ՆԱՐԻՆԷ ՔԷՉԷՃԵԱՆ. «ՊԱՐԸ ԻՆԾԻ ՀԱՄԱՐ ԿԵԱՆՔԻ ԱՍՊԱՐԷԶ Է»
Լիբանանեան «Քարաքալլա» հռչակաւոր պարախումբի մենակատարներէն՝ Նարինէ Քէչէճեան կը պատասխանէ ԺԱՄԱՆԱԿ-ի հարցումներուն։
-Նկատի ունենալով, որ դուք այսօր արհեստավարժ պարուհի մըն էք, կրնաք պատմել, թէ ի՞նչ պատճառներու բերումով ձեզի համար պարարուեստը դարձաւ ոչ միայն հետաքրքրութիւն, այլեւ՝ կեանքի ասպարէզ. ի՞նչ էր իրական դրդապատճառը:
-Աչքերս բացած եմ պարողներու ընտանիքի մէջ, հայրս ու մայրս Հալէպի «Նոր սերունդ» մշակութային միութեան պարախումբին մէջ կը պարէին: Շատ փոքր էի, հազիւ երկուքուկէս տարեկան, երբ հայրս սկսաւ զիս մարզել։ Երեք տարեկանիս արդէն բեմի վրայ ելոյթ ունեցայ։ Ճիշդ է, որ ես փոքր տարիքէն մասնագիտական կրթութիւն չեմ ստացած, ինչպէս օրինակ՝ Հայաստանի մէջ կ՚ըլլայ, սակայն հօրս «ձեռքին տակ» ստացած եմ այդ պարարուեստի ուսումը: Հայրս ինչ որ իր ուսուցիչէն՝ Աբրահամ Կոստանեանէն առած էր հայկական պարի դպրոցի վերաբերեալ, ակադեմական ձեւով ինծի սորվեցուցած է, մանաւանդ հայկական «Նազ պար»ը, որովհետեւ հայկական դպրոցին մէջ պարի այդ տեսակը իր ուրոյն տեղը ունի եւ շատ արժէքաւոր պար մըն է։ Այսպէսով հօրս մօտ մարզումներ կատարելով եւ խստապահանջ փորձերով մեծցած եմ։ Պարը ինծի համար եղած է թէ՛ դպրոց, թէ՛ ապագայի ասպարէզ, թէ նպատակ։ Իմ ամբողջ կեանքի ընթացքին տարի մը չէ եղած որ ես պարէն դադրած ըլլամ։ Երբ 12-13 տարեկան էի, հայրս՝ Ժիրոն, որ Հալէպի յայտնի եւ գլխաւոր պարուսոյցներէն մին էր, արդէն իր անձնական պարախումբը ստեղծած էր, այդ իսկ պատճառով պարը դարձած էր իմ կեանքի հիմքը եւ ես արդէն պարարուեստի ճամբան բռնելու հաստատ որոշում կայացուցած էի: Այս ձեւով մինչեւ 18 տարեկան հօրս խումբին մէջ մարզուելով, կրցած էի ակադեմական մակարդակի պարող ըլլալ, սակայն վկայական չունէի։ Ուստի, որոշեցի անպայման վկայականի մը տիրանալ: 18 տարեկանիս ընդունուեցայ Սուրիոյ Պարի բարձրագոյն ուսումնարանը ու դարձայ համաշխարհային վկայականով պարուհի:
Այս ամբողջը սակայն այդքան պարզ եւ դիւրին ձեւով չէ տրուած ինծի: Կրնամ ըսել, որ ես սովորական մանկութիւն մը չեմ ունեցած իմ հասակակիցներուն նման։ Երեք տարեկանէս սկսեալ արդէն բեմի վրայ էի, մանաւանդ ելոյթներու նախորդող օրերուն, երբ փորձերուն ամբողջ խումբը ներկայ պէտք է ըլլար, ծնողքիս հետ մինչեւ գիշերուան ուշ ժամերը փորձերու կը մասնակցէի, յաճախ դպրոցական դասերս քուլիսներուն ետին պատրաստած եմ, մինչեւ պարի իմ հերթս հասնիլը: Պատահած է, որ երեխայ վիճակիս նկարահանումներու մասնակցած եմ անձրեւներուն տակ, Հալէպի բերդին մէջ բոպիկ պարած եմ 4-5 տարեկանիս: Այս կենսակերպի շնորհիւ է, որ չարքաշ կերպով մեծցած եմ... Յաճախ ինծի ծնողներս կ՚ըսէին՝ որքան տոկաս գործիդ մէջ, այդքան հերոս կը մեծնաս… Այդպէս ալ ապրած եմ, շատ դժուար պայմաններէ անցած եմ, միշտ դիմացած եմ… Գործս ինձմէ ինչ զոհողութիւն որ պահանջած է, շատ սիրայօժար տուած եմ՝ մանկութենէս մինչեւ այսօր:
