է նուիրուի հայրենիքին, կամ առնուազն աւելի չխանգարէ անոր աշխատանքը։ Ի վերջոյ, իմ պատգամս մէկ է. հայրենասէր եղէ՛ք։

-Իսկ արտաքին ճակատի վրայ, պատերազմէն ետք, ի՞նչ մտածումներ ունեցաք։ Մենք ո՞ւր սխալած էինք։ Ի՞նչ պէտք էր ընէինք եւ չըրինք։

-Այսքան տարիներ ետք, Ատրպէյճանը ոչինչէն կրցաւ ուժեղ պետութիւն մը դառնալ, ուժեղ բանակ մը ունենալ, իսկ մենք թոյլ մնացինք։ Այժմ խիստ մտահոգիչ վիճակի մէջ կը գտնուինք։ Մենք ունինք հիմնական թշնամի մը՝ մենք ենք մեր թշնամին։ Մենք որքան զօրանանք, այնքան կը նուազի հակառակորդին վտանգը։ Բոլորս կ՚ըսենք, թէ պէտք է զինուինք, մեծ նիւթական ապահովենք, բայց կը տեսնենք, որ այս իմաստով ոչ մէկ աշխատանք կը տարուի։ Երբ ազէրիները կրնայ ընել, մենք ինչո՞ւ հայերը պիտի չկարենան ընել։ Աշխարհով մէկ տարածուած միլիառատէր հայորդիներ ունինք։ Պէտք է կազմակերպուած աշխատանք տանինք ու անոնց դիմենք։ Դիւանագիտական եւ դաշնակցային կապեր պէտք է հաստատենք զանազան բարեկամ պետութիւններու հետ։ Վերջին քանի մը տասնամեակներու ընթացքին ոչինչ ըրինք ռազմական տեսակէտով, որպէսզի մեր հայրենիքը զօրացնենք։ Արդեօք սա հայրենասիրութեա՞ն պակաս է, թէ եսասիրութեան զարգացում։

-Երկար տարիներ ապրած էք Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մէջ։ Ամերիկահայութիւնը շատ մեծ ելմտական, մշակութային, հոգեւոր կեդրոն մը կը համարուի։ Այսօր ի՞նչ են ամերիկահայութեան գլխաւոր մարտահրաւէրները։

-Որպէս ամերիկահայութիւն, որպէսզի կարենանք մեր միջոցներով ուժեղ ըլլալ, պէտք է համայնքի անդամները ըլլան պատրաստուած եւ հաւաքական գործին ատակ։ Այսօր համայնքին մէջ գործակցութեան պակաս կայ։ Տասնամեակներ առաջ համայնքը բաժան-բաժան դարձաւ եկեղեցական պայքարով։ Հիմնական արգելքը վերցուեցաւ, սակայն տակաւին միասնակամ չենք։ Դպրոցներ կը փակուին, աշակերտներուն պէտք եղած օժանդակութիւնը չենք կրնար տրամադրել։ Ժողովուրդը միասնականութեան մասին կը խօսի՝ առանց գործնական քայլ մը առնելու։ Բոլորը միասնականութեան ջատագով են, բայց եթէ գործնականին գանք, այդ բոլորը մէյմէկ դի կը քաշուին։ Միայն 24 Ապրիլին կը միանան։

-Դուք ընդհանրապէս հրապարակագրիր էք, յօդուածներով հանդէս եկած էք։

-Այո՛, գիրքեր ալ հրատարակած եմ։ Անոնց հիմնական նիւթը մեր համայնքն է։ Գրած եմ գիրք մը, որով կը պատկերացուի հայ աշակերտութեան կեանքը օտար հաստատութիւններէ ներս։ Օրինակ՝ հայ եւ արաբ ուսանողներու գործակցութեան պակասի մասին։ Վէպ մըն է ան՝ իրական կեանքէ առնուած։ Երկրորդը՝ «Մերին Ամերիկան» գիրքն է, որ բաւական ժողովրդականութիւն գտաւ։ Շրջան մը արտագաղթի հոսք մը սկսաւ դէպի Ամերիկա՝ Լիբանանէն եւ նոյնիսկ Հայաստանէն։ Այն ատեն մենք ալ տարի մը Պոսթոն մնացինք։ Պէյրութ վերադառնալէս ետք ուզեցի նկարագրել Ամերիկայի կեանքը։ Տքթ. Մանուկ Քիւփէլեան այս գիրքէն բաւական օրինակներ առաւ եւ զանոնք տարածեց, բաժնեց։ Ես մասնագիտութեամբ ատամնաբոյժ եմ։ Օր մը երկու արաբ եկաւ, անոնք ինծի ըսին, որ իրենց կեանքը՝ ընտանիքը փրկած եմ, քանի որ իրենց տղաքը կ՚ուզէին Ամերիկա երթալ եւ երբ ծանօթացան իմ գիրքի բովանդակութեան, իրենց միտքը փոխեցին։

-Հիմա նո՞յն կարծիքին էք Ամերիկայի մասին։

-Նոյն կարծիքին եմ։ Բայց պարտադիր պայմաններու տակ՝ մասնաւորապէս Լիբանանի կացութիւնը եթէ հաշուի առնենք, մարդիկ ստիպուած կը գաղթեն։ Անոնց իրաւունք կու տաս։ Ձուլումի դէմ պայքար մղելու համար գրեցի այս գիրքը։ Շատեր իրենց դասախօսութեան մէջ իմ գիրքս օրինակ կը բերէին՝ իբրեւ արտագաղթի դէմ պայքարի նպաստող աղբիւր։

-Ներկայիս մենք կը տեսնենք, որ Ամերիկայի մէջ կայ սերունդ մը, որ նոյնիսկ եթէ հայերէն չխօսի, ազգային ոգի ունի։ Այդ մասին ի՞նչ կը մտածէք։

-Անշուշտ, դժուարին պարագայ մըն է այդ կապակցութեամբ կողմնորոշուիլը։ Ընդունելով հանդերձ, որ դատապարտելի չեն այդ մարդիկ։ Այո, պէտք է զիրենք հասկնանք։ Բայց եւ այնպէս, սփիւռքի մէջ մեր լեզուն, մեր մշակոյթն են, որոնք մեզ իբրեւ ազգ պահած են ու դեռ ալ կրնան պահել։

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Երեւան

Շաբաթ, Հոկտեմբեր 29, 2022