ԱՒԱՆԴՈՒԹԻ՞ՒՆ, ԹԷ՞ ՀՆՈՒԹԻՒՆ
Շատերու վերլուծումով աւանդութիւնը հնատիպ նմոյշ մըն է ապրելակերպի՝ ժամանակի շրջագիծին մէջ ձեւակերպուած։ Ուրիշներու դատողութեամբ աւանդութիւնը պատմական որոշ արժէք ներկայացնող եւ հաւաքական յիշողութիւնը թարմացնող ազդակ մըն է։ Այլոց կարծիքով աւանդութիւնը ներկայ ընկերութեան մտայնութիւններու եւ որդեգրած ուղիներուն հետ առընչութիւն չունեցող օրէնքներու հաւաքածոյ մըն է, որ կը կաշկանդէ ազատութիւնը եւ կը սահմանափակէ ստեղծագործութեան կարելիութիւնը։ Տակաւին, ոմանք աւանդութիւնը կը համարեն անցեալին պատկանող համոզում մը, որ դադրած է շահեկան կենսանիւթ ըլլալէ՝ դառնալով ժամանակավրէպ հասկացողութիւն։
Իւրաքանչիւր ժամանակահատուած ունի իր իւրօրինակ դիմագիծը եւ յատկանշական տուեալները, որոնք պարարտ ենթահող կը հանդիսանան եզակի իրագործումներուն եւ հրաշալի նուաճումներուն։ Երջանկայիշատակ Գարեգին Ա. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս Սարգիսեան կ՚ըսէ. «Ժամանակը դէպքի պէտք է վերածել, ինչպէս մարդը՝ դէմքի»։ Դէպքերու եւ դէմքերու ընծայած բարիքները կարելի չէ պատահականութեան վերագրել։ Աւանդութիւնը դէմքը եւ դէպքը իր մէջ ընդգրկող, դասականը եւ ժողովրդայինը իր էութեանը մէջ անքակտելիօրէն շաղախող, անցեալին շարունակականութիւնը պահող եւ ժողովուրդին հոգեմտաւոր արժէքները հրապարակող գանձատունն է։
Ժամանակի թաւալումով սերունդներ աւանդութիւնը ժառանգած են որպէս սերտողութեան գրադարան՝ անցեալէն դասեր քաղելու հրամայականով գոյացած, յաւերժական արժէքներու թանգարան՝ պատմութիւնը մօտէն ճանչնալու նպատակով կազմաւորուած։
Յաճախ մարդը նորաւանդ սկզբունքներու հետամուտ ըլլալու բուռն փափաքէն մղուած կը ցանկայ ապագայ կերտել, ծրագիր մշակել՝ նորակերտ մարդ դառնալու հեռանկարով։ Սակայն ո՞ւր է այդ պատասխանատու աշխատանքին հաւատարիմ գործակից եղող աւանդութիւնը, որ ուղեցոյց է իր դրուածքով եւ անխարդախ նժարը՝ որ կը կշռադատէ երեւոյթները։ Ժողովրդական առածը կ՚ըսէ. «Փորձառու մարդուն հարցուր»։ Խորքին մէջ աւանդութիւնը փորձառութեան շտեմարան է, որ իր մէջ կը խտացնէ դրական տրամադրութիւններ եւ որոշում կայացնելու նպաստող արժեչափեր, որոնք անորոշութեան ծփանքներէն ձերբազատելու կը միտին։
Քրիստոնէական պրիսմակէն դիտուած, աւանդութիւնը անբաժան մասը կը հանդիսանայ Եկեղեցւոյ առաքելութեան։ Բարեպաշտական արարքները դրութենականացուած հասկացողութիւններ են, որոնք երանգաւորող յատկութեամբ կը բարեզարդեն Եկեղեցին՝ առանց այլափոխելու անոր դիմագիծը՝ նշանաբան ունենալով առաքեալին հոգեշահ յորդորը, թէ «ինչ որ կ՚ընէք՝ թող վայելուչ ու կարգ կանոնով ըլլայ» (Ա.Կր 14.40)։