Կ՚ուզեմ ըսել նաեւ, որ Հալէպի նման գաղութի մը մէջ ծնողքիս ինծի տուած այս առիթը եւ իմ առած քայլս շատ համարձակ քայլ մըն էր, մանաւանդ 90-ական թուականներուն աղջկայ մը որպէս մասնագիտութիւն պարուհի դառնալը ըմբռնելի չէր։ Մինչ այդ նշեմ նաեւ, որ պարը ինծի երբեք ուսումէս ետ չէ պահած, դպրոցիս մէջ եղած եմ յառաջադէմ աշակերտներէն. ամէն ինչի ժամանակ տրամադրած եմ, եղած եմ փողերախումբի եւ երգչախումբի անդամ:
-Դուք Հալէպ ծնած, մեծցած էք, ի՞նչ յիշողութիւներ ունիք Հալէպէն։ Մանկութեանդ պատանեկութեանդ տարիները ինչպէ՞ս անցուցիր, ի՞նչ յուշեր մնացին այդ քաղաաքէն, այդ քաղաքի անցեալէն:
-Հալէպէն շատ բաներ կը յիշեմ. երբ Հալէպ ըսեմ՝ առաջին հերթին կը յիշեմ թաղս, տանիքս: Զարմանալի թող չթուի, թէ մեր բնակած շէնքի տանիքը կը յիշեմ, որովհետեւ փոքր տարիքէս հայրս՝ Ժիրոն երբ սկսաւ ինծի պարի դասեր տալ, տանիքը փորձ կ՚ընէինք, կէսօրէ վերջերը երբ մայրամուտը կը մօտենար, կամ երբ գիշերները պզտիկ լոյսի մը տակ կը հաւաքուէինք եւ ժամանակ կ՚անցընէինք: Այդ ժամանակ էր, որ հայրս ինծի անկիւն մը կը յատկացնէր եւ պարեր կը սորվեցնէր: Այդ պահերը շատ կը յիշեմ, թաղս կը յիշեմ. այն թաղը, ուր զիս բոլորը կը ճանչնային, դպրոցս՝ «Կիլիկեան վարժարան»ը, որ եղած է հալէպեան ճարտարապետութիւն ունեցող շէնքի մը մէջ. ինծի համար շատ գեղեցիկ տեղ մըն էր, կը հպարտանայի, որ ես անցեալ բուրող վայրի մը մէջ կ՚ուսանիմ, ինչպէս որ էր Հալէպի բերդը: Շատ կապուած եմ այդ բերդին, իբր իմ մանկութեան ելոյթներու բեմահարթակ, հոն շատ ելոյթներու մասնակցած եմ: Ես առաջին քայլերս այդ բերդին մէջ առած եմ: Չմոռնամ ըսելու, որ Հալէպի մէջ ունիմ նաեւ բաւական մեծ շրջանակ՝ ազգականներ, բարեկամներ, ծանօթներ եւ հարեւաններ:
-Ի՞նչ վիճակի մէջ էիք, երբ պատերազմը սկսաւ եւ դժուար եղա՞ւ Հալէպէն հեռանալու որոշում առնելը:
-Նախքան պատերազմը սկսիլը, հայրս տարեկան իր ելոյթի պատրաստութեան մէջ էր, «ականջ չկախեցինք» պատերազմին, սրահն ալ ապահովեցինք, ելոյթներու պատրաստութիւնները ըրինք, լրիւ նոր ծրագիր պատրաստած էինք, նոր տարազներով ու նոր պարերով: Մինչ այդ կ՚ուզեմ յիշել, թէ մենք մեր պարախումբի տարազներու կտորները Հալէպի «ներսի շուկայ»էն կը գնէինք, այսինքն այնտեղէն, ուր բուն պատերազմի վիճակ կար, այդ նեղ թաղերէն, որոնց «Հալապ ժտիտէ» կ՚ըսեն, «Հարէթ ալ հաթապ»էն, ուր մետաքսներ եւ կտորներ կը ծախէին: Ելոյթի պատրաստութիւնը ճիշդ երկու տարի տեւեց, 2010-2012 թուականներու