Եկեղեցւոյ սրբազան աւանդութիւնը դարձաւ ողջմիտ տեսութիւնը ապրուած ճշմարտութեան վերածող ներշնչարանը, բարեպաշտական զգացումները յայտնող հանդիսարանը, պատեհապաշտութեան հոսանքներէն փրկող պահպանակը, պայծառ խորհրդածութեան գրաւականը։ Իսկ Հայ Եկեղեցւոյ համար ան դարձաւ հաւատքի ճշմարտութեան շեփորահարը, հոգեւոր մշակոյթի ծաղկման երաշխիքը, հայաբոյր ապրումներու կենսառողջ սիրտը եւ առաքեալներէն կտակուած սրբապատկերը, որոնց ընդմէջէն կը բացայայտուի աւանդութեան անխարդախ փոխանցումը, որ ո՛չ միայն բարեպա աքեալ աւանդութեան կառչելու եւ անոր խորհուրդով ընթանալու կոչ կ՚ուղղէ՝ ըսելով. «Հաստատուն մնացէք եւ ամուր պահեցէք աւանդութիւնները որ սորվեցաք մեզմէ, ըլլա՛յ խօսքով, ըլլա՛յ նամակով» (Բ. Թս 2.15)։ Բացորոշ կերպով կը պարզուի, թէ ակնարկութիւնը ե՛ւ գրաւոր, ե՛ւ բերանացի աւանդութեան մասին է։ Գրաւոր աւանդութիւնը գիրին ճամբով ապահովագրուեցաւ, իսկ բերանացին՝ քարոզութեան շնորհիւ դարձաւ վաւերագրական յուշակոթողը քրիստոնէական Եկեղեցւոյ։
Աւանդութիւնը օրէնքներու կամ ծիսական կանոններու ցուցակ չէ, այլ աստուածաշնչական առումով կը նշանակէ «աւանդ մը յանձնել եւ ստանալ»։ Այս իրողութեան խօսուն օրինակը կը տեսնենք Պօղոս առաքեալի խօսքերուն մէջ, ուր կ՚ըսէ. «Ես Տիրոջմէ առի ինչ որ ձեզի աւանդեցի» (Ա.Կր 11.23)։ Ս. Գիրքի արդի մեկնաբաններէն Հայր Թատրոս Մալթի, սերտելով աւանդութեան բովանդակութիւնը՝ չորս մատնանշումներ կը կատարէ.
Ա) Աւանդութիւնը՝ որպէս հաւատքի պատգամ Ս. Երրորդութեան եւ Աստուծոյ փրկագործական արարքներուն մէջ,
Բ) Քրիստոսի խօսքերն ու գործերը,
Գ) Քրիստոսի հաստատած հոգեւոր եւ բարոյական ուրուագիծը,
Դ) Պաշտամունքի ծրագիրը, ըմբռնումը եւ կարգը։
Վերոյիշեալ նշումներէն կարելի է հետեւցնել թէ, աւանդութիւնը 1) Եկեղեցւոյ քարոզութեան հիմնաքարն է, 2) հաւատքի վկայութեան սկզբնաղբիւրը, 3) քրիստոնէութեան բարոյագիտութեան ուղեգիծը, 4) հոգեւոր պաշտամունքին ամբողջացուցիչ օղակը։
Պօղոս առաքեալ կ՚ըսէ. «Կը գովեմ ձեզ, որ կը յիշէք ամէն ինչ որ սորվեցուցի ձեզի, եւ ինչպէս որ ձեզի աւանդեցի այնպէս կը պահէք» (Ա.Կր 11.2)։ Աւանդութիւնը հաւատք կերտելու սրբազան ճանապարհ է, առաքելաշունչ պատգամներու հիմնական առանցքն է եւ Եկեղեցւոյ ինքնութիւնը բացայայտող ճշմարտացոյց անդաստանն է։
Եկեղեցին որպէս Աւետարանի ընտիր սերմնահատիկները ցանող սերմնացան, մշտարթուն դիտակի հանգամանքով, աստուածատուր տաղանդները ողջմիտ վարդապետութեան ծառայեցուց՝ մնալով հաւատարիմ գործակիցը իր հաւատքի Զօրագլուխին։ Ահա թէ ինչո՛ւ ուղղափառ դաւանութեան ստոյգ բանաձեւումները, հաւատքի սկզբունքներուն ճշդորոշիչ սահմանումները, հոգեւոր սովորութիւններուն առաքելաւանդ ըմբռնումները աւանդութեամբ հասած կարգաւորումներ են։
Սիրելի՛ ընթերցող, աւանդապահ ըլլալ չի՛ նշանակեր ընդլայնուած հորիզոններէն հրաժարիլ, շրջահայեաց դիտարկումներէն խուսափիլ, այլամերժ դիրքորոշում ունենալ, այլ՝ ինքնութեան արմատներո՛ւն դառնալ՝ հետեւելով դարերով աւանդականացած Եկեղեցւոյ որդեգրած ուղիին, որ կիզակէտն է ծառայութեան։ Ս. Երանոս Հայրապետ պատգամաշեշտ վկայագոչութեամբ եւ այժմէական թելադրականութեամբ այսօ՛ր եւս կը յուշէ՝ ըսելով. «Թէեւ եկեղեցին տարածուած է աշխարհի ծագերուն, սակայն ունի մէկ եւ ուղիղ հաւատք առաքեալներէն կտակուած։ Եւ հակառակ լեզուներու տարբերութեան, աւանդութեան էութիւնը մէկ է բոլոր ժամանակներուն մէջ»։
ԱԼԵՔՍ ՍՐԿ. ԳԱԼԱՅՃԵԱՆ