միջեւ, այսինքն պատերազմի հիմնական շրջանին, երբ շատ վատ էր, շատ սոսկալի վիճակ կը տիրէր: Ես այդ ժամանակները երբեք չէի որոշած Հալէպէն հեռանալ, Պէյրութ երթալու նպատակ ալ չունէի, այն ատեն երկու շաբաթով Դամասկոս գացի, որովհետեւ շարժանկարի մը կը մասնակցէի: Գործը երկարեցաւ եւ այդ ընթացքին պատերազմը թէժացաւ, ճամբաները փակուեցան, ամէն տեղ արիւն եւ աւեր... եւ ես ստիպուեցայ Դամասկոս մնալ: Աւելի վերջ ծնողներս ալ ինծի միացան ու որոշ շրջան մը հոն ապրեցենք: Երբ Դամասկոս մնացի, գործերս լաւ էին, կ՚աշխատէի օփերայէն ներս: Ապա ուզեցի Պէյրութ երթալ, որպէսզի պրպտեմ, թէ հոն ինչ կարելի է ընել։ Ես կրնայի այլ երկիրներ ալ երթալ, բայց ուզեցի Պէյրութ փոխադրուիլ, որովհետեւ շատ կը սիրեմ արաբական պարը, Միջին Արեւելքը, թէեւ այդ պայմաններով կրնայի Տուպայի, Մարոք, Եգիպտոս երթալ, բայց նախընտրեցի Պէյրութը, որովհետեւ Սուրիոյ մօտ էր եւ միեւնոյն ժամանակ ծնողքիս մօտիկ կ՚ըլլայի: Եւ հիմա արդէն հինգ տարիէ ի վեր լիբանանեան հռչակաւոր «Քարաքալլա» խումբին անդամն եմ:
-Ի՞նչ պայմաններու տակ եղաւ ձեր միջազգային վարկ ունեցող «Քարաքալլա»ին անդամակցութիւնը, բնաւ լսա՞ծ էիք այդ խումբին մասին։ Շատ հարուստ անցեալ ունի այդ խումբը եւ լսած եմ, որ պարախումբին անդամ դառնալը բաւական «թանկ հաճոյք» է... Ինչպէ՞ս կրցաք այդ խումբին մաս կազմել։
-Այո՛, անշուշտ լսած էի «Քարաքալլա»ի մասին. տեղեակ էի, թէ Պէյրութի մէջ ամենահզօրը «Քարաքալլա»ն է, եւ իմ փորձիս ու կարողութեանս հանդէպ ինքնավստահ ըլլալով, ինծի համար շատ պարզ էր, որ այդ խումբին անդամներէն մին պիտի դառնամ։
Ան որ «Քարաքալլա»ի անդամ պիտի դառնայ, պէտք է պար ուսանած ըլլայ, կարող պարող ըլլայ, ռիթմիք ըլլայ, զօրաւոր ականջ ունենայ... Հակառակ որ իմ դիմումի ատենս ընդունելութեան ժամկէտը աւարտած էր, անձնական դիմում ըրի եւ շատ դիւրութեամբ ընդունուեցայ, որովհետեւ իմ արուեստով կը բաւարարէի անոնց բոլոր պահանջները:
-«Քարաքալլա»ի հետ ձեր ունեցած ելոյթներու մէջ ի՞նչ հիւրախաղերու մասնակցեցաք կամ ի՞նչ դերեր ներկայացուցիք, մենապարեր ունեցա՞ք:
-Նախ կ՚ուզեմ նշել, որ ութ-տասն տարի առաջ «Քարաքալլա»ի մէջ ճիշդ է, մենապարներ կային, «սենարիո»ն պզտիկ դերեր կը պահանջէր, բայց վերջին տարիներուն իմ տնօրէնին նպատակն է որպէս դերակատար ընդհանուր խումբը ցոյց տալ, խումբի կարողութիւնը պարզել, անոր համար սկսած է խմբային աշխատանք՝ պարային ժողովածոյ ներկայացնել: Հետեւաբար բեմին վրայ մենկատարները երգիչ եւ դերասաններն են, իսկ դերով հանդէս կու գայ խումբը եւ ոչ թէ անհատ պարողը, եւ ըսեմ, որ ես որպէս խումբի անդամ բոլոր պարերուն ալ կը մասնակցիմ: Ի դէպ «Քարաքալլա» խումբը պարերուն մէջ կ՚օգտագործէ թեքնիկները «Մարթա Կրահամ» դպրոցի, որ ժամանակակից դասական թեքնիկներ ունի ու անոնք կ՚օգտագործուի մասնաւորպէս ժողովրդական պարերու պարագային:
-Այսօր ի՞նչ է ձեր դիրքը խումբին մէջ եւ ի՞նչ ծրագիր ունիք այդ խումբին հետ ապագայի կապակցութեամբ:
-Եթէ համեստութիւնը մէկդի դնեմ, հպարտութեամբ կրնամ ըսել, որ առաջին օրէն սկսեալ խումբին մէջ շատ լաւ տեղ մը գրաւած եմ։ Ես զիս լաւագոյնս դրսեւորեցի եւ ինքզինքս փաստեցի որպէս կայացած պարուհի: Տնօրէնս ալ կը վկայէ այդ մէկը եւ զիս շատ կը սիրէ, կը յարգէ ու շատ գոհ է իմ աշխատանքէն:
Այժմ, բացի «Քարաքալլա»ի պարող ըլլալէ, նաեւ պարի դասեր կու տամ: «Քա-րաքալլա»ն պարի դպրոց չէ, այլ թատրոն է, այսինքն խումբը պարտաւոր է պատրաստ պարողներ ընդունիլ, հետեւաբար պարողը պէտք է նախապէս պալէի դասական թեքնիկ ունենայ, որպէսզի ընդունուի: Եւ ատոր համար ալ «Քարաքալլա»ի տնօրէնին դուստրը՝ Էլիսարը պարի աշխատանոց բացած է, ուր պարողներ կը պատրաստէ։ Ան բացի դասական պալէ, ֆանթի ճազ, մոտերն պարեր սորվեցնելէ, «Քարաքալլա» խումբին պարողներ պատրաստելու համար «Քարաքալլա»ի ոճով արաբական ժողովրդական պարեր ալ կը սորվեցնէ: Եւ ես, ինչպէս ըսի, պարի դասեր կու տամ, Էլիսարին հետ կ՚աշխատիմ:
Մեր տնօրէնը շատ կը վստահի ինծի, թէ՛ բեմին վրայ՝ իբր հզօր պարուհի եւ թէ գործի մէջ, երբ ինծի աշակերտուհի մը յանձնէ, վստահ կ՚ըլլայ որ այդ աշակերտուհիէն լաւագոյնը դուրս պիտի բերեմ: Շատ ուրախ եմ վայելած վստահութեանս համար, վստահ եմ, որ ապագային, նոյնիսկ եթէ այլ երկիրներ երթամ, միշտ կապս պիտի պահեմ եւ մեծ գործեր պիտի ունենամ «Քարաքալլա»ի հետ:
-Կը կարծէ՞ք, թէ երբեւիցէ օր մը Հալէպ պիտի վերդառնաք: Եթէ պատահի որ Հալէպ վերադառնաք, ո՞ւր պիտի ըլլայ առաջին վայրը, զոր պիտի այցելէք:
-Ոչ մէկ բան զիս քաղաքէս կրնայ հեռացնել: Հալէպը ինծի համար կը մնայ փոքրիկ Հայաստան մը, պզտիկ տարիքիս, երբ Հալէպ էի, կ՚երազէի Հայաստան երթալ եւ հիմա Հալէպէն դուրս եմ, ամէն առաւօտ կ՚ըսեմ՝ վաղը Հալէպ պիտի դառնամ։ Անշուշտ պայման չէ, որ հոն բնակիմ, որովհետեւ իմ պարային արուեստին մէջ ձգտումս շատ աւելի մեծ է:
Երբ Հալէպ դառնամ, անշուշտ առաջին գործս, առաջին հրճուանքս պիտի ըլլայ երթալ տեսնել՝ թաղս, տանիքս, ազգականներուս թաղերը, Հաէպի բերդը, քաղաքի պարտէզները, այգիները, դպրոցս, ակումբս, մեր «Թիլէլ»ի առաջուայ սրահը, որ նոյնպէս քաղաքի հին հատուածին մէջ էր, «Ժըտայտէ»ն, «Հարէթ ալ հաթապ»ը, ուրկէ մեր պարախումբի տարազներուն կտորները կը գնէինք, ժամերով կը պտըտէինք, այդ նեղլիկ թաղերուն մէջ, կտորները բծախնդրութեամբ կ՚ընտրէինք: Հալէպի մէջ կային տեսակաւոր կերպասներ, շուկան լեցուն էր մէկը միւսէն գեղեցիկ հարսանեկանի կերպասներով, պարախումբի կտորներ, հնդկական կտորներ, զուտ մետաքսներ… Հալէպի արաբական անուշեղէնները, հացը, բուրդերը, պզտիկ-պզտիկ պատշգամները: Պիտի երթամ այցելեմ մշակոյթի նախարարութիւն, սենտիքա, որուն անդամ ենք ես ու հայրս...:
Վերոյիշեալ նշած վայրերս իմ մէջ առանձնակի նշանակութիւն ունին, կը յիշեմ դեռ մանուկ հասակիս ինչպէս գիրք մը առնելով, ականջիս երաժշտութիւն դնելով կ՚երթայի այդ հին թաղերը, «Ժըտայտէ»ի մեծ հրապարակը, որ լեցուն էր հայ ոսկերիչներով, արծաթագործներով, հոն բոլորը հայ վարպետներ էին, զբօսաշրջիկներ կու գային հայերէն գնումներ կ՚ընէին, ես ալ այդ հրապարակին մէջ նստած իմ բեմադրութիւններս կը պատրաստէի։
Երբ այդ վայրերը կը վերյիշեմ, կը յիշեմ նաեւ, որ պզտիկ տարիքէս ունեցած եմ պարի իմ պատկերացումները, որոնք պահած եմ արխիւիս մէջ, չեմ բեմադրած. ծնողքս ալ միշտ հպարտ եղած են իմ այս «պարային խենթութեամբ»:
-Այն օրերուն երբ Հալէպի մէջ ձեր հօր հետ մշակութային գործունէութիւն կը ծաւալէիք, ճնշումներու կամ խտրականութեան թիրախ դարձա՞ծ էք։
-Իբրեւ Հալէպ ապրող հայեր, ոչ մէկ անգամ մենք զմեզ օտար զգացած ենք: Ընդհակառակը, Հալէպի ժողովուրդը շատ կը վստահէր հայերուն, շատ կը սիրէին ու կը յարգէին մեզ: Չմոռնամ ըսել, թէ իմ նեղ շրջանակին մէջ մեզի հանդէպ ցուցաբերուած յարգանքն ու սէրը անմիջականօրէն կապ ունէր հօրս հիմնադրած եւ երկար տարիներ բեմերուն վրայ պահած «Ժիրոյի պարախումբ»ին հետ: Սուրիոյ փառատօներուն ընթացքին այդ խումբը միշտ առաջին դիրքի վրայ էր եւ տեղացիները զանազան առիթներով մեր խումբի արհեսավարժ ըլլալուն մասին վկայութիւններ կու տային յաճախ զարմանալով, որ ինչպէս միեւնոյն ժամանակ արաբական, հայկական, լաթինօ եւ այլ պարեր այդքան հարազատօրէն կը ներկայացնենք: Ու ատոր համար էր նաեւ, որ կը յարգէին մեզ: Կը յարգէին մեր արուեստը եւ նուիրումը:
-Դուք որպէս սուրիահայ, Լիբանանի կամ «Քարաքալլա»ի մէջ զատողութեան հանդիպեցա՞ք, որովհետեւ գաղտնիք չէ, թէ լիբանանցիներուն մէջ կայ տոկոս մը, որ սուրիացիներուն հանդէպ ժխտական վերաբերմունք ունի։ Դուն ապրեցա՞ր նման փորձառութիւն մը:
-Ոչ, յատկապէս «Քարաքալլա»ի մէջ երբեք չէ պատահած, որ սուրիացին օտարութիւն զգայ, ընդհակառակն, մշտական լաւ վարուած են մեզի հետ, ազնուութեամբ։ Լիբանանի մէջ ես շատ լաւ ընկեր-ընկերուհիներ ունեցած եմ եւ ամէնքն ալ կողքիս կանգնած են, որովհետեւ ես կը հաւատամ մարդկութեան, կը սիրեմ մարդը՝ անկախ ազգութենէն եւ ընկերներս իմ մէջ տեսած են այդ մէկը եւ գնահատած: Մեր խումբի տնօրէնը՝ Ապտուլ Հալիմը միշտ սուրիացիներու կողքին եղած է, մեր կեցութեան համար ամենալաւ տուները ապահոված է, մեր հանգիստը եւ բոլոր կարիքները ապահոված է: Ան նաեւ պարախումբի վերաբերեալ իր շատ մը գործերը սուրիացիներուն վստահած է. թէ՛ քուլիսային գործեր, թէ՛ թուղթերու գործեր, իր արխիւի դասակարգումը եւ այն:
-Ի՞նչ են տպաւորութիւններդ «Քարաքալլա»ի մասին, եթէ «Քարաքալլա»ի մասին վկայութիւն մը պիտի տաս, ի՞նչ կրնաս ըսել:
-Շատ հինէն լսած եմ «Քարաքալլա»ի մասին։ Խումբը այսօր յիսուն տարուան պատմութիւն ունի, Միջին Արեւելքի մէջ առաջին երգեցիկ-պարային համոյթն է, որ իբր արաբական խումբ կազմուեցաւ եւ հակառակ Լիբանանի ծանր պատերազմին, «Քարաքալլա»ն մնաց կայուն եւ հզօր: Անոր իւրայատկութիւնը կը կայանայ արաբական ժողովրդական պարերը պալէի ձեւով ներկայացնելու մէջ։ «Քարաքալլա»ի մէջ բարձրորակ պարողներու կողքին դերերով հանդէս կու գան Լիբանանի ամենայայտնի դերասաններն ու երգիչները. ինչպէս՝ Հուտա Հատտատ, Ժոզէֆ Ազար, Սիմոն Ուպայտ, Կապի Եալեամի, Ալթարապայ եւ այլք… Շատ հը-պարտ եմ այս մեծ ընտանիքին մաս կազմելուս համար:
-Երբեք մտածա՞ծ էք Հայաստան ուսում ստանալու մասին:
-Հայաստան ուսանիլը մեծ բախտաւորութիւն կրնար ըլլալ։ Ես միշտ փափաքած եմ Հայաստան երթալ, մանաւանդ որ Հայաստանի պարարուեստի շատ մը մասնագէտներու հետ գործակցած ենք, բայց պայմանները թոյլատու չէին: Նոյնիսկ մանուկ հասակէս առաջարկ եղած է, որ հայրս զիս Հայաստան ուղարկէ: Պատանեկութեանս հայրս սովորութիւն ունէր, միշտ իրենց փորձերէն մէկ-երկու ժամ առաջ զիս ակումբ կը տանէր, որպէսզի մարզէր։ Այն տարիներուն հօրս պարուսոյցը՝ Աբրահամ Կոստանեանը արհեստավարժ պարողներ կը հրաւիրէր Հայաստանէն, Ռուսաստանէն, Վրաստանէն… Անգամ մը պալէի փրոֆեսէօր Ազատ Ղարիպեանին կինը՝ Թերեզա Գրիգորեանը հրաւիրուած էր Հալէպ, կը յիշեմ այդ ժամանակ հինգ-վեց տարեկան էի, հօրս հետ ակումբը մեր հերթական մարզումը կ՚ընէինք, երբ Թերեզան սրահ մտաւ։ Ան տեսնելով իմ պարը, նայեցաւ ոտքերուս, մկաններուս, ֆիզիքս ստուգեց եւ հօրս դառնալով ըսաւ. «Այս աղջնակնդ հայրենիք ղրկէ, քեզի աստղ կը վերադարձնեմ»։ Հայրս ըսաւ. «Երանի»։ Բայց այդ շրջանին ես շատ փոքր էի, Հայաստանի մէջ չունէինք հարազատ մը, որ զիս իրենց մօտ ուղարկէին, որպէսզի ես կարենայի տարիներով պալէ կամ պար ուսանիլ:
Տարի մըն ալ կը յիշեմ 1992-1993 թուականին էր, երբ Հալէպ եկած էր Նորիկ Մեհրապեանին պարախումբը, որուն մէջ «Ուզունդարա» պարը կատարող Կարինէ Ղազարեանը կար եւ որուն պարը ես երեք տարեկանիս իւրացուցած էի ու կը պարէի։ Այն ժամանակ Կարինէ Ղազարեանը առիթն ունեցաւ տեսերիզով տեսնելու իր «Ուզունդարա» պարը իմ կատարմամբ, երբ երեք տարեկան էի, ան շունչը բռնաած դիտեց, ապշահար մնաց, արցունքներ թափեց: Նման դէպքեր զիս միշտ ոգեւորած են եւ պարի հանդէպ սէրս ու նուիրումս աւելի ամրապնդուած է:
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Երեւան